Հայրենի բժիշկներու վերաորակաւորման ծրագիր՝ Աթէնքի Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցին կողմէ
Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցի միջազգային կապերու եւ IPD (միջազգային հիվանդներու) ճիւղի տնօրէն պրն. Արքատիոս Տօնապետեանի հետ «Ազատ Օր»ի խմբագ
րութիւնը հարցազոյց մը ունեցաւ՝ վերջերս Յունաստան գտնուող երկու հայ բժշկուհիներու վերաորակաւորման ծրագրին առիթով։
Պրն. Տօնապետեանին կ՚ընկերակցէին բժշկուհի, դոցենտ Նոնա Մարտիրոսեան եւ բժշկուհի Մարի Ղազափողլեան։
Բժշկուհի Նոնա Մարտիրոսեան՝ մասնագիտութեամբ էնդոկրինոլոգ, Երեւանի «Նաիրի» բժշկական կենտրոնի առաջատար էնդոկրինոլոգ է, ինչպէս նաեւ՝ Երևանի պետական բժշկական համալսարանի դոցենտ (Associate Professor)։ Բժշկուհի Մարի Ղազափողլեան՝ մասնագիտութեամբ էնդոկրինոլոգ, «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնին մէջ կը ծառայէ։
Անոնց վերաորակաւորումը ստանձնած է Աթէնքի Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցը, որ պայմանագիր մը ստորագրած է Հ.Հ. առողջապահութեան նախարութեան հետ, սոյն ծրագրի առնչութեամբ։
Պրն. Տօնապետեան, կրնա՞ք մեզի տեղեկացնել, թէ ե՞րբ այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ, որքա՞ն ժամանակ է, որ Հայաստանէն հայ բժիշկներ իրենց մասնագիտութիւնը կը կատարելագործեն ձեր հիւանդանոցին մէջ եւ ի՞նչ են արդիւնքները այս ծրագրին։
30 Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս այցելեց Հայաստան եւ Հ. Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Այս պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Յունաստանի Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի առողջապահական նախարարութեան հետ։
Այդ հանդիպման ընթացքին մեզի առաջարկուեցաւ հայ բժիշկներու վերապատրաստումը ստանձնել։ Մեծ ուրախութեամբ ընդունեցինք առաջարկը եւ վեց ամիս ետք ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցի եւ Հայաստանի առողջապահական նախարարութեան միջեւ։
Անկէ ետք կամաց-կամաց սկսան հայ բժիշկներ այցելել հիւանդանոցը եւ բոլորն ալ մեր հիւանդանոցէն լաւ տպաւորութիւններով եւ արտայայտութիւններով կը մեկնէին Յունաստանէն։
Վերջերս, երկու հայ բժիշկուհիներ, մասնագիտութեամբ՝ էնդոկրինոլոգներ, եկած են վերաորակաւորման համար։ Նոնա Մարտիրոսեան, որ «Նաիրի» բժշկական կենտրոնի էնդոկրինոլոգ է և Երևանի պետական բժշկական համալսարանի դոցենտ, և ինչպէս նաեւ Մարի Ղասափողլեան, որ Երեւանի «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնի մէջ կ’աշխատի եւ քանի մը տարի է, որ ուսումը աւարտած է։
Երկու բժշկուհիներն ալ շատ լաւ տպաւորուեցան այս վերաորակաւորման ծրագրէն։ Հիւանդանոցի ամբողջ գործելաձեւին ընտելացան, մասնակցեցան ե՛ւ վիրահատութեանց, ե՛ւ ախտաճանաչումներու։
Մինչեւ հիմա քանի՞ հայ բժիշկ մասնակցած է այս ծրագրին։
Մինչեւ հիմա 4 բժիշկ, մասնագիտութեամբ՝ նեւրոլոկ եւ օրթոփետիք, մասնակցած են այս ծրագրին։ Հայաստանի առողջապահական նախարարութիւնը բաւական մեծ չափով պիւտճէներ նախատեսած է այս ծրագրին համար։ Յաւելեալ բժիշկներ եւս պիտի մասնակցին ծրագրին յաջորդ ամիսներուն։
Այս ծրագիրը սահմանափա՞կ է որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։
Նայեցէք, սկզբունքով այս ծրագիրը հայրենիքի օգնութեան ծրագիր մըն է, որ սիրայօժարօրէն կ՚իրականանայ Մեթրոփոլիթանէ կողմէ։ Տեսնելով, որ բաւական մեծ թիւով բժիշկներ Յունաստան կ՚այցելեն այս նպատակով, մեզի համար ծանուցումի միջոց մըն է։ Եւ ինչպէս որ կը տեսնէք, ես կը զբաղիմ. նաեւ շրջուն բժշկութեամբ։ Այսինքն, այն պարագային, որ Հայաստանի մէջ պիտի չկարողանան հիւանդութեան մը համար անհրաժեշտ բուժումը տալ՝ մեզ պիտի դիմեն, որպէսզի տեղափոխուի հիւանդը Մեթրոփոլիթան։ Արդէն բաւական մեծ թիւով հայեր կուգան մեր հիւանդանոցը՝ բժշկութեան նպատակով։ Աւելի հին տարիներուն, բոլոր անոնք, որոնք ունէին մասնագիտացած բժշկական օգնութեան կարիք, ուրիշ երկիրներ կը տեղափոխուէին։ Ինչպէս՝ Գերմանիա, Զուիցերիա, Ֆրանսա։ Հիմա, ճամբան կը բացուի, որ մեր հիւանդանոցին մէջ բուժում ստանան։ Արդէն ունինք բաւական հայեր, որ մեզ կը դիմեն։
Անցնելով երկու բժշկուհիներուն, որքան ժամանակ դուք ձեր վերաորակաւորման համար Յունաստան կը գտնուի՞ք։
Նոնա Մարտիրոսեան - Արդէն երկու շաբաթ է, որ կը հետեւինք այս բժշկական աշխատութեան։ Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցին մէջ հանդիպած ենք մասնագէտ բժիշկներու հետ, ներկայ եղած ենք ախտորոշիչ քննութիւններու, բուժական բոլոր միջամտութիւններուն ծանօթացանք, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի ընդհանուր կառուցուածքի եւ գործելաձեւի, բուժական մօտեցումներուն ու փորձի փոխանակումներուն։ Այս աշխատանքը կ՚ազդէ մեր ընդհանուր կատարելագործման եւ զարգացման։ Ես «Նաիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ կ՚աշխատիմ, որ 2004 թուականին բացուեցաւ, հիմնովին վերանորոգուած եւ վերասարքաւորուած` որպէս բարձր մասնագիտացուած բժշկական ծառայութիւններ մատուցող, բարձրակարգ սարքաւորումներով մշտապէս յագեցուող բժշկական կեդրոն:
Բժշկական կեդրոն մը միջազգային ստանտարտներու համապատասխան եւ մեր հիմնական նպատակը բարձրորակ բժշկական օգնութեան մատուցումն է, բժշկագիտութեան եւ վերջին ձեռքբերումներուն համապատասխան։ Եւ շնորհիւ այդ միջազգային առաջատար կազմակերպութիւններուն մեր կեդրոնը մշտապէս կը նպաստէ՝ առաւել կատարելագործուած բարձր որակի մատուցած սպասարկման։ Այս ծրագիրը շատ դրական է մեզի համար եւ շատ շնորհակալ ենք, որ առիթը ունեցանք մասնակցելու այս աշխատութեան, Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցի միջոցաւ, որ ինչպէս տեղեկացանք՝ մեծ բժշկական կեդրոն մըն է Աթէնքի մէջ։
Պրն. Տօնապետեան, Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցը ունի՞ մասնաճիւղ Հայաստանի մէջ։ Կրնա՞ք երկու խօսք ըսել անոր մասին։
Metropolitan Medical-AM կը կոչուի մեր կեդրոնը Հայաստանի մէջ, որուն հետ կը գործակցինք։ Նախարարութեան համաձայանագրէն առաջ եղած էր այս գործակցութիւնը։
Այս կեդրոնը մեր աջակցութեամբ հիմնուեցաւ, բայց իսկական պատասխանատուներն են երկու եղբայրներ՝ Վահրամ եւ Վահագն Թորոսեաններ։ Երկուքն ալ բժիշկներ են։ Վահագնը 14 տարի աշխատած է Ալեքսանտրուփոլիի մէջ, նեւրոլոք է։ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին հետը, ի դէմս տնօրէնի, փրոֆ. Ա. Մինասեան, նմանապէս, ուղղակի յարաբերութիւն ունինք, եւ շատ սերտ գործակցութիւն կայ Մեթրոփոլիթան-մետիքալի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչին հետ։ Մենք, միակ յունական հիւանդանոցը ըլլալով, ունինք համաձայնագիր Ռուսիոյ մեծագոյն ապահովագրական ընկերութիւններէն մէկու Ռոսգոսստրախին հետ եւ հիմա կը ջանանք Հայաստանին հետ ալ նման համաձայնութիւն կնքել:
Կրնա՞ք ըսել որքանով բաւարար է Հայաստանի մէջ առողջապահութեան կարգավիճակը։ Այսինքն ամէն մէկը, որ բուժումի կարիքը ունի, անձնական հիւանդանոցի պէ՞տք է դիմէ, թէ՞ կառավարական հիւանդանոցներն ալ նոյն բուժումը կը մատակարարեն։
Մարի Ղասափողլեան - Ի հարկ է մենք ունինք պետութեան կողմէ երաշխաւորուած օգնութեան կարգավիճակ՝ անապահով խաւերուն համար, որոնք կ՚օգտուին բուժման հնարաւորութիւններէն։ Բժշկական ապահովագրութիւնը կը զարգանայ։ Մասնաւոր անձնական, ապահովագրութիւն ունեցողները կրնան այցելել որոշ հիւանդանոցներ։ Կան պետական եւ մասնաւոր բժշկական կեդրոններ։ Բայց կան նաեւ քանի մը բարեսիրական կեդրոններ, որոնք աւելի մատչելի գիներով կը սպասարկեն անապահով մեր հայրենակիցներուն։
Հայաստանի հիւանդանոցներու մակարդակը ի՞նչ է՝ բաղդատելով տարածաշրջանի միւս երկիրներու հիւանդանոցներուն հետ։
Նոնա Մարտիրոսեան - Հայաստանի հիւանդանոցները բաւական առաջատար դիրքի մէջ են։ Բարձր որակի բժշկական մատուցումներով, ինչպէս օրինակ «Նաիրի» բժշկական կեդրոնը, ուր ես կը ծառայեմ։ Բոլոր բժիշկները կը կատարելագործուին արտասահմանի բարձր մակարդակի հիւանդանոցներու մէջ։
Ձեր կարծիքով՝ երիտասարդները, որոնք կ՚ուզեն բժշկութիւն ուսանիլ, անհրաժեշտ բարձր մակարդակի ուսում կը ստանա՞ն Հայաստանի համալսարանին մէջ, թէ՞ պէտք է ուրիշ երկիրներ երթան, որպէսզի իրենց ուսումը կատարելագործեն։
Նոնա Մարտիրոսեան - Ես կը դասաւանդեմ բժշկական համալսարանին մէջ։ Ի հարկ է կը փորձենք մեր կարելին ընել, որպէսզի արտասահման երթալու եւ ուսումը շարունակելու պահանջքը աւելի քիչ ըլլայ։ Կը պատրաստենք լաւ քատրեր հայ եւ ոչ հայ, բայց անշուշտ ունինք ուսանողներ ալ արտերկրի մէջ։ Ունինք հայ ուսանողներ Սուրիայէն, Պարսկաստանէն, Ամերիկայէն եւ շատ ուսանողներ Հնդկաստանէն։ Շատ գոհ են եւ ամիջապէս իրենց քննութիւնը տալէ ետք կ՚երթան իրենց երկիրները եւ աշխատիլ կը սկսին։
Ապրիլ 20ին, հայ բժշկուհիները եւ Արքատիոս Տօնապետեանը, պաշտօնապէս ընդունուեցան Աթէնքին մեջ Հ.Հ. Դեսպան, Գագիկ Ղալաչեանի կողմէ: Զրոյցին ընթացքին պարոն Դեսպանը մանրամասնօրէն ծանօթացաւ Մեթրոփոլիթենին եւ Հ.Հ. առողջապահական նախարարութեան քործընթացին եւ յայտնեց իր բաւարարուածութիւնը, մաղթելով առաւել մեծ յաջողութիւններ հայ բժիշկներուն: