Print
Category: Հարցազրոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական վերջին այցելութենէն Յունաստան, արդէն անցած է շուրջ չորս տարի: Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը դարձեալ մեր թեմին մօտ՝ ուրախութեամբ ու ակնածանքով կ'ակընկալուի, մանաւանդ ի տես մեր թեմին մէջ յամեցող բազմաթիւ աշխատանքներուն ու մարտահրաւէրներուն: 

Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան ներգործութիւնը այս ծիրէն ներս:

Ճիշդ է, թէ Արամ Վեհափառը քանիցս հովուապետական այցելութիւններ շնորհած է մեր համայնքին։ Իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին Ան կարեւոր հանդիպումներ ունեցած է Յունաստանի եկեղեցական ու պետական ղեկավարութեան հետ, միշտ առաջ մղելով մեր ազգային ու համայնքային հարցերը։
Այս անգամ եւս, չնայած Իր խիստ ծանրաբեռնուած ծրագրին, բարեհաճեցաւ ընդառաջել մեր դիմումին այցելելու Յունահայոց թեմը ու նախագահելու եւ հանդիսապետելու Գոմոթինիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 180ամեակի հանդիսութեանց։
Այդ ուղղութեամբ ամիսներ առաջ Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդը համապատասխան խնդրանք ներկայացուցած էր Ազգային Վարչութեան։ Նկատի առնելով հեռաւոր մեր այս համայնքի բուռն ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, թէ հակառակ Վեհափառի դէպի Յունաստան կատարած անցեալի պարբերական այցելութիւններուն, Ան ցարդ առիթ չէր ունեցած այցելելու Թրակիոյ շրջանը, Ազգային Վարչութիւնը տուեալ խնդրանքը ներկայացուց Նորին Սրբութեան։ Ուրախ եմ, որ հակառակ Իր ազգային ու միջազգային գետնի վրայ բազմաթիւ ու ճնշիչ պարտաւորութիւններուն, Վեհափառը սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին, առիթը ընծայելով մեզի անգամ մը եւս վայելելու Իր հայրական շունչն ու վսեմ ներկայութիւնը։ Բնականաբար, Ազգային Վարչութիւնն ալ իր կարգին ճիգ չխնայեց որ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը չսահմանափակուի սոսկ տօնական ելոյթներու ծիրին մէջ, այլ առիթը օգտագործուի բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունենալու երկրի իշխանութեանց հետ։
Զուգահեռաբար, օգտուելով Վեհափառի ներկայութենէն, առիթը պիտի ունենանք Իրեն ներկայացնելու մեր տեղական հարցերն ալ եւ Ազգային Վարչութեան ի գործ դրած ճիգերը անոնց դիմագրաւման համար։

Հելլէն պետական եւ եկեղեցական շրջանակներու հետ ինչպիսի՞ հանդիպումներ ծրագրուած են:

Նորին Սրբութիւնը կարեւոր հանդիպումներ պիտի ունենայ Աթէնքի ու Համայն Յունաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ Բարձր. Տ. Տ. Իէրոնիմոս Բ. Սրբազան Արքեպիսկոպոսին հետ, որու ճաշի հիւրը պիտի ըլլայ ժամանանման օրն իսկ։ Նոյն օրը Վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ պրն. Անտոնիս Սամարասին հետ, վարչապետական պալատին մէջ։
Համաքրիստոնէական նշանակութեամբ յոյժ կարեւոր հանդիպում մը նախատեսուած է նաեւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պետ Տ. Տ. Պարթոլոմէոս Տիեզերական պատրիարքին հետ, որ տեղի պիտի ունենայ 23 Սեպտեմբեր 2014ն, հիւսիսային Յունաստանի Գոմոթինի քաղաքին մէջ։ Հոն Արամ Վեհափառը եւ Տիեզերական Պատրիարքը միասնաբար ներկայ պիտի գըտնուին քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք Գոհաբանական Արարողութեան։
Բնականաբար Վեհափառը պիտի այցելէ նաեւ մեր հայրենի դեսպանատունը, ուր հանդիպում պիտի ունենայ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանին հետ։ Ցաւ ի սիրտ, Վեհափառի խճողուած ծրագիրը չի թոյլատրեր, որ Ան ներկայ գտնուի միեւնոյն երեկոյեան Հայաստանի ազգային տօնին առիթով Աթէնքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան սարքած ընդունելութեան։
Անշուշտ նախատեսուած են բազմաթիւ այլ կարեւոր հանդիպումներ եւս Թրակիոյ, Թեսաղոնիկէի եւ Աթէնքի մէջ, որոնք կարելի է տեսնել լոյս տեսած մանրամասն յայտագրին մէջ։
Վստահ եմ, թէ այս բոլորը պիտի սատարեն Հայ Առաքելական եւ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու առաւել եւս ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած վտանգներուն մասին կարծիքներու լուրջ փոխանակման։

Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 180ամեակի նշումը կը փաստէ հայ-յոյն յարաբերութիւններու հարուստ ու դարաւոր անցեալը:
Ներկայիս ինչպէ՞ս կը գնահատէք յարաբերութիւններու մակարդակը:

Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու յարաբերութիւնները Քրիստոսէն առ նոաւզն հինգ դար առաջ կը յայտնուին ու Բիւզանդական կայսրութեան ընդմէջէն կը հասնին մեր օրերուն։ Հերոտոդոս մեր ազգի մասին գրելով Ք.ա. շուրջ 440 թուին, այն տեսակէտը կը յայտնէ, թէ հայերը Փռիւկիական ծագում ունեցող ազգ են եւ թէ փռիւկիացիներուն հետ միասին, Եւրոպայէն եւ յատկապէս Թրակիայէն Հայաստան գաղթած են։
Դարերու ընթացքին երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները միշտ բարեկամական եղած են, նոյնիսկ եղբայրական։ Յունաստանի թրքական լուծէն ազատագրուելէն ետք, երկրին մէջ ապաստան գտած են բազմաթիւ հայեր, որոնց կարգին որոշ երեւելի յեղափոխականներ ալ։ Յատկանշական է նաեւ թէ Կորընթոսի ջրանցքի շինութեան մասնակցած են հազարաւոր մշեցի բանուորներ, որոնց հետագայ ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ։ Հայութեան մեծագոյն զանգուածը սակայն Յունաստան ապաստանած է Փոքրասիական աղէտէն ետք, 1922ին։
Իբրեւ մեծ հայասէր միշտ կը յիշատակուի նորագոյն Յունաստանի մեծագոյն պետական դէմքը, Էլէֆթէրիոս Վենիզէլոս, որու անունը կը կրէ Աթէնքի միջազգային օդակայանը։ Ան մեծ ջանքեր գործադրած էր 1919ին, պատմական Պոնտոսի տարածքին մէջ հիմնուելիք յունական պետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեամբ դաշնակցային պետութիւն մը ստեղծելու համար։ Ծանօթ է նաեւ մեծանուն Կրետացի քաղաքագէտին խօսքը ուղղուած Աւետիս Ահարոնեանին, Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան ատեն. «Պրն. նախագահ, ձեզմէ ետք՝ ե՛ս եմ սիրելի Հայաստանի անկախացման համար ամէնէն շատ ուրախացողը»։
Յունաստանը կը հանդիսանայ մէկը այն պետութիւններէն, որ առաջիններէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1996ին, ո՛չ թէ պարզ յայտարարութեամբ մը, այլ օրէնքի ուժով։ Ի դէպ, յայտնենք, թէ տուեալ օրինագիծը խորհրդարան ներկայացնողը այժմու վարչապետ պրն. Անտոնիս Սամարասն էր։ Իսկ վերջերս ընդունուած օրէնքով՝ յետ այսու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի, տրուած ըլլալով, որ ան ճանչցուած է հելլէն խորհրդարանին կողմէ։
Ներկայիս, հելլէն պետութիւնը մեր վարժարաններու ուսուցիչներու ծախսերը կը հոգայ, իսկ իւրաքանչիւր տարի Հայաստանէն 5-6 երիտասարդներ կþուսանին Յունաստանի Զինուորական Ակադեմիոյ մէջ։ Անոնք իրենց ուսման աւարտին Հայաստան կը վերադառնան իբրեւ սպայ ծառայելու համար Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն մէջ։ Այսպէս ամէն տարի, Աթէնքի մէջ ուսանող հայ սպաներու ընդհանուր թիւը կը տարուբերի 20-25ի միջեւ։ Այս պարագան շատ ամուր կապեր ստեղծած է զոյգ երկիրներու զինուորական ղեկավարութեանց միջեւ։
Ինք Յունաստանը, 400 տարի թրքական լուծին տակ ապրած ու 19րդ դարու առաջին կիսուն ութ տարուայ արիւնալի պայքարէ ետք ազատագրուած ըլլալով, Ա. աշխարհամարտի ընթացքին Թուրքիոյ դէմ պատերազմած ըլլալով, Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան ատեն 353.000 զոհեր տուած ըլլալով, Կիպրոսի ներխուժման ատեն կրկին անգամ Թուրքիոյ դէմ պատերազմած ըլլալով, փաստօրէն կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ամէնէն բնական դաշնակիցը։

Թրակիոյ զգայուն եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող շրջանէն ներս նախատեսուած Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնները, մետրոպոլիտներու հետ շփումները բայց յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի հետ աննախընթաց հանդիպումը Գոմոթինիի մեր եկեղեցիէն ներս՝ պատգամներ ուղղող հանդիպումներ են, որ կÿիմաստաւորուին գաղութային, բայց նաեւ համազգային առումով:
Կարելի՞ է քիչ մը մանրամասնել:

Թրակիան, որ Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանակից շրջան մըն է, թըրքական լուծէն ազատագրուեցաւ Պալքանեան պատերազմներէն ետք 1912-1913ին։ Տրուած ըլլալով որ Լոզանի դաշնագիրը կը նախատեսէր թէ Թրակիոյ մահմետականները իրենց բնակավայրերուն մէջ պիտի մնան փոքրամասնութեան իրավիճակով՝ ան ներկայիս բազմամշակութային եւ բազմակրօն շրջան մը կը հանդիսանայ, ուր մեծ համեմատութիւն կը կազմեն թրքական ու սլաւական ծագումով (Փոմաք), ինչպէս նաեւ Ռոմա մահմետականները։ Հայերը եւս զգալի ներկայութիւն ունին հոն, մանաւանդ Հայաստանէն արտագաղթած բազմահազար հայերու եւ Պոնտոսցի յոյներու հոն հաստատուելէն ետք։ Այդպիսով է, որ 1990-ական թուականներէն առաջ գոյութիւն ունեցող մեր նօսրացած համայնքներն ալ աննախընթաց թուային աճ արձանագրեցին վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին։
Վերոյիշեալները նկատի առնելով՝ Ազգային Վարչութիւնը եւ տեղւոյն հինգ Թաղային Խորհուրդները շաբաթօրեայ վարժարաններ հաստատեցին հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ուր արեւելահայերէն կը դասաւանդուի մեր երեխաներուն։ Նոյնպէս, վերջին տարիներուն, Ազգային Վարչութեան որոշումով, Թրակիոյ Թաղային Խորհուրդներուն մէջ կարեւոր թիւով նախկին հայաստանցի հայրենակիցներ նշանակուեցան, որոնք ազգային կեանքի ղեկավարման մէջ բաւական փորձառութիւն ձեռք ձգած ըլլալով, խղճմտօրէն կը կատարեն իրենց ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները։ Թէ՛ իրենց եւ թէ՛ մանաւանդ շրջանի մեր երիտասարդութեան համար, աննախադէպ իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը Թրակիա, որ վստահաբար պիտի նպաստէ շրջանի բովանդակ հայութեան ոգեւորման ու ազգային կամքի առաւել եւս ամրապնդման։
Գալով Տիեզերական Պատրիարքի հետ տեղի ունենալիք հանդիպման՝ բոլորս ալ գիտենք թէ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարքը յատուկ համակրանք կը տածէ հայութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ան անցեալին եւս հանդիպումներ ունեցած է Արամ Վեհափառին հետ, այցելած է Սուրբ Էջմիածին միւռոնօրհնէքի առիթով, իսկ վերջերս Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ Ինք եւս Աղթամար գացած էր։
Անկասկած Գոմոթինիի մէջ երկու հոգեւոր պետերը առիթը պիտի ունենան զրուցելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Ամփոփելով, Արամ Վեհափառը միջազգային հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւն մըն է։ Տակաւին երկու ամիս առա Ան հանդիպում ունեցած էր Հռոմի Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետին հետ, իսկ մօտ տաս օր առաջ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Ան Աթէնքի մէջ յաջորդ Երկուշաբթի պիտի պարգեւատրուի Աթէնքի Ազգ. «Քափոտիսթրիաքօ» համալսարանի Աստուածաբանական ճիւղին կողմէ՝ Պատուոյ Դասախօսի տիտղոսի տուչութեամբ։ Ու բոլորս ալ գիտենք թէ Աթէնքի համալսարանը խիստ ժլատ է նման պատիւներ շնորհելու հարցին մէջ։
Իբրեւ հայ հպարտ ենք, որ նման Հայրապետ մը ունինք, իսկ իբրեւ յունահայ՝ երջանիկ, որ Իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս վայելելու պատիւն ու հաճոյքը պիտի ունենանք։
Վերջապէս ուրախ եմ նաեւ որ Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 180-ամեակի հանդիսութիւնները առիթ պիտի հանդիսանան որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ հանդիպելու պատեհութիւնը ունենան նաեւ Պոլսոյ համբաւաւոր Սբ. Վարդանանց երկսեռ երգչախումբի անդամներն ալ, որոնք իրենց ելոյթներով մասնաւոր փայլ պիտի տան տուեալ տօնակատարութեանց։
Կարելի է ուրեմն ըսել, թէ Վեհափառի նախագահութեամբ եւ Պոլսահայոց ու Յունահայերու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք պատմական այս իրադարձութիւնները, աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու կամքը պիտի խորհրդանշեն։