14 Մայիս 2016ին, Քալիթէայի Մարզասէրներու Միութիւնը կազմակերպեց ոստումներու մրցաշարք մը՝ նուիրուած հայ անուանի մարզիկ Ռոպէր Էմիյեանին։ ՍԵՂԱՍ յունական մարզական միութիւնը՝ օգտագործելով Էմիյեանի ներկայութիւնը Աթէնքի մէջ, կազմակերպեց սեմինար մը, ուր ան
կեդրոնական դասախօսն էր։ Ներկաներուն փոխանցեց իր գիտելիքները եւ փորձառութիւնը։
«Ազատ Օր»ի աշխատակից Սարգիս Աղապատեան հարցազրոյց մը ունեցաւ մեծանուն հայ մարզիկին հետ։ Կը ներկայացնենք՝ ստորեւ.-
Ռոպէր Էմիյեան ծնած է 19 Փետրուար 1965ին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ։ Ան եղած է երեք ոստումով մարզաձեւի ախոյեան՝ տիրանալով միջազգային եւ համեւրոպական մրցանակներու։ 1987 թուականէն ի վեր, Էմիյեան կը պահպանէ միջազգային մրցանիշը (ռեքորը) երեք ոստումով մարզաձեւին մէջ՝ ցատկելով 8,86 մեթր, որ չորրորդ ամենալաւ ոստումի արդիւնքն է՝ Մայքլ Փաուէլէն (8,95 մերթ), Պոպ Պիմոնէն (8,90 մեթր) եւ Քարլ Լիւիսէն (8,87 մեթր) ետք։
Ան յաջողած էր այս արդիւնքը նուաճել, Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած մարզական մրցաշարքի մը ընթացքին՝ 22 Մայիս 1987ին։
Պրն. Էմիյեան, ոստումներու մրցաշարքը միայն Յունաստանի՞, թէ՞ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ տեղի կ՚ունենայ։
Նախ եւ առաջ՝ յայտնեմ, թէ շատ ուրախ եմ, որ Յունաստան կը գտնուիմ։
Սեղասի փոխ-նախագահ Փանաեոթիս Տիմաքոս եւ շատ մը բարեկամներ առաջարկեցին, որ Յունաստանի մէջ իմ անունս կրող միջազգային մրցումներ կազմակերպեն։ Ինծի համար չափէն աւելի հաճելի էր, ինչի համար իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ։
Յունաստանը ինծի համար իւրայայտուկ է։ Իւրայատուկ է՝ որովհետեւ իմ ծնողքս Յունաստան ծնած են։ Պապաս՝ Թեսաղոնիկէ, մամաս՝ Կորնթոս։ Այն տարիները, որ ես մարմնակրթանքի (աթլեթիզմի) մէջ շատ յաջողութիւններ ունեցած եմ, շատ հիանալի օրեր անցուցած եմ Յունաստանի մէջ։ Մարզուած եմ, շատ մրցումներու մասնակցած եմ, եւ ունիմ շատ ընկերներ հայ համայնքին մէջ, շատ լաւ ընկերներ, ինչպէս պրն. Փալանճեանը, Մինաս Ադամեանը, Կարպիս Ճանիկեանը, շատ-շատ ընկերներ, որոնց միջոցով ծանօթացած եմ Աթէնքի ու ընդհանրապէս Յունաստանի հայերուն հետ, ինչի համար շատ ուրախ եմ։ Իրենք շատ ուժ տուած են ինծի եւ գիտնալով, որ 30 տարի է, որ Եւրոպայի մրցանիշը ինծի կը պատկանի՝ այս առաջարկութիւնը ես մեծ հաճոյքով ընդունեցի եւ նորէն ու նորէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։
Ձեր մրցանիշէն 20 տարի առաջ, ուրիշ մարզիկ մը՝ Իկոր Տէր-Յովհաննիսեանն էր, որ 1968ին աշխարհի մէջ առաջին ելաւ 8,35 մեթր բարձրութիւն ցատկելով։ Կ’երեւի Հայաստանը, որ փոքրիկ երկիր մըն է՝ թէեւ չունի մեծ աւանդութիւն մարմնակրթանքի մէջ, ունի շատ լաւ մարզիկներ, որոնք լաւագոյն արդիւնքները կը բերեն այս մարզաձեւին մէջ։ Կրնա՞ք բացատրութիւն մը տալ այս երեւոյթին։
