Ծնած եմ 1935 թուականին Պոլսոյ մէջ։ Հօր կողմէ աքսոր չտեսած ընտանիքէ մը, մօր կողմէ՝ աքսոր տեսած ։ Իմ հօրս հայրը ծնած է Սեբաստիոյ Զարա շրջանը եւ երիտասարդ տարիքէն Պոլիս եկած է աշխատելու։ Հօրս մայրը բուն պոլսահայ ընտանիքէ էր։ Իսկ մօրս հայրը զինուորական բժիշկ էր. ուր որ իրեն կը ղրկէր Օսմանեան բանակը ստիպուած էր երթալու։
Մօրս մայրը հարուստ ընտանիքէ մըն էր եւ անոր հայրը գաղութին բարերարը եղած էր։ Ջարդի ժամանակ իր մեծ հայրը նահատակուեցաւ, իսկ մեծ մայրիկը աքսորուելէ ետք վերադառնալով Պոլիս ծառայ եղաւ հարուստ տուներու մէջ եւ այս ձեւով ապրեցուց իր ընտանիքը։ Իմ ծնելէս երկու տարի վերջ հայրս մահացաւ ծանր հիւանդութենէ։ Փոքր տարիքիս, այսօրուայ Քուրթուլուշ՝ յունական Պոլսոյ Թաթաւլա շրջանը մեծցած եմ. շատ յունարէն լեզուն լսելէս կը յիշեմ շատ մը յունական բառեր։ Հոն հայկական վարժարան մը յաճախած եմ - Արթի կրթարանը, որը այլեւս փակուած է եւ շատերը նոյնսիկ չեն յիշեր անոր գոյութիւնը։
15 տարեկանիս մեծ հայրիկիս մահէն ետք տեղափոխուեցանք Փերայի շրջանը, ուր մայրս, մեծ մայրս եւ ես փոքր սենեակի մը մէջ սիրով ապրեցանք։ Ստիպուած դպրոցը ձգեցի եւ գործի մտայ։ Որոշած էի լքել այս երկիրը եւ Հայաստան տեղափոխուիլ, ուր մօրեղբայրս կ'ապրէր, բայց մերժուեցաւ այս դիմումս Սովետական կառավարութենէն, ես ալ այլեւս որոշեցի որ հոս պիտի մնամ, հակառակ որ մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք՝ 1955ի եղելութիւնները, 1943ի Ունեւորութեան Տուրքը, եւայլն, եւայլն։
Երբ որ ամուսնացայ Պաքըրգիւղ տեղափոխուեցանք, կնոջս հետ։ Կինս կ'աշխատէր Տատեան վարժարանին մէջ։ Գործիս, ընտանքիքիս, զաւակներուս կեանքիս զուգահեռ՝ կ'առաջանար նաեւ գաղութին հետ զբաղումս։
Ի՞նչ մղեց քեզի որ գաղութային հարցերով զբաղիս։
Երբ որ զինուորագրուեցայ՝ մասնագիտութիւնս անթել յարաբերութիւններն էին եւ ինծի ղրկեցին Թուրքիոյ Արեւելեան շրջանները։ Այսպիսով գտնուեցայ Սեբաստիա, Քոնիա, Էրզրում, Էրզնճան, Անգարա եւայլն։ Այդ ժամանակ շատ բան ալ չէի հասկնար, բայց երբ զինուորական քարտէսներուն մէջ նկատեցի գիւղերու անունները, ինչպէս Բրքնիկ, Ջերմուկ, Կամուրջ, Իշխան, Տէրիք եւայլն, այսպիսի հայկական անունները՝ ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ազատ ժամերուս, տեղացիներէն կը խնդրէի որ այդ գիւղերը տանին զիս։ Զինուորական հագուստովս, ոեւէ մէկը չէր հասկնար որ հայ էի։ Ուստի ամէն հարցումներուս ալ կը պատասխանէին։ Այսպէս տեսայ ամայացած հայկական գիւղերը։ Գերեզմանատան քարերուն վրայ հայկական անուններ փորագրուած էին, աղբիւրներու վրայ հայկական գրութիւններ։ Շէնքերը իւրայատուկ ճարտարապետութեան ոճ ունէին։ Մանաւանդ եկեղեցիները եւ դպրոցները։ Տեղացիները գիտէին եւ ինծի շատ անգամ կ'ըսէին՝ այս տեղերը հայերուն էին։ Բաւական ալ մանրամասնութիւններ կ'ըսէին թէ ինչպէս կը վարուէին հայերուն։ Ես աչքերովս տեսայ այդ հայկական եկեղեցիները, որոնք յիսունական թուականներուն թրքական կառավարութեան որոշումով ոչնցացան։ Այսպէս հետաքրքրութիւնս գրգռուեցաւ, սկսայ հարցնել վերապրողներուն, գիրքեր կարդալ մեր պատմութեան մասին։ Զինուորութենէս վերջ, կնոջս հետ, նոյնիսկ աւելի վերջ զաւակիս հետ, պատմական Հայաստանի գիւղերը եւ քաղաքները կ'այցելէի մեր արձակուրդի օրերուն ընթացքին։ Վերապրող հայերու հանդիպեցայ, որ իսլամացուած էին եւ շատ սերտ կապեր պահեցինք իրարու հետ որ մինչեւ այսօր կը շարունակենք ունենալ։ Այս ճամբորդութիւններս յօդուածներու վերածեցի եւ Պոլսոյ հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսան։ Շնորհք պատրիարքի օրերուն եւ անոր օրհնութեամբ, հիմնուեցաւ Գաղթականաց Յանձնախումբը, որուն նպատակն էր Պոլիս տեղափոխել այն հայերը, որոնք ահռելի վիճակի մէջ կ'ապրէին Պատմական Հայաստանի շրջանէն ներս։ Օրինակ՝ Մարտինի Սիլոբի գիւղի բոլոր հայկական բնակչութիւնը տարինք Պոլիս։ Այս Գաղթականաց Յանձնախումբին առիթով ծանօթացայ երիտասարդ եւ իտէալիստ Հրանդ Տինքին, ինչպէս նաեւ այլ գործունեայ հայերու հետ։ Հրանդին հետ մեր ուղիները հանդիպեցան նաեւ 1995-ին, երբ որ ինծի այցելեց, հիանալի առաջարկով մը։ Նոր երկլեզու թերթ մը հրատարակել ե՛ւ հայերէն ե՛ւ թրքերէն, որովհետեւ այս երկրի խորերը ապրող հայերը հայերէն լեզուն չէին հասկնար։ Անմիջապէս համաձայնեցանք եւ տասը հոգինոց յանձնախումբ մը կազմեցինք, որպէսզի թերթի տպագրութիւնը սկսի։ «Ակօս» թերթը ընդունուեցաւ ոչ միայն հայերու այլ նաեւ յառաջադէմ գաղափարներ ունեցող թուրքերու, քիւրտերու կողմէ եւայլն։ Դժբախտաբար, «Ակօս»ով զբաղեցան նաեւ այս երկրի մութ շրջանակները։ Թերթի առաջին հիմնադիրներէն միայն ես կամ այլեւս։ Մէկ մէկ բոլորն ալ գացին։ «Դուն ինծմէ պզտիկ ես, դո՛ւն վերջին պիտի մնաս», ըսի օր մը կատակելով Հրանդին։ Շատ ժամանակ չանցած դառնօրէն հերքուեցայ: Հրանդ Տինքի դիակը «Ակօս»ի գրասենեակի մայթին վրայ էր… Ան դեռ շատ տալիք ունէր մեզի...։
Թէեւ Պոլիս կ'ապրիս հոգիդ, միտքդ եւ սիրտդ դէպի արեւելք կը նային։ Ի՞նչ է պատճառը։
Ինչպէս որ ուզեն թող ըսեն։ Թուրքիա, Բիւզանդիոն, Պարսկաստան, պատմական կամ արեւմտեան Հայաստան։ Ինծի համար կարեւորը՝ հոս է հայրենիքս։ Երբ որ Վան կը գտնուիմ աւելի հզօր կը զգամ։ Սեբաստիա՝ երջանիկ եմ։ Եփրատի ջուրը խմելով կը զովանամ։ Հակառակ արեւի զօրաւոր ճառագայթներուն եւ անտանելի տաքին, հակառակ նոր տեղացիներու արհամարհական նայուածքներուն, կրնայ ըլլայ քիչ մը ռոմանթիկ կը թուի՝ բոպիկ քալելը մեր հին քարերուն վրայ, մեր հին գետերու ափերուն զիս շատ աւելի մօտ կը բերէ նախահայրերուս։
Ներքին ուժ մը զիս մղեց երբ առաջին անգամ Խարբերթէն դէպի Մուշ կամուրջի մը տակ Եփրատի պղտոր եւ աղտոտ ջուրը խմեցի։ «Մի՛ խմեր պիտի հիւանդանաս, աղտոտած է», ըսին։ Այո, այդպէս էր, բայց ես ուխտած էի, որ երբ գետին առաջին անգամ մօտենամ, ափ մը ջուր պիտի խմեմ։ Որո՞ւն բացատրէի, որ այդ կամուրջէն իմ մեծ հօրաքոյրս ինքզինքը գետ նետած էր, չարչարանքներէ ազատելու համար… Մայրս, 8 տարեկան էր այն ատեն, իր քոյր-եղբայրներով ձայն տուած են. «Նայէ ինչ աղուոր կը լողայ մեր հօրաքը»։ Այդ տպաւորութեամբ անցեր են կամուրջը, եւ այդ տպաւորութեամբ շարունակեր են, մինչեւ որ շատ աւելի վերջ անդրադարձան 1915-ի աղէտին։ Եփրատ, Տիգրիս, Մնցուրի, Ախուրեան, բոլոր գետերէն ալ խմած եմ։ Բոլոր գետերուն մէջ նահատակներ մնացած են իմ ժողովուրդէս։ Իսկ բարեկամութիւնները որ ստեղծուեցան այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին, սխալ չհասկցուիմ, բայց ես այս կապերը կը նմանցնեմ ծովահեններու կեանքով, ուր ամէն նաւահանգիստի մէջ սիրելիներ կ'ունենան։ Կապ մը, որ սերունդէ սերունդ դեռ կը շարունակուի։
Պատմական Հայաստան իմ յաճախակի ճամբորդութիւններս, անոնց մասին գրելս եւ արտայայտուիլս՝ մասնագէտի մը համբաւը տուին ինծի։ Այդ պատճառով շատերը «Ակօս» կուգան ու կը դիմեն ինծի, որ իրենց հետ ճամբորդեմ ու իրենց առաջնորդեմ։ Ճամբորդութեան գրասենեակներ, նոյնիսկ փրոֆեսէօրներ, իրենց հետազօտութիւններուն համար։ Շատերը կþառաջարկեն վճարովի իրենց ուղեկցիլ։ Անշուշտ կþընդունիմ հետերնին ճամբորդել, բայց վճարումը կը մերժեմ։ Աս իմ հաճոյքս է, երբեք դրամի համար պիտի չընէի։ Որով «Ակօս»ը փարոս մըն է, բոլոր անոնց համար, որ այս երկրի մերժուած իրականութիւնները կը փնտռեն։
Այս երկրին մէջ 79 տարի կþապրիմ։ Լսած եմ անհամար զոհերու վկայութիւններ եւ յանցաւորներու խոստովանանքներ։ Ամէն անգամ որ նոյն վայրերը կþայցելէի տարբեր բաներ կը տեսնէի։ Ան եկեղեցին որ կը յաճախէի՝ քանդուած, ան մարդոց հետ որ կը զրուցէի՝ մահացած։ Գետափի ծառը որուն շուքին տակ շունչ մը կ'առնէի, ջրամբարէն խեղդուած։ Մարդոց ցեղասպանութենէն ետք, մշակութային ցեղասպանութիւնը կ'ոչնչացնէր ամէն ինչ։
Ես այս պատասխանը կուտամ Ցեղասպանութիւնը մերժողներուն։ Ինչպէ՞ս կարելի է բոլորն ալ տեսած ըլլան նոյն գէշ երազը։ Ե՛ւ հոս, ե՛ւ սփիւռքի մէջ, աշխարհի չորս կողմը։ Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ այսպիսի աղէտ մը կրնայ ծածուկ եւ անյայտ մնալ։
Այս ամէնը ապրելէ ետք, ինչո՞ւ շարունակեցիր Թուրքիոյ մէջ ապրիլ, ինչպէ՞ս տոկացիր։ Կամ ալ արդեօ՞ք մեր մշակոյթին եւ պատմութեան պահակ-տիտան մըն ես։
Երբ 1915-ին հայութեան կէսը նահատակուեցաւ եւ միւս կէսը ստիպուեցաւ աքսորի ճամբան առնելու, պզտիկ գաղութ մը հոս Պոլսոյ մէջ մնաց եւ անոնցմէ ալ ով որ տոկաց յաջորդական հարուածներուն՝ 37-ին, 43-ին, 55-ին եւ 64-ին եւ չլքեց այս երկիրը, ափ մը հայեր, պայքարեցանք եւ դեռ կը պայքարինք պահպանելու համար ի՛նչ որ կարելի է։ Հիմա դիւրին կը թուի, բայց այդ ժամանակներուն շատ դժուար եւ վտանգաւոր էր։
Անոնք որոնք չեն տեսած իրենց ժողովուրդի արմատախիլ ըլլալը, չեն հասկնար մեր զգացումները։ Իսկ մնացեալին կը պատասխանեմ. «հանգիստ եղէք, Արարատը տեղն է, վեհ եւ ձիւնածածկ։ Այսքան թշնամիներ, այսքան յարձակողական ցեղեր, իշխաններ եւ իշխանութիւններ անցան եւ գացին։
Եւ այո՛, ես այս երկրին մէջ կ'ապրիմ։ Եթէ Ֆրանսա, Ամերիկա, Յունաստան երթայի աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար ինծի եւ իմ զաւակներուս համար։ Ո՛չ։ Ես հոս ծնայ, հոս է իմ հայրենիքս։ Ինչպէս որ Հրանդը ըսած էր «այո՛ կը սիրենք այս հողերը, բայց չենք սիրեր մեր հետ տանելու համար, կը սիրենք որպէսզի մեզի ծածկեն երբ յաւերժական աչքերնիս պիտի փակենք»։
Ուրեմն ես հոս եմ, մենք հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Գուին Մինասեան