altՍ­տո­րեւ լոյս կ­՚ըն­ծա­յենք հար­ցազ­րոյց մը, կա­տա­րո­ւած՝ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րու­թեան կող­մէ, Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Գա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեա­նի հետ: Բ­նա­կա­նա­բար, կի­զա­կէ­տը Ար­ցա­խի վեր­ջին ան­ցու­դար­ձերն են եւ Հ.Օ.Մ.ի կա­տա­րած եւ կա­տա­րե­լիք աշ­խա­տանք­նե­

րը։

Ար­ցա­խի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, կա­րե­լի՞ է ման­րա­մաս­նօ­րէն տե­ղե­կաց­նել Հ.Օ.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

Ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ, ­Հա­յաս­տա­նի մեր միա­ւո­րը կրցած է հա­ւա­քել մեծ քա­նա­կու­թեամբ հարկ ե­ղած հա­գուս­տե­ղէն, գուլ­պա­ներ, բուր­դէ ծած­կոց­ներ եւ այլ պի­տոյք­ներ, ո­րոնք 210 ծրար­նե­րով ու­ղար­կո­ւած են զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­ներ. յա­ջոր­դիւ, մէկ­տե­ղո­ւած են դե­ղո­րայք եւ ու­տես­տե­ղէն, ո­րոնք նոյն­պէս ու­ղար­կո­ւած են բա­նա­կին՝ բաժ­նե­լու հա­մար հոն, ուր կա­րի­քը կայ:
­Բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ, վտան­գո­ւած շրջան­նե­րէ փո­խադ­րո­ւած ըլ­լա­լով ա­պա­հով վայ­րեր, Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րու­հի­նե­րու անձ­նա­կան ջան­քե­րով ստա­ցած են ըլ­լա՛յ դրա­մա­կան, ըլ­լա՛յ հարկ ե­ղած ու­տես­տե­ղէ­նի, հան­դեր­ձան­քի, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ այլ ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րը գո­հաց­նող օգ­նու­թիւն: ­Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն այ­ցե­լել զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րը, ա­պա­հո­վե­լով հոն բժշկա­կան խնամ­քի տակ ե­ղող վի­րա­ւոր­նե­րուն կա­րիք­նե­րը՝ ըստ պա­հան­ջի, նոյն ա­տեն ցու­ցա­բե­րե­լով ի­րենց քրո­ջա­կան ու մայ­րա­կան գթա­ռատ սէրն ու գուր­գու­րան­քը:

Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գծով ալ ստեղ­ծո­ւած է բարդ կա­ցու­թիւն: Ի՞նչ են դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը:

Ա­ռա­ջին հեր­թին, թշնա­մի հրթիռ­նե­րու թի­րախ դար­ձած ու ա­ւե­րո­ւած ա­ւան­նե­րու ան­տուն մնա­ցած ըն­տա­նիք­նե­րու առ­ժա­մեայ տե­ղա­ւոր­ման եւ ըն­կե­րա­յին պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու կող­քին, բա­րե­գոր­ծա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րով, ա­նոնց ֆի­զի­քա­կան թէ հո­գե­կան կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու հարցն է: Այս մար­զէն ներս, Հ.Օ.Մ.ի 106ա­մեայ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը դեր ու­նի կա­տա­րե­լիք, եւ ա­մէն մէկ Հ.Օ.Մ.ու­հի կը գի­տակ­ցի այդ ի­րո­ղու­թեան ու, հա­կա­ռակ բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, պատ­րաստ է իր վրայ դրո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու:
Այս ուղ­ղու­թեամբ, ար­դէն աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի Ս­փիւռ­քի մեր կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ՝ գա­ղութ­նե­րու նե­րու­ժը ի սպաս դնե­լու հայ­րե­նի վթա­րո­ւած շրջան­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման եւ վե­րաշ­խու­ժաց­ման, միշտ գոր­ծակ­ցե­լով եւ մնա­լով հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ:

Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.ի մար­մին­նե­րը միաս­նա­բար կը գոր­ծեն եւ վստա­հա­բար կա­րի­քը ու­նին Ս­փիւռ­քի օ­ժան­դա­կու­թեան: Այս գծով կա՞ն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ, ո­րոնց լուծ­ման հա­մար պէտք է շտապ գոր­ծի լծո­ւիլ:

­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, 26 եր­կիր­նե­րու իր հա­մա­հայ­կա­կան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյ­ցով, կը գոր­ծէ որ­պէս միա­կամ միու­թիւն՝ սփիւռ­քեան եւ հայ­րե­նի իր բո­լոր միա­ւոր­նե­րով: Ն­շե­ցի ար­դէն ա­ռաջ­նա­հերթ այն հար­ցե­րը, ո­րոնց շտապ լու­ծում­նե­րը կը կա­րօ­տին Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մեր կա­ռոյց­նե­րուն հետ հա­մադ­րեալ աշ­խա­տան­քի, որ ար­դէն իսկ ա­ռա­ջին օ­րէն կը գոր­ծադ­րո­ւի՝ ըստ եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու իշ­խա­նու­թեանց ցուց­մունք­նե­րուն:
Ն­շենք, որ Ար­ցա­խի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ի­րենց զի­նեալ ու­ժե­րով, ներ­կայ մեր աշ­խա­տանք­նե­րու բեր­մամբ, ա­ւե­լի ա­մուր եւ ա­պա­հով կը զգան ի տես այն ի­րո­ղու­թեան, թէ ի­րենց կող­քին կանգ­նած է ամ­բողջ մէկ ազգ, միա­ցեալ կամ­քով եւ ու­ժով: ­Հայ­րե­նի մեր միա­ւոր­նե­րը կ­՚այ­ցե­լեն հի­ւան­դա­նոց­ներ, ուր կը խնա­մո­ւին վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­ներ, ա­նոնց կը մա­տու­ցեն հարկ ե­ղած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, սննդա­յին եւ այլ պի­տոյք­ներ, ըստ կա­րի­քի: Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը, ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով, Ապ­րիլ 3ին, սննդամ­թերք ու հա­գուստ հաս­ցու­ցած են ­Թա­լի­շի, ­Մա­դա­ղի­սի եւ ­Մար­տա­կեր­տի բնա­կիչ­նե­րուն, մօտ 20 ըն­տա­նիք, շուրջ 100 ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած, ո­րոնք ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի եւ մօ­տա­կայ հա­մայնք­նե­րուն մէջ: Ամ­սու 6ին, ­Հա­յաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.ի միա­ւո­րին կող­մէ հա­ւա­քո­ւած ներք­նա­շո­րեր ու գուլ­պա­ներ բաժ­նո­ւած են ­Հան­րա­պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի 210 վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րուն:
­Ցայ­սօր, Ար­ցա­խի շտապ օգ­նու­թեան հա­մար կա­րե­լի ե­ղած է հա­ւա­քել 53.633 տո­լար: ­Կա­րե­լի է նո­ւի­րատուու­թիւն­ներ կա­տա­րել շրջան­նե­րու Հ.Օ.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն, կամ՝ այ­ցե­լել http://ars1910.org կայ­քէ­ջը:
­Հոս տե­ղին է նշել, թէ «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի հան­գա­նա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին, եւ բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2017ին:

­Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման առն­չու­թեամբ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րո­ւի՞ն:

­Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման հար­ցը, որ ներ­կա­յիս կ­՚առն­չո­ւի կրակ­մա­րի ա­նընդ­մէջ հաս­տատ­ման հետ, նկա­տի առ­նե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու կող­մէ պար­բե­րա­բար ի գործ դրո­ւող խախ­տում­նե­րը, կա­խեալ է հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ցուց­մունք­նե­րէն: ­Հե­տե­ւա­բար, ա­մէն հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու հա­մար, ներ­կա­յիս կը բազ­մա­պատ­կենք Հ.Օ.Մ.ի դրա­մա­հա­ւա­քի աշ­խա­տանք­նե­րը բո­լոր շրջան­նե­րէն ներս:

­Հետզ­հե­տէ կը նշո­ւի դիակ­նե­րու փո­խա­նակ­ման մա­սին: Այս գծով, գոր­ծակ­ցե­լով ­Մի­ջազ­գա­յին ­Կար­միր ­Խա­չին հետ, աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րո­ւի՞ն եւ ո՞ւր հա­սած է ըն­թաց­քը:

­Դիակ­նե­րու փո­խա­նակ­ման հար­ցին ըն­թաց­քը կը կա­տա­րո­ւի եր­կու հա­կա­ռա­կորդ կող­մե­րու անձ­նա­կազ­մե­րուն կող­մէ, ­Մի­ջազ­գա­յին ­Կար­միր ­Խա­չի եւ ­Կար­միր ­Մա­հի­կի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ. մի­ջազ­գա­յին ըն­կա­լեալ օ­րի­նադ­րու­թեամբ՝ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը դուրս կը մնայ այդ շրջա­գի­ծէն: ­Ներ­կա­յիս, իր կա­նո­նագ­րա­յին ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած, Հ.Օ.Մ. լծուած է իր մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ հասց­նե­լով իր օգ­նու­թիւ­նը հայ­րե­նի վնա­սո­ւած շրջան­նե­րու բնակ­չու­թեան:
Այս նպա­տա­կադ­րու­մով, շա­րու­նա­կե­լով սկսած աշ­խա­տան­քը, Հ.Օ.Մ.ը վեր­ջերս բա­նա­կա­յին­նե­րուն ու­ղար­կած է 60 ծած­կոց, 150 ներք­նա­շոր եւ 150 զոյգ գուլ­պայ: Ապ­րիլ 7ին, Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ այ­ցե­լած են ման­կա­բու­ժա­րան՝ ­Մար­տու­նիի շրջա­նէն եր­կու վի­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րու, ո­րոնց նո­ւի­րած են դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն ու զա­նա­զան նո­ւէր­ներ: ­Յա­ջորդ օ­րը, Հ.Օ.Մ.ի ­Հա­յաս­տա­նի միա­ւո­րէն ստա­ցո­ւած սննդամ­թերք, պա­հա­ծո­ներ, քաղց­րե­ղէն եւ հա­գուստ­ներ բաժ­նո­ւած են ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րուն, ներ­կա­յիս Ս­տե­փա­նա­կերտ ա­պաս­տա­նած շուրջ 290 բնա­կիչ­նե­րու: ­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Հ.Օ.Մ.ի Ար­ցա­խի միա­ւո­րը 40 քի­լոկ­րամ շա­քա­րա­ւազ, 40 քի­լոկ­րամ բրինձ, 20 քի­լոկ­րամ հնդկա­ձա­ւար եւ 40 քի­լոկ­րամ մա­քա­րոն բաժ­նած է հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող տա­րա­հա­նո­ւած ըն­տա­նիք­նե­րու:
­Հա­յաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ, Ս­տե­փա­նա­կերտ, ­Մար­տա­կերտ եւ ­Մե­խա­կա­ւան ու­ղար­կո­ւած են մեծ քա­նա­կու­թեամբ դե­ղո­րայք, սննդե­ղէն, հա­գուս­տե­ղէն, ծխա­խոտ, մոմ, լու­սար­ձակ­ներ ու տաք ծած­կոց­ներ: Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ այ­ցե­լած են ­Գո­րի­սի, ­Սի­սիա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ բու­ժո­ւող, նաեւ Ե­րե­ւա­նի ­Մու­րա­ցա­նի ա­նո­ւան զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած վի­րա­ւոր­նե­րուն: Այս եւ նման աշ­խա­տանք­նե­րով կը շա­րու­նա­կո­ւի ու պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի Հ.Օ.Մ.ի բա­րե­սի­րա­կան, ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մին­չեւ որ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի այս վեր­ջին մարտն­չում­նե­րուն պատ­ճա­ռած վէր­քերն ու ցա­ւե­րը հե­ռա­ւոր յուշ դառ­նան:
­Հուսկ, Հ.Օ.Մ.ը պատ­րաստ է ա­մէն գնով հո­գ տանե­լու զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն: