Յա­ռա­ջի­կայ Կի­րա­կի 10 Մա­յիս 2015.ին Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բին մէջ պի­տի գու­մա­րո­ւի Յու­նա­հա­յոց Թե­մի ար­տա­կարգ Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վը, իսկ 7 Յու­նիս 2015ին Թե­մի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղի պի­

տի ու­նե­նան Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ընտ­րու­թիւն­ներ: Մեր գա­ղու­թին հա­մար այս զոյգ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նկա­տի առ­նե­լով, անհ­րա­ժեշտ նկա­տե­ցինք մեր հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նել լու­սա­բա­նա­կան հար­ցազ­րոյց մը Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­րա Ման­կո­յեա­նի հետ:  

Պրն. Ման­կո­յեան, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մեր գա­ղու­թին մէջ կը գոր­ծածո­ւին «Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղով» եւ «Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ընտ­րու­թիւն­ներ» սահ­մա­նում­նե­րը, փո­խա­րի­նե­լով մե­զի ծա­նօթ Թե­մա­կան Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղովն ու Թե­մա­կան Ընտ­րու­թիւն­ներ ա­նո­ւա­նում­նե­րը: Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը այս փո­փո­խու­թեան:

Ն­կա­տի առ­նե­լով որ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան զա­նա­զան թե­մե­րուն մէջ միեւ­նոյն գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնս­դիր մար­մին­նե­րուն նկատ­մամբ տար­բեր – տար­բեր ա­նուն­ներ կը գոր­ծա­ծո­ւէին՝ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ, Ան­թի­լիա­սի Մայ­րա­վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ազգ. Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան Կ­րօ­նա­կան ու Քա­ղա­քա­կան ժո­ղով­նե­րու լիա­կա­տար նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին, ներ­դաշ­նա­կու­թիւն ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ որ գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րը բո­լոր թե­մե­րուն մէջ կո­չո­ւին Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւն, իսկ օ­րէնս­դիր մար­մին­նե­րը Ազ­գա­յին  Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղով: Այս­պէս, մեր հա­մայն­քի գե­րա­գոյն գոր­ծա­դիր մարմ­նի «Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւն» ա­նո­ւա­նու­մը մնաց ան­փո­փոխ, մինչ «­Թե­մա­կան Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղով» ա­նու­նը փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ «Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղով»ով: Իբ­րեւ հե­տե­ւանք, թե­մի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը յետ այ­սու պի­տի կո­չո­ւին «Ե­րես­փո­խան­ներ», իսկ թե­մա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը «Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ընտ­րու­թիւն­ներ»:

Իսկ ին­չո՞ւ յա­ջորդ Կի­րա­կի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ար­տա­կարգ Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղով, երբ ար­դէն տա­րե­վեր­ջին պէտք է գու­մա­րո­ւի Թե­մի հեր­թա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վը:

Ար­տա­կարգ Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վը միայն մէկ օ­րա­կար­գով պի­տի զբա­ղի, այ­սինքն քննել եւ ըն­դու­նիլ Թե­մի նոր կա­նո­նա­գի­րը, որ սկիզ­բէն վե­րամը­շա­կո­ւե­ցաւ գո­հաց­նե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քին պե­տա­կան ճա­նա­չում ըն­ծա­յող թիւ 4301/2014 օ­րէն­քի պա­հանջ­նե­րը: Ան­շուշտ ա­ռանց նոր օ­րէն­քին իսկ, մին­չեւ հի­մա ի զօ­րու ե­ղող կա­նո­նագ­րի վե­րամ­շակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շա­տոնց զգա­ցո­ւած էր: Պար­զա­պէս նոր օ­րէն­քը, մե­զի այդ աշ­խա­տան­քը փու­թաց­նե­լու հար­կադ­րան­քին տակ դրաւ, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ ա­նոր մէջ յստակ պայ­մա­նա­ժա­մեր ճշդո­ւած են ո­րոնք ստի­պո­ւած ենք յար­գել: Ն­կա­տի պէտք է ու­նե­նալ նաեւ թէ գործ­նա­կան տե­սա­կէ­տէ եւս դի­տե­լով՝ բազ­մա­թիւ օ­րա­կար­գե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած հեր­թա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին, գրե­թէ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար բա­ւա­րար ժա­մա­նակ տրա­մադ­րել այս­քան լուրջ օ­րա­կար­գի մը ման­րակր­կիտ քննու­թեան հա­մար:

Ար­դեօ՞ք նոր օ­րէն­քը մեզ կը ստի­պէ մեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ կամ գոր­ծե­լա­կեր­պին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցնել:

Բա­ցար­ձա­կա­պէս ո՛չ: Ն­կա­տի առ­նե­լով սա­կայն որ յետ այ­սու օ­րէն­քի շրջա­գի­ծէն ներս պի­տի գոր­ծենք, ստիպուած պի­տի ըլ­լանք բծախնդ­րօ­րէն յար­գել նոր կա­նո­նագ­րու­թեամբ նա­խա­տեսուած թէ՛ պայ­մա­նա­ժա­մե­րը եւ թէ՛ գոր­ծե­լա­ձե­ւը: Այ­սինքն, այն ինչ որ կրնա­յինք ը­նել մին­չեւ հի­մա՝ յե­տաձգում­ներ, ձգձգում­ներ ե­ւայլն, պէտք է մոռ­նանք յետ այ­սու:

Կա­րե­ւոր հարց մը ազ­գա­յին կա­լուած­նե­րու պա­րա­գան է: Ա­նոնք բո­լո­րը Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ա­նո­ւան պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւին կա՞մ տե­ղա­կան Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րուն:

Օ­րէն­քի թիւ 7 յօ­դո­ւա­ծը կը նա­խա­տե­սէ թէ իւ­րա­քան­չիւր Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ որ ճանչ­ցո­ւած պի­տի ըլ­լայ իբ­րեւ Կ­րօ­նա­կան Ի­րա­ւա­կան Անձ՝ իր ան­շարժ կա­լո­ւած­նե­րու տէրն ու տի­րա­կա­նը պի­տի ըլ­լայ: Բ­նա­կա­նա­բար ա­նոնք բո­լո­րը նօ­տա­րա­կան ակ­տով պէտք է փոխանցո­ւին տո­ւեալ շրջա­նի «Կ­րօ­նա­կան Ի­րա­ւա­կան Անձ»ի ա­նո­ւան: Իսկ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ա­նուան պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւին միայն այն կալուած­նե­րը ո­րոնք ուղ­ղա­կիօ­րէն ի­րեն կը պատ­կա­նին:

Կա­րե­լի է ամ­փոփ կեր­պով մե­զի տե­ղե­կաց­նել թէ ի՞նչ փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցո­ւած են նոր կա­նո­նագ­րին մէջ:

Միայն փո­փո­խու­թիւն­ներ չեն մտցուած: Ե­ղած են նաեւ մեծ թի­ւով յա­ւե­լում­ներ: Դ­ժո­ւար գործ մըն էր կա­տա­րո­ւա­ծը, ո­րով­հե­տեւ պէտք էր մեր Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ նոր օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կել: Այս­պէս՝ նոր կա­նո­նագ­րին մէջ ա) օ­րէն­քի պա­հան­ջին հա­մա­ձայն կը յստա­կացո­ւի թէ Յու­նա­հա­յոց Թե­մը կը հե­տե­ւի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քին (դա­ւա­նանք, պաշ­տա­մունք, ծէս ու ե­կե­ղե­ցա­կան սուրբ կա­նոն­ներ):

Այդ բո­լո­րը մենք զե­տե­ղե­ցինք նա­խա­բա­նի մը մէջ, բ) ամ­րագ­րե­ցինք Թե­մի կեդ­րո­նա­կան եւ տե­ղա­յին իշ­խա­նու­թեանց ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յաչս պե­տու­թեան, գ) սկիզ­բէն խմբագ­րե­ցինք բա­ժին­ներ Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան, Կա­լո­ւա­ծոց եւ Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ծե­րա­նո­ցի Խ­նա­մա­կա­լու­թեան, Հա­շո­ւեքն­նիչ Մարմ­նոյ եւ Բա­նա­ձե­ւի Յանձ­նա­խում­բի մա­սին: Նե­րառ­նո­ւե­ցաւ նաեւ բո­լո­րո­վին նոր գլուխ մը հա­մայն­քի հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րուն մա­սին, 1863.ի Պոլ­սոյ Սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րի­նա­կով: Այս գլու­խը խիստ կա­րե­ւոր նկա­տե­ցինք, որ­պէս­զի հա­մայն­քի վար­չա­կան մե­քե­նա­յի գո­յու­թիւ­նը ին­քան­պա­տա­կի չի վե­րա­ծո­ւի, այլ յստակ ըլ­լայ թէ ա­տի­կայ կազ­մո­ւած է ծա­ռա­յե­լու հա­մար մեր ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, հա­մայն­քա­յին եւ ըն­կե­րա­յին նպա­տակ­նե­րուն:  

Նոր կա­նո­նագ­րի ար­տա­կարգ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վին կող­մէ ըն­դու­նո­ւե­լէն ետք ո­րո՞նք են յա­ջորդ քայ­լե­րը:

Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վին մէջ իր վերջ­նա­կան ձե­ւը ստա­նա­լէ ետք, նոր կա­նո­նա­գի­րը Ան­թի­լիաս պի­տի ու­ղար­կո­ւի վա­ւե­րա­ցո­ւե­լու հա­մար Ա­րամ Ա’ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ: Վե­հա­փա­ռին ստո­րագ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լէ ետք, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ իբ­րեւ «Կ­րօ­նա­կան Ի­րա­ւա­կան Անձ» ճանչ­ցո­ւող բո­լոր Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րը, կա­նո­նագ­րի յու­նա­րէն բնօ­րի­նա­կին հետ միա­սին, Ա­թէն­քի ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան պի­տի յղո­ւին գրան­ցո­ւե­լու հա­մար: Յա­ջոր­դա­բար դա­տա­րա­նը այդ բո­լո­րը պի­տի փո­խան­ցէ Կր­թու­թեան եւ Կ­րօ­նից Նա­խա­րա­րու­թեան, որ գրան­ցուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ցան­կը պե­տա­կան ներ­գին հա­մա­ցան­ցին վրայ պի­տի տե­ղադ­րէ: Ան­շուշտ այդ կայ­քէ­ջը մատ­չե­լի պի­տի ըլ­լայ միայն լիա­զօ­րո­ւած պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու: Օ­րի­նա­կի հա­մար, երկ­րի նօ­տար­նե­րը տո­ւեալ կայ­քէ­ջին դի­մե­լով պի­տի հաս­տա­տեն ե­կե­ղե­ցիի մը տո­ւած հաս­տա­տագ­րին վա­ւե­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Կեդ­րո­նա­նանք Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ: Նա­յած ան­ցեա­լին ոե­ւէ փո­փո­խու­թիւն մտցո­ւած է հո՞ն:

Ան­շուշտ: Հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը այն է թէ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րու թի­ւը հաս­տատ պի­տի ըլ­լայ: Կ’ա­ռա­ջար­կո­ւի 40ի հաս­նող ընդ­հա­նուր գու­մար մը: Այ­սինքն ու­նե­նալ 35 աշ­խար­հա­կան եւ 5 ե­կե­ղե­ցա­կան Ե­րես­փո­խան­ներ: Նաեւ իւ­րա­քան­չիւր շրջան ան­պայ­ման 1 Ե­րես­փո­խան ու­նե­նայ, իսկ մնա­ցեալ ա­թոռ­նե­րը հա­մե­մա­տա­կան կեր­պով բաշ­խել մեծ շրջան­նե­րու մի­ջեւ:

Նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած էին 2007ին: Ե­կե­ղե­ցա­կան տո­մար­նե­րուն մէջ ներ­կա­յիս ար­ձա­նագ­րո­ւած­նե­րէն շա­տեր ան­չա­փա­հաս էին այն ա­տեն: Կա­րե­լի է եր­կու խօս­քով ա­նոնց բա­ցատ­րել թէ ի՞նչ նպա­տա­կի կը ծա­ռա­յեն այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Յու­նաս­տա­նի մէջ մնա­յուն կեր­պով բնա­կող Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րը կը կազ­մեն Ուղ­ղա­փառ Յու­նա­հա­յոց Թե­մը, այ­սինքն կրօ­նա­կան հա­մայն­քը: Թե­մը, իր կրօ­նա­կան, վար­չա­կան, կրթա­կան եւ տնտե­սա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը վա­րէ իր ընտ­րեալ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, ո­րոնք Ե­րես­փո­խան­ներն են: Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Ե­րես­փո­խան­նե­րը կ’ընտ­րեն Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը, որ հա­մայն­քի գե­րա­գոյն գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կը հան­դի­սա­նայ: Հե­տե­ւա­բար, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը այն գոր­ծըն­թա­ցը կը կազ­մեն, ո­րու մի­ջո­ցաւ հա­մայն­քը կ’ընտ­րէ իր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, զայն լիա­զօ­րե­լով վա­րել թե­մի ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան եւ վար­ժա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցիլ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­ւա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան:

Ո­րո՞նք ի­րա­ւունք ու­նին Ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու:

Ոե­ւէ փա­փա­քող հայ­րե­նա­կից, այր կամ կին, որ 25 տա­րի­քը բո­լո­րած է, քրէա­կան յան­ցան­քով չէ դա­տա­պար­տո­ւած ու իր շրջա­նի ե­կե­ղե­ցա­կան տո­մար­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է՝ ի­րա­ւունք ու­նի Ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու տո­ւեալ շրջա­նի Ընտ­րա­կան Են­թա­յանձ­նա­խում­բին:

«Ա­զատ Օր»ի 27 Մարտ 2015ի թի­ւին մէջ Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րած էր թէ քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նին հա­մայն­քի բո­լոր այն ան­դամ­նե­րը ո­րոնք 18 տա­րի­քը բո­լո­րած են, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քէն կամ ար­տա­սահ­մա­նէն ե­կած Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ այն ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք նո­ւա­զա­գոյ­նը հինգ տա­րի օ­րի­նա­ւոր կե­ցու­թիւն հաս­տա­տած են Յու­նաս­տան:

Ճիշդ է, պայ­մա­նաւ որ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ թա­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը հաս­տա­տեն ա­նոնց օ­րի­նա­ւոր կե­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւելց­նեմ նաեւ՝ թէ Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը, նոյն յայ­տա­րա­րու­թեամբ կոչ կ­’ուղ­ղէր բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք չեն ար­ձա­նագ­րո­ւած թե­մա­կան ընտ­րու­թեանց ցան­կե­րուն մէջ, ի­րենց շրջա­նի ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յա­նալ ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար։

Պի­տի փա­փա­քէի՞ք ու­րիշ որե­ւէ նշում կա­տա­րել:

Ինչ­պէս կը նկա­տէք, ընտ­րու­թիւն­նե­րը բաց են բո­լո­րին առ­ջեւ թէ՛ ընտ­րե­լու եւ թէ՛ ընտ­րո­ւե­լու հա­մար: Պար­տինք բո­լորս մաս­նակ­ցիլ քո­ւէար­կու­թեան, փաս­տե­լու հա­մար թէ քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թեան տէր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կը հան­դի­սա­նանք ու ար­դիւ­նա­ւոր կեր­պով կ’օգ­տա­գոր­ծենք մե­զի ըն­ծա­յո­ւած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Փա­փա­քե­լի է մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րու ե՛ւ թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ե՛ւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ընտ­րու­թիւն­նե­րուն՝ ո’չ միայն փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­լու, այլ նաեւ Թե­մի ազ­գա­յին մե­քե­նա­յին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եւ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն: