Անկարելի է իսկոյն ժպիտ մը չգոյանալը ձեր դէմքին՝ լսելէ ետք Վահէ Պէրպէրեանի անունը: Անշուշտ բնաւորութեամբ այս բարի հոգին երջանկութիւն կը հաղորդէ իր դպած բոլոր անձերուն: Պարտաւոր չէք հայ կոչուելու, կամ՝ իր բեմադրութիւնները, կատակները,
թատրերգութիւնները ծայրէ ծայր դիտած ըլլալու: Չեմ չափազանցեր, հաւատացէ՛ք. անցեալ շաբաթ Փորթուկալի մէկ գիւղը փակուած, երբ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ կը խորհրդածէինք, Վահէ Պէրպէրեան մեր ազատ ժամերը արժեւորելով, մտերմացած էր աւստրիացի աստուածաբաններէ կազմուած խումբի անդամներուն հետ ու նուաճած նաեւ զանոնք: Ժպիտի կամ երգիծանքի աղբիւր մը չէ ան միայն, նաեւ ամենաբացասական պահերուն իսկ կեանքը դրական աչքերով կարենալ դիտելու միջոց մը. մէկը, որ շատ անգամ կը պակսի մեզի, բայց երբ ունենաս՝ գիտես, որ տխրիս իսկ, լաս իսկ՝ իրմով դարձեալ պիտի խայտաս:
«Եւ այլն»ով սկսած երգիծական մենակատարումներու շարքը ան շարունակեց «Նաեւ»ով, «Տակաւին»ով ու «Եթէ»ով, որուն շրջագայութիւնը դեռ կը շարունակուի Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ: Այժմէն իսկ տանք աւետիսը: Յառաջիկայ ամիսներուն, Վահէ Պէրպէրեան պիտի այցելէ նաեւ Պոլիս՝ բեմադրելու համար «Եթէ»ն: Ան պիտի ըլլայ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան հիւրը:
Գեղանկարչութեան, վիպագրութեան, թատրերգութեան ոլորտներէն ներս բեղուն գործունէութիւն ունենալէ ետք, Պէրպէրեան մուտք կը գործէ նաեւ շարժարուեստի բնագաւառ: Օգոստոս 4ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը:
Փորթուկալի հանդիպումը վերածելով առիթի՝ Վահէին հետ զրուցեցինք այս եւ այլ ծրագիրներու շուրջ:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ես եւ Երեւանէն Հրանտ Թոխատեանը, որ տարիներու ընկերս է, երկար ժամանակէ ի վեր միասնաբար թատրոն մը ընելու մասին կը խօսէինք: Այս ծրագիրին յետոյ ձեւով մը միացաւ Լոս Անճելըսէն Վահիկ Փիրհամզէին:
Մտածեցինք, որ լաւագոյնը պիտի ըլլայ շարժանկարի ժապաւէն մը ընել, որպէսզի ամիսներով յանձնառութեան տակ չդրուինք, մանաւանդ որ ամէն մէկս այլ երկիր կը բնակի: Այնպէս որ ժապաւէնը ամէնէն յարմար ծրագիրը թուեցաւ: Բաւական մտածելէ ետք, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, նիւթը ինչպէ՞ս կարելի է մշակել… Տարիներ առաջ ընկերոջս՝ Նարպէյ Նազարեանին հետ գրած էինք բեմագրութիւն մը: Իր գաղափարն էր եւ միասին աշխատած էինք: Ուրեմն այդ բեմագրութիւնը հանեցի եւ որոշեցինք, որ ատիկա հիմա բեմ հանելու լաւագոյն առիթն է:
Նստայ, ծայրէ ծայր նոր գրեցի: Անգլերէնով էր եւ անգլերէնով ալ վերստին գրեցի: Աւարտին արդէն ընդգրութիւնը անգլերէնի պիտի թարգմանուէր: Այն, ինչ որ կարելի չէ անգլերէնի թարգմանել՝ դուրս մնաց սկիզբէն, որպէսզի համաշխարհային չափանիշը պահենք, միայն հայերուն հասկնալիք ներքին կատակներ չըլլան: Հետաքրքրական է նաեւ հետեւեալը՝ Հրանտը Հայաստանէն է, ես լիբանանահայ, իսկ Վահիկը պարսկահայ: Այստեղ կան երեք տարբեր բարբառներ, եւ ըսենք՝ կը ներկայացնենք երեք ենթապաստառներ, ուրեմն լեզուի հետ կապուած կատակները բոլորովին պիտի չըլլան, որովհետեւ աժան բաներ են:
Մենք բոլորս ալ իրարու կը հասկնանք եւ բառերուն վրայ զիրար չհասկնալու կատակները ա՛լ իմաստ չունին: Այդպէս ալ եղաւ:
Ժապաւէնին մէջ նիւթ չկայ, թէ ո՛վ ուրկէ՛ է, սակայն ամէն մարդ իր բարբառը կը խօսի: Կարեւոր դեր խաղաց Ժընեւէն ընկերս՝ Վիգէն Պայրամեան, որովհետեւ ինք յանձն առաւ արտադրութեան բաժինը, եւ պէտք է ըսել նաեւ Լոս Անճելըսէն Շահէ Պոյաճեան, որ դրաւ հունտը:
Ժապաւէնը ամբողջութեամբ նկարահանուած է Հայաստանի մէջ: Բախտաւոր էինք, որովհետեւ դերասանական ցանկին վրայ բոլոր անոնք, որոնց ուզեցինք, այո՛ ըսին: Մասնակցեցան սիրայօժար կերպով:
Ժապաւէնին մէջ դեր կը ստանձնեն Նարեկ Դուրեան, Աշոտ Ղազարեան, Խորէն Լեւոնեան, Լեւոն Յարութիւնեան, նոյնիսկ պզտիկ դերերով՝ Թաթան, Ինգա-Անուշ, Նունէ Եսայեան, Արամօ, Քրիստինէ Պեպելեան… Ամբողջ աշխատանքը բացառիկ հաճելի փորձառութիւն մըն էր, հակառակ օրական 16 ժամ լարուած աշխատանքին:
Յետ-արտադրական աշխատանքը կատարուեցաւ Լիբանանի ու Լոս Անճելըսի մէջ:
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- Վստահաբար կը ծրագրէք ցուցադրել այլ երկիրներու մէջ եւս, մասնակցիլ փառատօններու…
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Փառատօններու վերաբերեալ՝ կարծեմ ժամանակը անցաւ, որովհետեւ մեծ փառատօնները, ինչպէս «Օսքար»ը, Քաննը, միշտ կ՛ուզեն, որ առաջին ցուցադրութիւնը ըլլայ իրենց քով: Հիմա որ անցած է, իմաստ չունի տարի մը սպասել փառատօններու համար: Բայց անշուշտ կան ուրիշ փառատօններ ալ, որ կ՛ընդունին: Բայց ցրուումի իմաստով, յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք, ունի՛նք հնարաւորութիւնը զայն տարածելու: Կ՛ուզենք միջազգային ցրւումի լաւ ընկերութիւն մը գտնել: Կ՛ուզենք, որ ժապաւէնը երթայ ամէն տեղ:
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- Վահէ, սփիւռքի հասարակութեան աւելի ծանօթ ես քու երգիծական մենակատարումներով: Կա՞ն այս իմաստով նոր ծրագիրներ:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Հիմակուհիմա տակաւին «Եթէ»ի շրջապտոյտին մէջ եմ: Բայց արդէն իսկ կ՛աշխատիմ նորին վրայ: Եւ այն գաղութները, ուր «Եթէ»ն ներկայացուցած չեմ, ինչպէս օրինակ՝ Պոլիս, Ֆրանսայէն եւ Լոնտոնէն բացի Եւրոպա ալ չեմ կայացուցած, նոր պիտի սկսիմ: Երբ այս շրջագայութիւնը աւարտեմ՝ պատրաստ կ՛ըլլայ յաջորդս:
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- Պոլիս ալ պիտի այցելես, ինչպէս քիչ առաջ անդրադարձար: Անգամ մը արդէն եկած էիր: Ինչպէ՞ս կ՛ընթանան պատրաստութիւնները: Ի՞նչ զգացմունքներ կը յառաջացնէ քու մէջ վերստին Պոլիս գալու հեռանկարը:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ես Պոլսոյ գաղութը այնքան կը սիրեմ ու այնքան հարազատ կը զգամ, որ անհամբեր եմ: Շատ կարեւոր բանի մը անդրադարձայ: Վերջին շրջանին, մանաւանդ վերջին հինգ տարուան ընթացքին, Պոլիսը մեր իրականութեան մէջ կարեւոր ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքի տարածքին: Ասկէ մինչեւ հինգ տարի առաջ տակաւին Պոլիսը ձեւով մը կտրուած, մէկ կողմ դրուած էր, մեկուսացած էր: Ատիկա կու գայ երկու բանէ. թէ՛ սփիւռքէն, որ կարծես թէ այս անգամ զոհը, ոճիրին վայրը վերադառնալ չ՛ուզեր, իսկ միւս կողմէ՝ պոլսահայութիւնը, որ իրենք ալ հեռաւորութիւն մը ստեղծած էին հաւանաբար այն վախով, որ սփիւռքը պիտի չընդունի զիրենք: Այնպէս որ, երկու կողմէ բան մը կար: Հիմա վերջին այս հինգ տարուան ընթացքին հետաքրքրական է, որ ոչ միայն սփիւռքը ձեռնբաց ընդունած է Պոլիսը, այլ Պոլիսը ինքզինք կ՛արժեւորէ, եւ յանդուգն ներկայութիւն մը դարձած է: Եւ ատոր համար մեծ յարգանք ունիմ անոր՝ պոլսահայութեան հանդէպ։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ - «ԱԿՕՍ»