Print
Category: Հարցազրոյցներ

altԼե­ւոն Իս­կէ­նեան - կեն­սագ­րա­կան կէ­տեր և գոր­ծու­նէու­թիւն

Լե­ւոն Իս­կէ­նեան ծնած է 1978ին, Պէյ­րութ՝ Լի­բա­նան: Սկզբ­նա­կան ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րած է Հա­մազ­գա­յի­նի «­Բար­սեղ Կա­նա­չեան» ե­

րաժշ­տա­նո­ցը, Պուրճ Հա­մուտ, ստա­նա­լով դաշ­նա­կա­հա­րի վկա­յա­կան: Ու­սու­մը կա­տա­րա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով՝ 1996ին կը մեկ­նի Ե­րե­ւան, ուր կը յա­ճա­խէ Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան Պե­տա­կան Ե­րաժշ­տա­նո­ցը՝ հաս­նե­լով մա­գիստ­րոս վկա­յա­կա­նի (2005), ա­պա՝ թեկ­նա­ծու­թեան (2007), դաշ­նա­մու­րի ուս­ման մէջ: Հոն նաեւ կը սեր­տէ եր­գե­հոն (organ) եւ տաւ­ղա­լար (harpsichord), յօ­րի­նում, խմբա­վա­րու­թիւն եւ կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ հնա­գոյն շրջան­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը:
2008ին կը հիմ­նէ «­Կիւր­ճիէֆ» ժո­ղովր­դա­կան Նո­ւա­գա­րան­նե­րու Հա­մոյ­թը – մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­յաս­տան­ցի 11 վար­պետ ե­րա­ժիշտ­նե­րու, ո­րոնք կը նո­ւա­գեն տու­տուկ, թաւ տու­տուկ, զուռ­նա, Մ­շոյ թմբուկ, տհոլ, տափ, քա­ման­չայ, թառ, ուտ, քա­նոն, սան­թուր, փող (պլուլ):
Գեր­մա­նա­կան ECM ըն­կե­րու­թիւ­նը նախ 2011ին, ա­պա՝ 2015ին, կը հրա­պա­րա­կէ Հա­մոյ­թին կա­տար­մամբ եր­կու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ, Գ. Ի. Կիւր­ճիէ­ֆի եւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի դաշ­նա­մու­րա­յին յօ­րի­նում­նե­րով, փո­խադ­րո­ւած ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու:
Զոյգ ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րը մի­ջազ­գա­յին մեծ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած են: Իբ­րեւ ար­դիւնք՝ Հա­մոյ­թը հա­մերգ­ներ ու­նե­ցած է Լի­բա­նան, Գեր­մա­նիա, Պ­րա­զիլ, Ար­ժան­թին, Ի­տա­լիա, Ռու­սաս­տան, Զո­ւի­ցե­րիա, Պել­ճի­քա, Փոր­թու­գալ, Հո­լան­տա, Լե­հաս­տան, Ռու­մա­նիա, Աւստ­րա­լիա եւ Հա­յաս­տան: Իսկ 2012ին հա­մոյ­թի ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը Հո­լան­տա­յի մէջ կ­՚ար­ժա­նա­նայ «­Թով­մաս Է­տի­սըն» մրցա­նա­կին, որ աշ­խար­հի չորս կա­րե­ւո­րա­գոյն մրցա­նակ­նե­րէն մէկն է: Թէ՛ Կիւր­ճիէ­ֆի, թէ՛ Կո­մի­տա­սի դաշ­նա­մու­րա­յին կտոր­նե­րու գոր­ծի­քա­ւո­րու­մը - ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու հա­մար - կա­տա­րած է Լե­ւոն Իս­կէ­նեան:
Ներ­կա­յա­ցո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցը կ­՚առն­չո­ւի Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի գոր­ծե­րուն:

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՀՐԱՅՐ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

altԿը խնդրենք, որ հա­կիրճ ներ­կա­յաց­նէք Կո­մի­տա­սի (­Սո­ղո­մոն Սո­ղո­մո­նեան) կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րը - իբր մարդ, իբր ե­րա­ժիշտ:

Կո­մի­տաս (1869-1935) եր­գա­հան, հո­գե­ւո­րա­կան, մշա­կու­թա­գէտ, ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր հա­ւա­քող-գրող եւ մշա­կող, եր­գիչ, երգ­չախմ­բի ղե­կա­վար, եւ գի­տա­կան հե­տա­զօ­տող էր: Ան վեր­ծա­նեց խա­զե­րը (Armenian neumatic symbols)՝ ե­կե­ղե­ցա­կան նո­թագ­րու­թիւ­նը, որ զար­գա­ցած էր 9րդ դա­րէն մին­չեւ 16րդ դար: Ան կը հա­մա­րո­ւի հայ­կա­կան դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը: Եր­կար տա­րի­ներ իր ե­րաժշ­տու­թեան գո­յու­թեան մա­սին գրե­թէ ան­տե­ղեակ էին ա­րեւ­մուտ­քի մէջ, ո­րոնք այժմ տա­րո­ւէ տա­րի նոր եւ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին:

Կո­մի­տաս իր կեան­քի ըն­թաց­քին յա­ճախ խո­չըն­դոտ­ներ դի­մագ­րա­ւած է՝ իր գա­ղա­փար­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման - տա­րած­ման հա­մար: Ի՞նչ էին այդ խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րո՞նք էին իր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը, ի՞նչ էին ա­նոնց ա­ռար­կու­թիւն­նե­րու - յա­ճախ ոչ միայն ե­րաժշ­տա­կան - դրդա­պատ­ճառ­նե­րը:

Կո­մի­տա­սը վար­դա­պետ էր, հո­գե­ւո­րա­կան, բայց եւ ամ­բող­ջո­վին ընկղ­մած էր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ: Այն նիւ­թը, ո­րով կը զբա­ղո­ւէր, բա­ցի հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թե­նէ, նաեւ աշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թիւնն էր: Գեղջ­կա­կան եր­գեր եւ պա­րեր, ծէ­սե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը նաեւ սի­րա­յին եր­գեր էին, եւ ո­մանք՝ նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան ծէ­սե­րէ մնա­ցորդ­ներ: Կո­մի­տա­սը բա­ցա­յայտ կ­՚ու­սում­նա­սի­րէր եւ թէեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կ­՚ըն­դու­նէր, կը յար­գէր ա­նոր կա­տա­րած գոր­ծը, բայց կա­յին նաեւ շարք մը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնք - շատ սահ­մա­նա­փակ մտա­ծե­լա­կերպ ու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով - կ­՚ըն­դի­մա­նա­յին՝ ը­սե­լով, թէ ինչ­պէ՛ս հո­գե­ւո­րա­կա­նին կա­րե­լի է սի­րա­յին եր­գեր կա­տա­րել:

Փոքր տա­րի­քէն, իր եր­գա­հա­ւա­քի ա­ռա­ջին փոր­ձե­րէն, Սո­ղո­մոն (­Կո­մի­տաս) կը թո­ւի բնազ­դա­յին սէր տա­ծած ըլ­լալ իր շրջա­պա­տին մէջ լսո­ւող նախ ժո­ղովր­դա­կան, ա­պա՝ գեղ­ջուկ եր­գե­րու հան­դէպ (ի հա­կադ­րու­թիւն քա­ղա­քա­յի­նի): Ինչ­պէ՞ս կը բա­ցատ­րէք այդ ե­րե­ւոյ­թը - ի՞նչ ձե­ւով ան դրսե­ւո­րո­ւած է իր հե­տա­գայ գոր­ծե­րուն մէջ:

Կո­մի­տա­սը իր ամ­բողջ էու­թեամբ ե­րա­ժիշտ էր: Ճշ­մար­տու­թեան հաս­նե­լու իր ձգտու­մը կը մղէր ի­րեն խո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րե­լու, եւ ո­րե­ւէ նո­րա­րա­րու­թիւն հիմ­նե­լու՝ հին ու կա­յուն հիմ­քի վրայ: Ան հա­զա­րա­ւոր հայ­կա­կան ժո­ղովըր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր եր­գեր ու պա­րե­ղա­նակ­ներ հա­ւա­քեց, ա­նոնց­մէ ո­րոշ­նե­րը ա­պա­գա­յին մշա­կեց դաշ­նա­կի, ձայ­նի եւ երգ­չա­խում­բի հա­մար: Իր միտ­քե­րէն հե­տաքրքիր է յի­շել.- «Մ­տի՛ր խո­րը, գտիր՝ նո­րը, վա­նէ՛ հի­նը, բա­նէ՛­մի­նը»:

1893ին Կո­մի­տաս կ­՚ա­ւար­տէ Ս. Էջ­միած­նի Գէոր­գեան Ճե­մա­րաա­նը, ուր ար­դէն ծա­նօ­թա­ցած էր ա­րեւմտեան դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, իսկ 1896ին կ­՚ու­ղար­կո­ւի Պեր­լին, ուր մին­չեւ 1899 կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ իր դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը: Ձեր կար­ծի­քով, այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ի՞նչ ձե­ւով ազ­դած է Կո­մի­տա­սի հե­տա­գայ ուղ­ղու­թեա­նը. ար­դեօք զինք ո­րոշ չա­փով հե­ռա­ցու­ցա՞ծ է իր «բնազ­դա­յին հա­կում­նե­րէն»:

altԿո­մի­տա­սը ա­նընդ­հատ կ­՚ու­սում­նա­սի­րէր, որ­պէս­զի գործ­նա­կա­նօ­րէն հասկնար ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Բա­ցի այն, որ ան խո­րա­պէս կ­՚ու­սում­նա­սի­րէր՝ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եւ գեղջ­կա­կան, միջ­նա­դա­րեան ու հնա­գոյն ե­րաժշ­տու­թիւնն էր, կը վեր­լու­ծէր նաեւ ա­րե­ւե­լեան` այլ ազ­գե­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ան շատ լաւ ծա­նօթ էր եւ կ’ու­սում­նա­սի­րէր լա­տա­յին (ձայ­նա­կարգ - mode) հա­մա­կար­գե­րը՝ քրտա­կա­նի, թրքա­կա­նի, ա­րա­բա­կա­նի, յու­նա­կա­նի, ա­սո­րա­կա­նի, նոյ­նիսկ հնդկա­կա­նի եւ չի­նա­կա­նի: Ան կը հա­մա­րո­ւի ա­ռա­ջին ֆոլք­լո­րա­գէ­տը:
Իսկ Պեր­լի­նի մէջ իր ուս­ման ըն­թաց­քին, բա­ցի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կրթու­թե­նէ, ան ու­սա­նե­ցաւ հնա­գոյն եւ­րո­պա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն եւ հնա­գոյն բիւ­զան­դա­կան նո­թագ­րու­թիւն: Եւ այս ա­մէ­նը ի­րեն հիմք էին, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով հասկ­նայ հին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նո­թագ­րու­թեան, «խա­զե­րու» ըն­թերց­ման բա­նա­լին: Իր բնազ­դէն բնա­կա­նա­բար չհե­ռա­ցաւ, այլ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ա­րեւմ­տեան դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­կան ձե­ւե­րու մէջ Ա­րեւ­մուտ­քի ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու ձե­ւե­րը գտաւ՝ իւ­րա­յա­տուկ դաշ­նա­մու­րա­յին, ձայն-դաշ­նա­մուր եւ երգ­չախմ­բա­յին կա­ռու­ցո­ւածք­ներ ստեղ­ծե­լով:

2014 Սեպ­տեմ­բե­րի ձեր Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջին Կո­մի­տա­սեան հա­մեր­գէն ետք, Պրն. Տիգ­րան Ման­սու­րեան, CivilNet հե­ռուս­տա­տե­սի­լին իր տո­ւած խօս­քին մէջ, կը նշէր, թէ իր կար­ծի­քով ցարդ կա­տա­րո­ւած Կո­մի­տա­սի (ժո­ղովր­դա­կան) գոր­ծե­րու մշա­կում­նե­րը «փա­խուստ է Կո­մի­տա­սից», իսկ ձեր խում­բին կա­տա­րու­մը «բա­ցար­ձա­կա­պէս հա­ւա­տա­րիմ» կը գտնէ Կո­մի­տա­սեան «տէքս­տին» (բնա­գի­րին): Կր­նա՞ք ման­րա­մաս­նել այս հար­ցին (հա­ւա­տար­մու­թեան) եր­կու հա­կադ­րո­ւող կող­մե­րը, եւ այդ հա­կադ­րու­թեան գո­յու­թեան պատ­ճառ­նե­րը:

Ա­յո՛, Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու շատ մշա­կում­ներ կան. շա­տերն ամ­բող­ջո­վին փո­խած են իր ներ­դաշ­նա­կու­թեան իւ­րա­յա­տուկ մտա­ծե­լա­կեր­պը եւ կա­ռու­ցո­ւած­քը, իսկ այս­տեղ ամ­բող­ջո­վին պահ­պա­նո­ւած է իւ­րա­քան­չիւր հնչիւն, ռիթ­միկ պատ­կեր եւ թո­ւա­ցեալ ման­րուք­ներ:
Մէկ կա­րե­ւոր բան եւս. Կո­մի­տա­սը իւ­րա­քան­չիւր դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծի վրայ նշած է այն նո­ւա­գա­րա­նը, ո­րու ո­ճով դաշ­նա­կա­հա­րը պէտք է վե­րար­տադ­րէ եւ նմա­նա­կէ. այս նաեւ սկզբնաղ­բիւր հնչո­ղու­թիւնն է այս գոր­ծե­րուն: Այս­տեղ բո­լոր փո­խադ­րու­թիւն­նե­րը կա­ռու­ցո­ւած են Կո­մի­տա­սի այդ նշում­նե­րուն վրայ, եւ ա­նոր հա­մար եր­գա­հան Տ. Ման­սու­րեա­նը կը շեշ­տէ, որ շա­տե­րը Կո­մի­տա­սի գոր­ծե­րը այն­պէս մշա­կած են, ո­րոնք փա­խուստ են Կո­մի­տա­սէն, իսկ այս գոր­ծը մշա­կում չի հա­մա­րեր եւ կ­՚ը­սէ.- «Ի՞նչ ար­դիւնք կա­րե­լի է ակն­կա­լել ժո­ղովրդա­կան նո­ւա­գը կոմ­պո­զի­տո­րա­կան ա­րուեստ դարձ­նե­լուց յե­տոյ, այն կրկին դէ­պի ժո­ղովր­դա­կան ա­կունք­նե­րը եւ մտա­ծո­ղու­թիւ­նը տա­նե­լիս։ Սա ան­շուշտ ե­զա­կի մի փորձ է, որ տե­ղի է ու­նե­նում բա­նա­հիւ­սու­թիւն-կոմ­պո­զի­տո­րա­կան (յօ­րի­նո­ղա­կան) ա­րո­ւեստ յա­րա­բե­րու­թեան ներ­սում։ Ինչ­պէ՞ս բնո­րո­շել այս տե­սակ աշ­խա­տան­քը՝ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տա՞նք. փաս­տագ­րու­մի եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան տար­բե­րա­կո՞ւմ. Բա­նա­հիւ­սու­թեան (poetry) եւ կոմ­պո­զի­տո­րա­կան ա­րո­ւես­տի հա­մա­տե­ղո՞ւմ: Թե­րեւս այս կար­գի հար­ցե­րը դեռ կա­րե­լի է շա­րու­նա­կել, սա­կայն ինչ էլ լի­նի, Իս­կէ­նեա­նի տա­րի­ներ տե­ւած ման­րակր­կիտ աշ­խա­տան­քը ան­սո­վոր մի գե­ղեց­կու­թեան ծնունդ է տո­ւել, որն ակն­յայտ է»:

Ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէք Կո­մի­տա­սի դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծե­րու՝ ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու հա­մար գոր­ծի­քա­ւոր­մամբ: Ար­դեօ՞ք այս պա­րա­գա­յին ալ կա­րե­լի է «հա­ւա­տար­մու­թեան» ձգտում մը տես­նել, փորձ մը՝ Կո­մի­տա­սի դաշ­նա­մու­րա­յին մշա­կում­նե­րը մօ­տեց­նե­լու ա­նոր՝ որ Կո­մի­տա­սը են­թադ­րա­բար լսած է:

Այս աշ­խա­տան­քով 2 նպա­տակ կը փոր­ձենք ի­րա­գոր­ծել: Հասկ­նալ Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ վե­րա­կանգ­նել միջ­նա­դա­րեան եւ հնա­գոյն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեա­նը բնո­րոշ հնչո­ղու­թեան եւ գոր­ծիք­նե­րու հա­մադ­րու­թիւ­նը:

Ձեր Հա­մոյ­թի՝ Կո­մի­տա­սեան դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծե­րու ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րով կա­տա­րում­նե­րը նոր ե­րանգ­ներ-շեր­տեր կը թո­ւին բա­ցա­յայ­տել: Ար­դեօ՞ք ա­նոնք կրնան օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ՝ Կո­մի­տա­սի այդ գոր­ծե­րուն ու­սուց­ման հա­մար, որ­պէ­սի նոր սե­րուն­դի դաշ­նա­մու­րի ու­սա­նող­ներ կա­րե­նան Կո­մի­տա­սը ա­ւե­լի լաւ հասկ­նալ:

Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու նո­թա­նե­րը (ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը) եր­կար տա­րի­ներ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ տա­րա­ծո­ւած չէին, լրիւ նոր բա­ցա­յայ­տո­ւած եր­գա­հան մըն է Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ, թէեւ մի­չեւ 1915 թո­ւա­կա­նը յատ­կա­պէս Ֆ­րան­սա­յի մէջ տպա­ւո­րա­պաշտ­նե­րու (իմփ­րե­սիո­նիստ­նե­րու) հա­մար Կո­մի­տա­սը շատ մեծ ար­ժէք ու­նէր:
Տէ­պիւ­սին (C. Debussy) հմա­յո­ւած էր ա­նոր գոր­ծե­րով, բայց Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ընդ­հա­տե­ցին ե՛ւ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ե՛ւ իր աշ­խա­տանք­նե­րու տա­րա­ծու­մը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Կո­մի­տա­սի գոր­ծե­րը սկսան մտնել շատ ազ­դե­ցիկ ե­րա­ժիշտ­նե­րու հա­մեր­գա­յին ցան­կեր, ինչ­պէս օ­րի­նակ դաշ­նա­կա­հար­ներ Սո­կո­լո­վը (G. Sokolov), Լու­պի­մո­վը (A. Lubimov) ներ­կա­յա­ցու­ցին ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: ECM հրա­տա­րա­կեց Հիլ­լիարտ Ան­սամպ­լի (Hilliard Ensemble) եւ Ժան Կար­պե­րէ­քի (Jan Garbarek) «officium» ծրա­գի­րը, ուր կը հնչէ Կո­մի­տաս, Քիմ Քաշքաշեանի եւ Տիգրան Մանսուրեանի հայրեն (Hayren) ծրա­գի­րը: Կը կար­ծեմ, որ Կո­մի­տա­սը շատ ա­րագ պի­տի տա­րա­ծո­ւի եւ մտնէ ե­րա­ժիշտ­նե­րու նո­ւա­գա­ցանկ եւ ա­նոնք, ո­րոնք միայն դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կրթու­թիւն ու­նին, պի­տի ու­զեն հասկ­նալ այն ո­ճը, որ Կո­մի­տա­սը գոր­ծե­րու վրայ կը նշէ՝ նո­ւա­գել թա­ռի եւ դա­փի ո­ճով, տու­տու­կի եւ թա­ռի ո­ճով, զուռ­նա­յի և թմ­բու­կի ո­ճով ե­ւայլն:
ECM recordsի կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած մեր (Komitas -The Gurdjieff Ensemble- Levon Eskenian) ձայ­նագ­րու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յէ այն ա­ւե­լի լաւ հասկ­նա­լու նպա­տա­կին: Այս ձայ­նագ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ա­մե­նա­մեծ եւ մի­ջազ­գա­յին անդ­րա­դարձ­նե­րէն մէկն է Կո­մի­տա­սի ե­րաժշտու­թեան։

Ի՞նչ ե­ղած են ձեր անձ­նա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը - ներշն­չու­մը որ այս բարդ գոր­ծը նա­խա­ձեռ­նէք: Կո­մի­տա­սեան ի՞նչ աղ­բիւր­ներ օգ­տա­գոր­ծած էք: Ի՞նչ ձե­ւով ձեռք բե­րած էք ձեր ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան գի­տե­լիք­նե­րը (ձեր ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը միշտ ա­րեւմ­տեան դա­սա­կա­նի մէջ ե­ղած է, չէ՞): Ինչ­պէ՞ս յա­ջո­ղած էք դաշ­նա­մու­րի միա­նո­ւագ մե­ղե­դի­նե­րը «քա­կել» - բազ­մա­ձայն ու բազ­մա­նո­ւագ «հիւ­սո­ւած­քի» վե­րա­ծել, ժո­ղովրդա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու վրայ:

Իմ սկզբնա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը ե­ղած է վե­րա­փո­խադ­րել այս գոր­ծե­րը դէ­պի սկզբնաղ­բիւր հնչո­ղու­թեա­նը, որ­պէս­զի կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը հասկ­նա­լուն ծա­ռա­յէ, բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այդ դրդա­պատ­ճա­ռը դար­ձաւ մա­կե­րե­սա­յին, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն քայ­լիս ին­ծի հա­մար ապ­շե­ցու­ցիչ դու­ռեր բա­ցուե­ցան. թէ ինչ աս­տի­ճա­նի բծախն­դիր կեր­պով Կո­մի­տա­սը փոր­ձած է վե­րար­տադ­րել հայ­կա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու ե­րանգ­ներն ու ռիթ­մե­րը: Ար­դիւն­քին, ան ստեղ­ծած է լրիւ նոր դաշ­նա­մու­րա­յին շա­րադ­րանք, որ նման չէ մին­չեւ այդ ո­րե­ւէ այլ դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծե­րու շա­րադ­րան­քին, եւ ներ­դաշ­նա­կու­մը ծնած է ամ­բող­ջո­վին հայ­կա­կան մե­ղե­դիի եւ ռիթ­մե­րու մտա­ծե­լա­կեր­պէն, եւ ոչ թէ հա­մադ­րե­լով հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մին­չեւ այդ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող եւ­րո­պա­կան ե­րաժշտու­թեա­նը բնո­րոշ շա­րադ­րանք­նե­րուն հետ: Եւ իբր ար­դիւնք, շատ հին հայ­կա­կան ծէ­սե­րուն ու­ղեկ­ցող հնչո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կեր­պար­նե­րը, հնամեայ ծի­սա­կան պա­րե­րու խորհր­դա­ւոր էու­թիւն­նե­րը մէջ­տեղ ե­կան:
Խո­րա­նա­լու, ճշմար­տու­թիւ­նը հասկնա­լու իմ ձգտու­մը շատ բա­նե­րով կը պար­տիմ Կիւր­ճիէ­ֆին: Ըլ­լա­լով դաշ­նա­կա­հար եւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ կրթո­ւած՝ Կիւր­ճիէ­ֆի ե­րաժշ­տու­թեամբ իմ ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի նիւ­թը պատ­րաս­տե­լու ըն­թաց­քին, հարկ ե­ղաւ ու­սում­նա­սի­րել ա­րե­ւե­լեան ազ­գե­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի վրայ Կիւր­ճիէ­ֆի տար­բեր ազ­գե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­ներ­նէն, իսկ այս­տեղ, Կո­մի­տա­սի միայն հայ­կա­կա­նը ըլ­լա­լով, պէտք էր գտնել ճշգրիտ նուա­գա­րան­նե­րու հա­մադ­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­մէն գործ՝ տար­բեր հա­մադ­րու­թեամբ: Հար­կա­ւոր ե­ղաւ նաեւ ու­սում­նա­սի­րել Կո­մի­տա­սի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ յօ­դո­ւած­նե­րը, պատ­մու­թիւն, ծէ­սեր, ազ­գագ­րա­գի­տու­թիւն ե­ւայլն:

Մի քա­նի խօսք ձեր Հա­մոյ­թի ան­դամ­նե­րուն մա­սին: Ի՞նչ ձե­ւով ընտ­րած էք զի­րենք և­ ի՞նչ ե­ղած են ընտ­րու­թեան ձեր չա­փա­նիշ­նե­րը:

Ե­րա­ժիշտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող, հայ­կա­կան նո­ւա­գա­րան­ներ նո­ւա­գող լա­ւա­գոյն ե­րա­ժիշտ­ներն են:
2008ին տար­բեր խում­բեր լսե­լով՝ հա­ւա­տա­ցած եմ, որ ա­նոնք այն ե­րա­ժիշտ­ներն են, ո­րոնք ու­նին ի­մա­նա­լու (լսե­լու), ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ նո­ւի­րո­ւե­լու կա­րո­ղու­թիւն:

Կը փա­փա­քէի՞ք վեր­ջին խօսք մը ուղ­ղել ե­րաժշ­տա­սէր հան­րու­թեան, մա­նա­ւանդ նոր սե­րուն­դին, Կո­մի­տա­սի ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէք­նե­րուն - մե­զի թո­ղած հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան մա­սին:

Երբ կը լսենք շա­տե­րու կող­մէ ար­տա­յայ­տո­ւած այն կար­ծի­քը, թէ մարդ­կու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­ցած է, ես կը մտա­ծեմ, որ այդ յա­ռա­ջա­ցու­մը ե­ղած է ո­րոշ կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րու մէջ, բայց նաեւ շատ մը կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւն­ներ կորսն­ցու­ցած ենք: Մար­դը ինքն իր հետ ա­ւե­լի մօ­տիկ էր ան­ցեա­լին եւ ա­մէն ինչ կը սկսի ինքդ քեզ ճանչ­նա­լով:
Կո­մի­տա­սի եւ Կիւր­ճիէ­ֆի աշ­խա­տանք­նե­րը յե­տա­դարձ են եւ ճա­նա­պարհ՝ հե­ռու ա­պա­գա­յի: Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, հի­նա­ւուրց ըլ­լա­լով, փոխ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ ե­ղած է շատ մը հինա­ւուրց ազ­գե­րու մշա­կոյ­թի հետ՝ յոյ­նե­րու, պար­սիկ­նե­րու, բիւ­զան­դա­ցի­նե­րու, ա­սո­րին­րու, ե­ւայն:
Կո­մի­տաս ը­սե­լով պէտք է հասկ­նանք հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն եւ հասկ­նա­լով հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, որ հա­յե­լին է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին, մենք կրնանք հասկ­նալ մենք մեզ, կրնանք ու­նե­նալ բա­նա­լի մը հասկ­նա­լու հի­նա­ւուրց տար­բեր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­ներ:

Komitas – Levon Eskenian & The Gurdjieff Ensemble
https://www.youtube.com/watch?v=pk0iPmFsSM8