20-25 Յունիսին, Կրետէի մէջ կայացաւ Համա-Ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Կոմիտաս Արք. Օհանեան ներկայացուց Կիլիկեան Ս. Աթոռը։
Ժողովին բացումը կատարեց Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլոմէոսը, որ կարեւոր այս ժողովին տուաւ պատմական բնորոշումը՝ այն առումով, որ Արեւելեան Ուղղափառներուն համար Նիկիոյ Բ. Ժողովէն (787 թ.) ի վեր գումարուած ժողովներուն կարեւորագոյնն էր։
Ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները տեւած էին շուրջ 55 տարի։
«Ազատ Օր» - Ինչո՞ւ կարեւոր էր այս ժողովին գումարումը Սրբազան Հայր եւ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը։
Կոմիտաս Արք. Օհանեան - Նախ՝ ըսեմ, որ մեծ հանդիսաւորութեամբ 20 Յունիսի առաւօտեան ժամը 11ին, նախագահութեամբ Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլոմէոսի, Սուրբ Հոգւոյ ուղղուած հետեւեալ աղօթքով բացումը կատարուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Ժողովին: «Երկնաւոր Թագաւոր, մխիթարիչ Ճշմարտութեան եւ Ս. Հոգի, ամենատեղ ներկայ եւ ամէնը ամբողջացնող, ով գանձդ բարեաց, եկուր եւ բնակէ մեր մէջ եւ մաքրէ մեզ ամէն աղտերէն. ով բարիդ՝ փրկէ մեր հոգիները»։
Պատրիարք Հայրը առաջին հերթին անդրադարձաւ Հռոմի Սրբազան Պապ Ֆրանչիսկոսին (որ այս ժողովի օրերուն կը գտնուէր Հայաստան) կողմէ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սինոդին ուղղուած յաջողութեան մաղթանքներուն։ Պարթոլոմէոս Պատրիարքին հետ նստած էին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ 9 երկիրներու Պատրիարքները, անոնց շարքին՝ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Սրբազանը:
Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլոմէոսի հրաւէրով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ, դարերու ուշացումով, շուրջ աւելի քան հազար երկու հարիւր տարիներէ ի վեր սպասուած, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սուրբ այս Ժողովին: Արդարեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ կանչուելով՝ պատիւը եւ ուրախութիւնը ունեցայ մասնակցելու այս Սուրբ Սինոդին, որ տեղի ունեցաւ Կրէտէի հիւսիս-արեւմտեան Խանիայի մերձակայ Օրթոտոքս Աքատեմիայի կեդրոնին մէջ:
Այս Տիեզերական ժողովին մասնակցեցան տասնըչորս ուղղափառ եկեղեցիներէն տասն. բացակայեցան չորսը՝ Անտիոքի, Ռուսիոյ,Պուլկարիոյ եւ Վրաստանի եկեղեցիները:
Դէտի կարգավիճակով հրաւիրուած էին Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները։ Հայոց Եկեղեցին ներկայ եղաւ իր զոյգ Կաթողիկոսութիւններով, ինչպէս քոյր եկեղեցիներէն Ասորի եւ Ղպտի Եկեղեցիները:
(Ներկայ էին Հռոմէական Կաթոլիկ, Անկլիքան, Հին Կաթոլիկ Եպիսկոպոսական Եկեղեցիները, Լուտերական Աշխարհի Եկեղեցիներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդները)։
Այս ժողովը կարեւոր էր՝ նկատի ունենալով, որ պատմութեան մէջ Ուղղափառ Եկեղեցին միշտ ունեցած է աժմէական դեր՝ քրիստոնէական հաւատքի տարածման ու աստուածաբանական արժէքներուն եւ եկեղեցւոյ աւանդութեան պահպանման մէջ։ Եւ ինչպէս Արամ Վեհափառը պիտի ըսէր՝ «հակառակ պատմութեան դժուար պայմաններուն, որմէ ընթացաւ Ուղղափառ Եկեղեցին, ան մնաց կանգուն եւ հաւատարիմ իր հոգեւոր ժառանգութեան»:
Հետեւաբար ժամանակն էր Տիեզերական Ժողովին գումարման:
«Ազատ Օր» - Ուղղափառ Եկեղեցւոյ չորս առաջնորդներու՝ Ռուսաստանի, Անտիոքի, Պուլկարիոյ եւ Վրաստանի Պատրիարքներու բացակայութիւնը ծանր կշռե՞ց ժողովին վրայ։ Ինչպիսի՞ մեկնաբանութիւններ տրուեցան ժողովին՝ այդ բացակայութիւններուն համար:
Կոմիտաս Արք. Օհանեան - Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «Մեծ եւ Սուրբ» Սինոդին իրականացումը, ինչպէս որ բնորոշուեցաւժողովի ընթացքին, եղաւ արդիւնքը երկար, աւելի քան յիսուն տարիներու հետեւողական աշխատանքի։
Երանաշնորհ Աթինակորաս Տիեզերական Պատրիարքն էր, որ առաջին լոյսը տուած էր։ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս Պատրիարքը հետեւողական կերպով հետապնդեց եւ միասնաբար, այս նպատակի իրագործման ի խնդիր, իր եկեղեցւոյ պատրիարքներու հետ յաճախակի հանդիպումներով, նախապատրաստեց եւ իրագործեց գումարումը այս ժողովին:
Առաջին ժողովն է, որուն յաջողութեան համար, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատասխանատուները երկար պատրաստուեցան Զուիցերիոյ Չամպէզիի հոգեւոր իրենց կեդրոնին, ինչպէս եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ, մասնակցութեամբը տասնըչորս ուղղափառ եկեղեցիներու հայրապետներուն եւ աստուածաբաններուն:
Անցնող աւելի քան քսան տարիներուն, յաճախակի հանդիպումներով, քննարկուեցան ժողովի օրակարգերը եւ նախ քան գումարումը Ս. Ժողովին, օրակարգերն ու անոնց յարակից մասերը, բոլորն ալ, ճշդորոշուած, համաձայնեցուած եւ ստորագրուած էին անխտիր բոլորին կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ ծանր չկշռեց բացակայութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցւոյ չորս Պատրիարքութեանց՝ Ռուսաստանի, Անտիոքի, Պուլկարիոյ եւ Վրաստանի, եւ արգելք չեղաւ գումարելու ու ՄԵԾ եւ ՍՈՒՐԲ համարելու այս ժողովը:
Կրէտէի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս ժողովին՝ ներկայ գտնուեցան 10 պատրիարքներ ու հովուապետներ եւ իւրաքանչիւր եկեղեցիէն որոշուած էր 25 հոգիներու մասնակցութիւնը՝ առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ:
Անտիոքի Արաբ Ուղղափառ Եկեղեցին տարակարծութիւն մը ունէր Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ, որ լռելեայն՝ խորքին մէջ, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ո՞ր ազգութեան պատկանելիութեան հարցն էր։ Մինչ Ռուսիոյ մեծ եկեղեցին՝ Տիեզերական այս Ժողովի գումարման համար անհրաժեշտ կը համարէր ներկայութիւնը անխտիր բոլոր Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն։
Այդ պարագային, ոչ-յոյն եպիսկոպոսներու գերակշռութեամբ՝ ժողովը պիտի կորսնցնէր յունական իր դիմագիծը:
Կրետէի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ այս ժողովի տիրական լեզուն յունարէնն էր:
Հարկ կը զգամ այստեղ ըսելու, թէ Յունաստանէն ներս յոյն աստուածաբաններ, վերջին տարիներուն, Ուղղափառ Եկեղեցին առնչուած կը համարեն յունական լեզուին եւ մշակոյթին հետ: Յոյն աստուածաբաններ ընդհանրացող նոր ազգային նշանաբանի մը կը հետեւին, այլ խօսքով՝ Քրիստոսի Եկեղեցին կը համարեն ի վերուստ առնչուած յոյն մտքի եւ յոյն հոգեւոր մշակոյթին հետ եւ զայն կը կապեն Պողոս Առաքեալի մէկ տեսիլքին։ Պօղոս Առաքեալ, երբ Տրովադա կը գտնուէր, երազին մէջ տեսաւ, թէ Մակեդոնիայէն երիտասարդ մը կը կանչէր Պօղոս Առաքեալը դէպի Մակեդոնիա... (Գործք Առաք.,16.9):
Տիեզերականութեան ի խնդիր, մասնակցութիւնը անխտիր, ամէն ուղղափառ եպիսկոպոսի, պատճառ պիտի ըլլար, որ այս ժողովը կորսնցնէր իր յունական դիմագիծը, որ ընդհանրապէս եղած էր Տիեզերական նախորդ Եօթը ժողովներուն նկարագիրը:
«Ազատ Օր» - Ո՞ր հարցերու քննարկումով զբաղեցաւ ժողովը։ Որո՞նք են մեծագոյն մարտահրաւէրները, զորս համաշխարհային առումով կը դիմագրաւէ այսօր Ուղղափառ Հոգեւոր Ընտանիքը։
Կոմիտաս Արք. Օհանեան - Ժողովի օրկարգերն էին՝
- Ուղղափառ Եկեղեցիին առաքելութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ։
- Արժէքը Մարդ Էակին. ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն.
խաղաղութիւն եւ պատերազմի արգիլում։
- Ուղղափառ Եկեղեցին՝ տարբերութիւններու դիմաց։
- Առաքելութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, որպէս վկայութիւն՝ սիրոյ եւ ծառայութեան։
- Ուղղափառ սփիւռքը եւ կանոնականութիւնը (սփիւռքի գաղութներու) եպիսկոպոսական ներկայութեան:
Այս ուղղութեամբ որոշուած արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոններէն դուրս՝ տասներկու նոր շրջաններ նշանակուեցան ամբողջ աշխարհի տարածքին:
- Պահեցողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր այժմու պահպանման կերպը։
- Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները՝ ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին հետ։
«Ազատ Օր» - Յստակ որոշումներ եւ ուղղութիւններ տրուեցա՞ն։
Կոմիտաս Արք. Օհանեան - Վստահաբա՛ր. Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու հարցը, ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին հետ օրակարգի քննարկման ժամանակ լսուեցան ձայներ, որոնք չուզեցին ճանչնալ կարգ մը եկեղեցիները՝ որպէս եկեղեցի. այս ուղղութեամբ ժողովը տուաւ իր որոշումները՝ ըսելով, թէ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ խումբէն դուրս գտնուող բոլոր եկեղեցիները «Այլափառ խոստովանողներ» են: Եւ սակայն ժողովը յայտարարեց, թէ կը շարունակուի երկխօսութիւնը անոնց հետ:
Ժողովի որոշումներուն մէջ կþըսուէր, թէ անհատներու նոյնիսկ եկեղեցիի մը մասնակի առած տեսակէտը չի ճանչցուիր որպէս այդպիսին, եթէ ընդհանուրին կողմէ չորդեգրուի այդ որոշումը: Հայաստանեայց եկեղեցին, ինչպէս քոյր եկեղեցիները, կը հաւատայ իր ուղղափառ վարդապետութեան եւ կոչուած է միշտ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի:
«Ազատ Օր» - Սրբազան Հայր, հինէն հաւատարիմ բարեկամն էք «Ազատ Օր»ին։ Ձեր մաղթանքն ու խօսքը կրնա՞ք փոխանցել մեր ընթերցողներուն։
Կոմիտաս Արք. Օհանեան - «Ազատ Օր»ի հայրենանուէր ծառայութեան յարգանքի որպէս տուրք, պիտի ուզէի նախ յիշել անմոռանալի յունահայ մեծ հայրենասէր եւ բանաստեղծ՝ «Ազատ Օր»ի խմբագիր Վազգէն Եսայեանը, որուն հետ, իր կենդանութեան, 66-68 տարիներու ամբողջ տեւողութեան, եղած եմ ամէնօրեայ հանդիպումներով բարեկամ։
Ինչպէս նաեւ յիշել իր գործակիցներուն՝ Ահարոնի, Վահանի անձնուէր երկար տարիներու ծառայութիւնները, որոնց օրերուն մեծ զոհողութիւններով «Ազատ Օր»ը, համարեայ յիսուն տարիներ առաջ, ապրեցաւ իր լաւագոյն շրջանը: Յարգա՜նք իրենց յիշատակին եւ յարգա՜նք «Ազատ Օր»ին, իր ազգային շունչին, մեր մայրենի լեզուին պահպանման ու տարածման մեծ առաքելութեան մէջ: