
Ասոնց մէջ երբեմն արծարծուեր է լեզուաճիւղերու մերձեցման խնդիրը, բայց աւելի՝ զեկուցաբերներու նախաձեռնութեամբ եւ իբր ընդհանուր մտահոգութիւն, ոչ իբր միակ հաստատուած օրակարգ:
Մամուլին ճամբով ղրկուած հաղորդագրութիւնը, մերձեցման խնդրի կողքին, առաջին գծի վրայ, իբր քննելի գլխաւոր նիւթ կը յիշատակէ նաեւ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման միջոցներու-ձեւերու օրակարգ մը…
Այո, եւ ատիկա որոշ տարակուսանք կրնայ ստեղծել օրակարգի պատկերացման իմաստով: Արեւմտահայերէնի պահպանման նիւթը ինքնին հսկայ խնդիր է՝ լրիւ անջատ, ինչպէս ինքնին հսկայ խնդիր է, եւ անջա՛տ խնդիր, լեզուաճիւղերու մերձեցման նիւթը:
Չեմ գիտեր՝ առաջինի կցումը երկրորդին, միակ խորհրդաժողովի մը շրջանակին մէջ, լուրջ քննարկումի ի՛նչ կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել...: Մտահոգութիւն՝ որ խճողուած եւ բազմատարր օրակարգ մը կազմակերպիչներ կամ/եւ մասնակիցներ չմատնէ ճշդուած նիւթերը «կարգախօսային» մօտեցումով ընկալելու փորձութեան:
Նշեմ, որ՝ Սփիւռքի նախարարութեան 2010ի ժողովը, որ ի վերջոյ «միասնական դասագիրք»ի օրակարգով հրամցուեցաւ մասնակիցներուն, սկզբնապէս յայտարարուած օրակարգի մը մէջ, կը յիշեմ, կը բովանդակէր արեւմտահայերէնի կիրարկած տառադարձական ձեւերու քննարկման-հարթման թեմա մը, որ յետոյ անհետացաւ - բարեբախտաբար: Ոչ թէ որ այդ թեման թապու կը նկատեմ, բայց անոր քննարկումը, աւելի կարեւոր ընդհանրական հարցերու կողքին՝ անգործնական էր, եւ ոչ-առաջնահերթ: Ինչպէս անգործնական դուրս եկաւ նաեւ՝ ի վերջոյ ընդգրկուած-պահուած օրակարգը, այսինքն Սփիւռքի համար ստեղծումը դասագիրքերու («միասնական» կամ՝ ոչ...)՝ ա՛յն ձեւով եւ առաջնահերթութեան կարգով, որ դրուեցաւ: Բայց ասիկա ուրիշ խնդիր է:
Ուրեմն արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը նոր է, որ կու գայ օրակարգի վրայ։
Խորհրդաժողովի օրակարգի վրայ՝ այո: Բայց, սա ալ նշեմ, Սփիւռքի նախարարութիւնը սկիզբէն քայլեր առած է այս մտահոգութեամբ: Վերը նշած թեմաս՝ արեւմտահայերէնի կիրարկած (օտար անձնանուն-տեղանուններու) տառադարձման թեման, խորհրդաժողովի օրակարգէն նպատակայարմարօրէն վերցուած, նախարարութեան կողմէ համացանցային խորհրդակցութեան կարգով երկու-երեք տարի ետք (կարծեմ 2013ին), ղրկուեցաւ անհատներու: Ես ինքս, կարելիութիւններուս սահմաններուն մէջ, արձագանգեցի հարցադրումին: Բայց քննարկման ընդհանուր արդիւնքներէն, եթէ անշուշտ բաւարար արձագանգում եւ արդիւնքներ եղան, տեղեակ չպահուեցանք:
Երբ կը խօսուի հայերէնի երկու լեզուաճիւղերու մերձեցման մասին, օրակարգին մէջ ուղղագրական հարցը տեղ ունի՞։ Ի՞նչ չափերով։
Ուղղագրութեան հարցը անպայման որ տեղ ունի լեզուաճիւղերու մերձեցման եւ որոշ միաձեւութեան ստեղծման խնդրին մէջ:
Որովհետեւ՝ հոս շատ ամփոփ ըսած՝ լեզուի ո՛չ ձեւաբանութիւնը, ո՛չ ալ անոր օրկանապէս կապուած շարահիւսութիւնը ձեւափոխելի են... հրահանգումով: Նոյնն է պարագան՝ հնչաբանական գետնի վրայ, ուր չնչին բացառութիւններով՝ գրեթէ անկարելի է փոփոխումներ պատուիրել-իրագործել, նոյնիսկ եթէ բաղձալի ըլլային: Լեզուի կենդանի ընթացքը մեծ չափով ինքնաբաւ է ու ինքնավար, եւ միայն յետադարձ, a posteriori սրբագրումներ կրնայ ընդունիլ, այն ալ՝ որոշ չափով: Պէտք է աշխատիլ բառեր ու լեզուաձեւեր երկուստեք շփման դնելու, ըմբռնելի դարձնելու ուղղութեամբ, թողելով որ կեանքն ու կեանքի շփումները վճռեն...:
Անշուշտ կը մնան կողմնակի, օժանդակ մարզեր, որոնց վրայ կ՚արժէ աւելի աշխատիլ - առաւելաբար՝ բառամըթերքի մարզը: Այսինքն՝ հոս ալ՝ երկուստեք ընկալելի-ընտանի դարձնել՝ միայն մէկ կամ միւս լեզուաճիւղին մէջ գործածուող բառեր-արտայայտութիւնները. որպէսզի արեւմտահայախօս սփիւռքահայը անմիջապէս հասկնայ վաղ-առաւօտը, վայրկեանը, թողնելը, դառնը (արդէն բաւական լաւ կը հասկնայ, կարծեմ...), իսկ հայրենի հայը չինարէն չնկատէ առտու-կանուխը, երկվայրկեանը, ձգելը, լեղին (չեմ կարծեր, որ հոս կրնամ նոյնը ըսել...): Բառակերտումի գետնի վրայ՝ կ՚արժէ հասարակաց դարձնել մէկ կամ միւս լեզուաճիւղի յաջող բառակերտումները, վերցնել ձախորդները, սկսած անշուշտ օտարամուտներէն կամ անոնց վրայ ընդօրինակուած-ձեւաւորուածներէն...
Գալով ուղղագրութեա՞ն…
Այո, կու գանք հոն...: Լեզուաճիւղերու մերձեցման կարելիութեան ճամբան անխուսափելիօրէն կ՚անցնի գրելաձեւերու, այսինքն ուղղագրութեան հանգրուանէն. պէտք էր ըսել՝ կարեւորագոյն քառուղիէն, խաչմերուկէն: Հայերէնի հոլովոյթով ստացուած երկճեղումը, թէեւ պատմական ժխտական պայմաններու հետեւանք, բնական երեւոյթ է, եւ «անբնական» միջոցներով փոփոխելի չէ (չհաշուած վերը նշած սահմանափակ մարզերս): Միակ անբնական ձեւով տեղի ունեցած փոփոխումը՝ 1922ի աբեղեանական գրելաձեւի որդեգրումն է, հիմնուած լեզուի գրելաձեւը տուեալ պահու հնչական համակարգին ենթարկելու, անոր համապատասխան դարձնելու պատկերացումի մը վրայ, որ ինքնին սխալ է առհասարակ՝ լեզուաբանօրէն ըսած, բայց եւ մանաւանդ՝ տասնհինգդարեայ մշակոյթ եւ մատենագրութիւն ունեցող ժողովուրդի ու լեզուի պարագային (նոյնիսկ 40ական տարիներու Գ. Սեւակի եւ գործակիցներու բերած սրբագրութիւններէն ետք): Դեռ առանց խօսելու այս գրելաձեւի պարտադրման յստակ, խոստովանուած քաղաքական դրդումներուն մասին...
Մինչեւ այսօր Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներուն լեզուներու եւ ուղղագրութեան խնդիրներու ներգրաւումը օրակարգին մէջ հայաստանեան կողմէն կը մերժուէր։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յանկարծակի անակնկալ կեցուածքի փոփոխութիւնը։ Ի՞նչ կ՚անկնալէք նման համաժողովէ։
Ճիշդ է, հայրենի ակադեմական շրջանակներու մօտ տիրող է խուսափումը, մերժումը՝ խնդրոյ առարկայ դարձնելու աբեղեանասեւակեան գրելաձեւը, թէեւ շատ լուրջ փոքրամասնութիւն մը հաստատ կը մնայ վերադարձի անհրաժեշտութեան տեսակէտին վրայ: Բայց գիտէք, լրիւ հաւատալով հանդերձ դասական ուղղագրութեան համահայկական որդեգրման կենսական կարիքին, կարծեմ միակտուր պնդումը այդ ուղղութեամբ արդիւնք չի տար: Ցարդ չէ տուած արդէն, յանգած է հակառակին՝ կարծրացման. իննըսունամեայ իրողութիւնը de facto իրադրութիւն է դարձած, որմէ ետ-դարձը յայտնօրէն կ՚ընկալուի իբր «բռնի» փոփոխման նոր քայլ...
Հիմա, նախարարութիւնը ի՞նչ առաջադրանքով մերձեցման խնդիրը խորհրդաժողովի նիւթ կը դարձնէ, դժուար է ըսել:
Կարելի չէ, որ դրդիչ եղած ըլլայ կարգախօսային մօտեցում մը («Հարցը քննեցինք, զեկոյցները արձանագրուեցան, թղթածրարը կազմուեցաւ» ոճի): Հարցը շատ զգայուն է դիւանակալական-բիւրոկրատիկ այդպիսի մօտեցումի առարկայ դառնալու համար: Միւս կողմէ, եթէ ուղղագրութեան խնդրի այս կամ այն կողմ լուծումը որեւէ ձեւով մերձեցումի ազդակ պիտի նկատուի, եւ իբր այդ՝ ներգրաւուի օրակարգի մէջ, ատիկա կրնայ ըլլալ միայն հայրենի գրելաձեւը դասական ուղղագրութեան մօտեցնելու (գոնէ մօտեցնելու...) ուղղութեամբ: Անլուրջ պիտի ըլլար ակնկալել, որ աւանդական Սփիւռքը, որ անշուշտ կը բաժնէ լեզուաճիւղերու մերձեցման հոգը, այդպիսի մերձեցման սիրոյն՝ օտարանայ իր հոգեհարազատ լեզուի հարազատագոյն տարրը կազմող դասական ուղղագրութենէն. լեզուին՝ որ օտարութեան մէջ իր ուղեցոյց փարոսը եղած է ահա դար մըն է:
Իրմէ օտարելու գնով անոր լոյսը, որ արդէն ինքնին կը տկարանայ տակաւ առ տակաւ:
Մինչդեռ՝ եթէ գտնուի կերպը հայրենի գրելաձեւը վերադարձնելու դասականին, գոնէ հայերէնի արմատներու հետ հարազատացման սահմաններուն մէջ՝ շահն ու «մերձեցումը» կ՚ըլլան կրկնակի, հսկայական: Հայրենիքն ու Սփիւռքը անշուշտ կը մերձենան, բայց եւ հայրենի ժողովուրդն ու մշակոյթը իրենց կարգին կը մերձենան բազմադարեան անցեալի մը, կը կամրջուին անոր՝ քիչ մը աւելի զրահելով մեզ համաշխարհայնացումի ալիքին դէմ, յատկապէս անոր ժխտական երեւոյթներուն, որոնց բաւակա՛ն զգայուն կը թուի արդէն հայրենի ժողովուրդը:
Դասական ուղղագրութեան վերադարձի խնդիրը արդէն ըստ էութեան ա՛յս է, հայրենի ներկայ մշակոյթը իր աւանդութիւններուն վերակամրջելու խնդիրն է. հայրենի մշակոյթին խնդիրն է։ Դասական ուղղագրութիւնը Սփիւռքին չի պատկանիր, ոչ ալ արեւմտահայութեան. թո՛ղ յստակ ըլլայ միանգամընդմիշտ: Պարզապէս պարագաները բերած են, որ Սփիւռքը դառնայ անոր աւանդապահը...
Ուրեմն, գալով հարցումին, թէ՝ լեզուաճիւղերու մերձեցման խնդիրը եւ անոր անխուսափելի զուգընթացը՝ ուղղագրութեան թեման ինչո՛ւ եկած են օրակարգի - պարզ է, որ չունիմ պատասխան այս հարցումին: Խորհրդաժողովի ընթացքը բերէ պիտի պատասխանը.
«Նոր Յառաջ»