Կարելի՞ է ներկայացնել ներկայ կացութիւնը շրջանէն ներս:
Սուրիոյ տարածաշրջանէն ներս կատարուած անցուդարձները հասած են միջազգային մակարդակի: Մեծ պետութիւններ միջամուխ կ’ըլլան, որոնք դուռ կը բանան միջ-պետական բախումներու: Կրնայ այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուիլ, որ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին հասնինք: Սակայն հակառակ բարդ կացութիւն մը ըլլալուն, դժուար թէ այդպիսի բան մը կատարուի: Բնականաբար ոչ ոք պիտի փափաքի այդ կացութեան հասնիլ: Ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութեան մը յանգիլ սուրիացիներու միջեւ երկխօսութեան ճամբով։
Սակայն, ցայսօր պատերազմը կը շարունակուի եւ վտանգները միշտ ալ կը մնան առկայ:
Ի՞նչ կը ներկայացնէ շրջանի գաղութներու վիճակը: Յատկապէս Հալէպ եւ անշուշտ Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ միւս շրջանները:
Համեմատաբար, վերջին երկու ամիսներուն, Հալէպի ապահովական կացութիւնը աւելի բարելաւուած է: Նահանգային մակարդակով, պետական ուժերու կողմէ, կարելի եղած է բաւական յառաջխաղացք կատարել եւ ահաբեկչական խմբաւորումները հեռացնել աւելի սահմանամերձ շրջաններ: Այս յառաջխաղացքին նպատակն է ապահովել քաղաքն ու անոր կապը յատկապէս հարաւ-արեւմտեան այլ քաղաքներու հետ: Յատկապէս, Համա եւ Հոմս քաղաքներու հետ կապող ճանապարհներն են որոնք կարեւոր են: Այս գծով կարեւորագոյն բանալի ճամբան Խանասէրն է, որ 150 քլմ. (100 մղոն) երկարութիւն ունեցող անապատային անցք մըն է եւ այդ իսկ պատճառով բազմիցս յարձակման թիրախ կը դառնայ ահաբեկչական ուժերու խմբակներու կողմէ, որոնք քանի մը ժամ անցարգելներ հաստատելով՝ պատճառ կը դառնան առեւանգումներու եւ սպանութիւններու:
Հալէպի միջազգային Նայրապի օդակայանը պետական ուժերու գերակշռութեան տակ կը գտնուի եւ կը գործածուի միայն ու միայն զինուորական գործողութիւններու համար: Ապահովական պատճառներով, ցայսօր դադրած են ճամբորդատար թռիչքները:
Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ վիճակը, համեմատած Հալէպի, շատ աւելի բարելաւուած է: Մերթ ընդ մերթ հիւսիս-արեւելեան Ճոպար շրջանէն ահաբեկիչներ ռմբակոծումներ կը կատարեն, որոնք իրարանցում կը ստեղծեն եւ երբեմն անակնկալօրէն կատարուելով պատճառ կը դառնան որ անմեղներու կեանքը վտանգուի: Այլապէս տնտեսական եւ կենցաղային բնագաւառներէն ներս, շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուի Դամասկոսը:
Գամիշլիի շրջանը շատ աւելի ապահով վիճակի մէջ կը գտնուի: Տեղւոյն քրտական ներկայութիւնն ու պետութիւնը, գործակցաբար, ստանձնած են շրջանի ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը:
