Միտքս տան­ջող առա­ջին հար­ցումով սկսիմ։ Ին­չո՞ւ այսքան ու­շա­ցաք։

Բազ­միցս հրա­ւէր ստա­ցած եմ Պոլսոյ Շարժանկարի Փա­ռատօ­նէն։ Կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն նա­մակով դի­մեցի եւ հար­ցուցի.- «Կ՚երաշ­խա­ւորե՞ն, որ ազա­տօրէն պի­տի կա­րենամ խօ­սիլ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով»։ Այս հար­ցումիս պա­տաս­խա­նը եր­բեք չեմ ստա­ցած։ Բայց եթէ քիչ մը աւե­լի խո­րանանք, ես ալ բազ­մա­թիւ սփիւռքա­հայե­րու նման կը դի­մադ­րէի Թուրքիա գա­լու գա­ղափա­րին։ Կինս՝ Ար­սի­նէ Խան­ճեան վեր­ջին տա­րինե­րուն յա­ճախ գտնուեցաւ Պոլիս։ Ես տպա­ւորուած եմ իր պայ­ծա­ռամ­տութե­նէն, բայց չէի հասկցած, որ այսքան հե­ռաւո­րու­թեան վրայ ի՞նչ դի­տար­կումներ կրնայ ու­նե­նալ։ Ան­կա­րելի էր մեր­ժել Էրիք Նա­զարեանի եւ Սե­րա Տին­քի հար­սա­նիքին խա­չեղ­բայր ըլ­լա­լու առա­ջար­կը։ Ար­տա­կարգ առիթ մըն էր հոս գա­լու հա­մար։ Ի վեր­ջոյ ըն­տա­նեկան եւ անձնա­կան խնդրի մը հա­մար կու գա­յի։ Միակ օրա­կարգս էր իմ սի­րելի բա­րեկամ­նե­րուն սէ­րը ող­ջունել։ Բայց այստեղ ան­ցուցած մէկ շա­բաթուայ ըն­թացքին կար­ծես աշ­խարհ մը բա­ցուե­ցաւ առ­ջեւս։ Ար­սի­նէն կը պատ­մէր որոշ բա­ներու փո­խուած ըլ­լա­լը։ Իսկ ես, մին­չեւ որ հոս գամ, չէի հասկցած շա­րու­նա­կուող երկխօ­սու­թեան բնոյ­թը։

Իսկ ի՞նչ տպա­ւորու­թիւններ ու­նե­ցաք։

Մենք սփիւռքի պայ­մաննե­րուն մէջ մոռ­ցած էինք հա­յերու եւ թուրքե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Պատ­մութիւ­նը ընդհա­տած էր այդ յա­րաբե­րու­թիւնը եւ մենք այդ պա­հուն մէջ սա­ռած էինք։ Իսկ հոս նկա­տեցի, որ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը զար­գա­նան եւ երկխօ­սու­թեան պատ­ճա­ռաւ կեն­սունա­կու­թիւն մը կ՚ապ­րուի։ Մենք մեր ապ­րած եր­կիրնե­րուն մէջ ու­զե­ցինք, որ իմա­նալի դառ­նայ մեր տա­ռապան­քը։

Իսկ այ­սօր կը նկա­տեմ, որ Հռո­մի Ֆրանցիսկոս Պա­պի յստակ յայ­տա­րարու­թիւնը, Գեր­մա­նիոյ, Աւ­­ստրիոյ կամ Պել­ճիքայի խորհրդա­րան­նե­րու որո­շումնե­րը ան­բա­ւարար են ճնշում մը բա­նեց­նե­լու հա­մար։ Խնդիրը Թուրքիոյ ներսն է։ Եթէ սփիւռքը այս տե­ղի հա­սարա­կու­թեան հետ կապ չու­նե­նայ, գոր­ծընթաց­քէն ալ դուրս կը մնայ։ Բա­ցի այդ բո­լորէն, կը խու­սա­փէի ինքզինքս ան­կա­րեւոր զգա­լու վտան­գէն։ Մեծ ջան­քե­րով նուաճում մը ար­ձա­նագ­րած էի եւ չէի ու­զեր զայն կորսնց­նել։ Սա­կայն այստեղ նկա­տեցի փո­փոխու­թիւնը, պայ­ծա­ռու­թիւնը տե­սայ եւ ան­հա­ւատա­լի մարդկանց հետ ծա­նօթա­ցայ։

Այսքան կարճ ժա­մանա­կի մէջ ինչպէ՞ս նկա­տեցիք այս բո­լորը։

Քա­նի մը գոր­ծօններ կան։ Այ­ցե­լեցի Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը եւ «Ակօ­ս»ը ու տե­սայ, որ կանք։ Կանք, եւ միշտ հոս էինք։ Օտա­րու­թիւն չզգա­ցի, ան­մո­ռանա­լի զրոյցներ ու­նե­ցայ այդ եր­դի­քին տակ։ Ար­սի­նէի հետ ճա­շարան մըն էինք։ Յան­կարծ նկա­տեցի, որ կող­քի սե­ղանը նստող­նե­րը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծեցին։ Իս­կոյն մաս­նակցե­ցայ իրենց զրոյ­ցին։

Քիւրտ ու­սա­նող մը եւ իր ու­սուցիչն էի­ն։ Տիգրանակերտցի (Տի­յար­պէ­քիր­ցի) էին եւ ին­ծի պատ­մե­ցին Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին իրենց գի­տակ­ցութեան պատ­մութիւ­նը։ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեամբ հա­զարա­ւոր­ներ փո­ղոց թա­փելով «բո­լորս հայ ենք, բո­լորս Հրանդ ենք» գո­ռացած էին։ Մենք կար­ծե­ցինք, որ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կ՚ըն­դունինք» կ՚ըսեն։ Մինչդեռ անոնք իրո­ղու­թեան մէջ «Հրանդ ենք, քան­զի խօս­քի ազա­տու­թիւն կ՚ու­զենք» կ՚ըսէին։ Մենք ամէն ինչ մէկ սահ­մա­նով տես­նե­լու վար­ժուած էինք։ Հի­մա անդրա­դար­ձած ենք, որ մեր ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի հա­ւաքա­կանու­թիւն մը կայ եւ միայն այդ հա­ւաքա­կանու­թեան մտայ­նութեան փո­խուե­լով է, որ պի­տի յաղ­թա­հարենք մեր վա­խերը։

 Իսկ յու­սա­խաբու­թեան պա­հեր չու­նե­ցա՞ք։

Օս­մա­նեան լու­սանկար­չութեան պատ­մութեան մա­սին ցու­ցա­հան­դէս մը այ­ցե­լեցի։ Հա­յու անու­նը միայն մէկ ան­գամ գոր­ծա­ծուե­ցաւ, այն ալ Ապ­տուլ Հա­միտի դէմ մա­հափոր­ձի պատ­ճա­ռաւ։ Պաշ­տօ­նական տե­սու­թիւնը կրկնուած էր՝ հա­յը կը ներ­կա­յանար ահա­բեկի­չի դե­րով։ 1922ի թուար­կուած ֆիլ­մի մը որմնազ­դը տե­սայ։ Դե­րասան­նե­րուն եւ նկա­րահան­նե­րուն կէ­սը հայ էին։ Խտրա­կանու­թիւնը զգա­ցի։

Եթէ հա­սարա­կու­թիւնը գի­տակ­ցի Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, պե­տու­թեան դիր­քո­րոշու­մը կը փո­խո՞ւի։

Եթէ օր մը Թուրքիոյ պե­տու­թեան ըն­թացքը պի­տի փո­խուի, այդ բա­նը միայն հա­սարա­կու­թեան ճնշու­մով պի­տի ըլ­լայ։ Մենք սփիւռքի մէջ մեր ապ­րած եր­կիրնե­րու իշ­խա­նու­թիւննե­րուն ճնշե­ցինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մին հա­մար։ Պա­տաս­խա­նատուու­թիւն մըն էր մեր վրայ։ Բայց ստի­պուած ենք այս երկրի ան­ցուդար­ձե­րուն ալ հե­տեւիլ։

Ի՞նչ տար­բե­րու­թիւն կը տես­նէք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Եւ­րո­պայի կամ Ամե­րիկա­յի ու Թուրքիոյ մէջ յի­շատակ­ման մի­ջեւ։

Հա­տուած մը կայ, որ հա­մոզուած է, թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մի­այն հա­յերը կրնան յի­շատա­կել։ Ոչ ոք կրնայ զգալ մեր ող­բերգու­թիւնը։ Քա­ղաքա­կան մեր­ձե­ցում մըն է այս։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ յի­շատա­կու­մը էական է։ Թաք­սի­մի յի­շատակ­ման պա­հուն թուրքեր եւ քիւրտեր կա­յին։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը հա­սարա­կու­թեան իմաց­նե­լու ուղղու­թեամբ աշ­խա­տող թուրք եւ քիւրտ ակա­դեմա­կան­ներ կան։ Սփիւռքա­հայերս պէտք է հասկնանք, որ ու­րիշներ ալ կրնան յի­շատա­կել ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Արեւմտեան եր­կիրնե­րուն մէջ ալ այդ չէ՞ եղած։ Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ հրա­շալի ճա­ռեր կ՚ար­տա­սանեն ամէն տարի Ապրիլ 24ին։ Բայց այդ ելոյթնե­րը զգա­ցումնե­րէ չեն բխիր։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ ըն­կե­րային կա­ռոյց մըն է, որ կը բարձրա­նայ։

Ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք դա­րադար­ձը գե­ղարուես­տա­կան ար­տադրու­թեան առու­մով։

Գե­ղարուես­տա­կան գոր­ծե­րը ծրագ­րի մը շրջագ­ծով չեն ստեղ­ծուիր։ Արուես­տա­գէտը իր կեան­քի որոշ մէկ պա­հուն զգա­ցում մը դրսե­ւորել կ՚ու­զէ եւ արուես­տի գոր­ծը կը ծնի։ Ան­շուշտ նշեմ, որ Վե­նետի­կի եր­կա­մեակին Հա­յաս­տա­նի տաղաւարին մեծ մրցա­նակը նուաճե­լը կամ Սար­գի­սին Թուրքիան ներ­կա­յաց­նե­լը հպար­տութիւն պատ­ճա­ռող երե­ւոյթներ են։ Մեծ փլու­զումէն 100 տա­րի ետք, հա­րազատ մշա­կոյ­թը վե­րակեր­տե­լու ըն­թացքին մէջն ենք։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ֆիլմ մը նկա­րահա­նել կը խոր­հի՞ք։

Ո՛չ։ Բայց ու­շագրաւ է, նոր ֆիլմս - «Վեր­յի­շել» - Հո­լոքոս­թը նիւթ կ՚առ­նէ։ Ֆիլ­մի հե­րոսը ըն­տա­նիքը կորսնցու­ցած է Օշ­վիթցի մէջ, որո­շած է իր ըն­տա­նիքը սպան­նողնե­րէն վրէժ լու­ծե­լ։ Սա­կայն ալ­զայմը­րէ տա­ռապե­լուն պատ­ճա­ռաւ մոռ­ցած է բուն նպա­տակը։ Զինք կը տես­նենք հիւ­րա­նոցի սե­նեակի մը մէջ, ձեռ­քին ատրճա­նակ, կը սպա­սէ ու չի գի­տեր, թէ ո՞վ եւ ին­չո՞ւ պէտք է սպան­նէ։

Իսկ ո՞րն է Պոլսոյ ապ­րումնե­րու ան­մո­ռանա­լի պա­հը։

Այն պա­հը երբ եկե­ղեց­ւոյ մուտքին իբ­րեւ խա­չեղ­բայր կը ձեռ­նուիմ եկող­նե­րուն հետ։ Շատ զգա­ցուե­ցայ։ Ան­հա­ւատա­լի դիրք մըն էր։ Տե­ղացի հա­յերուն եկե­ղեցին էի, այ­սինքն անոնց տու­նը եւ իբ­րեւ տան­տէր կը դի­մաւո­րէի զի­րենք։ Ու­շադրու­թեամբ նա­յեցայ անոնց դէմ­քե­րուն եւ իրենց հետ նոյն զգա­ցու­մը, միաս­նութիւ­նը կի­սելը ան­մո­ռանալի դարձաւ։

ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ - «Agos»