Իմ մարզիչս եղած է Մկրտիչ Կարապետեանը, որուն հետ շատ անգամ Յունաստան եկած ենք, եւ շատ ուրախ եմ, որ առիթը ունեցայ այդ ժամանակին ըլլալ ազգային խումբին մէջ, որ այն ատեն Իկոր Տէր-Յովհաննէսեանը իմ գլխաւոր մարզիչը եղած էր, որ մինչեւ հիմա Ռուսական Ֆետերասիոնին փոխ-նախագահն է եւ որուն հետ շատ լաւ յիշողութիւններ ու ապրումներ ունիմ, որովհետեւ ինծի համար շատ մեծ անձնաւորութիւն է։ Շատ ուրախ եմ, որ 1986 թուականին բախտը ունեցայ հասնելու մրցանիշին եւ այսպէս, մօտաւորապէս 45-50 տարի, հայերուն կը պատկանի հեռացատկի եւրոպայի մրցանիշը։ Մենք հայերս աշխարհի մէջ թէեւ համրանքի իմաստով շատ չենք, այսուհանդերձ՝ աշխարհի մէջ ունինք շատ լաւ համաշխարհային յատկութիւններ, ինչ որ մեզի մեծ պատիւ կը բերէ։ Ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ, հեռացատկի շատ զօրաւոր մարզիկներ ունինք։ Կ’երեւի մեր արիւնին մէջն է։ Եւ ինչպէս որ ըսի, 45-50 տարի հայերուն կը պատկանի այս մրցանիշը՝ ես եկող տարի 30 տարին պիտի աւարտեմ այս մրցանիշով եւ Աստուած տայ, որ գտնուի արժանի մէկը, որ անցնի իմ մրցանիշս։ Արժանի՝ կ’ըսեմ, որովհետեւ գիտեմ, որքան շատ աշխատանք պէտք է տարուի։ Շատ աշխատանք, շատ մարզումներ պէտք է ըլլան։ Դժուարութիւններ, նեղութիւններ, յաղթանակ, ուրախութիւն, պատիւ, կ’ուզեմ ոեւէ մէկ շնորհալի երիտասարդ մը անցնի իմ մրցանիշս, որպէսզի ան ալ ապրի այս բոլոր զգացումները։ Կ’ուզեմ, որ հայ ըլլայ։ Եթէ հայ չըլլայ, դարձեալ ես սիրով իրեն կը շնորհաւորեմ։
Սկիզբը կ’ուզէի, որ 5 տարի պահեմ մրցանիշը, վերջը 5ը եղաւ 10, 15 եւ ահա 30րդ տարին կը բոլորեմ։ Աստուած տայ, մէկը ըլլայ, որ պիտի անցնի ատիկա, որ ինքն ալ ուրախանայ։ Եւ պէտք է օգնենք։ Ես շատ ուրախ եմ, որ երէկ առիթը ունեցայ մարզիկներու եւ մարզիչներու հետ հանդիպում ունենալու։ Պատմեցի իմ փորձառութիւնս Հայաստանէն ներս եւ դուրս։ Շատ հետաքրքրութեամբ լսեցին, ինձ շատ հարցեր տուին, շատ խորհուրդներ ուզեցին։ Ես ուր որ ալ ըլլամ՝ կ’ըսեմ, որ իմ ծնողներուս, ընկերներուս շնորհիւ է, որ կարողացայ հասնիլ այս հանգրուանին։ Կ’ուզեմ այս փորձառութիւնս փոխանցել նոր սերունդին, նոր երիտասարդներուն։
Հակառակ որ 30 տարի անցած է այս ձեր մրցանիշէն, զոր նուաճեցիք Ծաղկաձորի մէջ, ատիկա տակաւին չէ յաղթահարուած Եւրոպայի մէջ։ Արդեօք Ծաղկաձորի աշխարհագրական դիրքը՝ 1980 մեթր ծովի մակերեսէն բարձրութիւնը, դեր կը խաղա՞յ։
Անշո՛ւշտ եւ դեր կը խաղայ, բայց եղած են շատ քաղաքներ, որ աւելի բարձրութեան վրայ կը գտնուին, քան թէ Ծաղկաձորը եւ յաջողութիւններ չեն արձանագրած։ Պէտք է շատ լաւ պատրաստուած ըլլաս։ Ծաղկաձորէն առաջ պէտք չէ մոռնանք, որ ամերիկացիներուն յաղթեցի 1986ին եւ 1987ին։ Բացի ասոնցմէ, ձմեռնային մրցանիշներն ալ ունինք։ Ֆրանսայի մէջ երեք տարի Եւրոպայի ախոյեան դարձայ։ Աշխարհի խաղերուն երկրորդ տեղը գրաւեցի՝ Քարլ Լիւիսէն ետք, ես ուրախ եմ, որ Քարլ Լիւիսի նման մրցակից ունեցած եմ ու ան կը համարուի 20րդ դարու ամէնէն լաւագոյն մարզիկը (աթլեթը) բոլոր մարզաձեւերուն մէջ, որովհետեւ 9 անգամ Ողիմպիական Խաղերուն յաղթած է։ Բոլոր այդ մարզիներուն հետ մինչեւ հիմա լաւ բարեկամներ ենք։ Չեմ մոռնար, ինչպէս իմ մօտս կանգնեցան, երբ 1988ին Հայաստանի մէջ երկրաշարժի պատճառով ունեցայ շատ մեծ նեղութիւններ՝ աչքիս առջեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ մահացան, հայրս մահացաւ, հօրս բարեկամները, շատ մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցայ, բայց ունեցայ ուժը շարունակելու իմ աշխատանքս։ Չեմ մոռնար, որ այն ատեն Քարլ Լիւիսը իր ընտանիքով ինձ Ամերիկա հիւրընկալեց մէկ ամսուան համար, որպէսզի թեթեւցնէ նեղութիւնս։
Հայաստանի մէջ կա՞յ մարզական կեդրոն միայն ցատկերու մարզումներու համար, այսինքն՝ հեռացատկ, եռացատկ։ Հայաստանը ունի՞ հնարաւորութիւնները, որ օր մը ունենայ այս մարզաձեւերուն մէջ ախոյեաններ։
Ես ուրախութիւնը ունեցայ 2010 թուականին ըլլալու Հայաստանի Մարմնակրթանքի նախագահ։ Առաջին օրէն մինչեւ այսօր կը պայքարիմ, որ Հայաստանը ունենայ արհեստական վազքուղի։ Ուրախ եմ, որ Միջազգային Ֆետերասիոնը պատրաստ է դրամական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ, վերջին ամիսներուն, Եւրոպական Ֆետերասիոնի նախագահը իրենց քարտուղարին հետ Հայաստան եկան եւ Հ.Հ. նախագահին ուվարչապետին առջեւ մեր մարմնամարզութեան եւ երիտասադութեան նախարար պրն. Գաբրիէլ Ղազարեանի հետ ստորագրեցին պայմանագիր մը, որ Հայաստանը պատրաստ է մէկ մասը վճարելու, որպէսզի Հայաստանն ալ վերջապէս ունենայ մարմնակրթանքի նոր ծածկոյթ՝ Հրազդան մարզադաշտին մէջ։ Եւ եթէ այդ պայամաները ունենանք, մարզիկները ալ աւելի լաւ պիտի մարզուին, միջազգային ալ աւելի լաւ արդիւնքներ պիտի ցուցաբերեն։ Թէեւ մինչեւ հիմա յարմար պայմաններ չենք ունեցած, եռացատկի ախոյեան ունեցած ենք՝ Լեւոն Աղասեան, որ եռացատկ մարզաձեւին մէջ 16,48 մեթր ցատկած է։ Ես անհամբեր կը սպասեմ, որ յաջորդ ամիսներուն պիտի աշխատիմ եւ պայքարիմ, որ Հայաստանը ունենայ միջազգային չափանիշներու (ստանտարտներու) համապատասխանող ծածկոյթ։
Հայաստանի 1988ի երկրաշարժը եւ մանաւանդ ձեր հօր կորուստը ի՞նչ դեր խաղացին ձեր մարզումներուն մէջ։
Ես եւ իմ ընտանիքս երեք տարի հիւրանոցի մէջ բնակեցանք։ Պէտք էր ուժով ըլլայի, որովհետեւ ինձմէ կը սպասէին իմ ընտանիքը, իմ բարեկամները։ Պէտք էր յաջողութիւն ունենայի, որպէսզի կարողանամ օգնել իմ հարազատներուս, իմ բարեկամներուս եւ, փառք Աստուծոյ, շնորհիւ իմ մարմնակրթութեան ու իմ միջազգային բարեկամներուն՝ կարողացայ եւ կանգնեցայ ոտքերուս վրայ։
Շատ լաւ է, որ մարմնակրթանքով զբաղի ժողովուրդը եւ հեռու մնանք այն տեսակ ահաւոր վտանգներէ, ինչպիսին է երկրաշարժը, պատերազմը։ Ես կ’ուզեմ մեր երկրին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, ամէն տեսակի դժուարութիւններ, հարցեր թող լուծուին սեղանի շուրջ, բանակցութիւններու միջոցով։ Որեւէ տեղ երկրաշարժ, պատերազմ չեմ մաղթեր։
Անգամ մը պրն. Արթին Փալանճեանին հետ ձեր զրոյցին ընթացքին ըսած էիք, որ կարելի է մասնակցիք վեթերաններու մրցումի մը։ Ասոր մասին կրնա՞ք բան մը ըսել։
Պրն. Փալանճեանին հետ ես երկար տարիներ ընկերութիւն ունիմ. ամէն անգամ, որ Յունաստան կուգամ, իր հետ կը կապուիմ եւ ինքն ալ շատ անգամ Հայաստան եկած էր իմ մրցումներուս ժամանակ եւ քաջալերած էր զիս։ Ան կը մասնակցի Մարաթոնի։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ առաջին անգամ կազմակերպեցի սեմի-մարաթոն մը։ Կը մտածէի, որ 500-600 հոգի կը մասնակցին, բայց անսպասելի էր, որ 5000 հոգի մասնակցեցան։ Միջազգային մարզիկներ եկան, ֆութպոլիստներ, ինչպէս Եուրի Ճորկաէֆը, որուն մայրը հայ է։ Սեղասի նախագահը՝ Փանաեոթիս Տիմաքոսը եւ այլ շատ նախագահներ, եկան Հայաստան։ Բոլոր հայերը, որ կուգային իմ մարզումներուս ատեն, բոլորին հետ կ’ընկերանայինք եւ անփոխարինելի ժամեր անցուցած ենք բոլոր մեր ընկերներուն հետ։
Դուք ըսիք, որ Հայաստանի Մարմնակրթանքի Ֆետերասիոնի նախագահն էք, բայց կ’ապրիք Ֆրանսա, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այս մէկը։
Ինծի առաջարկութիւն եղաւ, որ Ֆրանսայի կողմէ մասնակցիմ ա՛յս Ֆետերասիոնին։ Ես վերջին 24 տարիները Ֆրանսա կ’ապրիմ, կողակիցս Ֆրանսայէն է, զաւակներս Ֆրանսա ծնած են, բայց ես իմ ազգութիւնս չեմ փոխած, իմ անձնաթուղթս հայկական է։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Ֆրանսայի Ֆետերասիոնին, որ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ պայմանագիր ստորագրուած է, որը մեծ ուժ կուտայ մեր մարզիկներուն։ Ես տարին երկու երեք անգամ մեր մարզիկները կը տանեմ Ֆրանսա եւ իրենց օգնութեամբ միջազգային մրցումներ կը կազմակերպեմ եւ շատ լաւ համագործակցութիւն կ’ունենանք։ Մարզական մաթերիալներ (նիւթեր) կը հաւաքենք եւ կ’ուղարկենք Հայաստան զանազան մարզերու։ Կարծեմ, որ եթէ ես Հայաստան ըլլայի՝ պիտի չկարողանայի օգնել նոյն չափով։ Հիմա, Յունաստան ալ որ եկած եմ, շատ ուրախ եմ այս համագործակցութեան համար։