Քեսապի պարագային, արդէն իսկ այս օրերուն աշխատանք կը տարուի ամբողջովին հեռացնելու ահաբեկչական ուժերը Ժապալ Աքրատ եւ Ժապալ Թիւրքմէն (ուր վերջերս պատահեցաւ ռուսական օդուժին պատկանող ռազմական օդանաւին դէպքը) շրջաններէն: Այսպէս Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին գործածելի պիտի ըլլայ, փոխանակ երկրորդական ճամբաներ օգտագործելու: Արդէն իսկ Քեսապահայութիւնը վերադարձած է մեծամասնութեամբ: Լաթաքիան, մօտակայ Թարթուս նաւահանգիստին հետ, կը մնայ Սուրիոյ ամէնէն աւելի ապահով քաղաքը: Բազմաթիւ հայորդիներ առժամաբար հոն փոխադրուած են:
Շրջանէն ներս ինչպէ՞ս է կենցաղային իրավիճակը:
Կենցաղային իրավիճակը ծանր է եւ մտահոգիչ: Երեք կարեւոր նիւթեր՝ ջուր, ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ կը մնան առաջնահերթ: Ջուրի պարագային, նշենք թէ Հալէպի ջրառաքման կեդրոնը կը գտնուի ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ, որոնք միշտ ալ փակելով եւ յաւելեալ զիջումներ պահանջելով դժուարացուցած են կացութիւնը: Պատերազմի առաջին օրերէն, կառավարութիւնը, զանազան կառոյցներէ (դպրոցներ, եկեղեցիներ ու մզկիթներ) ներս յատուկ աշխատանքներ տարած է եւ խորութիւններ փորելով պատրաստած է ջրհորներ, որոնք կարելի է օգտագործել: Անշուշտ այս ջուրը ստանալու համար կարիքը կայ յատուկ մեքենայի եւ փոխադրելու համար յատուկ փոխադրակառքերու: Վառելանիւթի չգոյութիւնն ալ կը դժուարացնէ այս ջրառաքման գործընթացը: Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով փոխադրութեան եւ վառելանիւթի մասին՝ տեղեկացնեմ, թէ շնորհիւ մեր ջանքերուն, կարելի եղած է գործի լծել երեք շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ, որոնք անդադար տրամադրութեան տակ են, մարդասիրական փոխադրութեան համար եւ ո՛չ թէ միայն Հալէպահայութեան, այլ նաեւ շրջանի բնակչութեան:
Կրթական եւ ուսումնական բնագաւառներէն ներս, կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել:
Հալէպի պարագային յստակ է, թէ բազմաթիւ ազգային կրթօճախներ կը գտնուին վտանգաւոր գօտիէ ներս: «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, «Սահակեան»ն ու այլ դպրոցներ փակ կը մնան եւ նոյնիսկ թիրախ դարձած են ռմբակոծումներու, կրելով մեծ վնասներ: Այժմ միացեալ մէկ ազգային դպրոց կը գործէ «Կիւլպէնկեան» (Սուլէյմանիէ) դպրոցի երդիքին ներքեւ: Կը գործեն նաեւ Հայ Բարեգործական Միութեան (Ազիզիէ), «Կիլիկեան» (Ազիզիէ), «Կրթասիրաց» (Վիլլաներ), «Մխիթարեան», Աւետարանական համայնքի դպրոցները:
Պետական քննութիւնները սովորական ձեւով կը կատարուին, իսկ Ազգային վարժարաններէն ներս, աշակերտներուն հազիւ քսան առ հարիւրին ընտանիքները կրնան հոգալ իրենց ծախսը: Մնացեալ ութսուն առ հարիւրին ծախսը կը հոգայ ազգային մարմինը: Ընդամէնը 3500 հայորդի աշակերտներ կը յաճախեն վարժարաններ: Պարզ թուաբանական հաշիւ մը կատարելով, կարելի է հետեւցնել, թէ 12էն 15 հազար հայորդիներ կը բնակին շրջանէն ներս: Նախապէս աշակերտներուն թիւը կրկնապատիկն էր, այսինքն՝ Հալէպի գաղութը կը գերազանցէր քառասուն հազարը:
Տնտեսական բնագաւառէն ներս գաղութը ինչպէ՞ս կը դիմադրէ դաժան կացութիւնը:
Դաժանը ճիշտ նկարագրութիւնն է: Բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք տնտեսապէս լաւ վիճակի մէջ էին, այժմ անգործ են: Հիմնարկներ, գործարաններ, գործատեղիներ, որոնք սահմանամերձ շրջաններու մէջ կը գտնուին, փուլ եկած են: Սրտաճմլիկ կացութիւն մը ստեղծուած է: Գործաւորներ իրենց արհեստին վերաբերող գործեր կը փորձեն կատարել, աւելի ապահով շրջաններէ ներս, սակայն բնականաբար եկամուտը համեմատաբար չնչին է եւ անբաւարար: Յոյսով ենք, մօտիկ ապագային, աւելի լաւ պայմաններ պիտի ստեղծուին:
Իւրայատուկ պարագայ մըն է Քեսապը, որ Ապրիլ 2013ին յատուկ ներխուժման եւ տեղահանման ենթարկուեցաւ: Կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ ներկայ կացութեան մասին:
Պատմութիւնը կը փաստէ, թէ երրորդ անգամ ըլլալով Քեսապը դարձաւ Թուրքիոյ թիրախը: Անգամ մը եւս՝ տեղահանութիւն եւ բռնագրաւում: Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցի, շրջանը ռազմական կարեւոր դիրք նկատուելով մաքրագործման ենթակուած է: Արդէն իսկ վերադարձած է Քեսապցին: Այսօր գիւղը վերստին կը հաշուէ 1200 բնակիչ: Անշուշտ կեանքը փոխուած է: Զբօսաշրջիկութիւնն ու առեւտուրը գրեթէ գոյութիւն չունին, փոխարէն գիւղատնտեսութիւնն է, որ կը հանդիսանայ քեսապահայութեան ապրուստի կարեւորագոյն միջոցը: Կեանքը սովորական կերպով կը շարունակուի:
Գաղթ, ապաստան եւ տեղահանութիւն… հաւանաբար բաւական մելան հոսեցնող նիւթ մը: Որոշ պատկեր մը կա՞յ, թէ սուրիահայութեան ի՞նչ առ հարիւր համեմատութիւնը ո՞ւր ապաստանած է: Քանի՞ ընտանիքներ վերջնականապէս հեռացած են, քանինե՞ր առժամեայ ապաստանած են այլ երկիրներ:
Նախքան պատերազմը, սուրիահայութեան թիւը ութսուն հազարի շուրջ էր: Քառասուն հազարը՝ Հալէպի մէջ, տասը հազար՝ Դամասկոս, հինգ հազար՝ Լաթաքիա, ութ հազար՝ Ռաքքա, Տէր Զօր, Տէյրիք, Հասաքէ, վեց հազար՝ Գամիշլի, երկու հազար՝ Քեսապ: Այժմ ընդհանուր սուրիահայութեան թիւը կարելի է հաշուել քառասուն հազարի շուրջ: Այսպէս թիւերը ցոյց կու տան, թէ բնակչութեան թիւը պակսած է յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ:
Առաջին հերթին, տեղին է նշել, թէ տեղահանութիւն պատահած է յատկապէս Հալէպի վտանգաւոր թաղերէն։ Նաեւ՝ Տէր Զօր, Թել Ապիատ, Ռաքքա, Հասաքէ եւ Եագուպիէ շրջաններէն ներս եւ, անշուշտ, որոշ ժամանակաշրջանի մը համար, Քեսապի մէջ:
Գոյութիւն ունի ներքին տեղափոխութիւն, այսինքն՝ բազմաթիւ հայորդիներ վտանգաւոր շրջաններ ձգելով ապաստանած են ապահով շրջաններ, որոնց կարգին յատկապէս Լաթաքիա, Թարթուս եւ Մաժտա Էլ Հըլու: Իսկ արտագաղթի գծով՝ շատեր մեկնած են եւ դեռ ալ կը մեկնին Գանատա եւ եւրոպական երկիրներ, յատկապէս Շուէտ, Գերմանիա եւ Աւստրիա: 15 հազար սուրիահայեր ապաստանած են Լիբանան եւ նոյնքան է թիւը Հայաստան ապաստանողներուն:
Հոս տեղին է նշել, որ եթէ պայմանները բարելաւուին եւ երկիրը վերստին կայուն կացութեան մէջ գտնուի, դժուար թէ հեռաւոր երկիրներ գաղթողները վերադառնան: Փոխարէնը Լիբանան եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը, կրնան վերադառնալ: Հոս անշուշտ նշեմ, թէ որքան երկարի հարցը, այնքան կը դժուարանայ վերադառնալու կարելիութիւնը: Այս գծով հետեւեալ ռազմավարութիւնն է, որ կը կատարենք.-
1) Ամրապնդել Սուրիոյ մէջ ներկայիս մնացողները՝ անոնց տրամադրելով նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն:
2) Հայաստանի եւ մօտակայ Լիբանանի պարագային, միջոցներ ստեղծել, որպէսզի այլ հեռաւոր երկիրներ չգաղթեն:
3) Հեռաւոր երկիրներ գաղթողներու պարագային, ամէն ճիգ թափել, որ կապ հաստատուի տեղւոյն գաղութներու հետ: Այս գծով Գանատան հաւանաբար աւելի դիւրին է, մինչդեռ Եւրոպայի պարագային բաւական աշխատանք կայ կատարուելիք:
Հայաստան տեղափոխուելու կամ առժամեայ դրութեամբ հաստատուելու համար, յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ կարելի՞ է տալ:
Կարեւոր է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պարագան: Հոս առաջնահերթ հարցեր գոյութիւն ունին: Հոգեբանական վիճակը կարեւոր դեր կը խաղայ եւ կը յուզէ հոն հաստատուած սուրիահայուն: Գոյութիւն ունի Հայաստան-համայնք-հայրենիք զգացական շփումը: Անշուշտ նաեւ պէտք է աւելցնել, թէ Հայաստանի օրինական դաշտը պատրաստ չէ ընդունելու գաղթականներ: Մինչդեռ պարագան նոյնը չէ հեռաւոր երկիրներու պարագային, ուր յատուկ կառոյց գոյութիւն ունի: Անշուշտ երախտապարտ ենք, որ հայրենի պետութիւնը, կարելի եղածին չափ, օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Նիւթական ներդրումներ կը կատարուին, առանց յաւելեալ տոկոսի: Կրթութեան գծով ալ բաւական դիւրութիւններ կը կատարուին, իսկ բժշկական խնամքը ձրի է: Լիբանանի պարագային, կացութիւնը աւելի բարդ է, մանաւանդ որ միայն հայեր չեն հոն բնակութիւն հաստատողները:
Իբրեւ եզրակացութիւն, ապագայի իմաստով՝ քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ի՞նչ կ՛ակնկալուի:
Մեր մօտ կը պակսի կանխատեսելու եւ ըստ այնմ գործելու ոճը: Չկայ այդ think-thankը, որ օրին գործի լծուելով եւ ծրագրեր կազմելով՝ կրնար շատ աւելի դիւրին լուծումներու յանգիլ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ազգային բնագաւառներէ ներս: Սուրիահայ գաղութը տոկուն եւ զօրաւոր արմատներու վրայ դրուած ու կազմուած գաղութ է: Նոյնիսկ հակառակ ներկայ պայմաններուն, կարելի է այդ գաղութը գործի լծել: Բարելաւման ամենադոյզն նշոյլը կրնայ դուռ բանալ յոյսերու, վերադարձի եւ վերակազմակերպման: Այս գծով, բաւական աշխատանք ունինք կատարելիք: Հիմնախնդիր մըն է, որ պէտք է շարունակենք: Շնորհակալութիւն եւ յոյսով եմ, որ կարելի եղածին չափ շուտ կը հաստատուի զինադուլ, համաձայնութիւն եւ պատշաճօրէն մարդկային, համայնքային եւ կենցաղային բոլոր պայմանները լրացնող ապագայի Սուրիա մը: