­altՀայ կի­նը՝ ե­րէկ, այ­սօր եւ վա­ղը

­Հայ կի­նը դա­րե­րու ըն­թաց­քին զա­նա­զան դե­րեր ստանձ­նած է. ու­նե­ցած ենք հայ թա­գու­հի­ներ. օ­տար լու­ծի եւ օ­տար կրօն­քի ազ­դե­ցու­թեան տակ՝ հայ կի­նը դար­ձած

է ստո­րա­դաս էակ. հայ կի­նը մաս­նակ­ցած է կի­նե­րու ա­զա­տագ­րա­կան ա­ռա­ջին շար­ժու­մին, իսկ յետ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ հայ կնոջ դե­րը մեծ ե­ղած է ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մին մէջ: ­Սա­կայն, հայ կնոջ ար­ժէ­քը պէտք ե­ղած ձե­ւով չէ ար­ժե­ւո­րո­ւած: ­Հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հայ կի­նը ան­տե­սո­ւած է, ու ա­նոր պատ­մու­թիւ­նը մե­ծա­պէս բա­ցա­կայ է մեր դա­սա­գիր­քե­րու եւ պատ­մու­թեան գիր­քե­րու է­ջե­րէն:

­Վեր­ջերս բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ այս կա­րե­ւոր նիւ­թին շուրջ զրու­ցե­լու «­Գէորգ ­Մե­լի­տի­նե­ցի» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր, բազ­մա­վաս­տակ գրող եւ դաս­տիա­րակ ­Սո­նա ­Զէյթ­լեա­նի հետ:

Ան­թի­լիա­սի տպա­րա­նէն լոյս տե­սած ձեր վեր­ջին գոր­ծը՝ «­Հայ կնոջ կեան­քի ու­ղիին հետ­քե­րով»ը, ար­ժա­նա­ցած է «­Գէորգ ­Մե­լի­տի­նե­ցի» մրցա­նա­կին: «Ազ­դակ»ի է­ջե­րուն ­Ժա­նէթ ­Քա­սու­նի կը գրէ.- «Բ­ծախն­դիր եւ հե­տե­ւո­ղա­կան պրպտում­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած այս գոր­ծը ար­խի­ւա­յին պատ­մու­թիւն է եւ հե­տա­գայ պատ­մա­բան­նե­րուն վա­ւե­րա­կան ա­ռատ նիւթ կը հայ­թայ­թէ»: Ար­դեօք ի՞նչ էր ձեր նպա­տա­կը, երբ ո­րո­շե­ցիք այս գիր­քը գրել. նպա­տակ ու­նէի՞ք հե­տա­գայ պատ­մա­բան­նե­րու վա­ւե­րա­կան նիւթ հայ­թայ­թել:

Այդ­պէս մեծ յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րով չգրե­ցի այս աշ­խա­տան­քը: ­Կը հա­ւա­տա­յի, թէ հայ կի­նե­րու ի­րա­գոր­ծում­նե­րը եւ ա­նոնց կեան­քե­րու տար­բեր հանգրուան­նե­րը պէտք էր ծա­նօ­թացնել հան­րու­թեան: Ին­ծի հա­մար միշտ հարց ե­ղած է, թէ կի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը ան­ծա­նօթ կը մնայ: Այդ­քա՜ն գիր­քեր կը կար­դանք՝ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու յու­շեր, կամ այլ գիր­քեր. ա­նոնց մէ­ջէն պա­տա­ռիկ­ներ պի­տի առ­նես, է­ջեր պէտք է կար­դաս, որ մէկ կամ եր­կու նա­խա­դա­սու­թիւն գտնես կի­նե­րու մա­սին: Այդ մէ­կը զիս միշտ կը հա­մո­զէր, որ ար­դար վե­րա­բե­րու­մի ար­ժա­նա­ցած չէ հայ կի­նը մեր պատ­մու­թեան մէջ:

Իմ մե­ծա­գոյն նպա­տա­կը՝ մո­ռա­ցու­մէ փրկելն է. այս՝ կեան­քիս հա­մար կա­րե­ւոր սկզբունք մըն է: Ա­ռա­ջին ան­գամ այդ մտա­հո­գու­թեամբ հայ կի­նե­րու մա­սին սկսած եմ աշ­խա­տանք տա­նե­լու, եւ որ­քա՛ն խո­րա­ցայ՝ այդ­քա՛ն հե­տաքրքրու­թիւնս ա­ճե­ցաւ:

Այս վեր­ջին գիր­քը, որ «­Մե­լի­տի­նե­ցի» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ, հա­մա­պար­փակ գիրք մըն է. պատ­մու­թեան սկիզ­բէն, հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն քրիս­տո­նէու­թեան մուտ­քը, հին հա­յոց օ­րէնք­նե­րը, ըն­տա­նե­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ժա­ռան­գու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րըզա­նա­զան հանգ­րո­ւան­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հայ կնոջ:

­Հա­մա­պար­փակ աշ­խա­տանք է, ու ին­ծի մեծ գո­հա­ցում տո­ւաւ այդ մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ հի­մա, ոե­ւէ մէ­կը, որ հայ կնոջ­մով կը հե­տաքրք­րո­ւի, կրնայ այդ գիր­քը բա­նալ եւ - ե­թէ համ­բե­րու­թիւ­նը ու­նի ծայ­րէ ի ծայր կար­դա­լու - գիտ­նալ, թէ հայ կի­նը ինչ­պէ՛ս սկսաւ, ինչ­պէ՛ս շա­րու­նա­կեց, ինչ­պէ՛ս զա­նա­զան ճգնա­ժա­մեր դի­մագ­րա­ւեց, եւ այ­սօր ի՛նչ պատ­րաստ է ը­նե­լու: Ու­րեմն, այդ միւս յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը - ար­խի­ւա­յին կամ վա­ւե­րա­կան նիւ­թեր պատ­րաս­տե­լու - չու­նէի. շատ ա­ւե­լի անձ­նա­կան ապ­րում մըն է ին­ծի հա­մար՝ մո­ռա­ցու­մէ փրկե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու: Ա՛յս է ին­ծի հա­մար կա­րե­ւո­րը:

­Յա­ճախ գրած էք հայ կնոջ մա­սին. ա­ռա­ջին ձեր ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ «­Հայ կնոջ դե­րը ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Շարժ­ման մէջ» գոր­ծը, կը կեդ­րո­նա­նայ հայ կին յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու վրայ: Ին­չո՞ւ շատ քիչ կը լսենք հայ կի­նե­րու մա­սին ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Շարժ­ման պատ­մու­թեան մէջ, մեր դա­սա­գիր­քե­րէն կամ այլ աղ­բիւր­նե­րէ:

Այս հար­ցու­մին կարճ պա­տաս­խանն ու եր­կար պա­տաս­խա­նը կան: ­Կարճ պա­տաս­խա­նը այն է, որ բո­լոր պատ­մու­թիւն­նե­րը այր մար­դոց կող­մէ գրո­ւած են. այս­քա՛ն պարզ:

Ա­ւե­լի եր­կար պա­տաս­խա­նը հե­տե­ւեալն է: ­Հայ կնոջ դե­րը պե­ղե­լու հա­մար, գտնե­լու եւ մէջ­տեղ հա­նե­լու հա­մար, պէտք է յա­ւե­լեալ եւ զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րէ ջուր բե­րել: ­Մին­չեւ որ զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րէ ջուր չբե­րես՝ պատ­կե­րը չի յստա­կա­նար: Ա­տի­կա ը­նե­լու հա­մար համ­բե­րու­թիւն է պէտք, համ­բե­րու­թիւն եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք, ո­րով­հե­տեւ պի­տի պրպտես, հոս պի­տի նա­յիս, հոն պի­տի նա­յիսթափդ կրնայ շու­տով կտրո­ւիլ եւ ու­րիշ բա­նե­րով կրնաս սկսիլ հե­տաքրք­րո­ւե­լու: ­Բայց ե­թէ նպա­տակդ հայ կի­նե­րու գոր­ծը ար­ժե­ւո­րելն է, ա­պա ու­րեմն հե­տե­ւո­ղա­կան պի­տի ըլ­լաս: Ա՛յդ է:

Կր­նա՞ք քա­նի մը օ­րի­նակ տալ հայ կի­նե­րու, ո­րոնք կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են մեր պատ­մու­թեան մէջ, սա­կայն ան­տե­սո­ւած են մեր գիր­քե­րու եւ այլ աղ­բիւր­նե­րու մէջ:

Եր­կու հո­գի կ­՛ու­զեմ նշել: Ա­ռա­ջի­նը՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեանն է: Ա­յո՛, շատ բա­ներ կը գրո­ւին իր մա­սին, բայց ես ա­ւե­լի հե­տաքրք­րո­ւած եմ իր­մով՝ իբր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան տէր հայ կին, եւ ոչ թէ իբր գրա­գի­տու­հի. այդ իր կար­գին: Իբր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան տէր հայ կին, ան ի՞նչ ը­րած է ու­րիշ կի­նե­րու դա­տը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար. այդ է, որ զիս կը հե­տաքրք­րէ: Այս կի­նը շատ աշ­խա­տանք տա­րած է, ու բո­լո­րո­վին ան­տե­սո­ւած է այդ աշ­խա­տան­քը: Օ­րի­նա­կի հա­մար, երբ 1909ի ­Կի­լի­կիոյ ա­ղէ­տը ե­ղաւ, ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րա­նը ­Հայ ­Կար­միր ­Խա­չի ու ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի շրջա­նակ­նե­րուն մօտ կի­նե­րուն, ա­ռա­ւել՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նին, պար­տա­կա­նու­թիւն տուաւ, որ խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք տա­նին, եր­թան այն­տեղ, որ­բե­րը հա­ւա­քեն, այ­րի­նե­րուն ճար մը գտնեն եւ վեր­ջա­պէս պատ­րաս­տեն տե­ղե­կա­գիր մը, ո­րուն հի­ման վրայ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը պի­տի մտա­ծէր, թէ ի՛նչ կրնար ը­նել՝ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու: Այս կնոջ տե­ղե­կա­գի­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւ­նը, կը գնա­հա­տո­ւին իբ­րեւ գրա­կա­նու­թիւն: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այդ աշ­խա­տան­քը վա­ւե­րագ­րու­թիւն մըն է. eye-witness account մըն է: Այս մէ­կը չէ ար­ժե­ւո­րո­ւած: ­Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին վկա­յագ­րու­թիւնն է ա­նի­կա. աչ­քե­րո­վը տե­սած է եւ գրի ա­ռած: ­Բայց ինչ­պէս ը­սի, իբ­րեւ այն­պի­սին եր­բե՛ք չար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ: Այլ՝ ար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ գրա­կա­նու­թիւն։

­Տա­րի­ներ ետք, հա­րիւ­րա­մեա­կի նա­խօ­րեա­կին, այս աշ­խա­տան­քը թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ եւ ­Պոլ­սոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ: ­Հի­մա կ­՛անդ­րա­դառ­նան ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թեան՝ թուրք ժո­ղո­վուր­դի գի­տակ­ցու­թիւ­նը արթնց­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ 1909ին ո՛չ հա­մա­ցանց կար, ո՛չ ալ mass media. այդ տե­սա­կի բա­ներ գո­յու­թիւն չու­նէին: Թր­քա­կան աղ­բիւր­նե­րը պատ­մա­կան այդ նիւ­թին շուրջ միա­կող­մա­նի են ու ան­ճիշդ: Ե­սա­յեան միակ անձն էր, որ ճի՛շդ պատ­կե­րը տո­ւաւ: Ու հի­մա, երբ այս մէ­կը թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած է, սա մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: ­Թուր­քիոյ դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հա­յե­րը իբ­րեւ անվս­տա­հե­լի տարր կը ներ­կա­յա­ցո­ւին. ու­րիշ բան մը պէտք էր ա­կա­նա­տե­սի մը կող­մէ՝ ցոյց տա­լու հա­մար, թէ ին­չե՛ր պա­տա­հած են: ­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով, մեծ ար­ժէք կու տամ Ե­սա­յեա­նի վկա­յագ­րու­թեան: Այս՝ մէկ օ­րի­նակ։

Ու­րիշ օ­րի­նակ մը. ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն ու­նէինք կին ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնք նաեւ նա­խա­րա­րի պաշ­տօն ու­նե­ցան. կրթա­կան աշ­խա­տան­քի, որ­բե­րու հար­ցե­րու եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ մեծ գործ տա­րին: ­Բայց ու­րիշ շատ կա­րե­ւոր դէպք մը կար. մի­ջազ­գա­յին պատ­մու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջին կին դես­պա­նը նշա­նա­կողն էր՝ ­Դիա­նա Աբ­գա­րը: Դժ­բախ­տա­բար, այս կնոջ ար­ժէ­քը պէտք ե­ղած ձե­ւով ար­ժե­ւո­րո­ւած չէ:

Ան գիր­քեր գրեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մա­սին, բայց կ­՛ու­զեմ շեշ­տել, թէ երբ այ­լեւս հան­րա­պե­տու­թիւն չկար ու ան այ­լեւս դես­պան չէր, տա­կա­ւին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցում ու­նե­ցաւ՝ այդ ժա­մա­նա­կի բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րուն հոգ տա­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ու­նէր այդ ժա­մա­նա­կի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ եւ իր խօս­քը կշիռ ու­նէր: ­Տա­րի­ներ ետք, «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ին մէջ, ա­ռի­թով մը մէ­կը իր յու­շե­րը գրեց, թէ ինչ­պէ՛ս Աբ­գար օգ­տա­կար ե­ղած է ի­րեն եւ իր ըն­տա­նի­քին՝ Ա­մե­րի­կա տե­ղա­փո­խո­ւե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ: Ան նոյ­նիսկ իր տան մէջ սե­նեակ տրա­մադ­րած է, մին­չեւ գաղ­թա­կան­նե­րու թուղ­թե­րու կար­գադ­րու­թիւ­նը:

Այս տե­սակ կի­նե­րու աշ­խա­տան­քը չես գտներ գիր­քե­րու մէջ: Ե­թէ մէջ­տեղ հա­նես, ե­թէ ար­ժե­ւո­րես, ա­պա շատ օ­րի­նա­կե­լի կի­ներ են ա­սոնք: ­Մեր նոր մտայ­նու­թեամբ կը կար­ծենք, թէ դրա­մով ա­մէն ինչ կրնայ լու­ծո­ւիլ: Այս կի­նե­րը դրամ չու­նէին, սա­կայն ու­նէին ո­գին՝ զո­հա­բե­րու­թեան ո­գին: Այս պատ­ճա­ռով է, որ կ­՛ու­զեմ ար­ժե­ւո­րել զա­նոնք:

­Թո­րոն­թօ ժա­մա­նած էք Հ.Օ.Մ.ի կազ­մա­կեր­պած ­Կա­նանց ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­լու՝ իբ­րեւ բա­նա­խօ­սի: Ըստ ձե­զի՝ ին­չո՞ւ կա­րե­ւոր են այս տե­սա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, տօ­ներ կամ նշա­նա­կո­ւած օ­րեր՝ նո­ւի­րո­ւած կի­նե­րու:

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ին­ծի հա­մար կա­րե­ւոր չէ՛. ա­ռա­ջին ան­գամ, երբ Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րու­հի­նե­րը հարց տո­ւին, թէ տրա­մա­դի՞ր եմ, ան­մի­ջա­պէս պա­տաս­խա­նե­ցի, թէ տրո­ւած ըլ­լա­լով, որՑե­ղաս­պա­նու­թեան) հա­րիւ­րա­մեա­կի տա­րի է, ա­պա ե­թէ գամ՝ ­Մի­ջազ­գա­յին ­Կա­նանց Օ­րո­ւան մա­սին չէ որ պի­տի խօ­սիմ, այլ պի­տի կեդ­րո­նա­նամ հա՛յ կի­նե­րու դե­րին վրայ՝ ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի գոր­ծին մէջ: ­Մօ­տե­ցումս բո­լո­րո­վին տար­բեր էր. ան­շուշտ, նո­րէն կի­նե­րու մա­սին է նիւ­թը, բայց ­Մի­ջազ­գա­յին ­Կա­նանց Օ­րը ին­ծի հա­մար այդ­քա՛ն ալ ար­ժէք չու­նի, որ­քան՝ ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լու մեր կի­նե­րուն կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րը մէջ­տեղ բե­րե­լու: Ան­մի­ջա­պէս ըն­դու­նե­ցին ու հո­գե­կան կապ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն հետ: Ինք­նա­գո­վու­թիւն չէ ը­սածս, սա­կայն խօս­քիս ա­ւար­տին, ամ­բողջ սրա­հը ոտ­քի ե­լաւ: ­Կը նշա­նա­կէ, թէ գնա­հա­տե­ցինի­րենց սիր­տե­րուն խօ­սե­ցաւ։ Ա՛յդ է կա­րե­ւո­րը, որ՝ յի­շա­տակ մը մնայ այդ կի­նե­րէն, ո­րոնք այդ­քա՜ն աշ­խա­տե­ցան: ­Բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ տո­ւի ե­լոյ­թիս ըն­թաց­քին, եւ ե­թէ նոյ­նիսկ մէկ օ­րի­նակ մնայ ներ­կա­նե­րու միտ­քե­րուն մէջ, ա­պա այդ մե՛ծ բան է: ­Մի­ջազ­գա­յին ­Կա­նանց Օ­րը պար­զա­պէս ա­ռիթ մըն է մեր ազ­գա­յին ու­ղե­գի­ծին մա­սին խօ­սե­լու:

­Հայ կի­նը դա­րե­րու ըն­թաց­քին զա­նա­զան դե­րեր ստանձ­նած է. ու­նե­ցած ենք հայ թա­գու­հի­ներ. օ­տար լու­ծի եւ օ­տար կրօ­նի ազ­դե­ցու­թեան տակ, հայ կի­նը դար­ձած է ստո­րա­դաս էակ. հայ կի­նը մաս­նակ­ցած է ­Կի­նե­րու ա­զա­տագ­րա­կան ա­ռա­ջին շար­ժու­մին, իսկ յետ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հայ կնկան դե­րը մեծ ե­ղած է ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մին մէջ: Ըստ ձե­զի՝ ի՞նչ է այ­սօ­րո­ւան հայ կնոջ դե­րը մեր ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ հայ­րե­նի­քէն ներս եւ սփիւռ­քեան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մէջ:

­Հար­ցումդ շատ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ այ­սօր, հայ ժո­ղո­վուր­դի շուրջ եօ­թա­նա­սուն առ հա­րիւ­րը Ս­փիւռ­քի մէջ կ­՛ապ­րի: Ս­փիւռ­քի մէջ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը (globalization) կը տի­րէ: ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ազ­գա­յին ո­գին, լե­զուն եւ այլ բա­ներ, ո­րոնց մա­սին կը խօ­սինք, հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րի կը վե­րա­ծէ: ­Նաեւ հա­մա­ցան­ցը մեծ դեր ու­նի այս բո­լո­րին մէջ:

­Թէեւ այ­սօր ու­նինք սու­րիա­հա­յու­թեան խնդի­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դը ազ­գա­յին մեծ ճգնա­ժամ մը չ­՛ապ­րիր հի­մա, այն­պէս, ինչ­պէս ապ­րե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն: ­Կան սա­կայն բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ: Օ­րի­նակ՝ Ար­ցա­խի հար­ցը. ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին փա­փա­քը ի­րե՛նց կամ­քով, ի­րե՛նց օ­րէնք­նե­րով ապ­րիլն է, ոչ թէ՝ են­թար­կո­ւիլ: ­Հայ կի­նը շատ օգ­տա­կար կրնայ ըլ­լալ այս պայ­քա­րին մէջ: Այս՝ մէկ:

­Հա­կա­ռակ ա­նոր որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, ­Հա­յաս­տան ե­ղաւ ա­ռա­ջին եր­կիր­նե­րէն մէ­կը, որ կի­նե­րուն քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք տո­ւաւ, սա­կայն այս­քան տա­րի­ներ ետք, եօ­թա­նա­սուն տա­րո­ւան հա­մայ­նա­վար տի­րու­թե­նէ ետք՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն, նոր սկզբունք­ներ, նոր էջ դար­ձեալ, ու կի­նե­րու այդ ի­րա­ւուն­քը եր­բե՛ք չ­՛ար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ: ­Կը հա­ւա­տամ, որ կի­նե­րուն տեղ պէտք է տրո­ւի, որ­պէս­զի ի­րենք եւս մաս­նակ­ցին ազ­գա­յին կեան­քին:

­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րով, ի պա­տիւ այդ մար­դոց, ո­րոնք ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կեր­տե­ցին, ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան, թէ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­կանգ­ման մէջ անհ­րա­ժեշտ էր հայ կնոջ դե­րը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տե­լը: Այդ հա­շիւ­նե­րով է, որ կի­նե­րուն քո­ւէար­կու­թեան ի­րա­ւունք տո­ւին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն միայն ե­րեք տա­րի­ներ ետք:

Ե­թէ այդ մար­դիկ ի­մաս­տու­թիւնն ու հե­ռա­տե­սու­թիւ­նը ու­նե­ցան, ա­պա մենք ին­չո՞ւ չար­ժե­ւո­րենք: Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րը եր­րոր­դա­կան աս­տի­ճա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ են: ­Սե­ռով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ար­հես­տա­կան վի­ժում­նե­րը (sex selective abortion) մեծ հարց է այն­տեղ, ինչ որ շատ ցա­ւա­լի է:

Ե­թէ ար­ժե­ւո­րես հայ կի­նը, ե­թէ ան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րէ, գործ տես­նէ, իսկ ու­րիշ­ներ այդ գոր­ծը տես­նեն, ա­պա, կը կար­ծեմ, որ բան մը կրնա՛յ փո­խո­ւիլ: ­Մէկ ան­գա­մէն հրաշք չ­՛ըլ­լար, բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մտա­ծե­լա­կեր­պը կը փո­խո­ւի: Ա՛յս է իմ ը­սա­ծը: ­Համ­բե­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ:

­Տա­րի­նե­րէ ի վեր այս պրպտում­նե­րը կ­՛ը­նեմ, կը կար­դամ, ա­մէն աղ­բիւ­րէ ջուր կը հա­ւա­քեմ, բայց պէտք չէ ա­ճա­պա­րել, ո­րով­հե­տեւ մշա­կոյ­թի հետ կա­պո­ւած է այդ: Մ­շա­կոյ­թը ա­րագ չի փո­խո­ւիր. ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի: ­Յե­ղաշր­ջում չէ, այլ ե­ղաշր­ջում (evolution) մըն է: Ա­նոր հա­մար ալ համ­բե­րու­թիւն է պէտք: ­Բայց այս չի նշա­նա­կեր, որ պէտք է մեր ձեռ­քե­րը ծա­լենք եւ նստինք: ­Մի՛շտ պի­տի խօ­սինք, մի՛շտ պի­տի գրենք, բայց համ­բե­րել ալ պի­տի գիտ­նանք:

Վա­րեց՝ ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