alt«Իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է կա­տա­րէ իր
նա­խընտ­րու­թիւ­նը: Ես կա­տա­րե­ցի իմս»

 

 

­Գեր­մա­նա­կան մի­ջազ­գա­յին ձայ­նաս­փիւռ-հե­ռա­տե­սի­լի Deutsche Welle գոր­ծա­կա­լու­թեան թրքե­րէն սփռում­նե­րու բա­ժի­նը, ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւին ըն­դուն­ման յա­ջոր­դող ժա­մե­րուն, հար­ցազ­րոյց մը կա­տա­րած է այդ բա­նա­ձե­ւին նա­խա­ձեռ­նարկ­նե­րէն՝ ­Գեր­մա­նիոյ ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ, ծա­գու­մով թուրք գեր­մա­նա­ցի ե­րես­փո­խան ­Ճէմ Էօզ­տէ­մի­րի հետ։
Ս­տո­րեւ՝ թրքե­րէ­նէն թարգ­մա­նա­բար, հար­ցազ­րոյ­ցը կու տանք նոյ­նու­թեամբ.-
­Թուր­քիոյ մէջ, ո­մանք ­Դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը կ­՚ո­րա­կեն որ­պէս ­Թուր­քիոյ դէմ քայլ մը։ ­Դուք հա­մա­ձա՞յն էք այս մօ­տե­ցու­մին։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ձեր գոր­ծադ­րած ջան­քե­րուն բուն պատ­ճա­ռը ո՞րն է ար­դեօք։

Նա­յե­ցէ՛ք, կա­յա­ցո­ւած ո­րո­շու­մին հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը հե­տե­ւեալն է. երբ ակ­նարկ մը նե­տո­ւի գեր­մա­նա­կան ար­խիւ­նե­րուն, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խիւ­նե­րուն վրայ, բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը տես­նենք հե­տե­ւեա­լը.- [Այն ժա­մա­նակ] գեր­ման դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը մօ­տէն հե­տե­ւե­ցան ան­ցու­դար­ձե­րուն:
Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ­Թուր­քիոյ մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող­նե­րը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը կը գոր­ծո­ւի: ­Մար­դիկ ի­րենց հայ­րե­նի­քէն կը հե­ռա­ցո­ւին, դէ­պի ­Սու­րիա՝ ա­նա­պատ կը քշո­ւին: Ար­գելք հան­դի­սա­նանք ա­տոնց» ը­սին: ­Բայց գեր­ման կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ ­Ռայ­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­նոնց ը­սաւ.- «­Բա­ցար­ձա­կա­պէս չմի­ջամ­տէք, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը մեր գոր­ծըն­կերն է, զի­նա­կիցն է. հե­տե­ւա­բար ինչ որ ալ պա­տա­հի հա­յե­րուն՝ մեզ չի հե­տաքրք­րեր»: Ն­ման բան յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ:
­Հե­տե­ւա­բար, հոս՝ մեր ու­սե­րուն ալ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն մը, պար­տա­կա­նու­թիւն մը կը բար­դո­ւի: Ա՛յդ մա­սին է, որ կը խօ­սինք: Այ­սինքն, հոս, այլ երկ­րի մը մա­սին ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու ո­րե­ւէ նպա­տակ բա­ցար­ձա­կա­պէս չու­նինք: Ար­դէն, ե­թէ ո­րո­շու­մը կար­դաք՝ ոչ մէկ տեղ կրնաք գտնել նման բան: ­Մենք՝ մեր մա­սին կը խօ­սինք: Եւ ա­տի­կա,- թող նե­րո­ւի ին­ծի-, ո՛չ մէ­կը կրնայ խո­չըն­դո­տել, ար­գի­լել:

Իսկ կը կար­ծէ՞ք, որ այս մօ­տե­ցու­մը պի­տի նպաս­տէ ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա մեր­ձեց­ման։

Նա­յե­ցէ՛ք, ե­թէ գիտ­նամ, որ այդ ուղ­ղու­թեամբ դոյզն յոյս պի­տի ստեղ­ծէ, կ­՚ը­նեմ ա­մէն ինչ, որ կրնամ՝ ա­տի­կա ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար: ­Սա­կայն երբ նա­յինք պատ­մու­թեան, դժբախ­տա­բար միայն մսխո­ւած ա­ռիթ­նե­րու մա­սին կրնանք խօ­սիլ: Ա­նոնց­մէ վեր­ջի­նը ­Զիւ­րի­խի Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն են… Երբ նա­յիք ­Զիւ­րի­խի Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն, պի­տի տես­նէք, որ մաս­նա­գէտ­նե­րու այն յանձ­նա­ժո­ղո­վը, ո­րու խօս­քը կ­՚ը­նէ ­Թուր­քիա այ­սօր, ընդգր­կո­ւած է ա­նոնց մէջ: Այ­սինքն, ե­թէ դուն մաս­նա­գէտ­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղով կը պա­հան­ջես, ու­րեմն ին­չո՞ւ խո­չըն­դո­տե­ցիր: ­Կը նշա­նա­կէ, թէ հոս ի­րա­կա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նող ո­չինչ կայ:
­Սահ­մա­նը ե­թէ բա­ցո­ւէր, այ­սինքն ե­թէ ­Թուր­քիա-­Հա­յաս­տան սահ­մա­նը բա­ցո­ւէր, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խնդրին լու­ծու­մը դիւ­րա­ցած կ­՚ըլ­լար, ­Թուր­քիա-­Հա­յաս­տան սահ­մա­նին չէին ըլ­լար ռուս զի­նո­ւոր­ներ, թրքա­կան տնտե­սու­թիւ­նը հոն ներդ­րում­ներ կա­տա­րած կ­՚ըլ­լար, եր­կու եր­կիր­նե­րը կը մեր­ձե­նա­յին եւ բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­րադ­րու­թիւն մը խնդրոյ ա­ռար­կայ կ­՚ըլ­լար: Այ­սինքն, ե­թէ ­Թուր­քիա չի փա­փա­քիր, որ նման ո­րո­շում­ներ կա­յա­ցո­ւին, այն ա­տեն խնդրեմ՝ թող չհա­կադ­րո­ւի հա­մա­ձայ­նու­թեան:

Այ­սօր թրքա­կան մա­մու­լին մէջ ը­սո­ւե­ցաւ, թէ «­Ճէմ Էօզ­տէ­միր ան­ցեա­լին ու­րիշ բան կը պնդէր, ա­սի­կա պատ­մա­բան­նե­րու գործն է կ­՚ը­սէր»։ Ի՞նչ­պէս կը մեկ­նա­բա­նէք այս պնդում­նե­րը։

Ո՛չ: Ես տե­սա­կէտս չեմ փո­խած: Այ­սինքն, ինչ­պէս քիչ ա­ռաջ ալ ը­սի՝ ե­թէ նո­ւա­զա­գոյն յոյ­սի նշոյլ ըլ­լայ, բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կամ մեր­ձեց­ման նշան մը ըլ­լայ, կ­՚ը­նեմ իմ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը: ­Բայց ժա­մա­նա­կը ան­ցաւ, դէպ­քեր պա­տա­հե­ցան: Հ­րանդ ­Տինք սպան­նո­ւե­ցաւ: ­Բա­ցո­ւած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը այ­սօր կրկին կը փա­կեն: ­Հէյ­պէ­լի կղզիի ­Յու­նաց դպրե­վան­քը՝ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­տե­սու­մով՝ դեռ փակ կը պա­հո­ւի:
Այ­սինքն, այ­սօր ­Թուր­քիոյ մէջ բնա­կող քրիս­տո­նեա­նե­րուն «կոր­սո­ւե­ցէ՛ք գա­ցէք», կ­՚ը­սո­ւի: Երկ­րին բնակ­չու­թեան մէկ քա­ռոր­դը քրիս­տո­նեա­նե­րէ կը բաղ­կա­նար, իսկ այ­սօր ա­նոնց տո­կո­սը նո­ւազ քան 1% է:
Այ­սինքն, դեռ հարկ կա՞յ այլ բան ը­սե­լու: Իւ­րա­քան­չիւ­րը թող հար­ցապն­դէ իր խիղ­ճը՝ ­Թուր­քիոյ ար­մատ­նե­րուն Էն­վէր փա­շա­յի, ­Թա­լէաթ փա­շա­յի, ­Սա­րի­ղա­մը­շի մէջ ­Թուր­քե­րու, 70 հա­զար հո­գիի սա­ռու­ցեալ մա­հո­ւան պատ­ճառ դար­ձած մար­դի՞կ կը գտնո­ւին, թէ ոչ մար­դիկ՝ ­Քէօ­թա­հիա­յի կու­սա­կա­լին նման, որ ը­սեր էր. «Իմ շրջա­նիս մէջ հա­յոց մա­զե­րուն իսկ դպչիլ կա­րե­նա­լու հա­մար, ստի­պո­ւած են նախ եւ ա­ռաջ անց­նե­լու իմ դռնէս»: Ես երկ­րոր­դը կ­՚ըն­դու­նիմ որ­պէս ար­մատ: Իմ օ­րի­նա­կը ա­նոր նման­ներն են:
­Զա­ւակ­նե­րուս զա­նոնք ցոյց կու տամ որ­պէս օ­րի­նակ: ­Մեւ­լե­ւի­նե­րը ցոյց կու տամ որ­պէս օ­րի­նակ, ­Քէօ­թա­հիա­յի կու­սա­կա­լը: Ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ը­սին, որ «­Հա­յերն ալ, մեզ նման՝ Աս­տու­ծոյ կը հա­ւա­տան. ա­նոնց վրայ յար­ձա­կո­ղը որ­պէս մահ­մե­տա­կան իմ վրաս ալ յար­ձա­կած կ­՚ըլ­լայ»: ­Կան նաեւ տար­բեր տե­սա­կի մար­դիկ օ­րի­նակ առ­նող­ներ: ­Կան՝ մար­դաս­պան­նե­րը օ­րի­նակ առ­նող­ներ ալ: Իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է կա­տա­րէ իր նա­խընտ­րու­թիւ­նը: Ես կա­տա­րե­ցի իմս: