Հ.Հ. Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Յու­նաս­տա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա­թէն­քի մէջ Յու­նիս 15ին ի­րա­գոր­ծո­ւած իր հա­մեր­գին ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­ն այ­ցե­լեց հայ­րե­նի սի­րո­ւած երգ­չու­հի Նու­նէ Ե­սա­յեան։ Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, ա­ւան­դա­կան եր­գե­րու եւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը յու­զող հար­ցե­րու շուրջ իր հետ զրու­ցեց Մի­քի Մով­սէ­սեա­ն։

Հա­յաս­տան միշտ ե­ղած է մշա­կոյ­թը զար­գաց­նող եր­կիր։ Դուք հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գը կը ներ­կա­յաց­նէք աշ­խար­հին։ Ի՞նչ է Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դու­թեան այժ­մու զար­գա­ցու­մը, իսկ դուք ինչ­պէ՞ս կը զգաք, որ­պէս մաս­նի­կը այս ժա­ռան­գու­թեան։

Ընդ­հան­րա­պէս ա­րո­ւեստն ու մշա­կոյ­թը գե­րա­զանց տեղ կը գրա­ւեն մեր երկ­րին մէջ։ Փոք­րիկ եր­կիր մը ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ հսկայ տա­ղանդ­ներ կը տրա­մադ­րենք։ Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի զար­գա­ցումն ու տա­րա­ծու­մը թէ՛ Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան, թէ՛ այլ ազ­գե­րու մօտ շատ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թաց մըն է։ Ես, իմ մար­զէս ներս, իմ «փոք­րիկ» դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, կը փոր­ձեմ տա­րա­ծել հայ­կա­կան երգն ու ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Այս ճի­գին մէջ կա­րե­ւոր դեր կը գրա­ւեն հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րը, որ ու­ժեղ ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նին, լիո­վին ամ­բող­ջաց­նե­լով մեր ընդ­հա­նուր ե­րաժշ­տա­կան պատ­կե­րը, ինչ­պէս կա­րե­լի է հաս­տա­տել մեր հա­մերգ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։

Եր­կար փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նիք ճազ ե­րաժշ­տա­կան դաշ­տէն ներս։ Ար­դի Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­րե­լի՞ է բա­ւա­րար ձե­ւով տա­րա­ծել ե­րաժշ­տա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րը։

Ժա­մա­նա­կը ա­մէն ինչ կը բե­րէ։ Ար­դի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը բնա­կա­նա­բար կ­’ազ­դուին օ­տար ե­րաժշ­տու­թե­նէն։ Ան­շուշտ, պար­տա­ւոր են քայլ պա­հե­լու ի­րենց ժա­մա­նա­կին հետ, ինչ­պէս կը պար­տադ­րէ ա­րո­ւես­տի համաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը։ Եւ­րո­պան Ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան նմուշ­ներ կ­’ըն­դօ­րի­նա­կէ, մենք մեր կար­գին՝ Եւ­րո­պա­կան կամ Ա­մե­րի­կեան եւ ընդ­հա­նու­րին մէջ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին միա­տե­սա­կու­թիւն մը կը ստեղ­ծո­ւի։ Տար­բեր ալ չ’ըլ­լար։

Այ­սու­հան­դերձ, մենք պար­տինք մեր մշա­կոյ­թը ծա­նօթ դարձ­նել աշ­խար­հին, նոյ­նիսկ ե­թէ ո­րոշ «հնա­րամ­տու­թիւն­նե­րու» պի­տի դի­մենք, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան երգն ու բա­ռե­րը ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կա­կից տա­րա­զով ներ­կա­յաց­նե­լով... Մեր փոր­ձա­ռու ու ճա­նա­չո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը յա­ճախ գան­գատ կը յայտ­նեն եւ մեզ կը դա­տա­պար­տեն՝ բո­ղո­քե­լով, թէ կ­’այ­լան­դա­կենք ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րա­զա­տու­թե­նէն կը հե­ռացնենք եր­գե­րը։

Այս չի նշա­նա­կեր սա­կայն, թէ մեր ը­րա­ծը շատ ազ­դու մի­ջոց մը չէ, որ մատ­չե­լի կը դարձ­նէ հայ եր­գը օ­տար ուն­կն­դի­րին ի­րե՛ն հա­րա­զատ ե­րաժշ­տու­թեան ընդ­մէ­ջէն։ Միա­ժա­մա­նակ սա­կայն, պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լալ եւ ազ­գա­յին տօ­նե­րու կամ հան­դէս­նե­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մեր ար­մատ­նե­րէն բխած իր բուն ե­րանգ­նե­րով։

Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք Հա­յաս­տա­նի եւ ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դու­թեան ներ­կայ փոխ-կա­պակ­ցու­թիւ­նը։

Կար­ծեմ որ ինչ­պէս էր մինչ հի­մա, նոյն ձե­ւով ալ կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Կան ե­րի­տա­սարդ կա­տա­րող­ներ, ո­րոնք փոր­ձա­ռա­կան տար­բեր ո­ճեր կ­’օգ­տա­գոր­ծեն։ Հա­սուն­նա­լով սա­կայն, տա­րի­քի մը կը հաս­նիս - ինչ­պէս՝ ես հի­մա - երբ յստա­կօ­րէն կրնաս այ­լեւս ճանչ­նալ եւ կի­րար­կել քու հա­րա­զատ ոճդ։ Բազ­մա­թիւ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք կրնայ ե­ղած ըլ­լալ այս ե­րաժշ­տա­կան ճա­նա­պար­հը, սա­կայն մարդ իր ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լով՝ կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր ա­րո­ւես­տի ար­տա­յայ­տու­թեան ձե­ւը եւ այդ­պէս ալ կը փո­խան­ցէ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։

Ժո­ղովր­դա­յին եր­գը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ­’անց­նի ու­սու­ցի­չէն ա­շա­կեր­տին, ա­ռանց փնտռտուք­նե­րու, կամ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու։ Այդ­պէս ալ կը պա­հո­ւի ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Անձ­նա­պէս ես, բնաւ վտան­գուած չեմ նկա­տեր հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ա­պա­գան։

Ըն­տա­նիք եւ աշ­խա­տանք։ Կա­րե­լի՞ է այս եր­կու­քը հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած պահ­պա­նել կեան­քին մէջ։

Եր­կու տե­սակ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ կան։ Ա­նոնք ո­րոնք ի­րենց աս­պա­րէ­զին վրայ կը ծան­րա­նան եւ ա­նոնք՝ ո­րոնք ըն­տա­նի­քը կ­’ընտ­րեն։ Անձ­նա­կան ընտ­րու­թեան հարց է։ Ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին, մար­դիկ կ­’ո­րո­շեն, թէ ա­ռանց սե­փա­կան ըն­տա­նի­քի պի­տի ապ­րին։ Այս հա­մո­զու­մը անձ­նա­սի­րու­թի՞ւն է, ինք­նա­հա­ւա­նու­թի՞ւն, բարձր թի­րա՞խ եւ ճա­նա­չո՞ւմ։ Տ­կա­րու­թի՞ւն է կամ եր­կուքն ալ յա­ջողեցնե­լու ան­կա­րո­ղու­թի՞ւն։ Հա­ւա­նա­բար շատ պատ­ճառ­ներ կա­րե­լի է գտնել։ Վս­տա­հա­բար սա­կայն ըն­տա­նիք չու­զեր, կը նշա­նա­կէ թէ ար­գելք կը սե­պեն ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թիւ­նը ի­րենց ա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման մէջ։

Երկ­րորդ պա­րա­գա­յին - հոն ուր ես ալ կը պատ­կա­նիմ - բո­լո­րո­վին տար­բեր մօ­տե­ցում կայ։ Ա­ռա­ջին պա­հէն, երբ ո­րո­շե­ցի եր­գա­րո­ւես­տով զբա­ղիլ, գի­տէի որ չէի ու­զեր բե­մի վրայ ապ­րո­ւող կեանք մը միայն։ Միշտ փա­փա­քած եմ ըն­տա­նիք, ե­րե­խա­ներ, այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ պա­հը հա­սաւ, նոյ­նիսկ մէկ վայր­կեա­նի հա­մար չվա­րա­նե­ցայ։ Ըն­տա­նիքս ա­ռաջ­նա­հերթ էր ին­ծի հա­մար։ Սա­կայն, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, ըն­կեր­ներս զիս սթա­փե­ցու­ցին, որ­պէս­զի բո­լո­րո­վին չլքեմ ա­րո­ւես­տը։ Իսկ հի­մա, հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած ձե­ւով կը տի­րա­պե­տեմ ըն­տա­նե­կան եւ աս­պա­րէ­զա­յին ժա­մա­նա­կիս, եր­կու­քին ալ անհ­րա­ժեշտ ուժն ու փա­րու­մը տա­լով։

Բա­րե­սի­րա­կան շատ ծրա­գիր­նե­րու մաս­նակ­ցած էք, հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն­ներ, հա­մերգ­ներ, Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­ներ, ե­ւայլն։ 2011 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ հիմ­նադ­րած էք ձեր ա­նո­ւամբ գոր­ծող բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւ­նը, որ կա­րե­ւոր գործ կը տա­նի ա­նա­պա­հով ե­րե­խա­նե­րու մօտ, ե­րաժշ­տու­թեան ընդ­մէ­ջէն։

Ի­րա­պէս, եր­կար տա­րի­ներ կը զբա­ղիմ բա­րե­գոր­ծու­թեամբ։ Հա­մերգ­ներս կը ծա­ռա­յեն բա­րե­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու, որ­բա­նոց­նե­րու, ծե­րա­նոց­նե­րու, ման­կամ­սուր­նե­րու խնա­մա­կա­լա­կան գոր­ծե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։ Պա­հը ե­կաւ, երբ գոր­ծա­կից­նե­րուս հետ ո­րո­շե­ցինք պաշ­տօ­նա­կաց­նել բա­րե­սի­րա­կան մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, հո­վա­նա­ւոր­ներ ա­պա­հո­վե­լու եւ գու­մար­ներ հայ­թայ­թե­լու նպա­տա­կով։ Այս­պէս ծնաւ «­Նու­նէ Ե­սա­յեան» բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ սկսաւ օգ­նու­թիւն տալ ե­րե­խա­նե­րու։ Դաշ­նակ­ներ եւ ջու­թակ­ներ գնե­ցինք ո­մանց հա­մար, այլ ե­րե­խա­նե­րու ա­ջակ­ցե­ցանք, որ­պէս­զի մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն ե­րաժշ­տա­կան մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նե­րու, փոր­ձե­լով տա­ղան­դա­ւոր ե­րե­խա­նե­րուն ա­ջակ­ցիլ եւ զար­գաց­նել ի­րենց յատ­կու­թիւ­նը։ Այս ալ սա­կայն բա­ւա­րար չէր։ Ան­կէ ետք ծնաւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի գա­ղա­փա­րը, ուր դա­սե­րու ա­ւար­տին, կա­մա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ կ­’օ­ժան­դա­կեն դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն, ըստ ի­րենց նա­խա­սի­րու­թեան՝ ճատ­րակ, ե­րաժշ­տու­թիւն, նկար­չու­թիւն, Թաէ-Ք­վոն-­Տօ սոր­վեց­նե­լով։ Ա­մէն ին­չը անվ­ճար կ­’անց­նի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր ա­շա­կերտ­նե­րու մեծ մա­սը ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րէ յա­ռաջ կու­գայ, կամ որբ է։ Կան ե­րե­խա­ներ, ո­րոնք սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներ են։ Ներ­կա­յիս 80 ա­շա­կերտ­ներ կը յա­ճա­խեն դպրոց, շէն­քի մը մէջ, որ տրա­մադ­րո­ւած է մե­զի պե­տու­թեան կող­մէ։ Մեր նպա­տակն է 100 ա­շա­կերտ պատս­պա­րել այս տա­րո­ւայ Սեպ­տեմ­բե­րին, որ­պէս խորհր­դանի­շ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի տա­րուան։

Կը վա­յե­լէ՞ք պե­տու­թեան եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ձեր բա­րե­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։

Իմ ա­նու­նիս կա­պո­ւած են դրա­կան եւ ժխտա­կան ար­ձա­գանգ­ներ։ Կան մար­դիկ, ո­րոնք սէր եւ հա­ւատք ու­նին ան­ձիս հան­դէպ եւ քա­ջա­լեր ու զօ­րա­վիգ կը կանգ­նին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուս։ Կան ու­րիշ­ներ ալ, ո­րոնք նոյն յար­գան­քը ցոյց չեն տար, ը­սե­լով թէ Նու­նէ ա­մէն ին­չի մէջ է, են­թադ­րե­լով թէ յա­տուկ գուր­գու­րանք կը վա­յե­լեմ...։ Պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ստա­ցած եմ շատ ան­գամ­ներ, հա­մերգ­նե­րու թէ բա­րե­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման մէջ։ Բայց իմ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տրո­ւած օգ­նու­թիւ­նը միայն շէն­քա­յին է, այդ շէն­քը, որ տրա­մադ­րուե­ցաւ միօրեայ դպրո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Մ­նա­ցեալ բո­լոր գու­մար­նե­րը, հո­վա­նա­ւոր­նե­րու աշ­խա­տան­քը, ա­մէն ինչ, կը ծա­ւա­լեմ ա­ռան­ձին։ Այս պատ­ճա­ռով ալ նպա­տակ ու­նիմ այ­ցե­լե­լու Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րը, խօ­սե­լու եւ ծա­նօ­թաց­նե­լու մեր տա­րած աշ­խա­տան­քին մա­սին։ Պէտք է մար­դիկ հա­ւա­տան այս նպա­տա­կին, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ ա­պա­հո­վել գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին։

Ի՞նչ են ա­պա­գա­յի ձեր ծրա­գիր­նե­րը։ Հայ եւ օ­տար ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ կը ծրագ­րէ՞ք։

Ինչ­պէս գի­տէք, այս տա­րո­ւան հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած է «­Կանք, պի­տի լի­նենք ու դեռ շա­տա­նանք» հա­մեր­գա­շա­րի ի­րա­գոր­ծու­մը։ Հոկ­տեմ­բե­րին պի­տի մեկ­նինք Ա.Մ.Ն. եւ Քա­նա­տա նոյն ծրագ­րով։ Յա­ռա­ջի­կա­յին կը ծրագ­րեմ տո­ւէթ մը կա­տա­րել հան­րա­ծա­նօթ վրա­ցի-ռուս եր­գիչ Սօ­սօ Փաւ­լիաշ­վի­լիի հետ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած եր­գի մը ձայ­նագ­րու­մով։ Եւ ան­պայ­ման կ­’ու­զեմ յա­ջողց­նել եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր մտքիս մէջ ե­ղող ծրա­գիր մը, ձայ­նագ­րե­լով հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով սկա­ւա­ռակ մը։

Ի՞նչ կար­ծիք ու­նիք Եւ­րա­տե­սի­լի մա­սին։ Այս տա­րի Հա­յաս­տան մաս­նակ­ցե­ցաւ բո­լո­րո­վին տար­բեր ո­ճի ու խորհր­դան­շա­կան խոր ի­մաս­տի եր­գով։ Այ­սու­հան­դերձ, եր­գի դա­սա­ւո­րու­մը լաւ չէր։

Հա­յաս­տա­նի մէջ դժբախ­տա­բար մեծ նշա­նա­կու­թիւն կու­տանք Եւ­րա­տե­սի­լի մրցու­մին։ Կ’ու­զենք մեր հար­ցե­րը ներ­կա­յաց­նել այդ փա­ռա­տօ­նին ընդ­մէ­ջէն։ Այ­սու­հան­դերձ, հոն յար­մար վայ­րը չէ նման լուրջ հար­ցե­րու ներ­կա­յաց­ման հա­մար։ Մեր ազ­գա­յին հար­ցե­րու մի­ջազ­գայ­նա­ցու­մը բո­լո­րո­վին այլ ճա­նա­պարհ­նե­րով ու ձե­ւե­րով պէտք է հե­տապն­դել, այլ ռազ­մա­վա­րու­թիւն որ­դեգ­րել։ Եւ­րա­տե­սի­լը ե­րաժշ­տա­կան մրցում մըն է, ուր դաշ­նա­կից­ներ եւ ընտ­րու­թիւն­ներ կը բխին քա­ղա­քա­կան դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ։ Ա­մէն տա­րի յայտ­նի կը դառ­նայ այս մէ­կը։ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ե­ղած են շատ ար­ժէ­քա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, բայց Հա­յաս­տան պատ­րաստ չէ նման կազ­մա­կեր­պում մը ստանձ­նե­լու, յաղ­թա­նա­կի պա­րա­գա­յի­ն։