Ճիգ Նագաշեան սիրուած ու գնահատուած յօրինող է Յունաստանի մշակութասէր հասարակութեան եւ յունահայ համայնքին մօտ, իր երկար տարիներու ներկայութեամբ Յունաստանի երաժշտական դաշտէն ներս։ 1974էն
ի վեր ան ձայնագրած է աւելի քան 34 ձայնասկաւառակներ, որպէս նուագախումբերու ղեկավար, հանրածանօթ երգիչներու մօտ երգերու յօրինող, ուրոյն մեկնաբան, յունական եւ միջազգային փառատօներու դատական կազմերու մէջ մասնակցութեամբ (ինչպէս օրինակի համար՝ Թեսաղոնիկէի երաժշտական փառատօն, Եւրատեսիլ, եւայլն), մինչ ան դասաւանդած է նաեւ երաժշտանոցներու մէջ։ Հայ ազգի պատմութիւնն ու հայկական պատկանելիութիւնը խորապէս ազդած ըլլալով իր վրայ, խոր ներշնչումով՝ երաժշտական կտորներ մտայղացած ու յօրինած է։ Վերջին իր աշխատանքը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին եւ կը կրէ «Greenfields of my mind» (Իմ մտքիս կանաչ դաշտերը) խորագիրը։
- Ինչպէ՞ս ծնաւ ձեր մօտ «Իմ մտքիս կանաչ դաշտերը» կտորը յօրինելու գաղափարը։
- Երկար տարիներու ծառայութիւն ունիմ Յունաստանի երաժշտական դաշտէն ներս, այսուհանդերձ՝ մտքիս եւ սրտիս մէջ միշտ վառ կը մնար իմ հեռաւոր հայրենիքին ծառայելու գաղափարը։ Որքան աւելի կ’աշխատէի տարբեր տեսակի երաժշտական կտորներու վրայ, երաժշտութիւն մը կար, որ յաճախակիօրէն կը կրկնուէր մտքիս մէջ։ Դաշնակիս վրայ կրկին ու կրկին մատներս այդ երաժշտութիւնը կը նուագէին, որ մտքիս մէջ անքակտելիօրէն կապուած էր «Greenfields of my mind» (Իմ մտքիս կանաչ դաշտերը) խորագիրով։ Բառեր չկային, բայց միշտ կրկնուող եղանակ մը, որ ինծի կը խօսէր իմ հեռաւոր հայրենիքի կանաչ դաշտերուն համար, որ երբեք տեսած ու այցելած չէի։
Գիտէի, որ իմ երեւակայութեան մէջ կ’ապրէր հայրենիքս, ինչպէս վստահ եմ կ’ապրի իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին մէջ։ Այսպէս, 2014ի գարնան որոշեցի աշխատիլ այս եղանակին վրայ։ «Rondo» (B-A-B-A-B) ձեւը ունէր, այսինքն թեմա-քուփլէ-թեմա-քուփլէ։
- Ո՞րն էր ամենամեծ մարտահրաւէրը, որ դիմագրաւեցիք այս կտորի յօրինումին մէջ։
- Նման գերակշիռ, լուրջ հարց մը իր պատմական ու քաղաքական արժէքէն չնուազեցնելու հարցն էր, որ դիմագրաւեցի։
Կ’ուզէի հանրութեան հարազատ դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, այդ ալ անգլերէն լեզուն՝ «աշխարհի լեզուն» օգտագործելով, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին մատչելի դարձնել։
Ըստ իմ փորձառութեան, կը հաւատայի, թէ պիտի կարողանայի Հայոց Ցեղասպանութեան ինծի պատճառած ազդեցութիւնը տարածել ժողովուրդին վրայ, միայն եթէ այդ զօրաւոր կշռոյթը տայի երաժշտութեան։ Անցեալ տարուայ Յունիսին սկսայ բառերը գրի առնել, յենուելով բնազդային եւ հաւանաբար ազգային DNAի վրայ։
- Ի՞նչ գործակցութիւններ ունեցաք։
- Շատ բախտաւոր էի, որովհետեւ կնոջական ձայնին համար համագործակցեցայ երիտասարդ տաղանդաւոր երգչուհի Նեվի Ցուքալայի հետ, որ կատարեալ կատարեց իր բաժինը։ Հայկական տուտուկը կը հնչէ հայրենի ծանօթ տուտուկահար Տիգրան Սարգսեանի կողմէ։
Ես կ’երգեմ եւ երաժշտական կատարումները կը կատարեմ։ Յօրինումը պատրաստուած է 60 հոգինոց նուագախումբի, 12 անդամ ունեցող երգչախումբի եւ 2 երգիչներու համար։ Երբ ամբողջացաւ ձայնագրումի աշխատանքը զայն տրամադրեցի Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանին, որ լսեց երգը եւ անմիջապէս յօժարեցաւ Հայաստան ղրկել, ինչպէս նաեւ Գանատա։
Փափաքողները կրնան երգը լսել Youtubeին վրայ, հետեւեալ յղումը տալով.- https://www.youtube.com/watch?v=PHucmTKF75E:
Այսպէս, ամբողջացած՝ Greenfields of my mind երաժշտական յօրինումը, երգ մըն է, որ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ կը յուսամ, որ բոլոր սփիւռքահայոց -եւ ոչ միայն- սրտին կը խօսի։ Կ’ուզեմ շեշտել, որ սրտիս ամբողջ ուժով կը յարգեմ ու կը սիրեմ հայրենիքս եւ ազգս, որ ինձ ներշնչեց ու պատուեց բազմիցս։