«­Տա­րե­դարձ­նե­րը պէտք է ա­ռիթ ըլ­լան ե՛ւ Ար­ցա­խի, ե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լու ­Ժո­ղո­վուր­դի դժգո­հու­թիւն­նե­րուն»

­

­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ «­Վա­նայ ­Ձայն»ին կա­տա­րած հար­ցազ­րոյց­նե­ րու ծի­րին մէջ, կը ներ­կա­յաց­նենք Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեա­նի հետ հար­ցազ­րոյ­ցը` ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն, Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Ամ­փո­փենք ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման 100ա­մեա­կէն ետք:

­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խումբ­նե­րու, ­Հայ ­Դա­տի հա­մա­կար­գի աշ­խա­տանք­նե­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կէն ետք քա­նի մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ըն­թա­ցան: Այդ ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հետ կ­՛առն­չո­ւի. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խումբ­նե­րը աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն յատ­կա­պէս այն եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում. օ­րի­նակ` աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէնք որ­դեգ­րել տա­լու, ուր որ հնա­րա­ւոր է ան­շուշտ, կամ` դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ նե­րա­ռե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­սա­ւան­դու­մը:
­Յանձ­նա­խումբ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը` հա­տուց­ման թղթած­րա­րի մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ: ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճի­գը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այն է, որ այդ աշ­խա­տան­քը ո՛չ միայն ա­ռան­ձին կազ­մա­կեր­պու­թեան մը կող­մէ ըլ­լայ, թէեւ այդ ուղ­ղու­թեամբ մենք նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­տա­րած ենք եւ տա­կա­ւին պի­տի կա­տա­րենք, այլ նաեւ անհ­րա­ժեշտ է, որ այդ աշ­խա­տան­քը հա­մադ­րո­ւի բո­լոր այն կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ, ո­րոնք կը զբա­ղին այս հար­ցով:
Այս մա­սին տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով մեր կե­ցո­ւած­քը յայ­տա­րա­րած ենք. հիմ­նա­կա­նը այն է, որ չտա­րո­ւին ու­րիշ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն վնա­սող աշ­խա­տանք­ներ:
Այս պա­րա­գա­յին խօս­քը կը վե­րա­բե­րի դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն եւ ա­պա­գա­յի քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, այ­սինքն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ բա­ւա­կան վատ փորձ ու­նինք ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դէմ ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու յա­ճա­խորդ­նե­րու ժա­ռանգ­նե­րու դա­տա­կան գոր­ծե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ո­րուն շնոր­հիւ` մօ­տա­ւո­րա­պէս 4000-4500 հո­գի ըն­դու­նո­ւե­ցան որ­պէս ժա­ռան­գորդ­ներ այդ ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու յա­ճա­խորդ­նե­րուն եւ ուղ­ղա­կիօ­րէն ստա­ցան ո­րե­ւէ հա­տու­ցում ա­ռանց այդ հար­ցը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կա­պե­լու, իսկ միւս կող­մէ` դժգոհ մնա­ցին մօ­տա­ւո­րա­պէս նոյն­քան ան­ձեր, ո­րոնք նոյն­պէս ու­նէին փաս­տեր, տո­ւեալ­ներ, փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց­մով դի­մած էին` ըն­դու­նո­ւե­լու որ­պէս ի­րա­ւա­ժա­ռան­գորդ, սա­կայն չըն­դու­նո­ւե­ցան եւ նոր քայ­լեր առ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն ալ չու­նե­ցան:
­Մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը այն է, որ պէտք չէ հա­տուց­ման ուղ­ղու­թեամբ առ­նո­ւին այն­պի­սի քայ­լեր, ո­րոնք կը խան­գա­րեն ու­րիշ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն ձեռք­բե­րու­մը: Ու­րեմն պէտք է ը­սել, որ ընդ­հա­նուր հա­յե­ցա­կար­գը ար­դէն հրա­պա­րա­կո­ւած է 2015ի ապ­րի­լին: Բ­նա­գի­րը անգ­լե­րէն է, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­գէտ­նե­րուն մէջ ոչ-հա­յեր կա­յին:
­Հե­տե­ւա­բար ամ­բող­ջա­կա­նը թարգ­մա­նո­ւած է հա­յե­րէ­նի եւ սպա­նե­րէ­նի, իսկ նե­րա­ծու­թիւ­նը եւ ամ­փո­փա­գի­րը, ո­րոնք մա­սամբ հրա­պա­րա­կո­ւած են եւ հրա­պա­րակ­ման ըն­թաց­քի մէջ են, թարգ­մա­նո­ւած են` լե­հե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, ա­րա­բե­րէ­նի, թրքե­րէ­նի: ­Կայ ծրա­գիր, որ ա­նոնք թարգ­մա­նո­ւին բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու, որ­պէս­զի հա­յու­թեան ակն­կա­լիք­նե­րը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ մատ­չե­լի դառ­նան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան: ­Ճիշդ է, որ այս ա­մէ­նը մէկ խում­բի մօ­տե­ցում է եւ տա­կա­ւին հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­խո­հու­թեան չէ ար­ժա­նա­ցած, բայց ար­դէն այդ փաս­տա­թուղ­թի շուրջ քննար­կում­նե­րը բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը դնեն հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, այ­սինքն այն­պէս չըլ­լայ, որ ճա­նա­չու­մով հա­յու­թիւ­նը բա­ւա­րա­րո­ւի:
­Հայ ­Դա­տի միւս աշ­խա­տանք­նե­րը բնա­կա­նա­բար կը շա­րու­նա­կո­ւին Ար­ցա­խի, ­Ջա­ւախ­քի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րող ո­րոշ հար­ցե­րով: Ան­ցած են ար­դէն այն ժա­մա­նակ­նե­րը, երբ կար պատ­կե­րա­ցում, որ ­Հայ ­Դատ ը­սե­լով` ո­մանք հասկ­նա­յին, թէ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կամ լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին` ­Թուր­քա­յէն մեր հո­ղա­յին պա­հանջ­նե­րուն:

