Կիպրոսի հարցը պատրուակ ծառայեցնելով, թուրք կառավարութիւնը հետզհետէ կը սաստկացնէ ճնշումը Պոլսոյ հելլէն փոքրամասնութեան վրայ։
Բազմաթիւ հելլենահպատակներու արտաքսումէն ետք, 118 հելլենահպատակներ եւս այս շաբթուան ընթացքին պիտի արտաքսուին Պոլիսէն, ինչպէս կը հաղորդեն՝ Անատոլու թրքական գործակալութիւնը եւ «Միլիէթ» թերթը։ Այս արտաքսումներէն զատ, ուրիշ ճընշումներ կը բանեցուին Պոլսոյ հելլէն համայնքին վրայ։ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը, բռնաբարելով Լոզանի դաշնագրին տրամադրութիւնները, հելլէն համայնքային վարժարաններուն պարտադրած է փոխանակ «համայնքային»ի՝ «անձնական» ցուցատախտակներ դնել իրենց դռներուն վրայ։ Ասկէ զատ, հելլենական վարժարաններէ ընթացաւարտները պարտաւոր են թրքական վարժարաններու մէջ քըննութիւն տալ, վկայական ստանալու համար։ Հակառակ Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն, Թուրքիա քառասուն տարիներ գործադրեց ճնշումի քաղաքականութիւն մը՝ Պոլսոյ փոքրամասնութեանց հանդէպ, զանոնք ձուլելու մտադրութեամբ։ Ճնշումի այս քաղաքականութիւնը ցուցաբերուեցաւ տնտեսական, ազգային, լեզուական ու կրօնական մարզերու մէջ։ Տնտեսական մարզին մէջ, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները, պաշտօնապէս կողոպտուեցան, 1942-ին հրատարակուած ունեւորութեան տուրքի հետեւանքով։ Երկրորդ կողոպուտը տեղի ունեցաւ 1955 Սեպտեմբեր 6-ի դէպքերուն հետեւանքով։ Ուղղակի եւ անուղղակի ճնշում բանեցուեցաւ նաեւ լեզուական եւ ազգային մարզերու մէջ, այն աստիճան, որ այսօր ոչ-թուրք տարրերը, փողոցներու եւ հրապարակներու վրայ կը վախնան իրենց մայրենի լեզուն գործածելէ եւ ստիպուած թերքերէն կը խօսին։ Փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ նշանակուեցան թուրք «փոխ-տնօրէններ», որոնք ամէն իրաւասութիւն ունին կարգադրութիւններ ընելու այս վարժարաններէն ներս։