altՊոլ­սոյ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս հիւ­րա­բար քա­ղաքս կը գտնո­ւի հայ ե­րաժշ­տու­թեան մե­րօ­րեայ կա­րե­ւո­րա­գոյն յօ­րի­նող Տիգ­րան Ման­սու­րեան։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք թեր­թիս աշ­խա­տա­կից Լո­րա Սա­րը­յի մեծ եր­գա­հա­նի հետ կա­տա­րած հար­ցազ­րոյ­ցէն հա­տո­ւած­ներ։

Տիգ­րան Ման­սու­րեան ո՞վ է, իր իսկ բա­ռե­րով։ Ի՞նչ կ­՚ը­նէ, ինչ­պէ՞ս է իր կեան­քը Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ե­րա­ժիշտ եմ։ Այս է իմ ու­սումս։ Չորս տա­րի Ռո­մա­նոս Մե­լի­քեա­նի ա­նո­ւան ու­սում­նա­րան, այ­նու­հե­տեւ հինգ տա­րի Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նոց եւ այ­նու­հե­տեւ եր­կու տա­րի աս­պի­րան­տու­րա։ Ես ու­սա­նած եմ միայն Ե­րե­ւա­նի մէջ, բայց իմ ըն­կեր­ներս ամ­բողջ Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քին էին։ Խորհր­դա­յին միու­թեան ժա­մա­նակ ին­ծի ար­գի­լո­ւած էր երկ­րէն դուրս ե­լել։ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն յե­տոյ ես ա­մէն տեղ կ­՚եր­թամ եւ ին­ծի կը պա­տո­ւի­րեն, կը գրեմ, կը նո­ւա­գեն, ես ներ­կայ կը գտնո­ւիմ, կը հրա­տա­րա­կո­ւիմ խտա­սա­լի­կի վրայ։ Կ­՚ապ­րիմ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Վաթ­սու­նա­կան­նե­րուն Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն դուրս գա­լու ար­գել­քը միայն ձե՞զ կը վե­րա­բե­րէր, թէ՞ ընդ­հա­նուր ար­գելք մըն էր եւ ին­չո՞ւ։

Չեմ գի­տեր... Կապ ու­նէր ա­նոր հետ, որ ես գա­ղա­փա­րա­պէս Սո­վետ­նե­րուն կող­մը չէի։ Կը դա­սա­կար­գէին մար­դոց, եւ կար խմբա­ւո­րում մը, ո­րուն ար­գի­լո­ւած էր դուրս գալ երկ­րէն։ Փա­րա­ճա­նովն ալ նոյնն էր, մենք շատ լաւ ըն­կեր­ներ էինք ի­րար հետ։

Ու­րեմն ձեր ըն­տա­նի­քը Օս­մա­նեան Կայս­րու­թե­նէն է։

1947ին Պէյ­րու­թէն ներ­գաղ­թած ըն­տա­նի­քի զա­ւակ եմ։ Մայրս Մա­րաշ­ցի է, պա­պաս Տիգ­րա­նա­կերտ­ցի։ Ջար­դէն ետք որ­բա­նոց­նե­րու մէջ ի­րար հան­դի­պած են։ Ըն­տա­նիք կազ­մած են Պէյ­րու­թի մէջ։ Մա­մաս շատ յա­մառ էր, ա­նոր հա­մար կը սի­րեմ մա­րաշ­ցի­նե­րուն յա­մա­ռու­թիւ­նը, ես ալ քիչ մը ան­կէ ու­նիմ։

Թուր­քիա գա­լու վե­րա­բե­րեալ ինչ­պէ՞ս կը զգաք։ Ձեր ա­ռա­ջի՞ն ան­գամն է, որ կը գտնո­ւիք այս­տեղ։

Այս­տեղ մէկ ժա­մէն միւ­սը կ­՚անց­նիմ։ Դ­ժուար է, մէկ շա­բաթ պի­տի տե­ւէ։ Եւ յե­տոյ պի­տի եր­թամ Ե­րե­ւան, եւ այս ամ­բող­ջին մա­սին պի­տի մտա­ծեմ, թէ ի՞նչ ե­ղաւ, ի՞նչ ապ­րե­ցայ։ Պատ­կեր­ներ կան աչ­քիս ա­ռաջ ան­սո­վոր։ Երբ մենք ո­րե­ւէ տեղ թրքա­կան դրօշ կը տես­նենք, մենք ատ­կէ միայն կը վախ­նա­յինք։ Հի­մա լեփ լե­ցուն է չորս կողմս, եւ պէտք չէ վախ­նամ։ Ա­սի­կա նոր բան մըն է։

Ի՞նչ տե­սակ բան է շար­ժան­կա­րի հա­մար ե­րաժշ­տու­թիւն գրե­լը։

Բո­լո­րո­վին տար­բեր բան մըն է։ Ա­մէն ան­գամ, որ շար­ժան­կա­րի մը հա­մար ե­րաժըշ­տու­թիւն կը գրեմ, պէտք է իմ գիծս փո­խեմ, ու­րիշ գիծ մը մտնեմ, այն­տեղ աշ­խա­տիմ եւ յե­տոյ նո­րէն վե­րա­դառ­նամ։ Դ­ժո­ւար է այդ գի­ծը փո­խել։ Ժա­պա­ւէ­նէ ժա­պա­ւէն ու­րիշ մէկն եմ։ «Ն­ռան գոյ­ն­»ին մէջ ես մէկն եմ, եւ «Կ­տոր մը Եր­կինք»ին մէջ ամ­բող­ջո­վին ու­րիշ մէկն եմ։ Ես հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի ժա­պա­ւէն­ներ ը­րած եմ եւ շատ յա­ճախ պէտք է փո­խո­ւիմ, բայց իմ ե­րաժշ­տու­թիւնս, որ ես կ­՚ը­նեմ, նոյնն է, տա­րի­նե­րէ ի վեր։

Ու­րեմն ին­չէ՞ն կը ներշն­չո­ւիք, ինչ­պէ՞ս կ­՚աշ­խա­տիք։ Ի՞նչ մտիկ կ­՚ը­նէք։

Ճշ­մար­տու­թիւն մը կայ, որ գի­տես։ Քու գործդ եւ քու ճշմար­տու­թիւնդ պէտք է ի­րար գտնեն, ա­տի­կա պէտք է ճիշդ ըլ­լայ։ Ե­թէ պզտիկ ճիշդ մըն է, նեղ կը մնայ։ Ես կը սի­րեմ հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, կը հա­ւա­տամ որ շատ հին մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ ու­նինք, շատ հին, որ մե­զի հետ կ­՚ապ­րին մին­չեւ հի­մա։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­ղօթ­քը, «Ան­կա­նիմ ա­ռա­ջի քո...», ա­սի­կա հին­գե­րորդ դա­րէն կու գայ, եւ ես 1500 տա­րին մէկ եր­գով կ­՚անց­նիմ, մէկ վայր­կեա­նի մէջ։ Ետ կ­՚եր­թամ այդ­քան տա­րի եւ ետ կու գամ։ Այս ճամ­բան իմ հարս­տու­թիւնս է։

Քիմ Քար­տա­շեա­նի հետ հա­յե­րէն հա­ւա­քա­ծո­յին մէ­ջ­ եր­կու յօ­րի­նում ու­նիք, եւ ան­շուշտ Կո­մի­տա­սի գոր­ծե­րը։

Հա­ւի­կը կայ այդ հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ, Հա­ւի­կը տա­սե­րորդ դար է, Նա­րե­կա­ցի է այդ տա­ղը, Կո­մի­տա­ս­ եր­գած է 1911 թո­ւին Փա­րի­զի մէջ։ Ին­քը իր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ե­րեք ան­գամ ձայ­նագ­րած նո­թագ­րած է ա­սի­կա, եւ­րո­պա­կան նո­թագ­րու­թեամբ, եւ մէկ ան­գամ ալ եր­գած է, ու­րեմն շատ հե­տաքրք­րա­կան է իր եր­գե­լը ին­ծի հա­մար, ու­րեմն իր եր­գե­լու ձե­ւը, նո­րէն գրե­ցի, ոչ թէ իր նո­թա­նե­րը, այլ ինչ որ կ­՚եր­գէ ին­քը, ո­րոշ տար­բե­րու­թիւն կայ, եւ ա­նի­կա ջու­թա­կի հա­մար եւ հա­րո­ւա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու հա­մար։ Չէ՞ որ Նա­րե­կա­ցին Վա­նայ Լի­ճի ա­փին, Նա­րե­կայ գիւ­ղին մէջ ապ­րած է, այն­տե­ղի հո­գե­ւո­րա­կանն էր, ու­րեմն ես մտա­ծե­ցի թէ ինչ ձայ­ներ կրնար ին­քը լսած ըլ­լալ, տա­սե­րորդ դա­րուն Վա­նայ Լի­ճի ա­փե­րուն, Նա­րե­կայ գիւ­ղի մէջ։ Այդ ձայ­նե­րը փոր­ձած եմ իբ­րեւ օ­րո­ւան ձայն մէջ­բե­րել այդ մե­ղե­դիին հետ։

Ես կը հա­ւա­տամ, որ ե­րա­ժիշ­տի մը ա­մէ­նէն մեծ ու­սու­ցի­չը լե­զուն է, ո­րով կը խօ­սի։ Եւ ա­տի­կա որ­պէս հնչիւ­նա­բա­նու­թիւն, իբ­րեւ ֆօ­նե­թի­քա, ի՞նչ է։ Շեշ­տե­րը ինչ­պէ՞ս կ­՚ըլ­լան։ Ե­թէ հա­յե­րէն են քու խօս­քերդ, կու գան բա­ներ, որ միայն այդ լե­զո­ւէն կրնան գալ ե­րաժշ­տու­թեան մէջ, դուն կը դառ­նաս «հա­յոց լե­զո­ւի ե­րա­ժիշ­տը», ես հա­յոց լեզուի ե­րա­ժիշտ մըն եմ։

Ու­րեմն կրնա՞նք ը­սել, թէ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կա­պո­ւած է լե­զո­ւին, եւ ու­րեմն ինք­նու­թեան եւս, քա­նի որ Թուր­քիան բազ­մազ­գի եր­կիր մըն է, ու­րեմն այս վէ­ճը միշտ կայ այս­տեղ։

Ան­շուշտ կրնանք կողմ­նո­րո­շո­ւիլ, կրնանք ը­սել, որ ե­թէ հա­յոց լե­զո­ւէն կու գաս, քու ե­րաժշ­տու­թիւնդ այս­պէս կ­՚ըլ­լայ, եւ ա­սի­կա վի­ճե­լու բան մը չէ, այ­լեւս դուն դո՛ւն ես, քու ճիշդդ ես, դուն ու­նիս քու դէմքդ։ Բայց ան­շուշտ միայն լե­զուն չէ։ Նաեւ քու մար­մի­նիդ շար­ժում­ներն են, թէ ո՞ւր կ­՚ապ­րիս։ Ե­թէ ապ­րած տեղդ լեռ­նա­յին է, դուն կը շար­ժիս քու քայ­լե­րուդ հա­մա­պա­տաս­խան, վեր-վար, այս­պէս։ Երբ որ դուն օ­րի­նա­կի հա­մար կ­՚ապ­րիս տա­փակ տեղ մը, ուր ա­նա­պատ է, ուր միշտ նոյն պատ­կերն է, ժամ մը յե­տոյ նոյն պատ­կերն է, քու ու­ղեղդ ու­րիշ նիւ­թով կ­՚ապ­րի, երբ որ կը քա­լես։ Ծառ մը կը տես­նես, յե­տոյ ու­րիշ բան մը կ­՚ըլ­լայ, յե­տոյ ու­րիշ բան մը, քու ու­ղեղդ ա­րագ կ­՚աշ­խա­տի, նոր բա­ներ կը մտնէ։ Ու­ղե­ղիդ աշ­խա­տան­քը կը փո­խո­ւի, ա­րա­գու­թիւն կ­՚առ­նէ, ա­սի­կա նիւ­թի փո­փո­խու­թիւն է, ա­սի­կա ան­պայ­ման կը մտնէ ե­րաժշ­տու­թեան մէջ։ Կշ­ռոյթն (ռիթմ) է բնաշ­խար­հին, ու­րեմն լե­զո­ւէն զատ նաեւ բնաշ­խարհն է, որ կ­՚ազ­դէ ե­րաժշ­տու­թեան վրայ։

Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ներ­կան եւ ա­պա­գան ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք։

Ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տը կրնայ տար­բեր մարդ­կա­յին պա­հանջ­ներ բա­ւա­րա­րել։ Տար­բեր աս­տի­ճա­նի բա­ւա­րա­րո­ւա­ծու­թիւն տալ։ Գի­տես Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի մէջ Գիրք Ժո­ղո­վո­ղի գլու­խը կայ, «Էկ­լէ­զիասթ»ի գլու­խը, կ­՚ը­սէ,- «շատ ի­մաս­տու­թիւն ժող­վե­լը շատ տխրու­թիւն կու տայ», եր­բեմն մար­դը չու­զէր այդ շա­տը գիտ­նայ, որ այդ շատ տխրու­թիւ­նը չու­նե­նայ, հասկ­նա­լի է, ու­րեմն կ­՚եր­թայ այն ե­րաժշ­տու­թեա­նը ո­րը հեշտ է։ Պեթ­հո­վէ­նը օ­րի­նա­կի հա­մար ար­տա­կարգ է... մենք հի­մա կը շնչենք, հըըը... հըըը... ա­սի­կա կշռոյթ մըն է, ա­մէ­նօ­րեայ կշռոյթ է, մեր կեան­քի սկիզ­բէն մին­չեւ վեր­ջը, շնչել, ար­տաշն­չել, ա­սի­կա մէկ։

Դուն կը շար­ժիս, եր­բեմն ա­րագ կը քա­լես, եր­բեմն դան­դաղ կը քա­լես, ա­սի­կա ու­րիշ կշռոյթ մըն է, ու այն­պէս շա­րու­նակ մեծ կշռոյթ­նե­րու մէջ ենք, կը փոր­ձես բե­րել ե­րաժշ­տու­թիւն, երբ որ միայն մէկ կամ եր­կու կշռոյ­թը կը բե­րես միայն, ա­յո մար­դու պա­հան­ջը ո­րոշ չա­փով կը գո­հաց­նես։ Հի­մա այն­պէս է, որ պարզ բան մը ը­սէ, որ ես քե­զի տես­նեմ, եւ այդ­քան մը լաւ է, յե­տոյ ու­րիշ մը կը տես­նեմ, յե­տոյ շու­տով կը փոխո­ւի։ Ու­րիշ կեանք մըն է։

Երբ որ ա­մէն ինչ վար կ­՚ի­ջեց­նես պարզ ապ­րիլ ու­զող մար­դուն հա­մար, այն ժա­մա­նակ կը տես­նես, որ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ոչ միայն դա­սա­կա­նէն կը հե­ռա­նայ, կու գայ շատ ա­ւե­լի պարզ բա­նե­րու։

Կը կար­դամ, թէ ե­կող հա­րիւ­րա­մեա­կին պէտք է որ պե­տու­թիւն­նե­րը վե­րա­նան։ Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան դաշտն ալ կը մեծ­նայ, երբ մար­դիկ ա­ւե­լի գի­տա­կից ըլ­լան։

Ո­րով­հե­տեւ, նախ եւ ա­ռաջ հի­մա կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նինք շատ ա­ւե­լի մեծ քա­նա­կու­թեամբ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ընտ­րա­նիի մը հաս­նե­լու, այս դա­րուն կրնանք հաս­նիլ շատ ա­ւե­լի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, քան նա­խորդ դա­րե­րուն։

Ձե­զի հա­մար կ­՚ը­սեն, թէ դուք մե­ծա­գոյն հայ յօ­րի­նողն էք, ի՞նչ կ­՚ը­սէք։

Կ­՚ը­սեն։ Ես ա­ւե­լի մե­ծեր ճանչ­ցած եմ, կը ցա­ւիմ որ ի­րենք այ­լեւս չկան, ես մնա­ցի... Ձե­ւով մը։ Բայց ին­ծի հա­մար, ի­րենք են մե­ծը։

Փա­ռա­տօ­նին մա­սին բան մը կ­՚ու­զէ՞ք ա­ւելց­նել։

Ու­րախ եմ, որ ին­ծի ա­ռիթ մը տո­ւին Պո­լիս գա­լու, ա­ռիթ տո­ւին, որ Քիմ Քաշքաշեա­նին հետ հոս գանք։ Եր­կու հայ, հա­րիւ­րա­մեա­կի տա­րին։ Ու­րախ եմ որ գործ մը գրե­ցի նո­ւի­րո­ւած Կո­մի­տա­սին։ Եւ ու­րախ եմ որ այս գոր­ծը պի­տի հնչէ հոս, ուր Կո­մի­տաս ապ­րած է իր վեր­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­րի­նե­րը։

Բան մը կ­՚ու­զէ՞ք ը­սել Քիմ Քաշքաշեա­նի մա­սին։

93 թո­ւա­կա­նէն ի վեր, 22 տա­րի է, որ կ­՚աշ­խա­տինք ի­րար հետ։

Մեծ ե­րա­ժիշտ է, մեծ հայ է ին­ծի հա­մար, լաւ բա­րե­կամս է, ե­թէ ա­ւե­լի շատ խօ­սիմ, պի­տի խօ­սիմ այն մա­սին, թէ ինչ­քա՜ն կը սի­րեմ ի­րեն։

Վեր­ջի­նը ըլ­լա­լով, կրնա՞ք մէ­կա­կան բա­ռով բնու­թագ­րել այս ե­րեք հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րը։ Կո­մի­տաս, Խա­չա­տու­րեան, Տիգ­րան Հա­մա­սեան:

Կո­մի­տա­ս պա­պան է։ Բո­լո­րիս։ Ինչ որ կար այն­տե­ղէն բե­րաւ դրաւ սե­ղա­նին, ը­սաւ, «ա­հա աս ենք մենք», եւ ամ­բողջ աշ­խարհ տե­սաւ։

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան ե­կաւ ը­սե­լու, որ մէկ ու կէս մի­լիոն կորսն­ցու­ցինք, բայց մենք կանք։ Եւ այն­պէս ձայ­նով մը ը­սաւ աշ­խար­հին, որ աշ­խարհ լսեց, եւ ի­րեն ճանչ­ցաւ, եւ ճանչ­ցաւ հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։

Տիգ­րան Հա­մա­սեան, ա­նուշ ե­րա­ժիշտ մըն է, որ երբ կ­՚եր­գէ, ես կ­՚եր­թամ եր­կիր, Հա­յաս­տան կը մտնեմ։ Ին­քը հա­րուստ յի­շո­ղու­թիւն ու­նե­ցող մէկն է, տղայ մըն է, որ ինչ­պէս կ­՚ըլ­լայ այդ­պէս յի­շո­ղու­թիւն մը կ­՚ու­նե­նայ։ Ինչ մի­ջոց­նե­րով որ կը խօ­սի, ին­քը տու­նի տղան է, մի­ջո­ցը երկ­րոր­դա­յին է ի­րեն հա­մար, դաշ­նա­մուր կամ ու­րիշ բան կրնայ ըլ­լալ, ա­ռա­ջի­նը այն է, որ ին­քը այդ տու­նին տղան է, այդ հո ղին տղան է։

Լո­րա Սա­րը - «Ա­կօս»