Տնօրէնն էք «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին»։ Ինչպէ՞ս ծնաւ այս կեդրոնը հիմնելու գաղափարը։

Չորս տարի եղած է արդէն որ կը գործէ մեր կեդրոնը: Սակայն նախապատմութիւն կայ. նախապէս զգալի  դարձած էր Համշէնի հարցերով զբաղուող գրասենեակի մը հիմնումը, որու պատասխանատուութիւնը վստահուած էր ինծի։ Այսպէս սկսանք Համշէնի հայերու մասին հետաքրքրուիլ, զբաղիլ։

Ուսումնասիրութիւններ կատարելու ընթացքին պարզուեցաւ թէ աշխատանքը շատ կ'ընդարձակուի.  Համշէնի իսլամացած հայութեան խնդիրը մեծ հարց է, որ առանձինը չէր կանգնած՝ այլ ունէր տարբեր կողմեր, ընդհանրապէս Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Փոքր Հայքի եւ Թուրքիոյ այլ բնակավայրերու տարածքներուն մէջ բնակող իսլամացած հայութեան խնդիրները: Ուստի կատարեցինք ուսումնասիրութիւնները, ապա միջազգային մեծ գիտաժողով մը կազմակերպեցինք տուեալ հարցով եւ հրապարակեցինք արդիւնքները հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով։ Անկէ ետք էր որ յանգեցանք այն գաղափարին թէ աշխատանքը պէտք է ընդլայնուի։ Անկէ ետք ստեղծուեցաւ հետազօտական մեր կեդրոնը։
Հասկնալի է անշուշտ, թէ այս գրասենեակն ալ, բնականաբար, նախնական հաւաքչական աշխատանք կատարեց, իսկ այժմ՝ ձեւաւորման շրջանը բոլորելով,- արդէն չորս տարի լրացաւ-, քիչ թէ շատ կայացած է։

Ի՞նչ հիմնական թիրախներ ճշդուեցան եւ ինչպէ՞ս կ'ընթանայ ձեր գործունէութիւնը, ստեղծուած օրէն մինչեւ այսօր։

Մեր հիմնական նպատակն է ճանչնալ Արեւմտեան Հայաստանը:
Մենք ունինք Արեւմտեան Հայաստան, բայց քիչ բան գիտենք անոր մասին: Ցաւով կը հաստատեմ թէ մեր իմացութիւնը անբաւարար էր եւ չեմ խօսիր առանձին մասնագէտներու որոշ ուսումնասիրութիւններու կամ, ճանապարհորդական նօթերու մասին։  Մեր իմացութեան մէջ Արեւմտեան Հայաստանը կանգ կþառնէր 1915 թուականին, Ցեղասպանութենէն ետք: Կարծես Արեւմտեան Հայաստանը անցած էր պատմութեան գիրկը, այնպիսի տպաւորութիւն կար: Իրականութիւնը այդպէս չէ սակայն:
Ուսումնասիրութիւնները պարզեցին, թէկուզ դեռ առաջին քայլերը կը կատարենք, որ կա՛յ Արեւմտեան Հայաստան եւ ըստ էութեան կա՛յ Արեւմտեան հայութիւն: Եւ կա՛յ Արեւմտեան հայութիւն, որը գիտակից է իր վիճակին, իր խնդիրներուն։
Այդ զանգուածը բաժնուած է բազմաթիւ շերտերու, խումբերու թէ՛ կրօնական, թէ՛ դաւանական, թէ՛ ազգային տարածքային առումով։ Ուրեմն մենք ունինք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեր մշակութային ժառանգութիւնը։ Չմոռնանք, որ մշակութային ցեղասպանութեան ալ ենթարկուեցանք։ Եւ հիմա կը տեսնենք թէ մնացած են անոր բեկորները, կամ մեծ մասամբ աւերուած մեր կոթողները եւ անոնց կողքին մշակութային, նաեւ բանաւոր մեր ժառանգութիւնը: Մենք ունինք այնտեղ մարդիկ, որոնք կը շարունակեն ստեղծագործել։
Օրինակ Համշէնի մէջ հայերէն երգեր կը ստեղծեն Համշէնի բառբարով:  Այս կը նշանակէ որ մենք ունինք մեզի անյայտ ու անծանօթ Արեւմտեան Հայաստան եւ արեւմտահայութիւն, իր մշակոյթով, իր խնդիրներով:
Ամբողջ նպատակը այս ճանաչողական գործընթացը սկսիլ էր: Որպէսզի թէ մենք ճանչնանք, թէ ալ մեզ ճանչնալ տանք իրենց ու փոխադարձ կապեր   հաստատենք: Պէտք էր նախ իրենց հասկցնել թէ որոնք ենք, ինչպէս կ'ապրինք, ինչ մշակոյթ ունինք, ինչ հեռանըկարներ ունինք։ Եւ կարծես թէ մեր նախնական ուսումնասիրութիւնները  պարզեցին հետաքրքրական  ասպարէզ մը մեզի համար, որ ահաւոր ովկիանոս մըն է: Մշակոյթի ճանաչման այս գործընթացը, որու այսքան մեծ կարիքը ունինք։
Ի վերջոյ բժիշկը պարզ մէկ հիւանդ երբ կþուզէ բուժել, նախ պէտք է ախտորոշէ, ճանչնայ հիւանդի մարմինը, ներքնապէս եւ արտաքնապէս, որպէսզի կարողանայ բուժման միջոցները մտածել: Հայութիւնը շատ մեծ հարցեր ունի։ Բայց կարծես մեր հիմնական խնդիրը դարձած է Հայատանի մէջ քաղաքական պայքարը, իսկ սփիւռքի մէջ ալ գաղութներու պահպանութեան խնդիրը, որոնք շատ կարեւոր են եւ կենսական, բայց ի վերջոյ, հսկայ ուրիշ մարզեր ալ կան, ուրիշ խնդիրներ ալ ունինք։ Սա ազգի ամբողջականութեան հետ կապուած հարց է: Եթէ տասը միլիոն ենք եւ երեք միլիոնը Հայաստանի մէջ է, երեք մատով ի՞նչ գործ կրնայ ընել, եթէ միւս եօթը չկայ: Բայց մենք գիտենք մեր ազգի բոլոր հատուածները: Պամտականօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայ,  հայապատկան հող։ Արցախը հայապատկան հող է արդէն եւ ունինք հայութիւն Ջաւախքի մէջ: Երեք                    հատուածի մասին գիտէինք, ինչպէս եւ գիտենք չորրորդ հատուածի մասին, որ հայապատկան հողի վրայ չէ: Սփիւռքն է: Հայութեան չորս հատուածի մասին ուրեմն մենք ունէինք  պատկերացում: Հայաստան-Արցախ-Ջաւախք-Սփիւռք: Բայց կարծես թէ շատ հետաքրքիր զուգադիպութեամբ մը բռունցքը չէր ամբողջանար: Հոս աւելցաւ  հիմնական մեր հայրենիքին 90 տոկոսը կազմող Արեւմտեան Հայաստանը եւ հոն ապրող հայութիւնը: Եւ այսպէս բռունցքը ամբողջացաւ:

Առաջին անգամ, երբ որ շփումի մէջ եկանք ծպտուած հայերու հետ, սկսանք բոլորս գործածել համշէնահայութիւն բառը:  Իսկ, դուք ձեր բանախօսութեան ընթացքին (կլոր սեղանի կազմակերպման առիթով) յստակացուցիք որ այդպէս չէ: Հսկայ մեծ զանգուածի մը մէկ հատուածն է միայն համշէնահայութիւնը: Իրենց միջեւ բոլոր այս հատուածները նոյնանմա՞ն մտածելակերպով կþընկալեն հարցերը։

Շատ հետաքրքրական է իրապէս այս շփոթը, որ ունէինք նախապէս. օրինակ կþըսենք Սասունցի համշէնահայ, կամ այլ, բայց այնպէս եղաւ, որ ծպտեալ հայը «ամպայման» համշէնահայ է:
Յստակացնենք, թէ Համշէնահայը Համշէնի իշխանութեան հայերն են, Պոնտոսի ափին: 
Քանի որ մենք նախ ճանչցանք Համշէնահայութիւնը, անոր մասին սկսանք խօսիլ: Բոլորը կարծեցին, որ համշէնահայը կը տարածուի բոլոր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Ո՛չ: Ինչպէս ունինք համշէնահայ, այնպէս ալ ունինք Սասունցի հայ, մշեցի հայ, տերսիմցի հայ, վանեցի հայ, Էրզրումցի հայ, նահանգներու անունով կարելի է շարունակել։ Իսկ Համշէնն ալ՝ նահանգներէն  մէկն է:
Իրենց միջեւ կան նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ: Նմանութիւնը այն է,  որ բոլորն ալ իսլամացած են: Տարբերութիւնները սակայն շատ են: Համշէնահայը սկսած է իսլամանալ 200 - 300 տարի առաջ: Այդ գործընթացը շատ երկար տեւած է:  Ընդհանրապէս կարելի է ըսել, որ Հայաստանի բոլոր տարածքին վրայ կþիսլամացուէր  հայութիւնը եւ  թուրք եւ օսմանեան կայսրութեան բոլոր տարածքներուն մէջ  էր ոչ միայն հայերու այլ նաեւ այլ ազգերու իսլամացման գործընթացը. անոնց կարգին էին յոյները, ասորիները, նոյնիսկ սլաւ ժողովուրդները, արաբները, քիւրտերը եւայլն: Ասոնք նոյնպէս թրքացման գործընթացի ենթակայ էին։ Որովհետեւ իսլամացման առաջին քայլն էր այդ:
Բայց համշէնհայերը, զարմանալիօրէն, դարձան այն հատուածը, որոնք իսլամացումէն յետոյ ալ, հակառակ որ նոյնիսկ լեզուն փոխուեցաւ, երբեք  թուրք չհամարուեցան: Անոնք միւս                հատուածներու նման չկորսուեցան: Իրենք իրենց համարեցին համշէնցի, իրենց հայրենիքի անունով. ոչ թուրք, ոչ հայ, այլ համշէնցի։ Արտուինի մէջ մէկ հատուածը նաեւ պահեց իրեն յատուկ բառբարը, մշակոյթը, սովորութիւնները: Շատ մը սովորութիւններ պահեց նաեւ միւս հատուածը, անոնք որ արեւմուտքի կողմն էին։
Անշուշտ Համշէնի մէկ մասը կը գիտակցի իր հայկական ծագումի մասին, այլ մաս մը չի գիտակցիր: Մէկ մասը գիտակցելով հանդերձ՝ չի արտայայտուիր,  յատկապէս օտարներու մօտ։ Սխալ է ըսել որ չի գիտակցիր, որովհետեւ ինքը ամուր կը պահէ Համշէնցի ըլլալու իր ինքնութիւնը։
Հիմա, մնացեալ հատուածներուն մօտ որոշ տարբերութիւններ կան։ Ես կը խօսիմ վերջին 100¬110 տարիներու պատմութեան համար։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսուեցաւ հայութեան շատ մեծ մաս մը։ Այլ մեծ մաս մը իսլամը ընդունեց։ Նոյն պահուն այլ թիւ մը ապաստան գտաւ լեռներուն վրայ, փրկուեցաւ, 1918-1920 թուականէն ետք վերադարձաւ Արեւմտեան Հայաստան, որոշ հնարաւորութիւններ ստեղծուեցան, եղաւ ժամանակ որ 180.000-200.000 հայութիւն եղաւ Պոլիս։ Քրիստոնեայ փրկուածներու լաւագոյն օրինակը՝ Վարթօ ցեղի օրինակն է։ Որոնցմէ էր Հրանդ Տինքի կինը։ Անոնք աշխարհէն կտրուած, երեսուն տարի           շարունակ, առանձին ապրեցան։ Այսպիսի բեկորներ, որպէս քրիստոնեայ փըրկուած բեկորներ ունեցած ենք։

Ի՞նչ թիւերու մասին կը խօսինք։

Այդ թիւը մօտաւորապէս 500.000 էր այդ ժամանակ։ Եւ դեռ չեմ հաշուեր մանկահասակ աղջիկները, որ տասնեակ հազարներով բաժնուեցան թուրքերուն միջեւ. ո՜վ կրնայ գիտնալ իրական թիւը. պաշտօնական տուեալներով՝ 80.000- 100.000։ Անոնք փրկուեցան, բայց  վստահաբար շատ աւելին էր անոնց թիւը։ Եթէ բոլոր այս թիւերը նկատի ունենանք, պիտի խօսինք 400.000 հայութեան թիւի մը շուրջ։
Հոս կարեւոր է նշել, մէկ եւս հանգամանք։ Բոլոր իսլամացած հայերը  ծպտեալ հայեր չեն։ Անոնց գրեթէ կէսը, ինքզինք չի սեպեր ծպտեալ հայ։ Ան ստիպողաբար համակերպուած է իր վիճակին, ընդունած է իսլամ մշակոյթն ու կրօնքը, քիւրտի կամ թուրքի պիտակով կþապրի եւ վերադարձի ձգտումներ չունի։
Իսլամացած զանգուածին մէջ ծպտեալ է այն մասը, որ իր ներքին կեանքը ունի, իր ընտանիքին մէջ որպէս հայ կþապրի, իսկ արտաքին երեսի վրայ՝ որպէս իսլամ, քիւրտ կամ թուրք։ Այս մասը յաճախ, բացի երկու կենսագրութիւն ունենալէ, երկու անուն ալ ունի։ Սերունդէ-սերունդ անոնք կþաւանդեն իրենց սովորութիւնները, պատմութիւնը, կþամուսնանան իրարու միջեւ, դաւանանքն ալ կը պահեն՝ տուներէն ներս Աւետարան եւ սուրբերու պատկերներ պահելով։ Իրենք իրենց կը համարեն հայ։
Շատ մեծ է ալեւի հայերու թիւը։  Անոնք առաւելաբար կը բնակին Տերսիմի շրջանը, այսօրուայ Թունճելի, բայց հին Տերսիմի, որ անունը ստացած է հայ քահանայի անունէն՝ Տէր Սիմոն։   Փրկուելու համար անոնք դարձան ալեւի եւ ոչ թէ իսլամ։

Ի՞նչ է ներկայ վիճակը։

Կարեւոր է նոր սերունդի պարագան։ Այն սերունդը որ «թոռներ» կը կոչուին։ Այդ մանկահասակ աղջիկներու սերունդը, որոնք թոռներն են անոնց, որոնք ամուսնացան թուրքերու-իսլամներու հետ։ Այսօր երրորդ-չորրորդ սերունդն է, որ սկսած է բացայայտել իր ինքնութիւնը, կը խօսին իրենց պատմութեան մասին եւ բոլորի առջեւ կը բերեն հայութեան մէկ այլ ողբերգութիւն՝ այս է որդեգիրներու ողբերգութիւնը։
Բացի դաւանական բաժանումներէն մենք ունինք նաեւ էթնիք (ծագումնաբանական) բաժանումներ։ Այդպէս են Թուրքիոյ մէջ ապրող արաբացած հայերը, ասորիացած հայերը, չէրքեզ ու լազ դարձած հայերը, նոյնիսկ յոյն դարձած հայերը, Պոնտոսի շրջանին մէջ ապրող նաեւ գնչու հայեր, որ ի դէպ ըսեմ, որ իրենց հայկական անունները պահած են։

Ձեր ղեկավարած կեդրոնը միա՞կն է որ կը գործէ այս առարկայով։

Այո, որպէս հիմնարկ առաջին փորձն է։ Կան անհատաբար զբաղող մարդիկ, բայց կազմակերպուած ձեւով աշխատող ուրիշ կեդրոն չկայ։ Մեր նպատակն է առաւելաբար ծանօթանալ այս խումբերուն, իրենց մշակոյթին եւ կեանքին եւ տեսնել թէ Թուրքիոյ  ազգային-քաղաքական-էթնիքական պատկերին մէջ  ի՞նչպէս կը վերաբերին իրենք։ Մեր առարկան գիտահետազօտական է։

Ի՞նչ է յունական հատուածի ներկայացուցած պատկերը։

Գիտէք հետաքրքրական համայնապատկեր կը ստացուի։ Լոզանի պայմանագրով Պոլսոյ մէջ հայերը¬յոյները եւ հրեաները իրաւունք ստացան կրօնական համայնք ունենալու։ Յոյներու թիւը նուազեցաւ փոխանակումներէն ետք եւ ներկայիս հազիւ 2.000 կը հաշուէ Պոլսոյ մէջ։ Բայց Պոնտոսի մէջ, ժամանակի բիւզանդական կայսրութեան օրերէն, կայ իսլամացած յոյներու թիւ մը, որ որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով կը հասնի 300.000ի, Սեւ Ծովի ափին։ Անոնք եւս բնիկներ եղած են Պոնտոսի շրջանին մէջ եւ դարաւոր պատմութիւն ունին։