
2009-ի Յուլիսին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Վէմ» համահայկական եռամսեայ հանդէսի նոր շրջանի առաջին թիւը, որպէս շարունակութիւնը 1933-39 Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ Փարիզի մէջ հրատարակուած «Վէմ. երկամսեայ հանդէս մշակոյթի եւ պատմութեան» գիտական պարբերականի։
Գլխաւոր խմբագիրն է Գէորգ Խուդինեան, որ մեզի ջերմ ընդունելութիւն վերապահելով սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ «Վէմ»ի գործունէութեան մասին։
Խմբագրական կազմին մէջ ներառնուած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մասնագէտներ եւ գիտնականներ։
ԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒՄ
«Վէմ»ի նպատակն է համադրել Հայաստանի ու Սփիւռքի գիտնականներու ջանքերը եւ հայագիտութեան մարզին մէջ ապահովել նոր մակարդակ, Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը օտար գիտական շրջանակներու ներկայացնել, մեր ժողովուրդի մասին սխալ պատկերացումներ ստեղծող թուրք-ատըրպէյճանական կեղծարարներուն գիտական պատասխաններ տալ։
«Վէմ»ի էջերուն մէջ կը գտնենք պատմութեան, լեզուի, գրականութեան, փիլիսոփայութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի եւ այլ մարզերու խոր եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ։ «Գրախօսականներ» եւ «Լրատու» բաժիններով ան կը ներկայացնէ նոր ուսումնասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ։ «Արխիւ» բաժինով կը տպուին Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերող վաւերագրեր։
«Վէմ»ը լայն տեղ կը յատկացնէ հայոց նոր ու ժամանակակից պատմութեան առանցքային հիմնահարցերու ուսումնասիրութեան, անոնց մասին քննարկումներու կազմակերպման, նոր վաւերագրերու հրապարակման, անծանօթ դէմքերու ու դէպքերու բացայայտման։
«Վէմ»ի մէջ տպագրուած Հայ Դատի վերաբերեալ նիւթերէն կարելի է յիշատակել հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հիմնահարցերու քննութեան նուիրուած որոշ թղթածրարներու պատրաստութիւնն ու տարածումը։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման դէմ հանդէս եկող միակ գիտական հեղինակութեան՝ Փիեռ Նորայի փաստարկները հիմնականօրէն մերժող «Վէմ»ի հրապարակումները կարելի է կարդալ 2013-ի առաջին եւ երկրորդ թիւերուն մէջ։
Անդրադառնալով Նոր Շրջանին, Գէորգ Խուդինեան ըսաւ. «1933-39 Վրացեանը 25 թիւ հրատարակած էր։ Նոր Շրջանին մինչեւ հիմա հրատարակուած է 22 թիւ, ընդհանուրը՝ 47 թիւ։ Պահած ենք Վրացեանի սկսած համարակալումը։ Հանրութեան վերաբերումը շատ լաւ է, ոգեւորիչ է։ Գիտէք, գիտական ընթերցողի շրջանակը աւելի փոքր է։ Խնդիրներ կան սփիւռքի հետ, որովհետեւ այնտեղ հայերէն կարդացողներու թիւը քիչ է։ Ֆրանսայէն ալ կու գան, առանձին համարներ կը վերցնեն, կը բաժանորդագրուին, մարդիկ կան որ 5-6 օրինակ կը տանին գիտական կեդրոններուն տալու համար»։
ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՈՐԱԿԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսելով մեր գիտական մտքի որակի մասին, խմբագրապետը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի մասին սխալ կարծիքներ ձեւաւորողներուն մենք կու տանք գիտական տուեալներու վրայ հիմնուած պատասխաններ։ Չկարծէք որ Հայաստանի մէջ պատմագիտական մտքի Դպրոց չէ եղած։ Մենք ունեցած ենք այդ Դպրոցը, վերջին 20 տարիներուն է որ ան քայքայուած էր բայց այնուամենայնիւ ինչ-որ բան մնացած էր եւ մենք յաջողեցանք ի մի բերել մնացորդացը եւ մեր շուրջ հաւաքել։ Մենք կոչումներուն կամ պաշտօններուն ուշադրութիւն չենք դարձներ, այլ՝ անհատին, յօդուածի որակին։ Միայն որակական գործ է որ կը հրատարակենք, ոչ մէկ կողմնակի միջնորդութիւն»։
Գ. Դ.