Ռոժէ Պաաքլինի կը նշէ, որ 1998էն ի վեր լեռնագնացութիւն կը կատարէ` մերթ խմբային, մերթ առանձին:
Լեռնագնացութիւնը իբրեւ նախասիրութիւն ունեցող Պաաքլինի կը յայտնէ, որ Լիբանանի բոլոր լեռները բարձրացած է, սակայն անհատական առումով իր մակարդակը բարձրացնելու նպատակով սկսած է ուղղուիլ այլ երկիրներ` նուաճելու համար նաեւ շարք մը այլ գագաթներ:
Անցնող ամիսներուն Ռոժէ Պաաքլինի ուղղուած է Նեփալ` մագլցելու համար Էվերեսթի գագաթը:
«Լեռը բարձրացայ զիս առաջնորդող անձի մը ընկերակցութեամբ: Քաթմանտուէն մինչեւ Էվերեսթի գագաթը 11 օրուան ժամկէտով պէտք էր աւարտէինք, սակայն բնաւորութեամբ արկածախնդրութիւն սիրող եմ եւ 8 օրուան մէջ կատարեցի այդ ամբողջը, որ աւելի ուշ իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ: Անշուշտ նկատի ունիմ երկրաշարժը, որուն պատճառով Էվերեսթի վրայ գտնուող 18 լեռնագնացներ մահացան»,- ըսաւ ան:
Լեռնագնացի մը կողմէ ինքզինք պատրաստելու մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Պաաքլինի շեշտեց, որ կան որոշ մարզանքներ, որոնք պէտք է մնայուն կերպով կիրարկել, օդի փոփոխութիւններուն մարմինը ընտելացնել, ինչպէս նաեւ յստակ սննդականոնի մը հետեւիլ` պահելու համար մարմնին առողջութիւնը:
«Էվերեսթի պարագային մարտահրաւէրը լուրջ էր, որովհետեւ Հիմալայեան լեռներուն վրայ կարելի է 24 ժամուան ընթացքին տարուան չորս եղանակները ապրիլ»,- աւելցուց ան:
Պաաքլինի նշեց, որ իրեն համար ծայր աստիճանի արկածախնդրութիւններն են հաճոյք պատճառողները, սակայն հակառակ իր նկարագրի այս գիծին` երկրաշարժը ահաւոր էր:
«Ամբողջ ութ օրուան լեռնագնացութենէն եւ խոկումներէ ետք, ամբողջ քաղաքի մը քանդումին ականատես եղայ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին: Աչքերուս առջեւ ամէն բան գետնի հաւասար դարձաւ, գետինը ճեղքուեցաւ եւ մարդիկ, որ քանի մը վայրկեան առաջ գոյութիւն ունէին, անհետացան, իսկ քաղաքը ծածկուեցաւ փոշիի մառախուղով մը: Ահաւոր կերպով վախազդու է երկրաշարժը, որովհետեւ անորոշութիւն կը պատճառէ եւ ոչինչ քու հակակշիռիդ տակ է: Երեւակայեցէք, որ 90 երկվայրկեանի համար բնութիւնը խենթանայ եւ ութ հազար հոգի ոչ եւս ըլլայ»,- նշեց Պաաքլինի` ականատեսի վկայութեան կշիռով:
Պաաքլինի յայտնեց նաեւ, որ ինք օժանդակած է Նեփալի երկրաշարժին յաջորդող փրկարար աշխատանքներուն ու մեծ դժուարութեամբ վերադարձած է Լիբանան:
Պաաքլինի շեշտեց նաեւ, որ իրեն հաւանաբար օգնած է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանանէն մեկնումի օրը սխալ մը արձանագրուած է եւ ինք ճշդուած թուականէն օր մը ետք է, որ մեկնած է Նեփալ:
Պաաքլինի շեշտեց, որ լեռնագնաց մը շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ եւ մակարդակը կը բարձրանայ, եթէ հովանաւոր ունենայ: «Անշուշտ իմ ապագայ ծրագիրներուս մաս կը կազմեն աշխարհի բարձրագոյն գագաթներու նուաճումը»,- աւելցուց ան:
Հայութեան հետ իր կապերուն մասին խօսելով` Ռոժէ Պաաքլինի յայտնեց, որ իր հօրենական մեծ մայրը հայ է. ան ծնած է 1915ին եւ մահացած` 2014 Դեկտեմբերին: «99ամեայ ծերունի մեծ մայրս` Մաքրուհի Սերոբեան-Պաաքլինի իմ իտէալս էր, եւ ես Արարատը որեւէ ատեն կրնայի բարձրանալ: Իսկ Արարատը բարձրանալու համար ես Հայաստանէն պիտի երթամ Վրաստան եւ հոնկէ մուտք գործեմ Արեւմտեան Հայաստան եւ ոչ թէ Պոլսոյ կամ Անգարայի ճամբով ուղղուիմ Տիգրանակերտ` բարձրանալու համար Արարատը: Մեծ մայրս միայն այդ պարագային պիտի ընդունէր, որ ես Արարատ բարձրանամ: Ես իրեն հանդէպ խոր յարգանք ունիմ, ան եղած է ուսուցչուհի, դպրոցի տնօրէնուհի եւ չորս լեզու գիտէր: Իր կեանքով, կենցաղով եւ հաւատքով մեծ մայրս հմայած է զիս եւ եղած է ներշնչման աղբիւրս»,- ըսաւ ան:
Պաաքլինի նշեց, որ իր մեծ մօր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին յիշատակին ինք Էվերեսթի գագաթին նաեւ հայկական եռագոյնը զետեղած է` լիբանանեանի կողքին:
Անդրադառնալով հայութեան հետ իր կապին` Ռոժէ Պաաքլինի յայտնեց, որ իր հայրը լիբանանցի է` մարոնի համայնքի զաւակ, իսկ մայրն ու հօրենական մեծ մայրը հայ են: «Սակայն ես` Ռոժէ Մունիր Պաաքլինի, քանի մը տարի առաջ համայնքս փոխեցի եւ դարձայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ, իսկ վերջերս ստացայ նաեւ Հայաստանի անցագիրս: Չեմ կրնար հայ չզգալ, հայկական դպրոց չեմ գացած, սակայն կը կարդամ, կը գրեմ եւ կը խօսիմ հայերէն եւ այս բոլորը ես կը պարտիմ մեծ մօրս: Ես շատ հպարտ կը զգամ հայկական ինքնութիւն ունենալուս համար եւ ուրախ կը զգամ այդ ինքնութեամբ, որովհետեւ համոզուած եմ եւ իրապէս հայ կը զգամ»,- ըսաւ Պաաքլինի:
Արարատ բարձրանալու հաւանական թուականի մը մասին հարցումին պատասխանելով` Պաաքլինի յայտնեց, որ ինք Սեպտեմբերին պիտի բարձրանայ Արարատ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով եւ այդ առաքելութիւնը պիտի կատարէ իր մեծ մօրը յիշատակին:
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ - «Ազդակ»