Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար տիկ. Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեան Գա­նա­տա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին այ­ցե­լած է «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րա­տուն եւ հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցած «­Հո­րի­զոն»-ի գլխա­ւոր

խմբա­գիր Վա­հագն Գա­րա­գա­շեա­նի հետ։

Ի՞նչ­պէս կ’ար­ժե­ւո­րէք Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, եւ յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նին ի՞նչ կա­րե­լի է ծրագ­րել այս առն­չու­թեամբ։

Ես այն կար­ծի­քին եմ, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, ոչ ոք չէր պատ­կե­րաց­ներ, որ ար­դիւնք­նե­րը այս­պէս պի­տի ըլ­լան։ Բո­լորս ալ զար­մա­ցած ենք եւ բո­լորս ալ հասկ­ցանք, թէ ինչ կը նշա­նա­կէ հայ­կա­կան աշ­խար­հը, ինչ կը նշա­նա­կէ երբ սփիւռ­քը հայ­րե­նի­քի պե­տու­թեան հետ է։ Երբ սփիւռ­քը հա­յրե­նի­քի կող­քին է ա­ւե­լի կը հզօ­րա­նայ մեր ու­ժը եւ կրնանք ա­ւե­լի մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րել։ Ար­դիւնք­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­մը ակն­յայտ էր յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ։ Մենք շատ յո­ռե­տես կեր­պով կը նա­յէինք այն հար­ցին, թէ Աւստ­րիոյ, Գեր­մա­նիոյ եւ միւս կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս պի­տի ար­ձա­գան­գեն, բայց ինչ­պէս տե­սանք, աշ­խար­հի վրայ շատ բան փո­խո­ւած է, աշ­խար­հը փո­խո­ւած է, եւ մենք պէտք է այդ մէ­կը օգ­տա­գոր­ծենք յօ­գուտ ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան։

Ի հար­կէ, այս­տեղ կ’ա­ռանձ­նաց­նէի Ֆ­րան­սիս Պա­պի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ա­նոր հզօր, հա­մաշ­խար­հա­յին քայ­լը, որ կա­տա­րեց։ Ճանչ­նա­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թի­նիւ­նը, Պա­պը աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց այն հար­ցի վրայ, որ պէտք է վերջ տալ ան­տար­բե­րու­թեան, պէտք է չլռել եւ պէտք է ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը կո­չել այն­պէս ինչ­պէս են։ Ան իր ար­տա­սա­նած տար­բեր խօս­քե­րուն մէջ քա­նի մը ան­գամ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Նաեւ ին­ծի հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, երբ Ֆ­րան­սիս Պա­պը մեր դա­րա­ւոր աս­տուա­ծա­բա­նը, գիտ­նա­կա­նը, ի­մաս­տա­սէրն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նը՝ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին դա­սեց տիե­զե­րա­կան վար­դա­պետ­նե­րու շար­քին։ Ա­սի­կա ոչ միայն գնա­հա­տա­կան էր Նա­րե­կա­ցիին, այլ նաեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը հնա­գոյն, դա­րա­ւոր ժո­ղո­վուրդ ըլ­լա­լով՝ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծած է, ա­րար­չա­գոր­ծած է, կեր­տած է եւ ոչ թէ ոչն­չա­ցու­ցած է, սպան­նած, վայ­րա­գու­թիւն­ներ կա­տա­րած։ Ուր որ ալ հա­սած է, որ երկ­րին մէջ ալ ապ­րած է խա­ղա­ղու­թեան, հանգս­տու­թեան ջա­տա­գովն ու պաշտ­պա­նը ե­ղած է մեր ժո­ղո­վուր­դը։

