Print
Category: Հարցազրոյցներ

­­altՀայ­րե­նի բժիշկ­նե­րու վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման ծրա­գիր՝ Ա­թէն­քի ­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցին կող­մէ

­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցի մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու եւ IPD (մի­ջազ­գա­յին հի­վանդ­նե­րու) ճիւ­ղի տնօ­րէն պրն. Ար­քա­տիոս ­­Տօ­նա­պե­տեա­նի հետ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­

րու­թիւ­նը հար­ցա­զոյց մը ու­նե­ցաւ՝ վեր­ջերս ­­Յու­նաս­տան գտնո­ւող եր­կու հայ բժշկու­հի­նե­րու վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման ծրագ­րին ա­ռի­թով։
Պրն. ­­Տօ­նա­պե­տեա­նին կ­­՚ըն­կե­րակ­ցէին բժշկու­հի, դո­ցենտ ­­Նո­նա ­­Մար­տի­րոսեան եւ բժշկու­հի ­­Մա­րի ­­Ղա­զա­փո­ղլեան։
Բժշ­կու­հի ­­Նո­նա ­­Մար­տի­րո­սեան՝ մաս­նա­գի­տու­թեամբ էն­դոկ­րի­նո­լոգ, Եր­եւա­նի «­­Նաի­րի» բժշկա­կան կենտ­րո­նի ա­ռա­ջա­տար էն­դոկ­րի­նո­լոգ է, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Եր­ևա­նի պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դո­ցենտ (Associate Professor)։ Բժշ­կու­հի ­­Մա­րի ­­Ղա­զա­փո­ղլեան՝ մաս­նա­գի­տու­թեամբ էն­դոկ­րի­նո­լոգ, «­­Վար­դա­նանց» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ կը ծա­ռա­յէ։
Ա­նոնց վե­րաո­րա­կա­ւո­րու­մը ստանձ­նած է Ա­թէն­քի ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցը, որ պայ­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րած է Հ.Հ. ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րու­թեան հետ, սոյն ծրագ­րի առն­չու­թեամբ։

altՊրն. ­­Տօ­նա­պե­տեան, կրնա՞ք մե­զի տե­ղե­կաց­նել, թէ ե՞րբ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ, որ­քա՞ն ժա­մա­նակ է, որ ­­Հա­յաս­տա­նէն հայ բժիշկ­ներ ի­րենց մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն ձեր հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ եւ ի՞նչ են ար­դիւնք­նե­րը այս ծրագ­րին։

30 ­­Սեպ­տեմ­բեր 2014ին ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­­Գա­րո­լոս ­­Փա­փու­լիաս այ­ցե­լեց ­­Հա­յաս­տան եւ Հ. Հ. նա­խա­գահ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­նին հետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ։ Այս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նա­խա­րա­րու­թեան հետ։
Այդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին մե­զի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ հայ բժիշկ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մը ստանձ­նել։ ­­Մեծ ու­րա­խու­թեամբ ըն­դու­նե­ցինք ա­ռա­ջար­կը եւ վեց ա­միս ետք ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ։
Ան­կէ ետք կա­մաց-կա­մաց սկսան հայ բժիշկ­ներ այ­ցե­լել հի­ւան­դա­նո­ցը եւ բո­լորն ալ մեր հի­ւան­դա­նո­ցէն լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը մեկ­նէին ­­Յու­նաս­տա­նէն։
­­Վեր­ջերս, եր­կու հայ բժիշ­կու­հի­ներ, մաս­նա­գի­տու­թեամբ՝ էն­դոկ­րի­նո­լոգ­ներ, ե­կած են վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման հա­մար։ ­­Նո­նա ­­Մար­տի­րո­սեան, որ ­«­­Նաի­րի» բժշկա­կան կենտ­րո­նի էն­դոկ­րի­նո­լոգ է և Եր­ևա­նի պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դո­ցենտ, և ինչ­պէս նաեւ ­­Մա­րի ­­Ղա­սա­փող­լեան, որ ­Ե­րեւա­նի «­­Վար­դա­նանց» բժշկա­կան կեդ­րո­նի մէջ կ­’աշ­խա­տի եւ քա­նի մը տա­րի է, որ ու­սու­մը ա­ւար­տած է։
Եր­կու բժշ­կու­հի­ներն ալ շատ լաւ տպա­ւո­րո­ւե­ցան այս վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման ծրագ­րէն։ ­­Հի­ւան­դա­նո­ցի ամ­բողջ գոր­ծե­լա­ձե­ւին ըն­տե­լա­ցան, մաս­նակ­ցե­ցան ե՛ւ վի­րա­հա­տու­թեանց, ե՛ւ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու։

­­Մին­չեւ հի­մա քա­նի՞ հայ բժիշկ մաս­նակ­ցած է այս ծրագ­րին։

Մին­չեւ հի­մա 4 բժիշկ, մաս­նա­գի­տու­թեամբ՝ նեւ­րո­լոկ եւ օր­թո­փե­տիք, մաս­նակ­ցած են այս ծրագ­րին։ ­­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան մեծ չա­փով պիւտ­ճէ­ներ նա­խա­տե­սած է այս ծրագ­րին հա­մար։ ­­Յա­ւե­լեալ բժիշկ­ներ եւս պի­տի մաս­նակ­ցին ծրագ­րին յա­ջորդ ա­միս­նե­րուն։

Այս ծրա­գի­րը սահ­մա­նա­փա՞կ է ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար։

­­Նա­յե­ցէք, սկզբուն­քով այս ծրա­գի­րը հայ­րե­նի­քի օգ­նու­թեան ծրա­գիր մըն է, որ սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն կ­­՚ի­րա­կա­նա­նայ ­Մեթ­րո­փո­լի­թա­նէ կող­մէ։ ­­Տես­նե­լով, որ բա­ւա­կան մեծ թի­ւով բժիշկ­ներ ­­Յու­նաս­տան կ­­՚այ­ցե­լեն այս նպա­տա­կով, մե­զի հա­մար ծա­նու­ցու­մի մի­ջոց մըն է։ Եւ ինչ­պէս որ կը տես­նէք, ես կը զբա­ղիմ. նաեւ շրջուն բժշկու­թեամբ։ Այ­սինքն, այն պա­րա­գա­յին, որ ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի չկա­րո­ղա­նան հի­ւան­դու­թեան մը հա­մար անհ­րա­ժեշտ բու­ժու­մը տալ՝ մեզ պի­տի դի­մեն, որ­պէս­զի տե­ղա­փո­խո­ւի հի­ւան­դը ­Մեթ­րո­փո­լի­թան։ Ար­դէն բա­ւա­կան մեծ թի­ւով հա­յեր կու­գան մեր հի­ւան­դա­նո­ցը՝ բժշկու­թեան նպա­տա­կով։ Ա­ւե­լի հին տա­րի­նե­րուն, բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ու­նէին մաս­նա­գի­տա­ցած բժշկա­կան օգ­նու­թեան կա­րիք, ու­րիշ եր­կիր­ներ կը տե­ղա­փո­խուէին։ Ինչ­պէս՝ ­­Գեր­մա­նիա, ­­Զո­ւի­ցե­րիա, Ֆ­րան­սա։ ­­Հի­մա, ճամ­բան կը բա­ցո­ւի, որ մեր հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ բու­ժում ստա­նան։ Ար­դէն ու­նինք բա­ւա­կան հա­յեր, որ մեզ կը դի­մեն։

Անց­նե­լով եր­կու բժշկու­հի­նե­րուն, որ­քան ժա­մա­նակ դուք ձեր վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման հա­մար ­­Յու­նաս­տան կը գտնո­ւի՞ք։

­­altՆո­նա ­­Մար­տի­րո­սեան - Ար­դէն եր­կու շա­բաթ է, որ կը հե­տե­ւինք այս բժշկա­կան աշ­խա­տու­թեան։ ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ հան­դի­պած ենք մաս­նա­գէտ բժիշկ­նե­րու հետ, ներ­կայ ե­ղած ենք ախ­տո­րո­շիչ քննու­թիւն­նե­րու, բու­ժա­կան բո­լոր մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցանք, ինչ­պէս նաեւ հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր կա­ռու­ցո­ւած­քի եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւի, բու­ժա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն ու փոր­ձի փո­խա­նա­կում­նե­րուն։ Այս աշ­խա­տան­քը կ­­՚ազ­դէ մեր ընդ­հա­նուր կա­տա­րե­լա­գործ­ման եւ զար­գաց­ման։ Ես «­­Նա­ի­րի» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ կ­­՚աշ­խա­տիմ, որ 2004 թո­ւա­կա­նին բա­ցուե­ցաւ, հիմ­նո­վին վե­րա­նո­րո­գուած եւ վե­րա­սար­քա­ւո­րո­ւած` որ­պէս բարձր մաս­նա­գի­տացուած բժշկա­կան ծա­ռա­յութ­իւն­ներ մա­տու­ցող, բարձ­րա­կարգ սար­քա­ւո­րում­նե­րով մշտա­պէս յա­գեցուող բժշկա­կան կեդ­րոն:
Բժշ­կա­կան կեդ­րոն մը մի­ջազ­գա­յին ստան­տարտ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան եւ մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը բարձ­րո­րակ բժշկա­կան օգ­նու­թեան մա­տու­ցումն է, բժշկա­գի­տու­թեան եւ վեր­ջին ձեռք­բե­րում­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։ Եւ շնոր­հիւ այդ մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջա­տար կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մեր կեդ­րո­նը մշտա­պէս կը նպաս­տէ՝ ա­ռա­ւել կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած բարձր ո­րա­կի մա­տու­ցած սպա­սարկ­ման։ Այս ծրա­գի­րը շատ դրա­կան է մե­զի հա­մար եւ շատ շնոր­հա­կալ ենք, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք մաս­նակ­ցե­լու այս աշ­խա­տու­թեան, ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցի մի­ջո­ցաւ, որ ինչ­պէս տե­ղե­կա­ցանք՝ մեծ բժշկա­կան կեդ­րոն մըն է Ա­թէն­քի մէջ։

Պրն. ­­Տօ­նա­պե­տեան, ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցը ու­նի՞ մաս­նա­ճիւղ ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Կր­նա՞ք եր­կու խօսք ը­սել ա­նոր մա­սին։

­Metropolitan Medical-AM կը կո­չո­ւի մեր կեդ­րո­նը ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րուն հետ կը գոր­ծակ­ցինք։ ­­Նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­ձա­յա­նագ­րէն ա­ռաջ ե­ղած էր այս գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։
Այս կեդ­րո­նը մեր ա­ջակ­ցութ­եամբ հիմնո­ւե­ցաւ, բայց իս­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներն են եր­կու եղ­բայր­ներ՝ ­­Վահ­րամ եւ ­­Վա­հագն ­Թո­րո­սեան­ներ։ Եր­կուքն ալ բժիշկ­ներ են։ ­­Վա­հագ­նը 14 տա­րի աշ­խա­տած է Ա­լեք­սանտ­րու­փո­լիի մէջ, նեւ­րո­լո­ք­ է։ Գ­րի­գոր ­­Լու­սա­ւո­րիչ բժշկա­կան կեդ­րո­նին հե­տը, ի դէմս տնօ­րէ­նի, փրոֆ. Ա. ­Մինասեա­ն, նմա­նա­պէս, ուղ­ղա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նինք, եւ շատ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն կայ ­­Մեթ­րո­փո­լի­թան-մե­տի­քա­լի եւ Գ­րի­գոր ­­Լու­սա­ւո­րի­չին հետ։ ­­Մենք, միակ յու­նա­կան հիւան­դա­նո­ցը ըլ­լա­լով, ու­նինք հա­մա­ձայ­նա­գիր ­­Ռու­սիոյ մե­ծա­գոյն ա­պա­հո­վագ­րա­կան ընկե­րութ­իւն­նե­րէն մէ­կու ­Ռոս­գոսստ­րա­խին հետ եւ հի­մա ­կը ջա­նանք ­Հա­յաս­տա­նին հետ ալ նման հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքել:

Կր­նա՞ք ը­սել որ­քա­նով բա­ւա­րար է ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան կար­գա­վի­ճա­կը։ Այ­սինքն ա­մէն մէ­կը, որ բու­ժու­մի կա­րի­քը ու­նի, անձ­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի պէ՞տք է դի­մէ, թէ՞ կա­ռա­վա­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­ներն ալ նոյն բու­ժու­մը կը մա­տա­կա­րա­րեն։
­­Մա­րի ­­Ղա­սա­փող­լեան - ­ Ի հարկ է մենք ու­նինք պե­տու­թեան կող­մէ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած օգ­նու­թեան կար­գա­վի­ճակ՝ ա­նա­պա­հով խա­ւե­րուն հա­մար, ո­րոնք կ­­՚օգ­տո­ւին բուժ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն։ Բժշ­կա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ։ ­­Մաս­նա­ւոր անձ­նա­կան, ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը կրնան այ­ցե­լել ո­րոշ հի­ւան­դա­նոց­ներ։ ­­Կան պե­տա­կան եւ մաս­նա­ւոր բժշկա­կան կեդ­րոն­ներ։ ­­Բայց կան նաեւ քա­նի մը բա­րե­սի­րա­կան կեդ­րոն­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի մատ­չե­լի գի­նե­րով կը սպա­սար­կեն ա­նա­պա­հով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։

­­Հա­յաս­տա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մա­կար­դա­կը ի՞նչ է՝ բաղ­դա­տե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րու հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն հետ։

­­Նո­նա ­­Մար­տի­րո­սեան - ­­Հա­յաս­տա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րը բա­ւա­կան ա­ռա­ջա­տար դիր­քի մէջ են։ ­­Բարձր ո­րա­կի բժշկա­կան մա­տու­ցում­նե­րով, ինչ­պէս օ­րի­նակ ­«Նաի­րի» բժշկա­կան կեդ­րո­նը, ուր ես կը ծա­ռա­յեմ։ ­­Բո­լոր բժիշկ­նե­րը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւին ար­տա­սահ­մա­նի բարձր մա­կար­դա­կի հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ։

Ձեր կար­ծի­քով՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք կ­­՚ու­զեն բժշկու­թիւն ու­սա­նիլ, անհ­րա­ժեշտ բարձր մա­կար­դա­կի ու­սում կը ստա­նա՞ն ­­Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, թէ՞ պէտք է ու­րիշ եր­կիր­ներ եր­թան, որ­պէս­զի ի­րենց ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն։

­­Նո­նա ­­Մար­տի­րո­սեան - Ես կը դա­սա­ւան­դեմ բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ի հարկ է կը փոր­ձենք մեր կա­րե­լին ը­նել, որ­պէս­զի ար­տա­սահ­ման եր­թա­լու եւ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու պա­հանջ­քը ա­ւե­լի քիչ ըլ­լայ։ ­­Կը պատ­րաս­տենք լաւ քատ­րեր հայ եւ ոչ հայ, բայց ան­շուշտ ու­նինք ու­սա­նող­ներ ալ ար­տերկ­րի մէջ։ Ու­նինք հայ ու­սա­նող­ներ ­­Սու­րիա­յէն, ­­Պարս­կաս­տա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յէն եւ շատ ու­սա­նող­ներ Հնդ­կաս­տա­նէն։ ­­Շատ գոհ են եւ ա­մի­ջա­պէս ի­րենց քննու­թիւ­նը տա­լէ ետք կ­­՚եր­թան ի­րենց եր­կիր­նե­րը եւ աշ­խա­տիլ կը սկսին։

Ապ­րիլ 20ին, հայ բժշկու­հի­նե­րը եւ Ար­քա­տիոս ­Տօ­նա­պե­տեա­նը, պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դունուե­ցան Ա­թէն­քին մեջ Հ.Հ. ­Դես­պան, ­Գա­գիկ Ղա­լա­չեա­նի կող­մէ: Զ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին պա­րոն ­Դես­պա­նը ման­րա­մաս­նօ­րէն ծա­նօ­թա­ցաւ ­Մեթ­րո­փո­լի­թե­նին եւ Հ.Հ. ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ­նա­խա­րա­րու­թեան քոր­ծըն­թա­ցին եւ յայտ­նեց իր բա­ւա­րարուա­ծութիւ­նը, մաղ­թե­լով ա­ռաւել մեծ յա­ջո­ղութ­իւն­ներ հայ բժիշկ­նե­րուն: