­alt«Միշտ մեծ պար­տա­ւո­րու­թիւն զգա­ցած եմ բարձր պա­հե­լու հա­յու պա­տի­ւը, որ ին­ծի հա­մար ու­ղե­նիշ ե­ղած է»

 

Հար­ցազ­րոյ­ց` Artsakhpress.amի

­Հայ մեծ բա­րե­րա­րին հան­դի­պե­ցանք ­Մոս­կո­ւա­յի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ուր ան կը բու­ժո­ւէր: ­Հա­կա­ռակ ա­ռող­ջա­կան ծանր վի­ճա­կին` պա­րոն ­Հայ­րա­պե­տեան խոս­տա­ցած էր հար­ցազրոյց տալ:

Պրն. ­Հայ­րա­պե­տեան, մեր ա­ռա­ջին հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ձեր ա­ռող­ջու­թեան, ինչ­պէ՞ս կը զգաք:

Ա­ռող­ջու­թիւնս վատ է, բայց հա­յու պա­տի­ւը պայ­քա­րե­լու ուժ կու տայ ին­ծի: ­Ներ­կա­յիս բու­ժում կը ստա­նամ, յու­սամ` ա­մէն ինչ լաւ կ­՝ըլ­լայ…

­Խօ­սինք ­Ղա­րա­բա­ղէն, կը պա­հէ՞ք ար­դեօք կա­պը ­Ղա­րա­բա­ղի, ձեր ծննդա­վայ­րի` ­Վան­քի հետ:

­Ղա­րա­բա­ղի հետ իմ կա­պը ա­մէն օր է: Կ­՝ու­րա­խա­նամ, երբ կը լսեմ իւ­րա­քան­չիւր ծնող նոր ե­րե­խա­յի մա­սին, եւ կը տխրիմ` սահ­մա­նին կորսն­ցու­ցած իւ­րա­քան­չիւր կեան­քի հա­մար:
­Վան­քի մէջ կը շա­րու­նա­կո­ւին այն բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք սկսած եմ ժա­մա­նա­կին: ­Կը գոր­ծէ նա­խա­պէս կա­ռու­ցո­ւած փայ­տամ­շակ­ման գոր­ծա­րա­նը, վեր­ջերս բա­ցո­ւած է քա­րի գոր­ծա­րա­նը: Ի­րա­գոր­ծո­ւած եւ ըն­թա­ցիկ ծրա­գիր­նե­րով ստեղ­ծո­ւած է 209 աշ­խա­տա­տեղ` ե՛ւ ­Վան­քի, ե՛ւ հա­րե­ւան գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րու հա­մար:
­Վանք գիւ­ղին մէջ ստեղ­ծո­ւած տնտե­սու­թեան կա­ռա­վար­ման եւ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման հա­մար, նշա­նա­կած եմ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ: Ա­նոնց մի­ջո­ցով կը տե­ղե­կա­նամ ինչ­պէս ծննդա­վայ­րիս նո­րու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ ծրա­գիր­նե­րու ըն­թաց­քին մա­սին: Ս­տեղ­ծած եմ նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան աղ­բիւր` ծրա­գիր­նե­րու տնտե­սա­ւոր­ման հա­մար:

­Գի­տենք, որ Ար­ցա­խի մէջ շատ ծրա­գիր­ներ կան, ո­րոնք դեռ ըն­թաց­քի մէջ են: Իսկ կա՞ն ար­դեօք նոր ծրա­գիր­ներ, գա­ղա­փար­ներ, զորս կ­՝ու­զէք յա­ռա­ջի­կա­յին կեան­քի կո­չել:

Ծ­րա­գիր­ներ շատ կան: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Վանք գիւ­ղին մէջ ներ­կա­յիս կը փոր­ձեմ ձիար­շա­ւա­րան կա­ռու­ցել: Այդ նպա­տա­կով ­Հո­լան­տա­յէն եւ Անգ­լիա­յէն ար­ցա­խեան ցե­ղա­տե­սա­կի մօտ 50 ձի բե­րած ենք Ար­ցախ:
Ըն­թաց­քի մէջ են նաեւ որ­սոր­դա­կան տնտե­սու­թեան ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րուն նպա­տա­կը զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տելն է: Ա­նի­կա պատ­րաստ ըլ­լա­լուն պէս, Ար­ցախ ժա­մա­նած զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կրնան - հա­մա­պա­տաս­խան պե­տա­կան վճա­րում­ներ կա­տա­րե­լէ ետք - որ­սոր­դու­թեամբ զբա­ղիլ ան­տառ­նե­րու մէջ, ուր ա­ռայժմ ար­գի­լուած է որ­սը, եւ տար­բեր վայ­րի կեն­դա­նի­ներ բազ­մա­ցած են:
Ար­ցա­խի բար­գա­ւա­ճումն ու հզօ­րա­ցու­մը իմ եւ բո­լո­րիս խնդիրն է, եւ ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ հե­ռու չէ այդ օ­րը:

Ար­ցա­խի մէջ բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ ի­րա­գոր­ծած էք` ար­ժա­նա­նա­լով ժո­ղո­վուր­դի սի­րոյն ու ե­րախ­տի­քին: Ըստ ձե­զի` ո՞րն է ձեր գլխա­ւոր ներդ­րումն ու ձեռք­բե­րու­մը Ար­ցա­խի մէջ, ի՞նչ տո­ւած էք եւ ստա­ցած ձեր հայ­րե­նի­քէն:

Հա­մես­տօ­րէն պի­տի ը­սեմ, որ այն ա­մէ­նը ինչ ը­րած եմ յա­նուն հայ­րե­նի­քի, ին­ծի հա­մար կա­րե­ւոր էր այն­քան, որ վա­րա­կիչ ե­ղած է նաեւ շա­տե­րու հա­մար: ­Դեռ պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ես կը զբա­ղէի ­Գան­ձա­սա­րի վան­քի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րով: Ին­ծի յա­ճախ կ­՝ը­սէին, որ ա­նի­մաստ գոր­ծով զբա­ղած եմ, երբ քա­նի մը քի­լո­մեթր այն կողմ պա­տե­րազմ է: ­Սա­կայն իմ խնդիրն էր մար­դոց ո­գե­ւո­րել, ո­գեշն­չել, քա­նի որ ան, որ դեռ պա­տե­րազ­մը չա­ւար­տած կը սկսի կա­ռու­ցել, կը հա­ւա­տայ իր յաղ­թա­նա­կին:
Ես միշտ հա­ճոյք ստա­ցած են հայ­րե­նի­քին ցու­ցա­բե­րած իւ­րա­քան­չիւր ա­ջակ­ցու­թե­նէն: Ա­տի­կա ա­ռա­ւել շատ ա­րեան կանչ էր, քան ներ­քին պա­հանջ: ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը իմ ա­րեան մէջ դրո­ւած է: միշտ մեծ պար­տա­ւո­րու­թիւն զգա­ցած եմ բարձր պա­հե­լու հա­յու պա­տի­ւը, որ ին­ծի ու­ղե­նիշ ե­ղած է: Ա­մէն կերպ փոր­ձած եմ թե­թեւց­նել հայ­րե­նա­կից­նե­րուս մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու լու­ծել ա­նոնց խնդիր­նե­րը` ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի մէջ, թէ՝ սփիւռ­քի:

­Կը նե­րէք, բայց չեմ կրնար շրջան­ցել ձեր եւ մեր բո­լո­րի հա­մար ա­մե­նա­ցա­ւոտ թե­ման` ձեր դէմ սկսած դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցը: Ի՞նչ սպա­սել…

Չեմ ու­զեր նո­րէն անդ­րա­դառ­նալ ե­ղա­ծին, այդ մա­սին շատ խօ­սո­ւած է: ­Ներ­կա­յիս, ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կէս մեկ­նե­լով, պար­բե­րա­բար կը յե­տաձ­գուի դա­տա­կան ըն­թաց­քը: ­Չեմ կրնար զսպել յու­զումս, երբ գի­տեմ, որ շատ հայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք ին­ծի անձ­նա­պէս չեն ալ ճանչ­նար, կը հե­տե­ւին իմ դէմ սկսած դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին, կը հե­տաքրք­րո­ւին իմ ա­ռող­ջու­թեամբ, ան­կեղծ կը ցա­ւին ին­ծի հա­մար: Ա­տի­կա ին­ծի ա­մէն օր հպար­տա­նա­լու, սի­րե­լու, կա­րօտ­նա­լու եւ ապ­րե­լու ուժ կու տայ:
Կ­՝ու­զեմ պար­զա­պէս նշել, որ շատ կը փա­փա­քիմ` ար­դա­րու­թիւ­նը յաղ­թէ… ­Յոյ­սով եմ` այդ­պէս ալ պի­տի ըլ­լայ, եւ ես կրկին պի­տի վե­րա­դառ­նամ Ար­ցախ, ուր դեռ շատ ծրա­գիր­ներ ու­նիմ ի­րա­գոր­ծե­լու:

Ար­ցա­խը այս տա­րի պի­տի նշէ Ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման մէկ քա­ռորդ դա­րը: Այս տա­րի­նե­րուն դուք միշտ ե­ղած էք ա­նոր կող­քին եւ նե­ցուկ կան­գած էք` որ­քան ու ինչ­պէս կրցած էք: ­Ձեր շնոր­հա­ւո­րան­քի խօս­քը:

- Ի սրտէ կը փա­փա­քիմ շնոր­հա­ւո­րել ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը եւ, ա­ռանձ­նա­պէս, ար­ցախ­ցի­նե­րը` Ան­կա­խու­թեան 25րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով: ­Գի­տէք` դա­րեր շա­րու­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­րա­զած է ան­կա­խու­թեան մա­սին, եւ պատ­մու­թեան մէջ չենք ու­նե­ցած այն­պի­սի նա­խա­դէպ, ինչ­պէս Ար­ցա­խեան գո­յա­պայ­քա­րին ու­նե­ցած ձեռք­բե­րու­մը, երբ 125 հա­զար բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող եր­կի­րը յաղ­թա­նակ տա­րաւ 7 մի­լիո­նա­նոց պե­տու­թեան դէմ:
Ի հար­կէ, այդ պա­տե­րազ­մին միա­հա­մուռ ու միաս­նա­կան ու­ժե­րով կը պայ­քա­րէր ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը, սա­կայն հիմ­նա­կան հա­րո­ւա­ծը ան­մի­ջա­պէս իր վրայ կը կրէր Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դը, որ շատ տա­ղան­դա­ւոր է, եւ վաս­տա­կած է իր բա­րե­կե­ցիկ ու ար­ժա­նա­պա­տիւ ա­պա­գան իր իսկ պա­պե­րու հայ­րե­նի­քին մէջ կա­ռու­ցե­լու ի­րա­ւուն­քը: