Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած համարուեցաւ 1994 թուի Մայիսին Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններով։ Սակայն վերջերս թափ ստացած են Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի վրայ զինեալ բախումները։ Զինադադարի քսանամեակի այս օրերուն երկրի ապագան, ներկայ խնդիրները եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները հասկնալու համար խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։

Օ­գոս­տո­սէն այս կողմ ­Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ յա­ճա­խա­կի բա­խում­ներ կը նկա­տո­ւին։ Ի՞նչ կը պա­տա­հի։

­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան.- Օ­գոս­տո­սէն ի վեր սկսած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րը, ո­րոնք կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ Ատր­պէյ­ճան հա­մե­րաշխ չէ ներ­կայ դրու­թեան հետ եւ լուծ­ման եր­թալ ալ չ­՚ու­զեր։ Ոչ միայն զի­նո­ւո­րա­կան գետ­նի վրայ, այ­լեւ ներ­քին ու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ալ Ատր­պէյ­ճան լու­ծու­մէ հե­ռու կը մնայ։ Այս պայ­ման­նե­րու տակ վերջ­նա­կան խա­ղա­ղու­թիւն մըն ալ չ­þե­րե­ւիր։

Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­կեան խմբա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դիր­քը ի՞նչ է։

Ինչ­պէս որ գի­տէք, Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­կեան Խմ­բա­կը խնդի­րը խա­ղաղ լու­ծու­մի մը բե­րե­լու հա­մար 1993էն ի վեր կ­՚աշ­խա­տի։ Ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ, ­Ղա­րա­բաղ այս խմբա­ւո­րու­մէն ներս խօս­քի հա­ւա­սար ի­րա­ւունք ու­նէր։ 1998էն այս կողմ ­Ղա­րա­բա­ղը բա­նակ­ցո­ղի դիր­քի մատ­նո­ւե­ցաւ, այ­սինքն այժմ խօս­քի հա­ւա­սար ի­րա­ւունք չու­նի։

­Մինս­կեան Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին։ ­Բայց ներ­կայ դրու­թեամբ ոչ ոք կը գո­հա­նայ։ ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան տա­րիէ ի վեր կը տի­րէ յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թիւն մը, զոր կը պար­տինք Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­կեան Խմ­բա­կին։

Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք Խմ­բա­կէն ներս ­Ռու­սիոյ դիր­քո­րո­շու­մը։

­Ռու­սիա այս խնդրին եր­կու կող­մե­րուն հետ ալ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի։ ­Տա­րա­ծաշր­ջա­նի վրայ ազ­դե­ցու­թիւ­նը մեծ է։ ­Յի­շենք Օ­գոս­տոս ամ­սուն ­Սո­չիի մէջ կա­յա­ցած ժո­ղո­վը։ ­Սահ­մա­նի վրայ մեծ լա­րո­ւա­ծու­թիւն ապ­րո­ւած օ­րե­րուն ­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հը հրա­ւէր ուղ­ղեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն եւ այդ ժո­ղո­վէն ետք ալ դէպ­քե­րը դադ­րե­ցան։

Իսկ ի՞նչ է ­Թուր­քիոյ դե­րը այս խա­ղին մէջ։

Ափ­սոս որ ­Թուր­քիա դրա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը չէ ու­նե­ցած։ ­Մինչ­դեռ ան, որ­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի մեր­ձա­կայ եր­կի­րի, կրնար ա­ւե­լի աշ­խոյժ դեր ստանձ­նել խա­ղա­ղու­թիւ­նը կեր­տե­լու հա­մար։ Ա­նոնք նա­խընտ­րե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին կանգ­նիլ։

Այս պայ­ման­նե­րուն տակ կաս­կա­ծե­լի կը դառ­նայ ա­նոր միջ­նոր­դու­թիւ­նը։ ­Դեռ ա­ւե­լին, ­Թուր­քիա իր այս ռազ­մա­վա­րու­թեամբ, փո­խա­նակ խա­ղա­ղու­թեան տա­նող ճա­նա­պար­հը դիւ­րաց­նե­լու, ալ ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րաց­նէ զայն։

Ին­չե՞ր են Լ. ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­պա­տո­ւու­թիւն­նե­րը։

Ղա­րա­բա­ղեան ա­զա­տու­թեան շար­ժու­մը ինք­նա­վա­րու­թեան շար­ժում մըն էր։ ­Ժո­ղո­վուր­դը ընտ­րու­թիւն մը ը­րաւ, որ իր ար­դար ի­րա­ւունքն է։ ­Մենք շա­հե­ցանք այս պա­տե­րազ­մը, բայց տա­կա­ւին ու­նինք ու­րիշ պա­տե­րազմ մը եւս։ Կ­՚ու­զենք այս ժո­ղո­վուր­դին ար­ժա­նի, այ­սինքն՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ա­ռու­մով բար­գա­ւաճ եր­կիր մը գո­յաց­նել։ ­Մենք զուրկ էինք ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն բաժ­նո­ւող այլ եր­կիր­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րէն։ ­Պա­տե­րազ­մը ա­ւե­րած էր երկ­րին են­թա­կա­ռոյ­ցը։ Այժմ կ­՚աշ­խա­տինք այդ ուղ­ղու­թեամբ։

Ս­փիւռ­քը ին­չե՞ր կ­՚ը­նէ ­Ղա­րա­բա­ղի ճա­նաչ­ման հա­մար։

Ս­փիւռ­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը վա­յե­լենք, բայց խնդի­րը միայն սփիւռ­քին վրայ բեռց­նելն ալ սխալ է։ Ան մե­զի հա­մար մի­ջոց մըն է, մեր ի­րո­ղու­թիւ­նը, պայ­քա­րը ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար մի­ջոց մը։ Ատր­պէյ­ճան ո՛չ միայն տնտե­սա­կան շրջա­փա­կում կը գոր­ծադ­րէ ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ, այ­լեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան շրջա­փա­կու­մով մեր ձայնն ալ լռեց­նել կը փոր­ձէ։ ­Սար­սա­փի կը մատ­նո­ւի, երբ տես­նէ, թէ ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը շրջին երկ­րէն դուրս։ Ս­փիւռ­քը կը ճանչ­նայ իր ապ­րած երկ­րի պայ­ման­նե­րը եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ալ կ­՚ա­ջակ­ցի մե­զի։ ­Բայց կան ու­րիշ եր­կիր­ներ ալ, ո­րոնք լուրջ հայ­կա­կան սփիւռք մը չու­նին, սա­կայն կը զօ­րակ­ցին մե­զի։

Ա­նոնց հա­մար նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ ­Լի­թո­ւա­նիան եւ ­Պաս­քե­րը այդ տե­սա­կէ­տով մե­զի հետ են։ Այս տա­րի Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէն ներս ալ հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Ղա­րա­բա­ղի բա­րե­կա­մու­թեան խմբակ։

Իսկ օ­տար եր­կիր­նե­րու մէջ ու­նիք ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­ներ, ո­րոնք դես­պա­նա­տուն կամ հիւ­պա­տո­սա­րան չեն հա­մա­րո­ւիր։ Ին­չե՞ր կ­՚ը­նեն այդ կա­ռոյց­նե­րը։

­Մինս­կեան Խմ­բա­կի բա­նակ­ցող եր­կիր­նե­րու, այ­սինքն ­Ռու­սիոյ, Ա.Մ.Ն.ի եւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­ներ ու­նինք։ ­Բա­ցի այդ ­Պէյ­րութն ալ կա­րե­ւոր կեդ­րոն մըն է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ։ ­Կայ տա­կա­ւին Աւստ­րիան, ­Գեր­մա­նիան, ո­րոնք Եւ­րո­պա­յի կա­րե­ւոր եր­կիր­նե­րէն են։ Ա­նոնք, դի­ւա­նա­գի­տա­կան հան­գա­մանք չու­նե­նա­լով հան­դերձ, ի­րենց գտնո­ւած եր­կիր­նե­րու օ­րէնք­նե­րուն են­թա­կայ են։

Ա.Մ.Ն.ի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը օ­տար գոր­ծա­կա­լու­թեան հան­գա­մանք ու­նի։ ­Կան նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան բնոյ­թով գոր­ծող ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­ներ։

Այդ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րը կրնա՞ն ­Ղա­րա­բա­ղի վի­զա տալ։

Ո՛չ, այդ ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը ու­նի միայն ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հա­յաս­տա­նեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը։ ­Կամ ալ վի­զա կը ստա­նաք ­Ղա­րա­բա­ղի մուտ­քին:

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