Deadline.com կայքէջի աշխատակից Մայք Ֆլեմինկ հարցազրոյց մը ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժանկարի «Խոստումը» ժապաւէնի իրլանտացի բեմադրիչ Թերի Ճորճի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը՝ յապաւումով։
Դուք մեծցած էք Պելֆասթի մէջ, խռովութիւններու ճգնաժամի օրերուն: Ի՞նչը ձեզ կը մղէ պատմելու այս պատմութիւնները, զորս ոչ մէկ շարժապատկերի ընկերութիւն կ՛ուզէ պատրաստել:
Երբ Շերիտընի հետ սկսայ աշխատելու Իրլանտական մշակութային կեդրոնին մէջ եւ ապա պատրաստեցի In The Name of the Father եւ Some Mother՛s Son շարժապատկերները, այդ մէկը ինծի համար միջոց մը դարձաւ իմ փորձառութիւնը ներկայացնելու: Փորձեցի կարելի եղածին չափ առարկայական ըլլալ եւ նոյն ատեն պատկերասրահի ակնդիրներուն հասկնալի դարձնել Ճիզեփէ Քոնլընի իրականութիւնը եւ In the Name of the Fatherի մէջ անոր փորձառութիւնը, նոյնպէս եւ Some Mother՛s Sonի մէջ Հելեն Միրընի տիպարը՝ որպէս հացադուլ կատարող մօր:
Այստեղ ես խանդավառուած էի խումբ մը դերասաններով, որոնք կը յայտնուին իրադարձութեան մը մէջ եւ ակնդիրներուն կարելիութիւն կու տան իրականութիւնը ապրելու: Դուն կրնաս գիրքի մը մէջ ընկղմիլ, սակայն գիրքը պատկերասրահ երթալու հաւաքական փորձառութիւն մը չէ: Իսկապէ՛ս կը կարծեմ, որ այդ մէկը զգալու համար, հաւաքական փորձառութեան կարիքը ունիս: The Killing Fieldsի, Missingի եւ Schindler՛s Listի իմ վրաս գործած ազդեցութիւնը փաստ էր, որ ճիշդ է՝ բնա՛ւ չես կրնար երեւակայել տառապանքը, սակայն առնուազն կ՛ունենաս զգացումներ ապրելու փորձառութիւնը՝ զայրոյթ, տխրութիւն, մելամաղձոտութիւն, իսկական ցաւ եւ ուրախութիւն:
Պելֆասթի մէջ մեծցած ըլլալով՝ այս խառնակչութիւնները ցուցադրող շարժանկարները ի՞նչ ձեւով ձեզի կը վերաբերին, ներառեալ այն երկուքը, զորս դուն գրեցիր՝ In The Name of the Fatherը եւ The Boxerը, ինչպէս նաեւ՝ քու գրած ու բեմադրած Some Mother՛s Sonը:
Շատ ջանք թափեցի պահը ճիշդ ներկայացնելու համար: Փորձեցի ներկայացնել փողոցի մէջ խռովութիւններուն առթած զգացումը: Կերի Քոլընը շատ լաւ ճանչցած եմ, ուստի կացութիւնը լաւապէս ըմբռնելով՝ կրնաս նոյնիսկ Հրատի վրայ իսկ մէկու մը մասին շարժանկար պատրաստել: Մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բանտի մէջ ըլլալ, անոր տաժանելի բնոյթը. կամ՝ մօր մը համար ի՛նչ կը նշանակէ ստիպուած ըլլալ որոշելու՝ իր զաւակին մահը արտօնե՞լ, թէ՞ փրկել զայն… կամ՝ թէ Ռուանտայի մէջ պանդոկի մը եւրոպասէր տնօրէնը ի՛նչ կը զգայ, երբ յանկարծ աղէտի մը մէջ 500 անձ փրկելու պատասխանատուութիւնը ունենայ:
The Promiseի մէջ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կան անձի մը պատահած աղէտալի դէպքերուն վերաբերեալ: Չեմ ըսեր, թէ աղէտը ինծի պատահեցաւ, սակայն ուրիշներու միջոցաւ անոր ցնցումը ես ապրեցայ: Կը յուսայի այդ մէկը փոխանցել: Սակայն Ռապինի բնագիրով եւ Մայք Մետաւոյի կամքով, զայն կարելի է նկատել նաեւ հին ձեւի սիրոյ պատմութիւն մը՝ Dr. Zhivagoի, Տէյվիտ Լինի, Ուորըն Պիթիի Reds, English Patientի նման: Կը սիրեմ այդ գաղափարը, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ շատ հեռացած ենք այդպիսի պատմութիւններ պատմելէն: The English Patientը կը կարծեմ վերջինն էր:
Որքա՞ն դժուար էր դերասանները ապահովելը:
Քրիսչըն Պէյլը նիւթը շատ հարազատ զգաց, եւ մենք փորձեցինք պատրաստել բաւական մեծ ժապաւէն՝ իրեն յարմար, նոյնը նաեւ Օսքար Այզիքը, Ճէյմզ Քրոմուելն ու Շարլոթ լը Պոնը: Ի վերջոյ ապահովեցինք շարժապատկերի bona fide (իսկական) դերասաններ: Մեծագոյն խնդիրներէն մէկն ալ այն էր, որ բոլոր վերոնշեալ շարժապատկերներու պատրաստութեանց համար հարկ եղած է 150-200 օր: Իսկ մեր պարագային, հիմնականին մէջ ունէինք 72 դժուար օրեր: Երեք երկիրներու մէջ, 20 վայրերու մէջ նկարեցինք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր տեսարանի նկարահանում տեւեց երեք օր: Որեւէ ժամանակ առիթը չունէինք վերանկարելու համար:
Ուստի՝ խնդիրներ չկայի՞ն։
Խնդիրը գլխարկս վերցնելով գետին նետելն էր եւ նման բաներ: Հիմնական հանգոյցը սակայն մեր փոխադրութեան համակարգն էր: Մեծաթիւ օգնական դերասաններ ներառելը եւ դէպքին հարազատ զգացումը փոխանցելը շատ դուժար էր: Վերջաւորութեան՝ մահաքունի պէս բան մըն էր: Ուստի, երբե՛ք չզգացի, որ պատմութեան ողնածուծը կորսնցուցինք. անիկա շատ հետաքրքրական ու միաժամանակ վախազդու էր: Շարժանկարը յաջողցնելու պատմական պարտաւորութիւն ունիս նաեւ, մասնաւորաբար երբ երեւակայածին տիպարներ կը ներմուծես իսկական դէպքերուն: Շատ աշխատեցայ ներկայացնելու ճշգրիտ դէպքերը:
Անկիւնադարձային դէպք մը՝ «Քրիսթալնախշ» մը կա՞ր:
Անոր ամբողջ ցանկ մը գոյութիւն ունի: Ցեղասպանութիւնը հիմնականին մէջ սկսաւ 24 Ապրիլ 1915ին, երբ Պոլսոյ մէջ 247 հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան, աքսորուեցան եւ անոնց մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ: Նպատակը մտաւորականութիւնը բնաջնջելն էր: Թուրքերուն, մասնաւորաբար անոնց ղեկավարին՝ Թալէաթ Փաշային, որ ներքին գործոց նախարարն էր, եւ անոր մօտիկ շրջապատին համար կար հիմնական ռազմավարութիւն մը՝ հաւատացնել, թէ Ռուսիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող հայ բնակչութիւնը կրնայ հինգերորդ զօրասիւն մը ըլլալ, ուստի պէտք է անոնք հեռացուին, ապահովելու համար, որ կողմնակից չեն ըլլար ռուսերուն, տրուած ըլլալով, որ անոնք քրիստոնեայ էին:
Ինչպէ՞ս գործադրեցին այդ մէկը:
Զանոնք Թուրքիայէն բռնի ուժով դուրս մղեցին եւ անապատի ճամբով դէպի Սուրիա, Հալէպ քալել տուին, հոն՝ ուր այսօր բախումներ տեղի կ՛ունենան: Կայ հռչակաւոր խօսք մը, զոր տոքթ. Նազիմը ըսած է Թալէաթին… կամ, իրականութեան մէջ, իր զօրավարներէն մէկուն.- «Ամբողջ ազգ մը չես կրնար վերացնել». իսկ Թալէաթ Փաշա պատասխանած է. «Զանոնք դէպի անապատ մղեցինք եւ ոչ ոք գիտցաւ, թէ անոնց ի՛նչ պատահեցաւ»: Ա՛յդ էր գլխաւոր նպատակը: Ապա մարդիկ արջառներու փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներով դէպի Հալէպ ուղարկուեցան: Իսկ պատերազմելու կարողութիւն ունեցող 15-50 տարեկան այր մարդիկը զինուորագրուեցան, ապա զինաթափուեցան եւ աշխատանքային ջոկատներու մէջ սպաննուեցան: Ուստի, հայերէն ձերբազատուելու ռազմավարական որոշում մը գոյութիւն ունէր: Երբ անոնք Հալէպ հասան, սոված էին, իսկ կազմուած ճամբարներուն մէջ սննդեղէն չկար: Ուստի՝ դիտաւորեալ ծրագիր մը կար: Խումբ մը գիւղացիներ մերժեցին դէպի Հալէպ մահուան քայլարշաւները եւ թաքնուեցան Մուսա Տաղ՝ «Մովսէսի Լեռ» կոչուած լերան վրայ, եւ թրքական բանակը զանոնք 53 օր պաշարեց: Անոնք ետ մղեցին թրքական բանակը, ապա՝ ֆրանսական ռազմանաւներ հասան ծովափ եւ ամբողջ բնակչութիւնը փրկեցին: Այդ մէկը՝ Մուսա Տաղի փրկութիւնը, մեր շարժապատկերին մաս կը կազմէ: Մեր կերպարները այդ կացութեան մէջ յայտնաբերեցի:
Ատիկա դիտելը նոյնիսկ դժուար է:
Ուստի հաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի՝ ամերիկացի լրագրողի մը դերը ստանձնած Քրիսչըն Պէյլի եւ բազմաթիւ տարիներ Ֆրանսա ապրած հայ կնոջ մը միջեւ եռանկիւն սիրոյ պատմութեան մը միջոցաւ: Վերջինս Պոլիս կու գայ եւ կը հանդիպի Օսքար Այզիքին, որ փոքր գիւղի մը մէջ դեղագործ է: Ան կ՛ուզէր բժիշկ ըլլալ, սակայն նիւթական պայմանները չէին ներեր, եւ որպէսզի հարկաւոր գումարը ապահովէ, ան նշանուած է տեղւոյն հարուստ վաճառականներէն մէկուն աղջկան հետ: Ան Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Աննային, որուն դերը ստանձնած է Շարլոթ Լը Պոնը, որ կ՛ապրի Քրիսչընի հետ, եւ այդպիսով կը գոյանայ սիրոյ եռանկիւն մը: Ապա (դեղագործը) կը զինուորագրուի, իսկ Աննան անոր կը հետեւի: Ուստի, կը ստեղծուի դասական սիրոյ եռանկիւն մը, որ ակնդիրները կը կապէ հայերուն ապրած փորձառութեանց հետ: Հետեւաբար, անիկա մասամբ մեծարանք մըն է Լինի՝ Zhivagoին եւ նման շարժապատկերներու:
Հոյակապ է այն, որ դուն կրցար այս ֆիլմը պատրաստել եւ Սթալոն չկրցաւ, հակառակ իր ունեցած այնքա՛ն մեծ ազդեցութեան:
Այո՛: Ան անպայման կ՛ուզէր արտադրել Մուսա Տաղի պատմութիւնը. այդ գիրքը բաւական հռչակաւոր էր իբրեւ պաշարումի պատմութիւն մը։ Ես զայն օգտագործեցի, որովհետեւ ուզեցի ներառել Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ մղել ակնդիրները զայն հասկնալու եւ անոր զարգացումներուն ծանօթանալու… Այդ մէկը դժուար էր… Ատիկա պատմական փաստերը առանց աղաւաղելու ներկայացնելու հասկացութիւնն է: Ես այդ բանը In the Name of the Fatherէն սորվեցայ, երբ բրիտանացիները բուռն քննադատութեան ենթարկեցին մեզ:
Ինչպէ՞ս:
Անոնք կ՛ըսեն, որ բրիտանական դատարաններուն մէջ «approach the dock»ի նման բաներ չեն ըսեր: Ո՛չ, չեն ըսեր, սակայն ես պէտք ունէի, որ Էմմա Թոմսընը՝ փաստաբանը, խօսի դատաւորին հետ, ուստի Շերիտընը ու ես այդ մէկը հնարեցինք: Իրենք այդ մէկը օգտագործեցին ըսելու համար, որ շարժապատկերը ճշմարիտ չէ՛: Տասը տարի ետք, Թոնի Պլէր ստիպուեցաւ Կերի Քոնքընը, անոր ընտանիքը, այլ ամբաստանեալներ եւ զոհեր վարչապետարան հրաւիրել՝ ներում հայցելու համար անոնցմէ: Իսկ Hotel Rwandaի հետ պատահածը հակառակն էր: Այդ ժապաւէնը Ռուանտա տարի եւ նստայ նախագահ Քակամէի, անոր կնկան եւ ամբողջ խորհրդարանին կողքին ու զայն ցուցադրեցի: Անոնք ինծի շնորհակալութիւն յայտնեցին: Մէկ ամիս ետք, Փօլ գրեց գիրք մը եւ վերջին գլուխին մէջ Քակամէնը բռնատէր որակեց: Յանկարծ Hotel Rwandaն մատի փաթթոցի վերածուեցաւ:
Ձեր կարծիքով՝ The Promiseի եւ Ցեղասպանութեան ցուցադրումը ինչպէ՞ս պիտի ակնկալուի:
Պիտի ըսէի, թէ այս մէկը բոլորին մէջէն ամէնէն խնդրայարոյցը պիտի ըլլայ, որովհետեւ այս դէպքերը երկու կողմերուն միջեւ յաճախ բանավէճի վերածուած են հարիւրաւոր գիրքերու մէջ, սակայն կացութիւնը յստակացնելու համար շարժապատկերներ չեն պատրաստուած: Այս դէպքերը տեսողական ձեւով ներկայացնելը շարժանկարի արուեստի մեր կորսնցուցած պարտաւորութիւններէն մէկն է:
Ինչո՞ւ կը կարծէք, թէ անիկա կորսուած է:
Հոլիվուտի շուրջ տեղի ունեցող մեծագոյն բանավէճը այն է, որ box officeը եւ շահերու համեմատութիւնը տիրապետողն է, որովհետեւ, օրինակ, շարժապատկեր մը 250 միլիոն տոլար կ՛արժէ, սակայն միլիառ տոլար շահ կ՛ապահովէ: Ուստի, եթէ ուզես մեծ շահ ապահովել, ապա ինչո՞ւ ժամանակ վատնել եւ այսպիսի կամ Hotel Rwandaի նման ժապաւէններ պատրաստել, երբ այդ շահը կրնաս ապահովել այլ ժապաւէններով: Ուստի, պատմական պարտաւորութիւնը այժմ ձգուած է ժապաւէններու փոքր անկախ ընկերութեանց եւ որոշ չափով՝ HBOին, սակայն՝ ակնդիրները մութ սենեակ մը նստեցնելն ու զանոնք պատմական դէպքի մը փորձառութիւնը հաղորդելը… Այս առումով, Schindler՛s Listը պէտք էր ցնցիչ ըլլար Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան կէսին համար:
Գիտեմ, որ The Killing Fieldsը այդպէս էր: Missingը եւ Քոսթա-Կաւրասի աշխատանքը միտքիս մէջ մնացին այնպէս մը, ինչպէս ուրիշ ոչ մէկ բան մնացած է: Apocalypse Now, The Deer Hunter… այդ բացառիկ շարժապատկերները երբ դիտես, անոնք հզօր ազդեցութիւն կը գործեն վրադ:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»