­Հար­ցազ­րոյց՝ Հա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ձեռ­նար­կած հա­յե­րէ­նով ման­կա­կան դաս­տիա­րակ­չա­կան «­Լա­լան ու Ա­րան» խա­ղե­րու շար­քին ա­ռա­ջինին՝ «­Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ» խա­ղի պատ­րաս­տող­նե­րու խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ:

Ինչ­պէ՞ս յղա­ցաք այս գա­ղա­փա­րը։ Ի՞նչ բան մղեց ձե­զի այս քայ­լին։

Ա­րին Գա­լուս­տեան.- Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ար­դիա­կան գոր­ծիք­նե­րը կլա­նած են ոչ միայն մե­ծե­րը, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ` մա­նուկ­նե­րը։ Թէեւ ման­կա­վարժ­ներ կը յայտ­նեն, որ փոք­րե­րուն մօտ գոր­ծիք­նե­րուն կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը կրնայ մո­լու­թեան հաս­նիլ, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնք կը փնտռեն զա­նա­զան ել­քեր, որ­պէս­զի փոք­րե­րը առնուազն հե­տաքրք­րա­կան եւ օգ­տա­կար ձե­ւով կա­րե­նան գոր­ծա­ծել այդ գոր­ծիք­նե­րը, ա­նոնց­մէ դա­սեր քա­ղեն եւ գոր­ծի­քի օգ­տա­գոր­ծու­մը կա­րե­նան ծա­ռա­յեց­նել ի­րենց հա­մար պի­տա­նի գի­տե­լիք­նե­րու իւ­րաց­ման։

Ս­փիւռ­քի մէջ հայ մա­նուկ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը յա­ճա­խէ օ­տար վար­ժա­րան­ներ. նոյ­նիսկ մա­նուկ­նե­րու յա­տուկ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան գոր­ծիք­նե­րու ժա­ման­ցի խա­ղե­րը օ­տար լե­զու­նե­րով են, ո­րով հա­յե­րէ­նը կը վտան­գո­ւի իբ­րեւ գոր­ծա­ծա­կան լե­զու։ Ու­րեմն՝ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը դառ­նայ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման հա­մար ար­դի գոր­ծիք­նե­րը օգ­տա­գոր­ծող մի­ջոց­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Այս նպա­տա­կով էր, որ Հա­մազ­գա­յի­նը ո­րո­շեց նա­խա­ձեռ­նել այս աշ­խա­տան­քին։

Կազ­մո­ւե­ցաւ խմբակ մը հե­տե­ւեալ կազ­մով. ծրագ­րի ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու՝ Ա­րին Գա­լուս­տեան, ման­կա­վար­ժա­կան խորհր­դա­տու՝ Թա­լին Եահ­նի­յեան, կրա­ֆի­քի (գծան­կա­րի), նկա­րա­զար­դու­մի (Illustration) եւ տի­զայ­նի (ձե­ւա­ւոր­ման) պա­տաս­խա­նա­տու՝ Նա­յի­րի Ա­լեք­սանտ­րեան, հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րե­րու պա­տաս­խա­նա­տու՝ Սե­րուժ Պաղ­տա­սա­րեան, ա­ռո­գա­նու­թեան խորհր­դա­տու՝ Հե­րա Նա­ճա­րեան։ Ն­շենք, որ դրա­մա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քին հա­մար պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ տե­սաե­րիզ մը, ո­րուն նկա­րա­հան­ման աշ­խա­տան­քը կա­տա­րեց Հ­րայր Գա­լեմ­քէ­րեան։ Խա­ղին ձայ­նե­րը կը պատ­կա­նին Կա­րի Քա­նըր Հար­պո­յեա­նին, Մե­ղե­դի Տէր-­Յա­րու­թիւ­նեա­նին եւ Ճորճ Տե­միր­ճեա­նին։ Կ­՛ու­զեմ ա­ւելց­նել, որ այս խմբա­կին ա­ռա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւնն էր նախ միա­սին աշ­խա­տիլ եւ ա­պա հրա­պա­րա­կել այս խա­ղը, ո­րուն ար­դիւն­քը այ­սօր կը հրամց­նենք մեր սի­րե­լի փոք­րիկ­նե­րուն։

Ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ այս խա­ղը եւ ին­չո՞ւ «­Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ» ա­նո­ւա­նու­մը։

Ա­րին.- Այս ծրա­գի­րը կը մի­տի ստեղ­ծել հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւող ման­կա­կան դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղեր iPad, iPod, iPhone եւ Android գոր­ծիք­նե­րուն հա­մար։ 3 եւ ատ­կէ վեր տա­րի­քը ու­նե­ցող փոք­րի­կը խա­ղի ընդ­մէ­ջէն պի­տի սոր­վի հա­յե­րէն լե­զու՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն (­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեամբ)։

Թա­լին Եահ­նի­յեան.- Գոյ­նե­րու ու­սու­ցու­մը կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան մըն է ե­րե­խա­յին կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նին։ 18 ամ­սա­կան ե­րե­խան կրնայ զա­տո­րո­շել ե­րանգ­նե­րը։ Սա­կայն 3 կամ 4 տա­րե­կա­նին է, որ ան պի­տի գի­տակ­ցի, թէ բո­լոր գոյ­նե­րը ու­նին ա­նուն­ներ։ Ե­րե­խան այս գոյ­նե­րը պի­տի ճանչ­նայ իր մայ­րե­նի լե­զո­ւով՝ հա­յե­րէ­նով։ 3 տա­րե­կա­նին ան պի­տի ճանչ­նայ նախ­նա­կան գոյ­նե­րը եւ 4 տա­րե­կա­նէն սկսեալ՝ ա­ւե­լի բարդ գոյ­նե­րը (օ­րի­նակ մա­նի­շա­կա­գոյ­նը)։

Այս խա­ղե­րը կը զար­գաց­նեն ե­րե­խա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը, տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, ինք­նու­րոյն մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, լե­զո­ւա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ժա­մա­նա­կի գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւնն ու գե­ղե­ցի­կի ճա­շա­կը։ Խա­ղե­րը ե­րե­խա­յին մէջ կ’արթնց­նեն մայ­րե­նի լե­զո­ւին նկատ­մամբ՝ սէր, հե­տաքրք­րա­սի­րու­թիւն եւ հե­տա­զօ­տե­լու ու փնտռե­լու ցան­կու­թիւն։ Ե­րե­խան պի­տի դի­տէ, լսէ, մտա­ծէ, զա­նա­զա­նէ եւ կա­պակ­ցէ։

Այս խա­ղե­րը ի՞ն­չով կը տար­բե­րին շու­կա­յի վրայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող այլ խա­ղե­րէ։

Նա­յի­րի Ա­լեք­սանտ­րեան.- Այս խա­ղե­րուն վրայ հայ­կա­կան շեշտ դնե­լու հա­մար ո­րո­շե­ցինք ստեղ­ծել հայ կեր­պար­ներ՝ Լա­լան ու Ա­րան։ Ա­նուն­նե­րը ընտ­րո­ւե­ցան այն­պէս, որ գրե­թէ միա­կերպ հնչո­ւին ա­րե­ւե­լա­հա­յու եւ ա­րեւմ­տա­հա­յու կող­մէ, ըլ­լան այժ­մէա­կան եւ ե­րաժշ­տա­կան։ Կեր­պար­նե­րը 4-5 տա­րե­կան են։ Հե­տաքրք­րա­սէր, չա­րաճ­ճի եւ արթնա­միտ, եր­բեմն՝ թափթ­փած։ Ըն­կեր կ’ըլ­լան խա­ղա­ցո­ղին եւ միա­սին կ’եր­թան գոյ­նե­րու աշ­խարհ այ­ցե­լու­թեան։ Ա­նոնք ուղ­ղու­թիւն կու տան եւ մա­սամբ կ’օգ­նեն ի­րենց խա­ղըն­կե­րոջ։

Թա­լին.- Խա­ղե­րու պատ­րաս­տու­թեան ժա­մա­նակ դի­մե­ցինք նաեւ ե­րե­խա­նե­րու օգ­նու­թեան։ Ե­րե­խա­նե­րը ընտ­րե­ցին տի­պար­նե­րը, կեանք տո­ւին ա­նոնց ի­րենց ձայ­նե­րով, եւ խա­ղե­րու պատ­րաս­տու­թեան շրջա­նին փոր­ձար­կե­ցին խա­ղե­րը եւ եր­բեմն ալ տո­ւին ի­րենց կար­ծի­քը։

Սե­րուժ Պաղ­տա­սա­րեան.- Ե­րե­խան 10 գոյ­նե­րէն մէ­կը կ’ընտ­րէ, ա­պա՝ իւ­րա­քան­չիւր գոյ­նին հա­մար ան կ­՛ու­նե­նայ 4 խաղ, այ­սինքն՝ ընդ­հա­նու­րին մէջ կրնայ խա­ղալ 40 խաղ։

Փոք­րի­կը ինչ­պէ՞ս պի­տի սոր­վի խա­ղալ։ Ուղ­ղու­թիւն­ներ պի­տի տրո­ւի՞ն։

Հե­րա Նա­ճա­րեան.- Խա­ղե­րուն օ­րէնք­նե­րը եւ ըն­թաց­քը կը ներ­կա­յա­ցո­ւին Լա­լա­յի ու Ա­րա­յի բե­րա­նա­ցի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով։ Ճիշդ կամ սխալ ը­նե­լու պա­րա­գա­յին, ե­րե­խան գնա­հա­տա­կան կը ստա­նայ։ Ս­կիզ­բը կը մտա­ծէինք, որ ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի հե­զա­սահ եւ ա­րագ կա­տա­րե­լու հա­մար ընտ­րենք մե­ծե­րու ձայ­ներ, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ անդ­րա­դար­ձանք, թէ մա­նու­կը ա­ւե­լի ու­րախ պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ ի­րեն հա­մա­տա­րիք խա­ղըն­կեր մը ուղ­ղու­թիւն­ներ տայ։ Այս մէ­կը աշ­խա­տան­քը դան­դա­ղե­ցուց, քա­նի որ դժո­ւար ե­ղաւ գտնել փոք­րիկ­նե­րու ճիշդ հնչող ձայ­ներ։ Կը կար­ծեմ, որ նման դժո­ւաու­թիւն մը շրջան­ցե­լու հա­մար կա­րե­ւոր է փոքր տա­րի­քէն ե­րե­խա­յին մօտ զար­գաց­նել խօ­սե­լու եւ լսե­լու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, գիր­քե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ։

Ինչ­պէ՞ս ընտ­րած էք խա­ղե­րը եւ կը հա­ւա­տա՞ք, որ զա­նա­զան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տէր փոք­րիկ­նե­րը պի­տի շրջան­ցեն լե­զո­ւա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ պի­տի կա­րե­նան հե­տե­ւիլ խա­ղին։

Թա­լին.- Խա­ղե­րը այ­լա­զան են։ Փոր­ձե­լով, ե­րե­խան պի­տի շրջան­ցէ զա­նա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, պի­տի կա­րե­նայ հե­տե­ւիլ խա­ղին ու յար­գել զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­ներն ու օ­րէնք­նե­րը։

Կարգ մը գոյ­ներ, օ­րի­նակ՝ կար­մի­րի պա­րա­գա­յին, խա­ղե­րը ա­ւե­լի դիւ­րին են, սա­կայն հոն ալ ե­րե­խա­յին կը հրամ­ցուի հա­րուստ բա­ռամ­թերք, ո­րով­հե­տեւ հա­մո­զո­ւած եմ, ինչ որ խա­ղով կը տրո­ւի ե­րե­խա­յին՝ ան կ­՛ըն­դու­նի մեծ հա­ճոյ­քով եւ շատ ա­րագ կ­՛իւ­րաց­նէ։

Ինչ­պէ՞ս կրցաք հայ­թայ­թել խա­ղե­րու պատ­րաս­տու­թեան պիւտ­ճէն։

Ա­րին.- Այս խա­ղե­րու պիւտ­ճէն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար դի­մե­ցինք առ­ցանց ժո­ղովր­դա­յին դրա­մա­հա­ւա­քի եւ ու­րախ ենք յայ­տա­րա­րե­լու, որ Kickstarter ծրագ­րով կա­րո­ղա­ցանք ամ­բող­ջացնել նա­խա­տե­սո­ւած գու­մա­րը։ Առ այդ՝ ո­րո­շե­ցինք ա­ռա­ջին 6 ամ­սո­ւան հա­մար խա­ղը անվ­ճար տրա­մադ­րել մեր սի­րե­լի փոք­րիկ­նե­րուն։

Ի՞նչ­պէս կա­րե­լի է ու­նե­նալ խա­ղը։

Սե­րուժ.- iOS եւ Android գոր­ծիք­նե­րու վրայ այժմ դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի է ներ­բեռ­նել (download) խա­ղը, App Storeէն եւ Google Playէն։ Մօտ օ­րէն, խա­ղը թար­մաց­նե­լով (update), պի­տի հրա­պա­րակուի նաեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն տար­բե­րա­կը։

Ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­տա­րէք քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քը, որ­պէս­զի աշ­խար­հաց­րիւ հայ մա­նուկ­նե­րը տե­ղե­կա­նան եւ կա­րե­նան օգ­տո­ւիլ այս նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն։

Ա­րին.- Խա­ղին ծա­նու­ցո­ղա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քը կա­տա­րե­լու հա­մար ու­նինք Ֆէյս­պու­քի էջ մը՝ Lalan ou Aran, որ ար­դէն ու­նի շուրջ 2000 հե­տե­ւորդ­ներ։ Պատ­րաս­տո­ւած է նաեւ կայ­քէջ մը՝ http://www.lalanouaran.com/, ուր կա­րե­լի է գտնել այս ծրագ­րին յա­տուկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Պի­տի փոր­ձենք զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով տա­րա­ծել լու­րը։ Կը հա­ւա­տանք, որ մեր փոք­րիկ­նե­րը ի­րենք եւս պի­տի նպաս­տեն մեր քա­րոզ­չու­թեան, մէ­կը միւ­սին տե­ղե­կաց­նե­լով։ Ե­թէ փոք­րիկ­նե­րը սի­րեն եւ հա­ճոյ­քով խա­ղան, այդ պի­տի նշա­նա­կէ, թէ մենք հա­սած ենք մեր նպա­տա­կի­ն։