Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Հայերը Աշխարհի մէջ» կայքի հարցազրոյցը Հայաստանի վաստակաւոր երգչուհի Շուշան Պետրոսեանի հետ՝ վերածուած արեւմտահայերէնի «Թերթ»ի կողմէ:
Երբ Էրզրումցի Մարտուն Պետրոսեանի եւ Շուշան Մելիք-Ստեփանեանի ծոռնուհի, յաղթանդամ ու կանացի Շուշան Պետրոսեանը, հայրենիքի օրհասական պահուն, իր ողջ հասակով մէկ, հպարտ ու ինքնավստահ կեցուածքով, հայ կնոջ ու մօր անսասան հաւատով կը կանգնէր բեմի վրայ եւ իր թաւշեայ ձայնով կ’ազդարարէր՝ «կեանքըըըը՜ս հայրենիքիս…», սէր, նուիրում ու ակնածանքը կ’ուռեցնէին, կը վեհացնէին իւրաքանչիւր ունկնդիր հայու կուրծք եւ կը փակէին տարակուսանքի եւ երկմտութեան բոլոր ճանապարհները:
Սա՛ է Շուշան Պետրոսեանի ապրելու բանաձեւը, սա՛ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ազնիւ հայու կենսաձեւի առանցքը՝ ինչ կեանքով ալ որ ապրելու ըլլայ, ան հայրենիքինն է: Ըսաւ, երգեց, ներգրաւեց իր նուիրումի ծիրէն ներս բազմաթիւ համախոհներու եւ հաւատարիմ մնաց իր հայրենանուէր սկզբունքներուն միշտ, բոլոր պարագաներուն:
Վերջերս Շուշան Պետրոսեան առաջին անգամ ներկայացաւ Քրասնոտարի երաժշտասէր հանդիսատեսին առջեւ եւ անմիջապէս գնահատ- ւեցաւ ու սիրուեցաւ: Այդ մէկը կը վկայէին չդադրող ծափողջիւնները եւ հիացական բացագանչութիւնները:
Համերգէն ետք ան համաձայնած է պատասխանել մեր «Հայերը աշխարհի մէջ»կայքի թղթակիցի հարցերուն:
Ըլլալով Հայաստանի եւ Երեւանի մէջ երկու բաւական յայտնի ընտանիքներու շառաւիղ եւ նշանաւոր ծնողներու զաւակ, դուք նոյնպէս բարձրացած էք հայ մշակոյթի տեսանելի բարձունքներ, աւագներու փառքը օգնա՞ծ է թէ՞ խանգարած:
Անկասկած օգնած է, բայց, հաւատացէք, միայն դաստիարակութեան եւ կրթութեան առումով, ինձմով զբաղած են անվերջ, հրաշալի կրթութիւն տուած են եւ մէջս դաստիարակած են վառ անհատականութիւն: Նոյն սկզբունքով ես կը վարուիմ իմ երկու որդիներուս հետ, ամէն տարիքի մարդու մէջ ընդհանրապէս ես առաջին հերթին կը տեսնեմ անհատականութիւն: Երկուքին ալ վերաբերուիլ նոյն ձեւով, կը նշանակէ ջնջել ինքնատիպութեան դրոշմը, ամէն նոր ծնած երեխայ արդէն իւրօրինակ եւ անկրկնելի է: Իմ ծնողներս ոչինչ չեն ստիպած ինծի, ինձմէ ոչինչ չեն պահանջած, միայն տուած են: Անոնք ինծի տուած են արուեստի աշխարհը, ուր առաջնակարգը եղած է գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, թատրոնը: Մանկութենէն իմ կեանքս լի եղած է հանդիպումներով մշակոյթի գերաստղերու հետ: Ես ինքզինքս երբեք աստղ չեմ համարած… այնպէս չէ, որ՝ ով բեմ կը բարձրանայ եւ կ’երգէ, աստղ է:
Կան լաւ երգիչներ, կան մշակոյթին նուիրուած մարդիկ եւ կան երեւոյթներ մեր մշակոյթի մէջ: Դուք երեւոյթ էք: Դուք բացի տաղանդաւոր երգիչ-երգահան ըլլալէ նաեւ շնորհալի մտաւորական էք: Եթէ դուք ըլլայիք մշակոյթի նախարար, ի՞նչ կը փոխէիք Հայաստանի մշակութային քաղաքականութեան մէջ: Հաւանաբար կը համաձայնիք ինծի հետ, որ այս ասպարէզի մէջ ամէն ինչ չէ, որ ճիշդ է:
Ես սարսափելի պահանջկոտ եմ՝ ինչպէս իմ անձիս հանդէպ, այնպէս ալ՝ ուրիշներու, շատ արմատական փոփոխութիւններ կ’ընէի: Խստապահանջ կ’ըլլայի արուեստի բոլոր բնագաւառներու մէջ, որ այսօր լեցուած են ոչ հայկական եւ ոչ հայեցի միտումներով, կը ստիպէի որպէսզի բոլոր մշակոյթի գործիչները, առաւել եւս արուեստագէտները, քննութիւններ յանձնէին: Որպէսզի աւելի ազնիւ ըլլային, խօսիմ միայն իմ ասպարէզէն: Այսօր շատ-շատերը իրենց իրաւունք կը վերապահեն ներկայացնել հայկական փօփ երաժշտութիւնը, ֆոլկլորը, ուղղակի անշնորհք մարդոց կ’արգիլէի մօտենալ այդ գործին:
Ամէն պարագայի ամպագորգոռ կը խօսուի հայու արժանապատւութեան մասին եւ կը մոռցուի շատ պարզ ճշմարտութիւն մը- 1915ի եւ անկէ առաջ, թուրքը կոտորեց մեզ, որուն հետեւանքով հիմա տարագիր են հայերը, աշխարհով մէկ սփռուեցան հայ համայնքներ, իսկ մեր պատուէն ու նամուսէն խօսող տղամարդիկ կրնան ճաշարաններու մէջ պատուիրել երգեր, որոնց հիմքի մէջ այդ նոյն թրքական պայաթին է եւ շապաշներ տալ: Փառք Աստուծոյ, որ մենք դեռ հոս ենք, նոյնիսկ երբեմն սպիտակ ագռաւներու կարգավիճակով:
Ռուսաստանի հայկական մշակութային կեանքը այդ առումով աւելի լքուած է, քանի որ այստեղ շատ հազ- ւադէպ կը յայտնուին արհեստավարժ մասնագէտներ, եւ ասպարէզը ամբողջովին սիրողական «ռապիզն» է:
Գիտէք, «ռապիզ»ը հետաքրքրական ժանր էր մինչեւ 90ականներու սկիզբը, քաղաքային ֆոլկլոր է, միգուցէ անոր լեզուն այնքան ալ մաքուր չէր, այնքան բարձրարուեստ չէր, բայց շատ անկեղծ էր ու ջերմ, այսօրուան «ռապիզ»էն ես բան չեմ հասկնար: Ամէն մէկը կը կատարէ՝ ինչ ռիթմերով եւ խօսքերով որ խելքին փչէ, շատ անճաշակ եւ աններդաշնակ:
Իմ մանկութեան շրջանին, երբ փողոցէն կ’անցնէր Լեւոն Ներսիսեանը, օրինակ, (որ համալսարանի մէջ արտասահմանեան գրականութիւն կը դասաւանդէր, եւ որուն դասախօսութիւններուն կը հաւաքուէին ամենատարբեր համալսարաններէն ուսանողներ, որոնք տեղաւորուելով լսարանի մէջ, ոտքի կեցած կը լսէին), ծաղկավաճառէն մինչեւ թաքսիի վարորդ կը խոնարհէին եւ կ’ողջունէին զինք, կը փսփսային՝ Ներսիսեանը՜, կամ Ֆրունզը… Այսինքն հեղինակութիւններ կային, այդ մարդիկ չափանիշներ էին իրենց գիտելիքներով, համեստ եւ խոհուն կենսակերպով, հոգիի շռայլութեամբ, շնորհքի առատութեամբ: Այսօր չափանիշները փոխուած են, ով երկու կոպեկ աւելի ունի, կարեւոր չէ՝ ինչ ճանապարհով այդ դրամը դիզած է, արդէն ինքզինք կը զգայ դրութեան տէր: Այնքան քիչ իսկական մտաւորականներ մնացած են Երեւանի մէջ, որ ամէն ինչ պէտք է ընել գոնէ զիրենք պահելու համար: Սփիւռքի մէջ աւելի ողորմելի է վիճակը: Ես, որ իմ աշխատանքովս վաստակած եմ հայ երգը աշխարհի մէջ սփռելու իրաւունքը, ինչու՞ պէտք է առաջին անգամ ըլլալով գամ Քրասնոտար: Իմ խնդիրս, հաւանաբար կը հասկնաք, ինքնահաստատումը չէ, ես այդ տարիքը անցած եմ: Իմ խնդիրս հաճելի, ճաշակով, գրագէտ երաժշտութիւն քարոզելն է:
