Երեւանի մէջ կազմակերպուած Արամ Խաչատուրեանի անուան 12րդ միջազգային մրցոյթը իր աւարտին հասաւ: Այս տարի մրցոյթի
քննադատական մարմինը կը բաղկանար համաշխարհային համբաւ վայելող խմբավարներէ։ «Արմէնփրես»ի լրագրող Լուսինէ Ղազարեան զրուցեց քննադատական մարմնոյ անդամ, յոյն խմբավար Միխալիս Իքոնոմուին հետ։
- Լուսինէ Ղազարեան - Պրն. Իքոնոմու, ի՞նչ տպաւորութիւններ ստացաք Հայաստան ձեր այցելութենէն։
- Միխալիս Իքոնոմու - Շատ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու Հայաստան։ Շատ գեղեցիկ երկիր է։ Հաճելի է տեսնել, որ մարդիկ կը ժպտին եւ երջանիկ են։ Հայերը շատ նման են իմ հայրենակիցներուն՝ յոյներուն։ Կը կարծեմ՝ մենք նոյն արժէքները կը կրենք, հինէն եկած աւանդոյթները։ Մեր մշակոյթները կը նմանին. ես համոզուած եմ, յատկապէս երբ կը լսեմ ազգային երաժշտութիւն։
- Լ.Ղ. - Նոր բան իմացա՞ք Հայաստանի մասին՝ ձեր այցի ընթացքին։
- Մ.Ի. - Մենք այցելեցինք թանգարաններ, որոնք ուղղակի աներեւակայելի էին. ես անչափ տպաւորուեցայ ու շատ յայտնագործումներ ըրի, որոնք մտքէս չէին անցներ։ Բայց ինծի համար անմոռանալի էր այցելութիւնը մեծ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի շիրիմին։ Ատիկա անկրկնելի պահ էր իմ կեանքիս մէջ։
- Լ.Ղ. - Յատկապէս ի՞նչ սիրեցիք աւելի՝ հայկական մշակոյթին մէջ։
- Մ.Ի. - Ինծի համար շատ հետաքրքրական է, որ օրինակ նոյն պետական երիտասարդական նուագախումբի անդամները միեւնոյն դպրոցը կþաւարտեն՝ կրելով Օյստրախի ու Կոգանի երաժշտական աւանդոյթները։ Նուագախումբը իսկապէս իւրայատուկ է։
- Լ.Ղ. - Հետաքրքրական է ձեր կարծիքը շատ տարածուած հարցի մը մասին։ Նախկին Խ.Ս.Հ.Մ. երկիրներէն շատերու մէջ, երաժիշտները թերագնահատուած կը զգան. չեն գտներ իրենց տեղը եւ ստեղծագործելու համար յարմար հարթակը։ Ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի նուիրուին իրենց երաժշտութեան։
- Մ.Ի. - Ատիկա իսկապէս կարեւոր հարց է։ Անոնք պէտք է գիտնան, որ արուեստը եւ երաժշտութիւնը վեր են բոլոր ճգնաժամերէ, պատերազմներէ եւ աղէտներէ։ Ատիկա միայն յետ-խորհրդային երկիրներուն չի վերաբերիր։ Աշխարհի տարբեր պետութիւններ մեծ խնդրիներու առջեւ են, բայց մեզ՝ երաժիշտներուս, մեր գործը շարունակելու պատրաստակամութիւն կուտայ արուեստի սէրը։ Երաժիշտները պէտք է շարունակեն ծառայել արուեստին։ Այն՝ ինչ որ մենք չենք կրնար ստանալ մարդոցմէ, կը ստանանք արուեստէն։
- Լ.Ղ. - Մեր օրերուն ո՞րն է խմբավարներու մեծագոյն խնդիրը։
- Մ.Ի. - Խմբավարութեան արուեստը այսօր հասած է բարձր մակարդակի, այն ունի մրցակցային դպրոց, որ չկար իմ ուսանողական տարիներուս։ Հիմա նուագախումբերը քիչ են, իսկ խմբավարները՝ շատ։ Անոնք, որ կը յաջողին, կը հասնին իրենց նպատակին, որովհետեւ խնդիրը միշտ յաջողութեան մէջ է։
- Լ.Ղ. - Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Արամ Խաչատուրեանի անուան 12րդ միջազգային մրցոյթի վերաբերեալ։ Կը համեմատի՞ այլ մրցոյթներու հետ։
- Մ.Ի. - Լաւ սկիզբ մըն է մասնակիցներուն համար։ Եթէ մրցանակակիրները բաւականաչափ խելացի եւ յաջողակ ըլլան, ապա կրնան լաւ քարիերա (ասպարէզ) ստեղծել։ Այս մրցոյթի քննադատական մարմինին մէջ հրաւիրուած են շատ յայտնի երաժիշտներ ու հիանալի մարդիկ։ Այս մրցոյթը ինծի համար գագաթնակէտ է, ես պիտի պատմեմ ասոր մասին ամէն տեղ։ Յոյսով եմ, որ անիկա շարունակական պիտի ըլլայ։
- Լ.Ղ. - Իսկ ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք մասնակիցներէն։
- Մ.Ի. - Անոնք օժտուած են մեծ ձիրքով, եւ բոլորը տարբեր դպրոցներէ՝ եւրոպական, ռուսական, ասիական, բայց կը կարծեմ, որ բոլորը առանձնայատուկ բան մը ունին եւ կը տարբերին։ Կարեւորը այն է, որ ոչ ոք չտխրի, եթէ չստանայ գլխաւոր մրցանակը։ Մենք ալ պէտք է անոնց աջակցինք։ Երաժիշները պէտք է շատ բան սորվին եւ ամէն մէկու կարծիքը չլսեն։ Անոնք պէտք է ըլլան ոչ թէ արուեստի ծառաները, այլ՝ ստրուկները, քանի որ յետոյ արուեստը պիտի դառնայ անոնց ծառան ու բոլոր առումներով աւելի լաւ մարդ պիտի դառնան։