Այ­սօր հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ հա­մայնք­նե­րու նկատ­մամբ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քը կը խօ­սի այն մա­սին, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր բնա­ւո­րու­թեամբ, իր հո­գե­կեր­տո­ւած­քով միայն բա­րու­թեան, ար­դա­րու­թեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րող եւ ա­րա­րող ժո­ղո­վուրդ է։ Բան մը, որ ան հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րած է Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ, մեր հայ­րե­նի­քին, մեր հո­ղե­րուն վրայ, սա­կայն թուրք բար­բա­րոս­նե­րը գա­լով եւ տի­րա­նա­լով այդ տա­րածք­նե­րուն չկա­րո­ղա­ցան հաշ­տո­ւիլ, գրա­գէտ, խե­լա­ցի մար­դոց հետ։ Չ­կա­րո­ղա­ցան հաշ­տո­ւիլ ա­րա­րող­նե­րու հետ։

Իսկ այն հանգ­րո­ւան­նե­րու մա­սին, որ դուք նշե­ցիք՝ ա­ռա­ջին հեր­թին սփիւռ­քի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պէտք է գնա­հա­տել իբ­րեւ փայ­լուն, սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րը բո­լո­րը հա­մա­տեղ աշ­խա­տե­ցան մէկ մար­մի­նի մը նման, եւ այ­սօր ալ, մենք ամ­բողջ տա­րին պէտք է շա­րու­նա­կենք, կանգ պէտք չէ առ­նենք։

Մեր միաս­նու­թիւ­նը պէտք է նպա­տա­կաուղ­ղո­ւի մէկ ուղ­ղու­թեամբ՝ հա­յոց պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­սի­կա պէտք է ըլ­լայ մեր գերխն­դի­րը։ Ե­թէ մենք կ’ու­զենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով, ո­րե­ւէ շօ­շա­փե­լի քայլ կա­տա­րել՝ ա­տի­կա Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման ճամ­բով է։

Տիկ. Յա­կո­բեան, անց­նող օ­րե­րուն հայ­րե­նի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ տար­բեր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ձեր այն յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին, թէ սփիւռ­քը ինչ­պի­սի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ հա­յեր­նի­քի հզօ­րաց­ման գոր­ծին մէջ։ Խնդ­րեմ, ե­թէ կրնաք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն դար­ձեալ փո­խան­ցե­ցէք այդ ու­ղեր­ձը։

Սի­րով։ Երկ­րա­շար­ժէն ետք, սփիւռ­քը հայ­րե­նի­քին կող­քին ե­ղած է, եւ ե­թէ մենք կա­րո­ղա­ցանք դի­մագ­րա­ւել այդ ծանր օ­րե­րը, ե­թէ կա­րո­ղա­ցանք Ատր­պէյ­ճա­նէն ե­կած 400 հա­զար տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն տի­րու­թիւն ը­նել, ե­թէ մենք կա­րո­ղա­ցանք ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մին մէջ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րել, ե­թէ մենք այ­սօր ու­նինք ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի պե­տու­թիւն, ե­թէ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան տնտե­սու­թեան ո­րոշ ճիւ­ղեր կը զար­գա­նան ու կը հզօ­րա­նան, ա­պա ա­տոր գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րէն մէ­կը սփիւռքն է, սփիւռ­քա­հայ ան­հատ­ներն են, սփիւռ­քեան կա­ռոյց­ներն են, եւ ես կը ցա­ւիմ, որ մեր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը չեն տես­ներ այդ դրա­կա­նը, այդ ա­մէ­նը եւ ա­նընդ­հատ կը յայ­տա­րա­րեն, որ սփիւռ­քը չի վստա­հիր հայ­րե­նի­քին։ Ե­թէ սփիւռ­քը հայ­րե­նի­քին չվստա­հէր, ըն­դա­մէ­նը մէկ տա­րի ա­ռաջ հա­րիւր մի­լիո­նէն ա­ւե­լի ներդ­րում չէր կա­տա­րէր Դի­լի­ջա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին դպրոց հիմ­նե­լու հա­մար, 13-14 մի­լիոն տո­լար չէր ներդ­րեր Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­ւե­տի­սեան դպրոց կա­ռու­ցե­լու հա­մար, մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ չէր ներդ­րեր «Ե­րե­ւան մոլ»-ը կամ այ­սօր ալ մէկ այլ ա­ռեւտ­րա­կան հա­մա­լիր կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Այն­պէս, որ ա­նըն­դու­նե­լի են այդ­պի­սի յար­ձա­կում­ներն ու խօս­քե­րը, թէ իբ­րեւ թէ, սփիւռ­քը չի վստա­հիր եւ չու­զեր օգ­նել հայ­րե­նի­քին։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, սփիւռ­քը միշտ ալ հայ­րե­նի­քին կող­քին ե­ղած է։ Ան­հատ­նե­րու հետ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու դէպ­քեր ե­ղած են, սա­կայն զա­նոնք ընդ­հան­րաց­նե­լը եւ ամ­բողջ սփիւռ­քի վրայ տա­րա­ծե­լը ես կը գտնեմ ան­տե­ղի։ Միւս կող­մէ՝ ե­թէ այս­քան ո­գե­ւո­րո­ւած ու հա­մախմ­բո­ւած ենք, ա­պա ով ե­թէ ոչ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը պէտք է էր սփիւռ­քին դի­մէր՝ խնդրե­լով եւ յոր­դո­րե­լով, որ այս մեր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ նե­րու­ժը ինչ ը­նենք, որ­պէս­զի յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նը ա­ւե­լի հզօ­րա­նայ։ Ա­տի­կա Հա­յաս­տա­նի հզօ­րա­ցումն է։ Ա­սի­կա շատ յստակ է։

Որ­քան Հա­յաս­տա­նը հզօ­րաց­նե՛նք, այդ­քան ար­տա­գաղ­թը կը կան­խար­գի­լո­ւի, որ­քան Հա­յաս­տա­նը հզօ­րաց­նե՛նք, այդ­քան աղ­քա­տու­թիւ­նը կը կրճա­տո­ւի։ 25 տա­րիէ ի վեր շա­րու­նակ կը խօ­սինք ար­տա­գաղ­թի մա­սին։ Ա­սի­կա նոր ե­րե­ւոյթ մը չէ, եւ սփիւռ­քէն ու Հա­յաս­տա­նէն տար­բեր մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­ներ ա­նընդ­հատ կ’ար­տա­յայ­տո­ւին։ Ա­նոնց շար­քին է նաեւ եր­գիչ Սերժ Թան­գեան։ Ը­սո­ւա­ծը նոր բան չէ։ Բայց իմ խնդիրս, իմ յոր­դորս ու խնդրանքս սփիւռ­քին, ոչ թէ ինք­նին ան­հա­տին կամ մար­դուն, այն է, որ ե­թէ կրնաք օգ­նել հայ­րե­նի­քին, օգ­նու­թեան ձե­ւե­րէն մէ­կը կա­րե­լի է հա­մա­րել ե­րե­ւա­նեան դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ անձ­նա­կան հա­շիւ­նե­րու հաս­տա­տու­մը։ Այդ ձե­ւով մենք կը հզօ­րաց­նենք մեր դրա­մատ­նա­յին հա­մա­կա­ր­գը, որ իր կար­գին շատ ցած տո­կոս­նե­րով տնտե­սու­թեան վար­կեր կը յատ­կաց­նէ եւ այդ ձե­ւով տնտե­սու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ։ Զար­գա­ցած տնտե­սու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ար­տա­գաղ­թը կը կրճա­տո­ւի։ Ա­սի­կա սո­վո­րա­կան, շատ պարզ բա­նա­ձեւ է։ Եւ իբ­րեւ նա­խա­րար, դար­ձեալ կը կրկնեմ, սփիւռ­քէն գու­մար­ներ չեմ խնդրեր, այլ ըն­դա­մէ­նը կը յոր­դո­րեմ, որ խնդի­րը լու­ծե­լու ձե­ւե­րէն մէ­կը՝ ա­ռա­ջար­կածս է։

Երկ­րոր­դը զբօ­սաշր­ջու­թեան խնդիրն է։ Եօ­թը մի­լիոն մարդ կ’ապ­րի հայ­րե­նի­քէն դուրս։ Ե­թէ տա­րե­կան եր­կու մի­լիոն մարդ հայ­րե­նիք գայ եւ այն­տեղ հանգըս­տա­նայ, ա­պա եր­կու մի­լիառ տո­լար մուտք կը գոր­ծէ Հա­յաս­տան։ Այդ մէ­կը դար­ձեալ կը նշա­նա­կէ տնտե­սու­թեան հզօ­րա­ցում, են­թա­կա­ռոյց­նե­րու զար­գա­ցում եւ աշ­խա­տա­տե­ղե­րու յա­ւե­լում։

Ե­թէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրս այդ երկ­րին մէջ մէկ փոք­րիկ ներդ­րում կա­տա­րէ, մեր եր­կի­րը կը հզօ­րա­նայ։ Ես կ’ու­զեմ, որ աշ­խար­հին յղենք այն պատ­գա­մը, որ մենք փոքր տա­րած­քի մէջ կ’ապ­րինք, սա­կայն իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ մենք մեծ ենք, հզօր ենք, մենք տա­սը մի­լիոն ենք եւ ե­թէ ա­տոր վրայ գու­մա­րենք նաեւ իս­լա­մա­ցած, թա­քուն հա­յե­րը՝ 12 մի­լիոն ենք, եւ մենք ի­րա­ւունք չու­նինք քա­նի մը հո­գիով 12 մի­լիոն ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նով խօ­սե­լու։ Ա­տի­կա բո­լո­րին կը վե­րա­բե­րի:

Ես հպարտ եմ սփիւռ­քով, կը խո­նար­հիմ սփիւռ­քեան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ, նե­րա­ռեալ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր քոյր կա­ռոյց­նե­րու առ­ջեւ։ Այս օ­րե­րուն ես ե­ղայ թէ՛ ՀԲԸՄ-ի դպրո­ցին մէջ, թէ՛ Ս.­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին տակ գտնո­ւող ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, եւ հիա­ցայ, ու­րա­խա­ցայ, զար­մա­ցայ։ Հա­զար ե­րե­խա­յի մայ­րե­նի լե­զու սոր­վեց­նել, կրթել ու դաս­տիա­րա­կել, զբա­ղիլ հա­յա­կեր­տու­մի եւ մար­դա­կեր­տու­մի հար­ցե­րով անն­կա­րագ­րե­լի հզօր ուժ է հայ­րե­նի­քէն այս­քան հե­ռու։ Դուք ա՝դ ճամ­բով Գա­նա­տա­յի հա­յու­թիւ­նը կը մօ­տեց­նէք Հա­յաս­տա­նին։ Կը հաս­տա­տէք կա­մուրջ­ներ, որ ա­ւե­լի ա­մուր, ու­ժեղ եւ հայ­կա­կան ըլ­լան։

Չեմ կրնար խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս չյայտ­նել Գա­նա­տա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, գա­նա­տա­կան պե­տու­թեան, Գա­նա­տա­յի վար­չա­պե­տին, մեր Մոնթ­րէա­լի քա­ղա­քա­պե­տին այդ ջեր­մու­թեան, սկզբուն­քայ­նու­թեան, ճշմար­տու­թեան, մարդ­կա­յին ո­րա­կի հա­մար, ո­րոնք ա­նոնք կը ցու­ցա­բե­րեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւին եւ ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Գա­նա­տան միշտ ալ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռու­մով յա­ռա­ջա­մար­տիկ ե­ղած է, եւ մենք այդ մէ­կը կը զգանք մեր վրայ իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուրդ։

Կ­’ու­զեմ նաեւ շնո­ր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել «­Հո­րի­զոն»-ին, ո­րով­հե­տեւ այս թեր­թը ճիշդ, ա­ռար­կա­յա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ, ոչ թէ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ կ’իյ­նայ, այլ՝ իր բռնած գի­ծը, ո­րով ան կ’աշ­խա­տի միայն օ­գուտ է հա­յին, հա­յու­թեա­նը եւ Հա­յաս­տա­նին։ Եւ մեր բո­լո­րին նպա­տա­կը այդ պէտք է ըլ­լա­յ։