5-7 Նոյեմբեր 2011ին, Պէյրութի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը կատարեց իր առաջին լիագումար նիստը: Արժանթին վերադառնալէ առաջ, մի քանի օրուայ համար Աթէնք այցելեց յունահայ ընտանիքի զաւակ, Արժանթինաբնակ եղբ. Գարլոս Սեֆէրեանը, որ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան այցելութիւն մը տուաւ:
Այս առիթով հետաքրքրական զրոյց մը ունեցանք իր հետ:


Քառամեայ նոր նստաշրջանի առաջին լիագումարը կատարեցիք: Որո՞նք պիտի ըլլան յառաջիկայ քառամեակի թիրախները:

Մեր առաջին լիագումարը կատարեցինք Պէյրութ, Նոյեմբեր 5-7, Պուրճ Համուտի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակէն ներս: Ընդհանրապէս անդրադարձանք Պատգամաւորական Ժողովի կողմէ որդեգրուած որոշումներուն վրայ, սկաուտական - մարզական-վարչական մարզերէն ներս:
Թէ այս ժողովը, թէ նախորդը ծանրացաւ ռազմավարական ծրագրի որդեգրման հարցին վրայ: Արդէն նախորդ Պատգամաւորական Ժողովէն քուէարկուած որոշում մըն էր, որ յանձնախումբի մը հետազօտական աշխատանքէն ետք, աւելի շօշափելի ձեւ ու դիմագիծ ստացաւ եւ այս ՊԺին ներկայացուեցաւ, առ ի վաւերացում:

Ռազմավարական ծրագրի բովանդակութիւնը ի՞նչ է:

Իրերայաջորդ քառամեակներու ընթացքին, շրջաններէ եկած պատգամաւորները ծրագրումներ կը կատարեն յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջաններուն համար: Հասկնալի է թէ աւելի լայն իմաստով եւ հեռանկարային ծրագրում մը անհրաժեշտ էր, շարունակաբար փոփոխուող աշխարհին մէջ: Նոր ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, ուր նոր արհեստագիտութիւններու արագընթաց զարգացումը տարբեր բնոյթ կուտայ մեր գիտցած յարաբերութիւններուն եւ կապերուն մէջ:  Բաւարար չէ այլեւս կարճ ժամանակամիջոցի համար գործունէութիւն ծրագրել: Կարեւոր է հեռատես ըլլալ եւ յառաջիկայ տասնամեակներու մասին մտածել, ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ արժէքներու վերասահմանումի անհրաժեշտութեան շուրջ, մեր միութենական արժեւորման, նոր մեթոտներու որդեգրման, հայ լեզուի գործածութեան եւ յատկապէս  աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան հասանելի դառնալու ձեւերուն մասին մտածել:
Ի՞նչ կը նշանակէ մարզիկներու եւ ի՞նչ կը նշանակէ սկաուտներու գործունէութիւնը այսօր: Ի՞նչ պիտի նշանակէ այս՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն ընթացքին: Ի՞նչ միջոցներով պիտի յաջողուի արդիւնաւոր ընթացք եւ որո՞նք պիտի ըլլան ապագայ թիրախներն ու մարտահրաւէրները: Ի՞նչ դերակատարութիւն կÿունենայ այս բոլորին մէջ նոր արհեստագիտութեան օգտագործումը:
Այս հարցումներուն պատասխանը  եւ յաջորդական տարիներու մեր «պատշաճեցումը»՝ կապուած է մեր գրասենեակներու, մեր միաւորներու եւ կառոյցներու յարաբերութիւններու ապահովման մէջ:
Հեռանկարային ծրագիրներուն մէջ նկատի պէտք է առնել նաեւ կանոնագրային փոփոխութիւններու հարցը:
Այս հարցի մասին անդրադարձ կայ նաեւ մեր լիագումարի աւարտին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմը ներկայացուցչակա՞ն բնոյթ ունի:

Այո, մեր նոր կազմը բաղկացած է 13 անդամներէ (նախորդը 9 էր) եւ հոս ներառնուած են 4 ներկայացուցիչներ Պէյրութէն, 1 Հայաստանէն, 1 Եւրոպայի ներկայացուցիչը (Ֆրանսա), 1 Գանատա, 2 ներկայացուցիչ Արեւմտեան եւ 1 Արեւելեան Ամերիկաներէն, 1 Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ (Արժանթին), 1 Սուրիա եւ այս տարի աւելցաւ Աւստրալիոյ ներկայացուցիչը:


Ի՞նչ նորութիւն աւելցաւ գործունէութեան վրայ:

Հետաքրքրական է ցամաքամասային կապերը ամրապնդելու որոշումը: Երբ Ամերիկա կÿըսուի օրինակի համար, ընդհանրապէս կÿանտեսուի Լատին Ամերիկան, հակառակ որ սպանախօս զանգուածը  շատ մեծ է: Անցեալ տարուընէ կիրառուած Արարատեան կարգի, վկայեալ կարգի ձեռնարկները, ցամաքամասային բաժանմունքով կատարուեցան: Ուրեմն օգտակար այս փորձառութիւնը այս նստաշրջանին եւս, որոշ փոփոխութիւններով  պիտի շարունակուի, բայց աւելի յաճախակի պիտի դառնայ մասնաճիւղերու միջեւ գործակցութիւնը: Այս կը նշանակէ որ երկու տարին անգամ մը ցամաքամասային բանակումներ, միջ-վարչական ժողովներ պիտի իրականացուին:
Առաջին այս փորձը գալ տարուայ ամառը պիտի ըլլայ, Պուէնոս Այրէսի մէջ մարզական խաղերու կազմակերպումով, ուր ամբողջ Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ մասնաճիւղերը պիտի մասնակցին, Շրջանային Վարչութիւններու համագործակցութեամբ:
Հիմնական մեր մտահոգութիւններէն է թէ այսօր 14 տարեկան երիտասարդը երբ չորս տարին անգամ մը բանակումի մասնակցելու հնարաւորութիւնը ունենայ, յաջորդ կազմակերպումին որ 18 տարեկան պիտի ըլլայ, նոյն ձեւով պիտի չկարողանայ ընկալել օրինակ՝ վրանի մը մէջ ապրելու բանակումի կեանքի առօրեան: Տարբեր տարիքի մէջ իւրաքանչիւր երիտասարդ տարբեր ձեւով պիտի ընկալէ գործունէութեան իր մարզը: 14 տարեկանին որպէս սկաուտ պիտի մասնակցի, բայց 18 տարեկանին այլեւս խմբապետ եղած պիտի ըլլայ, ուրեմն տարբեր մօտեցումներ պիտի ունենայ:


Ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական միաւորը) հետ կապերը ամրապնդելու իմաստով, նոր նախաձեռնութիւն մը պիտի որդեգրուի՝ քոյր մասնաճիւղերու հասկացողութեամբ: 
Համահայկական մօտեցումով (Հայաստան եւ սփիւռք) մեր ծրագրի մաս կը կազմէ այս, որ ուղղակիօրէն կապուած է Հայաստանի մէջ աշխատանքներու ընդարձակման, միութեան կազմակերպական կեանքի արդիականացման, երիտասարդներ ներգրաւելու անհրաժեշտութեան հետ:
Քոյր մասնաճիւղերու գաղափարը կÿենթադրէ որ տեղական մասնաճիւղ մը՝ օրինակ ձեր Ֆիքսի մասնաճիւղը, կապի մէջ պիտի մտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿի մասնաճիւղի մը հետ, կապերը ամրապնդելու եւ փորձառութիւն փոխանակելու իմաստով:
Հետաքրքրական նոր ծրագիր մըն է, որ իմ պարտականութիւններու ալ մաս կը կազմէ. ճիշդ գործակցութիւններու պարագային՝ փոխադարձաբար շատ մեծ ակնկալութիւններ կրնանք ունենալ այսպիսի յարաբերութիւններէ:

Միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ ինչպէ՞ս կÿընդունուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿը:

Կեդրոնական Վարչութեան մէջ ընտրուած Հայաստանի ներկայացուցիչ ընկ. Բագրատ Եսայեանը Եւրասիոյ սկաուտական շարժման ատենապետն է: Իր այս պաշտօնով ան առիթը կ'ունենայ նաեւ մասնակցելու սկաուտութեան բիւրոյի: Այս մասնակցութիւնը կարեւոր ցուցանիշ է, նկատի առած որ Եւրասիոյ սկաուտութեան ղեկավարութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿի  վստահուած է. այս հանգամանքը  մեզ բոլորս հպարտ կ'ընէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է այն միութիւնը որ կարողացած է հայ երիտասարդները համախմբել փոքր տարիքէն մինչեւ հասուն տարիք, գործունէութեան նոր փորձառութիւններ տալով հայ անհատին: Ինչպէ՞ս կÿերաշխաւորուի միութեան աշխատանքի շարունակականութիւնը հայ երիտասարդութեան մօտ:

Արժանթինի մէջ, ինչպէս եւ ընդհանրապէս հայկական սփիւռքի գաղութներուն մէջ,  արդէն չորրորդ սերունդի տղաքն են որ կը յաճախեն միութեան, մեզի բոլորիս ծանօթ դժուարութիւններով՝ ժամանակի սահմանափակում, հայախօսութեան նուազում, ընկերային նորանոր հրամայականներու պարտադրում եւայլն: Ամէնէն նեղացուցիչը հայախօսութեան նուազումն է մեր մօտ. մեր տղաքը  նոյնիսկ եթէ քիչ մը կը հասկնան, չեն կրնար հայերէն խօսիլ: Հայկական ոգին զօրաւոր է եւ այս կը տեսնենք հայկական մշակութային, Հայ դատի եւ քաղաքական բոլոր գործերուն իրենց մասնակցութեամբ:
Ուրիշ բան մը որ մենք կարողացանք իրագործել Արժանթինի մէջ. մենք միութենական եւ դպրոցական կեանքը բացինք արժանթինեան ընկերութեան առջեւ, ներգրաւելով այլ երիտասարդներ եւս:
ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելով, հայ սկաուտութեան, մարզական կեանքի եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն թափ տալու նպատակով տարուած մեր աշխատանքները՝ կրնան լաւ ապա- գայի մը  երաշխաւորումները հանդիսանալ:

Ի՞նչ ծրագրուած է 2012-2013ին համար:

Ինչպէս ըսի 2012ին մէջ ցամաքամասային բանակումները ծրագրուած են: Ապա 2013ին Հայաստանի մէջ սկաուտական բանակումը տեղի պիտի ունենայ եւ 2014ին Հայաստանի մէջ համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերը: Ասոնց կողքին կան խմբապետական հանդիպումները:
Պատգամաւորական 10-րդ ժողովը քննեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակի, 100-ամեակի կապուած հարցերը: 2013ին շրջաններէն ներս փառաշուք հանդիսութեամբ կը ծրագրենք տօնակատարել Հայաստանի առաջին անկախութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 95ամեակները, հանրութեան եւ օտարներուն աւելի ծանօթացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութիւնը եւ հայ ժողովուրդի անհերքելի պահանջատիրութիւնը։
Նաեւ, 2015ին, Մեծ Եղեռնի Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական տարողութեամբ տեղի ունենալիք յիշատակի հանդիսութեանց մեր մասնակցութեան մասին կը պատրաստուինք: