Print
Category: Հարցազրոյցներ

Սփիւռքի նախարարութիւնը վեց տարեկան է։ Եթէ առաջին 5-ամեակի թիրախը իրար ծանօթանալ ու իրազեկուիլ էր, որո՞նք են յաջորդող տարիներու թիրախները։

Նախարարութեան ստեղծումը երկկողմանի է, որովհետեւ նախարարութիւնը կարելի չէր ստեղծել առանց Սփիւռքի հետ համաձայնութեան։ Մեր բոլոր ծրագիրները կը կայանան երկխօսութեամբ ու երկուստեք քննարկումներով։ Կը համագործակցինք Սփիւռքի համահայկական կառոյցներով եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ միայն կրնանք մեր ծրագիրները յաջողուած համարել։

Անցնող 6 տարիներուն նայելով, կրնամ ըսել, որ չկայ ծրագիր որ մենք չկարողացանք իրագործել։ Ընդհակառակը՝ մեր բոլոր ծրագրերը, հետզհետէ խորացած ու ընդլայնուած են, աւելի շատ երկիրներ ներգրաւուած ու աւելի մեծ թիւով հայ երիտասարդութիւն մասնակից դարձած է։
Սկիզբը, արմատը որ մենք կը սկսինք ծրագրերը յառաջ տանիլ, երկխօսութիւնն է, որ փաստուեցաւ թէ շատ ճիշդ մօտեցում էր։
Իրար ճանաչման հարցը առաջին հանգրուանն էր մեր աշխատանքին, որ կարծեմ այլեւս իր աւարտին հասած է՝ «ճանաչել, վստահել, գործակցել» բանաձեւումի հիմամբ։ Մենք արդէն իրար լաւ կը ճանչնանք, եւ արդէն երկրորդ՝ վստահութեան հարցը շատ կարեւոր է, որ հիմքն է լաւ գործակցութեան։ Քայլ առ քայլ նուաճելով խստապահանջ Սփիւռքի վստահութիւնը, կը կարողանանք առաւել ջերմացնել ու աշխուժականացնել փոխադարձ գործակցութիւնը։
Կրնամ ուրեմն ըսել որ ներկայիս վստահութեան եւ համագործակցութեան ժամանակահատուածին մէջ ենք, որ պիտի օգնէ մեր ծրագրերը աւելի դառնան։ Տարբեր կառոյցներու հետ մեր կնքած համաձայնութիւնները այդ հնարաւորութիւնը պիտի տան որ միասնաբար իրագործենք ձեռնարկներ, պայմանաւորուածութիւններ. այդպիսին են Համազգայինը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Կիւլպենկեանը, Ռուսաստանի Հայերու Միութիւնը, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսը, որոնց հետ համաձայնութիւնները մեծագոյն ձեռքբերումներն են, ուր աշխարհասփիւռ հայ մարդիկ աւելի պիտի կապուին դէպի Հայաստան։ Ես կը կարծեմ թէ ուշացումով ստեղծուեցաւ նախարարութիւնը, սակայն իր ստեղծումէն ետք ստիպեց շատ մը կառոյցներ, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գործունէութիւնը։ Եթէ անոնք մինչ այդ բոլորովին ներքնապէս կը գործէին, անկախ հայրենիքի իրականութիւնը ստիպեց որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն իրենց աշխատանքը։

Սփիւռքը եւս փոխեց իր պատկերը անցնող տարիներուն մէջ։ Նոր համայնքներու ստեղծումը, Միջին Արեւելքի տագնապը, հայաթափուած գաղութներու իրավիճակը նոր մարտահրաւէրներ բացի՞ն նախարարութեան առջեւ։

Ի հարկէ իւրաքանչիւր տարածաշրջան ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Ռուսաստանի տարածքին մէջ հայերու հիմնախնդիրները նման չեն Միջին Արեւելքի կամ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ ապրող հայերու խնդիրներուն։ Այս պատճառով ալ մեր մեր ծրագրերը ըստ տարածաշրջանի կարիքներուն կը կազմենք, հաշուի առնելով անոնց հարցադրումները, իրավիճակը, տնտեսական-քաղաքական կացութիւնը, մշակութային կապերը, համայնքի մեծութիւնը, եւայլն, եւ պէտք է ըսեմ, որ ընդհանրական թիւ 1 մարտահրաւէրը եղած է՝ մայրենի լեզուի կորուստը։ Անոր համար կը պնդենք, որ բոլոր կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները իրենց թիւ 1 ծրագիրը պէտք է համարեն երիտասարդին, մանուկին, երեխային հայերէն սորվեցնելու հարցը։ Շատ բարդ խնդիր է, տեսնելով թէ արդեօ՞ք ինչու երեխան պէտք է սորվի հայերէնը, երբ իր ամբողջ կեանքը կþանցնի օտար միջավայրին մէջ, մայրենի լեզուն «տնային» դարձնելով...:
Այս իմաստով է որ մենք երեխային մէջ պէտք է ներարկենք հայրենիք սէրը, հայրենասիրութիւնը, ազգի հպարտութիւնը, որպէսզի ամէն հայ երիտասարդ իր պարտականութիւնը համարէ հայերէն լեզուի տիրապետումը, նոյնիսկ գիտակցելով որ եթէ հայերէն չգիտէ, իր կեանքին մէջ լուրջ պակաս մը կայ։ Որպէսզի խնդիրը կարողանանք յառաջ տանել, ես եկած եմ այն եզրակացութեան, որ միակ փրկութիւնը, միակ ելքը՝ երեխան հայրենիքին մօտ պահելն է։ Երեխան, երիտասարդը պէտք է տեսնեն հայրենիքը։ Պէտք չէ ոեւէ հայ մնայ, առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու։ Առաւել՝ 13 - 20 տարիքի միջեւ հայ երիտասարդները։ Մեր բոլորին խնդիրը պէտք է դառնայ երիտասարդները հայրենիք առաջնորդելու հարցը, որպէս պարտադիր ուխտագնացութիւն։
Այս իմաստով ալ կը կարեւորեմ մեր «Արի տուն» ծրագիրը, որ առաջին տարիներուն 100-200 հոգիով սկսաւ եւ այսօր արդէն հազարներու հասած է։ Եւ այդ ոգեւորութիւնը որ ես կը տեսնեմ երեխաներու աչքերուն մէջ, այդ փայլը, հայրենիքէն չբաժնուելու ցանկութիւնը ինձ եւս մէկ անգամ կ'ապացուցանէ, թէ այս տղաքը ՀԱՅ պիտի մեծնան յետ այսու։
Լեզուի եւ հայրենիքի ճանաչողութիւնը առաջնահերթ մարտահրաւէրներն են, բայց անոնց կողքին ես պիտի դասեմ նաեւ հայկական կառոյցներու հզօրացման հարցը։ Եւ այդ ուղղուածութիւնը պէտք է ըլլայ՝ մեր արմատներէն, մեր եկեղեցիէն հեռացած հայերու վերադարձին մէջ։ Այս նպատակով ալ մենք կը կարեւորենք «հայադարձութիւն»ը, բոլոր անհատ ուժերուն համար։ Դժբախտաբար գիտէք, շատ-շատ դժուար է գտնել որեւէ տարածք, որեւէ համայնք ուր բոլոր անդամները գործօն ու ներկայ ըլլան։ Հակառակը՝ շատ շատեր են անոնք որ հեռացած են իրենց արմատներէն եւ պէտք է իրենց վերադարձնել։ Անոր համար, մեր ակտիվ ու գործօն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն վրայ ես բեռ մը եւս կþուզեմ առաջարկել։ Մեզմէ ամէն մէկը՝ մէկ հայ վերադարձնելու ճիգը կատարէ այս տարուայ ընթացքին։ Եօթ միլիոն հայ ենք, որոնց մէկ միլիոնը՝ ակտիվ։ Եթէ այս մէկը յաջողցնենք, տեսէ՛ք թէ ինչպէս կը զօրանանք։ Եւ չեմ խօսիր ոչ իսլամացած, ոչ այլ պարագաներու մասին։ Այլ մեր համայնքներու մէջ ապրող մարդոց, մեր ընկերներու, մեր բարեկամներու մասին, որոնք բաւարար ներգործութիւն չունին մեր ազգային կեանքին մէջ։ Սա մեր գործը պէտք է ըլլայ՝ դուռ առ դուռ, մշակութային փոքրիկ ծրագիրներով, հայկական ճաշկերոյթներով ու անընդհատ համոզելով թէ հայրենիքը պէտք է գէթ մէկ անգամ տեսնել։

Սփիւռքի արագընթաց ուծացումը, մշակոյթ¬լեզու¬ինքնութիւն պահպանելու պայքարի շարունակութիւնը ինչպէ՞ս կը տեսնէք։

Ես գիտեմ որ հայ ծնիլը պատիւ է եւ պարտականութիւն։ Իւրաքանչիւր հայ անհատ պարտական է իր ցեղին, իր ազգին, եւ իր պարտականութիւնն է շարունակել հայօրէն ապրիլ։
Եթէ հարիւր տարի առանց հայրենիքի կարողացաւ ապրիլ Սփիւռքը, հիմա ազատ, անկախ հայրենիք ունինք եւ այդ ալ՝ երկու հանրապետութիւններով։ Ես չեմ հաւատար որ աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուի հայը, պիտի չձգտի իր լինելութեան, իր ինքնութեան մասին յիշել եւ դիտել ու հպարտանալ իր հայրենիքով։ Մենք մեր նուաճումները, մեր ձեռքբերումները, պէտք է կարողանանք ճիշդ ներկայացնել։ Վերջ ի վերջոյ Սփիւռքի մէջ երիտասարդը ինչո՞ւ հայ պիտի մնայ։ Միայն եթէ կը հպարտանայ իր ազգային ինքնութեամբ, իր արմատներով եւ իր հայրենիքով։ Մեր մեծերուն մասին, մեր պատմութեան մասին, մեր ներկայի ձեռքբերումներուն մասին մենք պէտք է կարողանանք տեղեակ պահել մեր երիտասարդ սերունդները, որպէսզի ուժ տանք իրենց եւ գօտեպնդենք հպարտութեան զգացումը իրենց ազգային ինքնութեան հանդէպ։ Երիտասարդը պէտք է իմանայ որ մենք Տիգրան Մեծ ունինք, Արտավազդ ունինք, Կոմիտաս եւ Խաչատուրեան ունինք, Շարլ Ազնաւուր ունինք եւ Քըրք Գրիգորեան եւ քանի-քանի փայլուն դէմքեր, փայլուն թուականներ։ Գիտէ՞ք, տխուրը, վատը միշտ շատ արագ կը տարածուի, այնուհետեւ առասպել դառնալով։ Փոքրիկ բան մը կրնայ մեծնալ եւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին տարածուիլ, ամէն մէկու մեկնաբանութեամբ... Իսկ լաւ բանը՝ նոյն հնչեղութեամբ չի տարածուիր...։
Ինչպէ՞ս չհպարտանանք մենք այսօր, մեր ուժեղ, հզօր բանակով։ Մեր կրթուած-դաստիարակուած երիտասարդութեամբ։
Հետեւաբար կ'ուզեմ ըսել, որ մենք լաւի օրինակով պէտք է ընթանանք, միշտ դրական կերպարներով առաջնորդուելով։

Անցնող տարիներուն ընթացքին Սփիւռքի նախարարութեան բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործուեցան որ ընդհանուրին մէջ ծանօթ են։ Կրնա՞ք յատուկ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներուն։

Երբ հանրապետութեան նախագահը 2011 թուականին հրամանագիր ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնաժողովի ստեղծման մասին, մեր ամէնամեծ ցանկութիւնն էր, այդ յանձնաժողովը համահայկականի վերածուած տեսնել։ Եւ այսօր ես ուրախ եմ, որ ներկայիս այդ կառոյցը համահայկական բնոյթով կը գործէ, մանաւանդ որ կը գործէ համահայկական բոլոր կառոյցներու մասնակցութեամբ եւ ՀՀ նախագահի ղեկավարմամբ, որպէս Հայրենիք-Սփիւռք միացման ու համագործակցութեան լաւագոյն հիմք։
Առաջին անգամ ըլլալով, մենք տարածաշրջաններէն ներս 100ամեակի աշխատանքներու գործով յանձնախումբեր կազմեցինք։ Ի հարկէ Սփիւռքի մէջ միշտ նշուած են տարելիցները, սակայն այս համախմբումը եւ կազմակերպուածութիւնը շատ նշանակալից ու կարեւոր է։ Յանձնախումբերու համադրումը մեզի յանձնարարուած է, որպէս նախարարութիւն։
Պէտք է ըսեմ, որ մենք անմիջապէս կազմեցինք ծրագիր մինչեւ 2017 թուական, գիտակցելով թէ 100ամեակի թուականը հանգրուան է յաջորդական հուժկու աշխատանքի կազմակերպման համար։
Անոնց շարքին են քաղաքական պայքարը, մեր համայնքներու օգտագործումով, ուր բանաձեւումներով եւ հռչակագրերով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներ պիտի ապահովուին։ Ես կþուզեմ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնել Յունաստանի պետութեան եւ յունահայ համայնքին, վերջերս ընդունուած իր օրինագիծին համար, ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ։ Որքան աւելի հզօրանայ ժխտողականութեան դէմ պայքարը աշխարհի տարածքին, այնքան աւելի պիտի մերկանայ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը։
Հիմնական է նաեւ քարոզչական աշխատանքը եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է կարեւորեմ մեր նախաձեռնութիւնները, համախմբելու 220է աւելի թերթ-ռատիոկայան-պարբերական հանդէսներ-համացանց ընդգրկող հայկական լրատուական դաշտը, խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու կազմակերպման ընդմէջէն ու իրենց տուած օգտակար արդիւնքներով, անվտանգութեան խնդիրներու եւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին մէջ։
Նոյնիսկ եթէ չէք համաձայնիր, ես պէտք է հարց տամ, թէ արդեօ՞ք անցնող 20 տարիներուն մէջ այսքան համախմբուա՞ծ էր հայկական լրատուադաշտը, որքան է հիմա, այս խորհրդաժողովներու կազմակերպումէն ետք։ Բացէք որեւէ հայկական թերթ Հայաստանի մէջ։ Լեցուն է Սփիւռքի մասին լուրերով, նոյնպէս՝ փոխադարձաբար Սփիւռքի թերթերը Հայաստանի մասին։ Իսկ տարիներ առաջ, պէտք էր փնտռէիք նոյնիսկ մէկ լուր Սփիւռքի հայ գաղութի մը մասին գտնելու համար... Այս պատկերը արդիւնք է հետեւողական աշխատանքի եւ ես շատ ուրախ եմ ասոր համար։
Այլ կարեւոր հարցը լոպիզմն է։ Հիմնական դերակատարը հոս Հայ Դատի գրասենեակներն են, որոնք հետզհետէ կ'ընդլայնուին եւ մեծ աշխատանք կը կատարեն։ Մենք ալ իրենց կը քաջալերենք՝ խրախուսելով, ականջալուր ըլլալով եւ համագործակցութեան ճիշդ ոգիով։
Լոպիզմը անընդհատ աշխատանքի առարկայ է, որովհետեւ սերնդափոխութիւն տեղի կþունենայ, կամ ղեկավարութիւնները կը փոխուին, ուրեմն հետեւողականութիւն պէտք է, կամ ինչպէս շատ ճիշդ բանաձեւումով ըսած է Արամ Ա. Վեհափառը՝ «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»։
Այլ հարցերը տպագրական եւ գիտական խնդիրներն են։ Մենք հետազօտական շատ ու շատ նիւթեր նուիրած ենք ցեղասպանութեան նիւթին։ Մխիթարեաններուն հետ սկսանք մէկ շատ կարեւոր ծրագիր, որ Նիւ Եորք Թայմզի, Պոսթոն Կլոպի, Լոս Անճելըս Թայմզի եւ այլ թերթերու մէջ անցեալին գրուած փաստաթուղթերը հրատարակելու գործն է, որու 1600 էջերէ բաղկացած առաջին հատորը արդէն լոյս տեսած է։
Մենք առաջին անգամ պետականօրէն տպագրեցինք Ուտրօ Ուիլսընի վճիռը, որպէս իրաւական եւ պետական փաստաթուղթ։
Գումարած ենք տասնեակ համաժողովներ, գիտաժողովներ, նուիրուած ցեղասպանութեան թեմային։ Այսօր կ'աշխատի իրաւաբանական խումբը, որ ցեղասպանութեան հատուցման հարցերուն վրայ կ'աշխատի։ Շուտով պիտի գումարենք միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու իրաւաբանական ժողով։
Նոյնպէս կլոր սեղաններ նուիրեցինք իսլամացած հայերու խնդիրներուն, քննարկելով բոլոր այդ զգայուն հարցերը, որ այսքան էական են։
Իսկ հրատարակութիւններու շարքին մեր վերջին գործերէն է տեղանուններու բառարանը եւ երեք հատորով կազմուած ամբողջ հայկական տարածքի տեղանուններու նուիրուած հրատարակութիւնը։
Մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ կան նաեւ կրթամշակութային ծրագրերը ցեղասպանութեան թեմայով, յատկապէս դպրոցներու եւ մշակութային ձեռնարկներու ընդմէջէն պէտք է մեր դատը հասցնել նաեւ օտարներուն։
Նոյնպէս կարեւոր կը սեպենք համայնքներուն մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներն ու միջոցառումները։

Ռուսաստանի տարածքին, Կրասնոտարի եւ Մոսկուայի մէջ ամէնօրեայ դպրոցական դրութիւն չկայ, այսքան մեծ թիւով հայրենակիցներու զաւակներուն համար, որոնք հայերէնը ընտանիքներուն մէջ կը սորվին։ Կառավարութեան համար այս մէկը ընդհանուր կարեւոր հարց է՞։ Ինչպիսի՞ ծրագրում կայ։

Կան միօրեայ վարժարաններ. մենք 80 եւ աւելի միօրեայ դպրոցներ բացած ենք ռուսական տարածքէն ներս, անցնող 3-4 տարիներուն։ Կան տեղեր, ուր համախմբուած կþապրին մեծ թիւով հայեր, ուր տեղական վարժարաններուն մէջ ներառուած է հայերէն լեզուի ուսուցումը։ Սոչիի 34 դպրոցներու մէջ հայերէն լեզուն պարտադիր լեզու է տուեալ տարածքի կրթական համակարգի մասին։ Նոյնը Ուքրանիոյ մէջ, ուր տեղական ծրագրին մէջ կայ հայերէն լեզուի ուսուցման դասը, անշուշտ այն շրջաններուն մէջ, ուր հայ փոքրիկներ կան։
Բայց տեղեր ալ կան ուր նման հնարաւորութիւններ չկան։
Մենք տեղական համայնքներուն հետ համագործակցելով, կը յանձնարարենք, որ տեղական դպրոցներուն մօտ պահանջք ներկայացուի որպէսզի դասերու աւարտին, ժամ տրամադրուի հայերէն լեզուի, երգի-պարի եւ պատմութեան ուսուցման։ Որովհետեւ գիտէք, կիրակնօրեայ դպրոցները կրնան աւելի ճնշիչ դառնալ երեխաներուն համար, բայց երբ շաբաթը երկու-երեք անգամ, իրենց ամէնօրեայ դպրոցէն ներս, տրուի հնարաւորութիւնը հայերէնի դասը իրագործել, որպէս շարունակութիւն իրենց առօրեայ ծրագրին, բնական է որ աւելի հեշտ կը դառնայ ուսուցումը եւ ընկալումը։
Մենք այս նպատակով ալ հեռուստադպրոց կը կազմակերպենք անգլերէնի եւ հայերէնի հիմքով, եւ կը յուսանք որ շուտով արեւմտահայերէնով ալ կ'ունենանք։