Ես ուրախ եմ, որ դահլիճի մէջ կը գնահատէին իսկական հայկական երգը:
Մարդիկ մեղաւոր չեն, որ մինչեւ հիմա չէին լսած լաւը, կատարեալը, արհեստավարժը: Ձեր երաժըշտական աւանդները կը փոխանցէ՞ ձեզմէ վերջ եկող սերունդներուն:
Այո, ես հպարտ եմ, որ Հայկոն, ինչպէս նաեւ Անոյշ եւ Ինգա Արշակեանները եղած են իմ աշակերտներս որոշ ժամանակ եւ իմ թեթեւ ձեռքովս կանաչ ճանապարհ հարթած եմ իրենց համար: (այդ մէկը իրենք կ’ըսեն, այլապէս ես անհամեստութիւն չէի ըներ): Ինչպէս տեսաք, շատ բարձր մակարդակի ելոյթներ ունեցած են Եւրոտեսիլին: Ամէն շնորհալի մարդ կը գտնէ իր ճանապարհը, կարեւորը ճիշդ ուղղութիւն տալն է: Ես չեմ կրնար օժտուած մարդու կողքէն անտարբեր անցնիլ: Տեսէք, ես ինծի հետ բերած եմ ճաշակով, գրագէտ կատարողներ՝ Յասմիկը՝ իր շատ ժամանակակից ու ինքնատիպ երգերով, Արսէնը՝ իր հրաշալի արտիստիկ խօսքով, աւանգարդ մտածողութեամբ եւ Մրոն՝ կանգնած մեր ժողովրդական ազգագրական երգի ակունքներու մօտ: Արդէն ձեւաւորուած խումբ ունիմ անոնց հետ: Ինչո՞ւ սատարեմ Յասմիկ Կարապետեանին, որովհետեւ ան կը ստեղծէ շատ ճաշակով երաժշտութիւն, ծանր աշխատանքով կը կատարէ հիանալի գործիքաւորումներ, կ’աշխատի նուիրուած ու եռանդով եւ իր չափի մէջ, իր կարողութիւններու համապատասխան իր ներդրումը կը բերէ մեր բեմարուեստին: Ամէն ամառ մենք սրբազան պարտականութիւն ունինք համերգներով հանդէս գալ զօրամասերու մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային շրջաններու մէջ եւ Արցախի դիրքերուն: Ամենաթէժ կէտերուն, ամենավերջին մեր ելոյթը, օրինակ Օմարի գագաթին էր, Օմարի արծիւներու համար, ես անոնց ցաւը տանիմ: Եւ եթէ Աստուած տայ, դեռ երկար կը շարունակեմ այսպէս:
Ես կը յիշեմ՝ինչ ուժ ու ներշնչանք կը հաղորդէր պատերազմի տարիներուն ծնուած ձեր զուգերգը Հայկոյի հետ՝ «կեանքս Հայրենիքիս»: Ան սուր էր պատերազմող հայ զինուորի ձեռքին եւ դիմանալու զօրութիւն՝ թիկունքի բազմաչարչար մայրերուն ու կանանց: Արուեստի ուժը անգերագնահատելի է մարդոց գաղափարական դաստիարակութեան եւ աշխարհընկալման ձեւաւորման գործին մէջ:
Առհասարակ հայ երգը մեծ առաքելութիւն ունի, մենք համերգներ կու տայինք, որոնցմէ ստացած ոգեւորութիւնը երբեմն անսահման էր, Մատաղիսի համերգէն ետք, կը յիշեմ, մօտեցաւ զին- ւոր մը եւ յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են Գետաշէնը ետ բերել: Վազգէն սպարապետը կ’ըսէր՝ ամենակարեւորը զինուորի մէջ ոգին է: Ուր ոգի չկայ, այնտեղ չկայ զինուոր: Պատահական չէ, որ քանակով եւ սպառազինութեամբ գերակշիռ թշնամիի դէմ յաղթանակ տարաւ հայկական բանակը: Հակառակ կողմին կայ զէնք, կայ զօրք, կան ֆինանսներ, բայց չկայ բովանդակութիւն, խելք ու համոզում:
Բազմաթիւ անգամ քնացած ենք զինուորներու քնացած տեղը, մեքենաներու մէջ, մի քանի անգամ մնացած ենք եօթերորդ պաշտպանականի, Հատրութի, Հորադիզի, Քարվաճառի մէջ: Այդ մէկը մեր հոգիի պարտքն է, կատարելութեան ճանապարհի առաջին աստիճանը: Այդ ծրագրերը մենք կ’առաջարկենք, կ’իրականացնենք՝ անոր տալով բարեգործական բնոյթ: Մեր խնդիրը զինուորի ոգին բարձրացնելն է, եւ մենք այդ համերգներու ժամանակ մեզ նաեւ ուսուցիչ կը զգանք:
Զինուորը պէտք է զգայ հայկական ակունքամերձ բիւրեղային երգի եւ հակառակորդի կողմէ լսուող անարուեստ «նէյնիմներ»ու տարբերութիւնը, ըմբռնէ սեփականի առաւելութիւնը եւ ձգտի նաեւ այդ մէկը պաշտպանել:
Մերկապարանոց քարոզներով ու լոզունգներով չէ անկասկած, որ պիտի հայը հայ պահենք: Ձեր կարծիքով որո՞նք են ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի ու զարգացման առաջնահերթ լծակները:
Եթէ իմանայիք, ինչ անպատմելի զգացողութիւններ ապրեցանք Անկախութեան տօնի առիթով Ստեփանակերտի մէջ: Ես մէկ բան գիտեմ, հազարամեակներէն եկող հայ մարդը, որ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը, պէտք է վերլուծէ ինզինք՝ արդեօ՞ք քրիստոնեայի վայել կեանքով կ’ապրի: Արդեօ՞ք ամէն պարագայի իր արժանապատւութիւնը կը պահէ:
Ես ունիմ երջանկութիւն մը՝ ինծի մօտեցած են չորս տարբեր մարդիկ եւ ըսած են, որ իրենց ընտանիքներով Հայաստան վերադարձած են «Իմ անուշ հայրենիք» երգի ազդեցութեան տակ, անկէ ստացած ապրումներու շնորհիւ: Ես պահ մը անհանգստացայ եւ հարցուցի՝ իսկ զղջացա՞ծ էք: Անոնք բոլորն ալ բացասական պատասխան տուած են, բոլորն ալ գոհ էին, որ կատարած են իրենց կեանքի այդ ամենավճռական քայլը: Ես իմ հայրենիքիս նուիրեալն եմ, բայց հրաշալի կը հասկնամ, որ այլ երկրի մէջ բնակած հայու համար բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ խնդիրներու հետ առնչուած է վերադարձի որոշում ընդունիլը:
1988ին երբ ելանք լեփլեցուն հրապարակ, մենք՝ 17-18 տարեկան պատանիներ, եւ Արցախ ու անկախ Հայաստան կ’ուզէինք, մեր մեծ մասը ազգային դէմքը եւ տեսակը կորսնցուցած երդուեալ կոմունիստներու երեխաներ էին, եւ անոնցմէ շատերը այսօր հերոսներ են, անոնք հայրենասիրական դաստիարակութիւն չէին ստացած, բայց անոնց մէջ արթնցաւ հայու ոգին: Իմ դասընկերներուս մեծ մասը չկան, զոհուած են պատերազմին՝ Տետը, Թաթուլը, Արթուրը, Պետոն… Կարեւորը մարդկային տեսակն է, այն ուժեղ անհատականութեան դրսեւորումը, որ շատ կարեւոր կը համարեմ:
Արուեստի աշխարհի մարդոց կարելի է պայմանականօրէն բաժնել երեք խումբի՝ յօրինող-ստեղծողներ, կատարողներ եւ տեսաբաններ: Դուք կը ներկայացնէք բոլոր երեք շերտերը միաժամանակ: Ձեր նմանները կրնան նոր ուղիներ բանալ եւ կանխատեսումներ ընել: Ինչպիսի՞ն կը պատկերացնէք Հայաստանի ապագան:
Բոլոր խնդիրները օրինաչափ են: 20 տարին մեծ ժամանակահատուած չէ: Եւ յետոյ գիտէք, ես ապագայի մասին չեմ մտածեր, ես կ’ապրիմ իմ երկրիս մէջ, միշտ կ’ապրիմ այնտեղ եւ ես անսասան լաւատես եմ: