Գոքինիոյ Զաւարեան Ազգային եւ Միացեալ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 21-ին, երեկոյեան «Զաւարեան» սրահին մէջ՝ խուռներամ բազմութեան ներկայութեան։
Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Արք. Այվազեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քնհյ. Բարաղամեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Կրթական Խորհուրդի, Տնտեսականի, Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ Գոքինիոյ Թաղ. խորհուրդը, Կ. Խաչի վարչութիւնը եւ հայրենակցականներու եւ միութեանց վարչութիւնները։ Վարժարանի երկսեռ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Յակոբ Փափազեանի, հայերէն եւ յունարէն գեղեցիկ խմբերգներ երգեց։ Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց արտասանութիւններով, երգերով եւ պարերով ջերմ ծափեր խլեցին։ Այն տարի Մանկապարտէզը տուած է 15 շրջանաւարտներ, որոնք յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի անցնին նախակրթարանի բաժինը։ Տնօրէնուհի տիկին Ալիս Ֆարաճեան շնորհաւորելով մանկապարտիզպանուհի տիկին Արփինէ Մխիկեանը, շրջանաւարտ փոքրիկներուն եւ իրենց ծնողներուն մաղթանքներ ընելով յոյս յայտնեց թէ՝ նախակրթարանի բաժնին մէջ եւս տղաքը ցոյց պիտի տան աշխուժութիւն եւ աշխատասիրութիւն։ Դադարի ընթացքին տիկին Ֆարաճեան ամփոփ գիծերու մէջ տուաւ 1963-64 դպրոցական տարեշրջանի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ։ Յարգելի տնօրէնուհին գոհունակութիւն յայտնեց տարեշրջանի աշխատանքներուն համար։ Աշակերտաց դասաւանդութիւններու պահերը ի գործ դրուած են լրիւ եւ եղած են արդիւնաւոր։ Տիկին Ֆարաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Կեդր. Վարչութեան, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան, Աթէնքի կրթական եւ տնտեսական խորհուրդներուն, Գարակէօզեան հասատատութեան, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ընծայած են վարժարանին։
(Շար.)