­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խումբ­նե­րը Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի առն­չու­թեամբ ի՞նչ ը­րին:

­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խումբ­նե­րը քա­նի մը աշ­խա­տանք տա­րին: ­Նախ՝ պէտք է ը­սել, որ մին­չեւ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը ­Հայ ­Դա­տի Ա­մե­րի­կա­յի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի խիստ մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րէ Ատր­պէյ­ճան-­Ղա­րա­բաղ սահ­մա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ եւ ճշդէ, թէ ո՛վ է մե­ղա­ւո­րը 1994-1995 թո­ւա­կա­նի զի­նա­դա­դա­րը խախ­տե­լուն: Այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ար­դէն կա­տա­րո­ւած էր, երբ տե­ղի ու­նե­ցան Ապ­րի­լեան դէպ­քե­րը, եւ ո­րոնք ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան, որ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ա­ւե­լի աշ­խու­ժօ­րէն այդ հար­ցը բարձ­րաց­նէ եւ հե­տապն­դէ: ­Միւս կող­մէ` ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի ­Յանձ­նա­խում­բը աշ­խա­տանք տա­րաւ եւ յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել հա­յան­պաստ տրա­մադ­րու­թիւն, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ, ուր պարզ էր, որ զի­նա­դա­դա­րի խախ­տու­մը կա­տա­րո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ:
­Հայ ­Դա­տի ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Մոս­կո­ւա­յի գրա­սե­նեակ­նե­րը ի­րենց կար­գին ա­ւե­լի մեծ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք տա­րին ռու­սա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րով եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, յատ­կա­պէս` ա­րա­բա­լե­զու եւ ոչ-ա­րա­բա­լե­զու, բայց տա­րա­ծաշր­ջա­նով զբա­ղող լրատ­րո­ւա­մի­ջոց­նե­րով: ­Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր տե­ղա­կան մեր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն եւ տե­ղա­կան յանձ­նա­խումբ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տաք­նե­րուն մա­սին: ­Հիմ­նա­կա­նը այ­լեւս այդ քա­ռօ­րեան չէ, այլ ա­ւե­լին, օ­րի­նակ` ­Հայ ­Դա­տի Ա­մե­րի­կա­յի ­Յանձ­նա­խում­բը աշ­խու­ժօ­րէն սկսած է աշ­խա­տանք տա­նե­լու ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րուն դէմ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին տար­բեր ա­նո­ւա­նում­ներ ու­նե­ցան եւ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ա­նոնց, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բո­լորն ալ նոյնն են` տար­բեր շեշ­տադ­րում­նե­րով հա­ւա­նա­բար: ­Յանձ­նա­խում­բը այս աշ­խա­տան­քով կ­՛ար­տա­յայ­տէ նաեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կե­ցո­ւած­քը, որ կ­՛ը­սէ, թէ նման մօ­տե­ցում­նե­րը չեն կրնար ըն­դու­նե­լի ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կ­՛ան­տե­սեն ո­րոշ փաս­տեր. 1988 թո­ւա­կա­նին ե­թէ ա­ռա­ջար­կո­ւած ըլ­լա­յին այդ­պի­սի մօ­տե­ցում­ներ, հա­ւա­նա­բար բո­լորս ալ ըն­դու­նէինք, բայց 1988էն ետք Ատր­պէյ­ճան սան­ձա­զեր­ծեց եւ կորսն­ցուց պա­տե­րազ­մը, որ ու­նե­ցաւ այն հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր փաստ են: Ու­րեմն՝ ի­մաստ չու­նի ան­տե­սել այս բո­լո­րը եւ փոր­ձել այս­պէս հա­տու­ցել Ատր­պէյ­ճա­նին իր սկսած, բայց կորսն­ցու­ցած պա­տե­րազ­մին հա­մար: Ա­հա այս ուղ­ղու­թեամբ ­Հայ ­Դա­տի Ա­մե­րի­կա­յի ­Յանձ­նա­խում­բը մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի:
­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի ­Յանձ­նա­խում­բը իր հեր­թին կը շա­րու­նա­կէ այն աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կ­՛առն­չո­ւին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման: ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի ­Յանձ­նա­խում­բը Պ­րիւք­սե­լի իր գրա­սե­նեա­կով կազ­մա­կեր­պեց եւ ի­րա­կա­նա­ցուց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հին այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Պել­ճի­քա, ուր տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­ներ: ­Յանձ­նա­խում­բը կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը Ար­ցախ բե­րե­լու ե՛ւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ե՛ւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ ա­ռան­ձին եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ինչ որ կը նպաս­տէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի առ­նո­ւազն ա­նուղ­ղա­կի ճա­նաչ­ման եւ ա­ռա­ւել հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք տա­կա­ւին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան այս տա­րո­ւան յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն: Աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի նաեւ, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ կա­պեր ու­նե­նայ ա­կա­դե­մա­կան եւ տնտե­սա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ: Բ­նա­կան է, որ իւ­րա­քան­չիւր ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ կամ ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեակ կա­րե­նայ իր աշ­խա­տանք­նե­րը յար­մա­րեց­նել իր աշ­խա­տած գոր­ծե­լա­դաշ­տի պայ­ման­նե­րուն եւ ըստ այնմ զա­նոնք ի­րա­կա­նաց­նէ:

­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին հար­ցե­րը որ­քա­նո՞վ ազ­դե­ցին եւ պի­տի ազ­դեն ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ:

­Կը կար­ծեմ, որ կա­խեալ է նաեւ մեզ­մէ, թէ մենք ինչ­պէ՛ս կը գոր­ծա­ծենք այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ար­ձա­գան­գը: Այդ դէպ­քե­րը ո­րոշ չա­փով բա­ցա­սա­կան ար­ձա­գանգ ու­նե­ցան յատ­կա­պէս ­Թուր­քիոյ յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձէն ան­մի­ջա­պէս ետք: Այն­պէս ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ, որ կար­ծէք ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ յե­ղաշր­ջու­մի փորձ կ­՛ըլ­լար, մինչ­դեռ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այդ­պէս չէր: Ես կ­՛ը­սեմ նաեւ, որ ոս­տի­կա­նու­թեան պա­հո­ւածքն ալ ո­րոշ դէպ­քե­րու պա­րա­գա­յին բա­ցա­սա­կան էր` նկա­տի ու­նե­նա­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը նման ե­րե­ւոյթ­նե­րու նկատ­մամբ: ­Բա­րե­բախ­տա­բար քիչ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեամբ վեր­ջա­ցան դէպ­քե­րը, ո­րոնց զոհ գա­ցին ե­րեք ոս­տի­կան­ներ, բայց շատ ա­ւե­լի վատ կրնար ըլ­լալ, եւ այս մէ­կը դրա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր ստեղ­ծեց ժո­ղո­վուր­դին մէջ:
­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խումբ­նե­րուն հա­մար ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր է շեշ­տել այն դժգո­հու­թիւ­նը, որ առ­կայ է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն քով, մատ­րի­տեան, քա­զա­նեան հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն դէմ, կամ ինչ ա­նուն որ ու­նին: ­Ժո­ղո­վուր­դը դէմ ե­լաւ միջ­նորդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցա­ծին, ան­կախ այն բա­նէն, միւս գոր­ծո­ղու­թեան կը հա­մակ­րէի՞ն, թէ՞ չէին հա­մակ­րեր. որ բայց ընդ­հա­նուր դժգո­հու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ եւ կը շա­րու­նա­կո­ւի ար­տա­յայ­տո­ւիլ: Ա­սի­կա ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր ա­տաղձ է` գոր­ծա­ծե­լու ար­տա­քին յա­յա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, թէ այս ա­ռա­ջարկ­նե­րը հա­յու­թեան հա­մար, ­Հա­յաս­տա­նի կամ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար ըն­դու­նե­լի մօ­տե­ցում­ներ չեն:

Այս հար­ցե­րուն գծով թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան անդ­րա­դար­ձը ինչ­պէ՞ս կ­՛ար­ժե­ւո­րէք:

Ե­թէ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի յու­լի­սեան դէպ­քե­րուն, կրնամ ը­սել, թէ ­Թուր­քիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով ուղ­ղա­կի անդ­րա­դարձ չե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիոյ մէջ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի մեծ էին. խօս­քը ո՛չ միայն ­Յու­լիս 15ին ձա­խո­ղած փոր­ձին մա­սին է, այլ նաեւ` մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող ի­րա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձին: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ յայ­տա­րա­րե­լով` այն­պի­սի քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կեն, որ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի է տե­ղի ու­նե­նան Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ դառ­նա­լու թեկ­նա­ծու՝ հա­մա­պա­տաս­խան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րող պե­տու­թեան մը մէջ. ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք` 60 հա­զար մարդ բեր­ման են­թար­կո­ւած է եւ 20 հա­զա­րը` ձեր­բա­կա­լո­ւած:
­Բան­տե­րը պար­պե­լու հա­մար դա­տա­պար­տո­ւած քրէա­կան յան­ցա­գործ­նե­րը նե­րում պի­տի ստա­նան, որ­պէս­զի տե­ղա­ւո­րո­ւին այն ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րը, ո­րոնք չեն դա­տա­պար­տո­ւած: ­Միւս կող­մէ` խո­ցե­լի է ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, հա­րիւ­րա­ւոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու փա­կու­մը. մէկ խօս­քով, այս ամ­բողջ մթնո­լոր­տին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն բա­րե­բախ­տա­բար ո՛չ ­Թուր­քիան, ո՛չ Ատր­պէյ­ճա­նը ուղ­ղա­կի անդ­րա­դար­ձան: Ատր­պէյ­ճա­նը կը փոր­ձէր յար­մար ա­ռիթ գտնել, որ­պէս­զի շա­հա­գոր­ծէր սահ­մա­նը, բայց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր հա­սա­րա­կու­թեան կե­ցո­ւածք­նե­րը միաս­նա­կան էին: ­Թէեւ կա­րե­լի է ը­սել, որ մթնո­լոր­տը դժբախ­տա­բար ինչ-որ տեղ խան­գա­րո­ւած էր, բայց կե­ցո­ւած­քը նոյնն էր. այ­սինքն` հա­սա­րա­կու­թիւ­նը չի հան­դուր­ժեր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: Ատր­պէյ­ճանն ալ բա­րե­բախ­տա­բար չկրցաւ օգ­տո­ւիլ այդ հա­ւա­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ ու­նի իր խնդիր­նե­րը: Ան կը պատ­րաս­տո­ւի սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու` ա­պա­հո­վե­լու հա­մար կա՛մ Ա­լիե­ւի գա­հա­կա­լու­թիւ­նը, կա՛մ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու ա­նոր զա­ւա­կին գահ բարձ­րա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը. այ­սինքն՝ սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կը նե­րա­ռեն նաեւ այն­պի­սի դրոյթ, որ ե­թէ ա­ռաջ 35 տա­րե­կան քա­ղա­քա­ցին կրնար նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու ըլ­լալ, հի­մա քո­ւէար­կու­թեան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­ցի կրնայ թեկ­նա­ծու ըլ­լայ:
Ա­մէն պա­րա­գա­յի չենք կրնար ը­սել, որ այդ դէպ­քե­րը չբար­դա­ցու­ցին ընդ­հան­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի գոր­ծե­րը: ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին ո­րոշ հար­ցեր ա­ւե­լի ձգձգո­ւե­ցան, յե­տաձ­գո­ւե­ցան, եւ տա­կա­ւին այդ դէպ­քին հետ կա­պո­ւած ո­րոշ խնդիր­ներ ի­րենց ըն­թաց­քը կը ստա­նան: Այս չի նշա­նա­կեր, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ չկայ դժգոր­հու­թիւն։ Ո՛չ, դժգո­հու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած է. ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հաս­տա­տած է այդ դժգո­հու­թեան առ­կա­յու­թեան մա­սին, բայց մի­ջոցն է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չէր ըն­դու­ներ, չէ ըն­դու­նած ու չ­՛ըն­դու­նիր: Ինք գծած էր առ­նո­ւազն ի­րեն հա­մար այն ճա­նա­պար­հը, ո­րուն հե­տա­մուտ է` սկսած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն, այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լէն, մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, 2017ի ա­ռա­ջին կի­սուն, ուր իս­կա­պէս ժո­ղո­վուր­դը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­՛ու­նե­նայ իր կամ­քը դրսե­ւո­րե­լու:

­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը ար­դեօք յա­ռա­ջի­կայ փու­լին ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նա՞յ նոր թա­փով շա­րու­նա­կե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը, այ­սինքն՝ ժո­ղովր­դա­յին դրա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու շար­ժա­ռի­թի պի­տի վե­րա­ծո­ւի՞:

­Պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ 25րդ ­տա­րե­դարձն է, չի նշա­նա­կեր, որ ժո­ղո­վուր­դի դժգո­հու­թիւն­նե­րը մէկ կողմ կը դրո­ւին: ­Տա­րե­դարձ­նե­րը պէտք է ա­ռիթ ըլ­լան ե՛ւ Ար­ցա­խի, ե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի ա­կան­ջա­լուր ըլ­լան ժո­ղո­վուր­դի դժգո­հու­թիւն­նե­րուն. այն, ինչ որ կա­րե­լի է ան­մի­ջա­պէս սրբագ­րել, պէտք է սրբագ­րեն, ինչ որ կա­րե­լի չէ ան­մի­ջա­պէս սրբագ­րել, առ­նո­ւազն սկիզբ դնեն այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ իս­կա­պէս ու­նե­նայ յոյս, եւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ի­մաստ ու­նե­նայ:

­Յոյս ու­նե­նա­լու ա­ռիթ կը տես­նէ՞ք:

Ե­թէ ճիշդ քայ­լեր առ­նո­ւին, յատ­կա­պէս` իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ես կ­՛ը­սէի, ընդ­հան­րա­պէս` քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ, բնա­կա­նա­բար ժո­ղո­վուր­դը կը յու­սադ­րո­ւի, ո­րով­հե­տեւ 25 տա­րո­ւան ան­կա­խու­թիւ­նը ճիշդ է, պատ­մու­թեան մէջ մեծ եւ եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջան չէ, բայց առ­նո­ւազն պատ­մա­կան հայ­կա­կան հո­ղե­րու վրայ հա­զար տա­րո­ւան մէջ ա­ռա­ջինն է, ո­րուն հա­մար ալ ան­շուշտ ու­նինք նշե­լու ա­ռիթ եւ նպա­տակ, բայց նախ այդ մթնո­լոր­տը պէտք է կա­րե­լի ըլ­լայ ստեղ­ծել:

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ - «Ազ­դակ»