­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման մեծ յան­ցա­գոր­ծու­թեան մը ա­ռիթ տուած մղում­նե­րը եւ պայ­ման­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու լա­ւա­գոյն մի­ջոց­նե­րէն մէկն ալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադր­ման ե­ղա­նակ­նե­րը գիտ­նալն է։

Ա.Մ.Ն.ի Ք­լէրք հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բաժ­նին մէջ իր տոք­թո­րա­կա­նը պատ­րաս­տող Իւ­միտ ­Քուրթ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տող ա­կա­դե­մա­կան մըն է։ Ան ան­ցեալ­նե­րը ­Պատ­մու­թեան ­Հիմ­նար­կի Պոլսոյ Է­մի­նէօ­նի­ւի կեդ­րո­նին մէջ կա­յա­ցած բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քին, այս նիւ­թով ե­լոյթ մը ու­նե­ցած է։ «1915ին Այն­թա­պի հա­յոց տա­րագ­րու­թիւ­նը եւ հայ­կա­կան հարս­տու­թեան թա­լա­նու­մը» խո­րագ­րեալ բա­նա­խօ­սու­թե­նէն ետք հե­տե­ւեալ հար­ցում­նե­րը ուղ­ղո­ւած են ե­րի­տա­սարդ ա­կա­դե­մա­կա­նին։

 

­Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց՝
Էմ­րէ ­Ճան ­Տաղ­լըօղ­լու
«Ակօս»

­Նախ­քան 1915ը, Այն­թա­պի հա­յոց եւ այլ խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ լարուա­ծու­թիւն մը կը նկա­տէ՞ք։

Իւ­միտ ­Քուրթ.- ­Գո­նէ մին­չեւ ԺԹ. դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դը Այն­թա­պի հա­յե­րու եւ քա­ղա­քի իս­լամ խմբակ­նե­րու մի­ջեւ ո­րոշ հա­մե­րաշ­խու­թեան մը մա­սին խօ­սիլ կա­րե­լի է։ ­Սա­կայն այդ նոյն շրջա­նին հա­յե­րը, յատ­կա­պէս տնտե­սա­կան եւ կրթա­կան հա­մա­կարգ­նե­րէ ներս, մեծ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րե­ցին, իսկ իս­լամ­նե­րը տե­ւա­կան տեղ­քայլ ը­րին։ ­Քա­ղա­քի հայ հա­մայն­քը տնտե­սա­կան այս զար­գա­ցու­մը փոր­ձեց նաեւ փո­խադ­րել քա­ղա­քա­կան դաշտ։ ­Գոր­ծա­տէր դա­սա­կար­գը, բժիշկ­նե­րը, դե­ղա­գործ­նե­րը ար­հես­տա­ւոր­նե­րը ամ­բող­ջո­վին հա­յե­րէ կը բաղ­կա­նա­յին։ Ա­ւե­լի քան քսան վար­ժա­րան­նե­րէ զատ կը գոր­ծէին հինգ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնց­մէ մին հայ ա­ռա­քե­լա­կան­նե­րու, մին հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու եւ ե­րեքն ալ հայ բո­ղո­քա­կան­նե­րու կը պատ­կա­նէին։ Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րը նա­խանձ կը յա­ռա­ջաց­նէր իս­լամ­նե­րու մօտ եւ այդ նա­խան­ձով ալ կը խան­գարո­ւէր հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը։

­Հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը ե՞րբ սկսաւ խան­գա­րո­ւիլ։

­Նա­խան­ձին պատ­ճա­ռած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ 1895 թո­ւի ­Նո­յեմ­բե­րին բա­խում­նե­րու տե­ղի տուաւ։ Ն­շենք որ բա­խում­նե­րը Այն­թա­պի տնտե­սա­կան ան­ցու­դար­ձի կեդ­րո­նը հա­մա­րո­ւած շու­կա­յին մէջ պա­տա­հե­ցան։ Ի­մաս­տա­լից ե­րե­ւոյթ է այս, քա­նի որ կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նէ նիւ­թին տնտե­սա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ ­Զան­գո­ւա­ծա­յին բռնու­թեան այս փոր­ձէն ետք հա­յե­րը սկսան զի­նո­ւիլ եւ, ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մին հետ, մա­նա­ւանդ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շուրջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լով քա­ղա­քա­կան ուժ մը գո­յա­ցու­ցին։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ 1909ի Ապ­րի­լին Ա­տա­նա­յէն սկսե­լով ­Տէօր­թեօլ, Օս­մա­նի­յէ, ­Տիւզ­ճէ եւ մին­չեւ ­Քի­լիս ծա­ւա­լող հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րը Այն­թա­պի մէջ չեն ապ­րո­ւած։

Իսկ ե՞րբ սկսաւ Այն­թա­պի տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը։

Այն­թա­պի հա­յոց աք­սո­րու­մը բաղ­դատ­մամբ ու­րիշ քա­ղաք­նե­րու, բա­ւա­կան ուշ թո­ւա­կա­նի մը՝ 30 ­Յու­լիս-1 Օ­գոս­տոս 1915ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ։ ­Սա­կայն Այն­թա­պը մինչ այդ թո­ւա­կա­նը ­Զէյ­թուն, ­Մա­րաշ, ­Սե­բաս­տիա, Էլ­պիս­թան, ­Կիւ­րիւն եւ ­Ֆուռ­նու­զի նման վայ­րե­րէ աք­սո­րո­ւած հա­յե­րու հա­մար անց­ման կէտ մըն էր։ ­Կա­րա­ւան­նե­րը Աք­ճա­քո­յուն եւ ­Քաթ­մա­յի կա­յա­րան­նե­րէն դէ­պի ­Հա­լէպ կ­՚ու­ղար­կո­ւէին։ ­Հե­տե­ւա­բար Այն­թա­պի հա­յե­րը գի­տէին, թէ ին­չեր կը պա­տա­հէին։ 3 ­Մա­յիս 1915ին 300 հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած աք­սո­րի կա­րա­ւան մը հա­սած էր Այն­թապ։ Ամ­բող­ջո­վին կի­նե­րէ եւ ե­րե­խա­նե­րէ բաղ­կա­ցած այդ խում­բին յա­ջոր­դե­ցին ու­րիշ­ներ ալ, ո­րոնք միշտ յար­ձա­կում­նե­րու կ­՚են­թար­կո­ւէին յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեան աս­տի­ճա­նա­ւոր ան­դամ­նե­րէն հրո­սա­կա­պետ Ա­լի ­Պէ­յի կար­գադ­րու­թեամբ։ Այն­թա­պի տա­րագ­րու­թեան ու­շա­ցու­մը կա­րե­լի է վե­րագ­րել մու­թա­սար­րըֆ ­Շիւք­րիւ ­Պէ­յի եւ քա­ղա­քի հրա­մա­նա­տար ­Հիլ­մի ­Պէ­յի դի­մադ­րու­թեան։ ­Հա­կա­ռակ քա­ղա­քի վա­րիչ­նե­րուն այս դիր­քին, Այն­թա­պի ա­նո­ւա­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն Ա­լի ­Ճէ­նա­նի եւ ­Ֆա­տըլ ­Պէյ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւն­ներ կ­՚ը­նէին հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ջան­քե­րը ար­դիւնք տո­ւին եւ 29 ­Յու­լի­սին ­Պոլ­սոյ կեդ­րո­նէն հրա­ման ե­կաւ հա­յե­րը տե­ղա­հա­նե­լու հա­մար։ Այս զար­գա­ցու­մէն ետք մու­թա­սար­րուֆ ­Շիւք­րիւ ­Պէյ եւ Հ­րա­մա­նա­տար ­Հիլ­մի ­Պէյ հրա­ժա­րե­ցան ի­րենց պաշ­տօն­նե­րէն։ 1,4,8,11,13 Օ­գոս­տոս թուա­կան­նե­րուն մե­ծաւ մա­սամբ ուղ­ղա­փառ հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած 6 կա­րա­ւան­ներ տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան։ Ա­նոնց տա­րագ­րու­թեան յա­ջոր­դեց ­Սեպ­տեմ­բեր 1915ին կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րուն եւ ­Դեկ­տեմ­բեր 1915ին ալ բո­ղո­քա­կան հա­յե­րու աք­սո­րը։

Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ կը տես­նենք, որ Այն­թա­պի վար­չա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան դե­րա­կա­տար­նե­րը հա­յոց աք­սո­րո­ւե­լուն հա­մար մեծ ջանք կը վատ­նեն։

­Տա­րագ­րո­ւած հա­յե­րէն Այն­թապ վե­րա­դար­ձող­ներ ե­ղա՞ն։

1919ի սկիզբ­նե­րը վե­րապ­րած­նե­րէն ետ ե­կող­ներ ե­ղած են։ ­Բայց չվե­րա­դար­ձող­ներն ալ շատ են։ Ետ ե­կող­նե­րուն մէջ կը հան­դի­պինք սե­բաս­տա­ցի, կե­սա­րա­ցի կամ էրզ­րում­ցի հա­յե­րու, ո­րոնք Այն­թա­պը ա­ւե­լի ա­պա­հով գտնե­լով ո­րո­շած են հոս հաս­տա­տո­ւիլ։ Ան­գի­լա­ցի­ներ 1918ի 17 ­Դեկ­տեմ­բե­րին կը գրա­ւեն քա­ղա­քը։ Անգ­լիա­կան բա­նա­կի ղե­կա­վար­նե­րէն ­Զօ­րա­վար ­Մէք Էնտ­րիու հա­յոց տա­րագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ ինչ­քե­րը թա­լա­նե­լու մե­ղադ­րան­քով կը ձեր­բա­կա­լէ խումբ մը Այն­թապ­ցի­ներ, ո­րոնք իս­կոյն կ­՚աք­սո­րո­ւին դէ­պի Ե­գիպ­տոս։ Անգ­լիա­ցի­ներ ետ ե­կող հա­յե­րուն կը վե­րա­դարձ­նեն նաեւ ա­նոնց կա­լո­ւած­նե­րը։ ­Հա­յե­րէն թա­լա­նած հարս­տու­թիւ­նը յափշ­տա­կող­նե­րը «ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խոր­հուրդ» եւ «իս­լամ հա­մայնք» ա­նուն­նե­րով եր­կու միու­թիւն կը կազ­մա­կեր­պեն, ­Դաշ­նա­կից «գրա­ւիչ­նե­րուն» դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար։ Այս միու­թիւն­նե­րը այդ­քան ալ ազ­դե­ցիկ չէին ան­գի­լա­կան գրա­ւու­մի օ­րե­րուն, բայց երբ 1919 ­Նո­յեմ­բե­րին ֆրան­սա­ցի­նե­րը ստանձ­նե­ցին քա­ղա­քին հո­գա­տա­րու­թիւ­նը, դի­մադ­րու­թիւ­նը ծա­ւա­լե­ցաւ։ Ֆ­րան­սա­կան զինեալ ու­ժե­րու մէջ կար նաեւ հայ­կա­կան գու­մար­տակ մը, ո­րուն գո­յու­թիւ­նը ա­ւե­լիով սրեց քա­ղա­քի դի­մադ­րու­թիւ­նը։ Ու­րեմն կա­րե­լի է ը­սել, որ պաշ­տօ­նա­կան պատ­մագ­րու­թեան կող­մէ այն­թապ­ցի­նե­րու՝ ֆրան­սա­կան գրաւ­ման դէմ որ­պէս դի­մադ­րու­թիւն ներ­կա­յա­ցուա­ծը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յե­րէ թա­լա­նո­ւա­ծին տի­րա­նա­լու մի­տու­մով եւ հա­յոց դէմ մղո­ւած պայ­քար մըն էր։ Այն­թա­պի հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծող­նե­րը քա­ղա­քի հա­րուստ­ներն էին, ո­րոնք հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին ալ յա­ջո­ղե­ցան ի­րենց դիր­քը պա­հել եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի բար­գա­ւա­ճիլ։ Այս զու­լում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին ալ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ընտ­րո­ւե­ցան, նա­խա­րար դար­ձան եւ ալ ա­ւե­լի հարս­տա­ցան։

Ինչ­պէ՞ս կը բա­ցատ­րէք հան­րա­պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ցե­ղաս­պա­նու­թեան տէր կանգ­նի­լը։

Ինչ­պէս նա­խորդ հար­ցու­մին ալ ը­սած էի, գոր­ծըն­թա­ցը բա­ցա­յայտ ա­ւա­զա­կու­թիւն մըն է։ ­Թուր­քիա այս պարզ ի­րո­ղու­թեան հա­մար է, որ այս­քան աղ­մուկ կը հա­նէ 1915ի մա­սին։ ­Բա­ցի սպա­նու­թիւն­նե­րէն եւ ոչն­չա­ցու­մէն, պե­տու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցի, որ յափշ­տա­կած է հա­յոց հարս­տու­թիւնն ալ եւ հա­նած աղ­մու­կով կ­՚ու­զէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը քո­ղար­կել։ Օս­ման­ցին եւ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը քրիս­տոնեա­նե­րու գո­յու­թիւ­նը ի­րենց ա­պա­գա­յին ուղ­ղեալ սպառ­նա­լիք մը հա­մա­րած եւ ամ­բողջ ռազ­մա­վա­րու­թիւնն ալ քրիս­տո­նեա­նե­րու երկ­րէն վե­րա­նա­լուն վրայ հիմ­նած են։ Այս մա­սին պատ­րաս­տո­ւած բո­լոր օ­րէնք­նե­րը եւ կա­նոն­նե­րը հա­յոց այս երկ­րին մէջ հետ­քե­րը ոչն­չաց­նե­լու, վե­րա­կազ­մու­թիւ­նը ար­գի­լե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դեն։