
Սակայն, ի ուրախութիւն բոլորի, Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին նաեւ այնպիսի նորարար ծրագիրներ, որոնք կը ծառայեն հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին: Նման ծրագիրներէն է «Հայկական Գանձեր»ը, որուն ղեկավար Էմիլ Ստեփանեանի հետ զրուցած է Hayernaysor.am:
Պարոն Ստեփանեան, պատմեցէք, խնդրեմ, ծրագիրին մասին:
Բարեւ ձեզ եւ շնորհակալութիւն ծրագիրին հանդէպ հետաքրքրութեան համար: «Հայկական Գանձեր» ծրագիրը կը ներկայացնէ վերացական, եռաչափ ճանապարհորդութիւններու շարք՝ դէպի հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ: Այսպիսով, պլանշեթի, սմարթֆոնի կամ համակարգիչի օգնութեամբ իւրաքանչիւրը՝ գտնուելով աշխարհի որեւէ տեղ, կրնայ վերացական կերպով զբօսնել Հայաստանի եւ Արցախի պատմական կառոյցներու տարածքին մէջ, լսել վանքի կամ եկեղեցւոյ պատմութիւնը հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, մոմ վառել, նոյնիսկ աղօթք կարդալ… ես չեմ թուարկեր ծրագիրին բոլոր նորարարական հնարաւորութիւնները, դուք աւելի լաւ է ծանօթանաք, բաւական հետաքրքրական է:
Համոզուած ենք, որ այդպէ՛ս է, իսկ քանի՞ պատմամշակութային յուշարձան արդէն կարելի է այցելել:
Այս պահուն այցելուին առաջ վերացական կերպով իրենց դռները բացած են Տաթեւ, Գեղարդ, Գանձասար, Խոր Վիրապ, Նորավանք, Սեւանավանք եւ Կեչարիս վանքերը, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին եւ Գառնիի տաճարը: Այսքանը կրցած ենք ստեղծել 3 տարուան ընթացքին: Ի հարկէ, մենք կանգ պիտի չառնենք: Արդէն սկսած ենք Սանահին, Հաղպատ, Օձուն վանքերը եւ նաեւ Սուրբ Գայիանէ ու Հռիփսիմէ եկեղեցիները: Ծրագիրը պէտք է շարունակական ըլլայ:
Պարոն Ստեփանեան, ի՞նչ հարկաւոր է վերացական ճանապարհորդութիւններ կատարելու համար։
Անհրաժեշտ է միայն ներբեռնել Armenian Treasures բջիջային յաւելուածը սմարթ սարքերու համար նախատեսուած AppStoreէն: Յաւելուածի հետ միասին մենք անվճար կը տրամադրենք ճանապարհորդութիւն դէպի Տաթեւ, որ, համաձայն մեր դիտարկումներուն, հասարակութեան կողմէ ամենասիրուած եւ պահանջուած վանքերէն մէկն է: Ինչ կը վերաբերի այլ ճանապարհորդութիւններու, անոնք հասանելի են իւրաքանչիւրը $1ով:
Բոլորովին շատ չէ, յատկապէս հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը:
$1 վճարը խորհրդանշական է իրօք, բայց անիկա ծրագիրի հետագայ զարգացումը ապահովելու համար կրնայ շատ կարեւոր ֆինանսաւորման աղբիւր ըլլալ, յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ծրագիրը դեռ չունի արտաքին հովանաւորներ:
Անդրոյիտ համակարգով սմարթ սարքերու համար ի՞նչ նախատեսած էք:
Այո՛, առայժմ յաւելուածը հասանելի է միայն Այփատ եւ Այֆոն սարքերու համար, բայց շատ շուտով արդէն հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ Անտրոյիտ համակարգերով գործող սարքերու համար: Մենք ատոր մասին անպայման կը տեղեկացնենք Զ.Լ.Մ.ներով եւ մեր Facebookի էջին միջոցաւ:
Պարոն Ստեփանեան, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ծրագիրը ստեղծելու միտքը։
Ծրագիրը ստեղծելու միտքը յղացանք մօտ 3 տարի առաջ: Այն ժամանակ Հայաստանի մէջ ներդրուեցան երկրի համար քանի մը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներ (օրինակ` Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, Տաթեւի ճոպանուղիի կառուցումը եւ այլն): Դժուար է ստոյգ ըսել, բայց հաւանաբար պատճառներէն մէկը նոյն այդ ծրագիրներն էին, որոնք դրդեցին մեզի երկրին համար ստեղծել օգտակար ծրագիր մը:
Ի՞նչ նպատակներ ունի “հայկական Գանձեր” ծրագիրը:
Առաջնահերթ նշեմ, որ ծրագրին շնորհիւ նպատակ ունինք AppStore եւ GooglePlay սմարթ սարքերու համար նախատեսուած արագ աճող շուկաներուն մէջ տարածել հայկական հնագոյն մշակութային գանձերը եւ ատով իսկ աւելի ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը: Յոյս ունինք գրաւել օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը, ատով իսկ խթանելով զբօսաշրջութեան աճը: Կը կարծենք, որ ծրագիրը հետաքրքրական պիտի ըլլայ հարիւր հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք դեռ չեն այցելած Հայաստան` իրենց պատմական հայրենիքը: Նաեւ՝ յոյս ունինք գրաւելու նաեւ հայաստանցի երիտասարդներուն ուշադրութիւնը: Ի միջի այլոց, նախագիծը շատ պահանջուած պիտի ըլլայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող դպրոցներու գրադարաններուն մէջ եւ մենք արդէն կը քննարկենք այդ հարցը համապատասխան պետական մարմիններու հետ: «Հայկական Գանձեր» ծրագիրը կը պարունակէ նաեւ թաքնուած քարոզչական տարր` Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերաբերեալ: Ապագային քարոզչական տարրը պիտի սկսի զօրանալ, յատկապէս այն փուլին, երբ մենք պիտի ներառենք եւ վերացականօրէն վերականգնենք Արեւմտեան Հայաստանի հայկական յուշարձանները, օրինակ Անի քաղաքի աւերակները:
Այս քանի մը տարուան ընթացքին, ընկերութիւնը հաւանաբար բաւական գումար ներդրած է ծրագրին մէջ, այդպէս չէ՞:
Դուք իրաւացի էք: Նորագոյն ճարտարագիտութիւնները մեծ հաճոյք են եւ մեր ընկերութիւնը իրօք արդէն հաւանաբար բաւական գումար ներդրած է: Ներկայիս ծրագիրը եւս ունի նաեւ ֆինանսաւորման կարիք՝ իր շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Չէ՞ որ դեռ բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ ծրագրին մէջ ներառուած չեն:
Այդ նպատակով մենք թողարկած ենք գեղեցիկ, ձեռագործ տուփերով «Հայկական Գանձեր»ու յուշանուէրային DVD տարբերակներ: Շատ գեղեցիկ զարդաման յուշանուէրներ են, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի նորանոր հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ Գանձարանին մէջ ներառելու գործընթացին: Բացի այդ, մենք որոշ ակնկալիքներ ունինք AppStoreի մեր Armenian Treasures բջիջային յաւելուածի վճարովի ճանապարհորդութեանց վաճառքէն: Փաստօրէն պիտի ըլլայ այնպէս, որ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ներդնելու իր փոքր աւանդը ծրագրի շարունակականութիւնը ապահովելու գործընթացին` գնելով ծրագրի յուշանուէրային կամ բջիջային յաւելուած տարբերակը:
Կը կարծեմ Ծրագրին աջակցիլ ուզողները շատ պիտի ըլլան: Ինչպիսի՞ն կը տեսնէք ծրագրի ապագան:
Մենք կը փափաքինք ծրագրի ծիրէն ներս վերացական ճանապարհորդութիւններ կազմակերպել ոչ միայն դէպի Հայաստանի եւ Արցախի, այլ նաեւ դէպի ամբողջ մոլորակի հայկական պատմամշակութային գանձերը: Կը պատկերացնէ՞ք: Ատիկա հիանալի պիտի ըլլար: Սակայն, բնականաբար, մեր ընկերութեան դժուար պիտի ըլլայ առանց լրացուցիչ օժանդակութեան նման ծաւալով զարգացնել ծրագիրը: Այդ առումով մենք լաւատես ենք եւ վստահ, որ «Հայկական Գանձեր» ծրագիրը շուտով ձեռք պիտի բերէ աջակից բարեկամներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛, ի հարկէ, Սփիւռքէն: Մենք արդէն հասցուցած ենք ներկայացնել ծրագիրը քանի մը ցուցահանդէսներու եւ հասարակութեան բացառիկ արձագանգը մեզի լաւատեսութեան հիմքեր կու տայ: