Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Հայրենիք»-ի 9 Յունիսի թիւին մէջ կը կարդանք. Կիրակի «Հայաստան» քեմփի մէջ մեծ շուքով տօնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 46-րդ տարեդարձը՝ կազմակերպութեամբ Մեծագոյն Պոսթընի ՀՅԴ Միջկոմիտէականին:

Հացկերոյթը սկսաւ տէր Թորգոմ քհնյ. Յակոբեանի օրհնութեան աղօթքով եւ «Հայր մեր»ով: Հանդէսի պաշտօնական մասը բացաւ միջկոմիտէականի ատենապետ Մկրտիչ Յարութիւնեան, որ հակիրճ բառերով իր ուրախութիւնը յայտնեց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեան համար ու նաեւ շնորհակալութիւններ՝ ճաշին սպասարկող Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: Այնուհետեւ օրուան նախագահութիւնը վարելու հրաւիրեց վաստակաւոր ընկեր Մերուժան Օզանեանը, որ ձեռնհասօրէն կատարեց իր պաշտօնը՝ բացման խիստ տպաւորիչ ճառ մը խօսլով: Ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մայիսեան յաղթական կռիւներուն նահատակուած հերոսներուն եւ երգեցին «Մեր հայրենիք»-ը: Եղան ուղերձներ ՀՕՄ-ի (Զապէլ Սեմերճեան), ՀԵԴ կողմէ (Կեդր. վարչութեան ատենապետ Պերճ Ղարիպեան): Օրուան գլխաւոր բանախօս ընկ. բժիշկ Եր-ւանդ Խաթանասեան սպառիչ ճառով մը ծանրացաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւելու գաղտնիքին ու այս երեւոյթը բացատրեց այն միասնականութեամբ, որ միշտ ի յայտ եկած է ճըգնաժամային պահերուն: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան Գէորգ Պուրսալեան (Ուստրէն)՝ երկու երգով, Ռոզ Լալազարեան երգով եւ Անահիտ Գունտագճեան արտասանութեամբ: Ունկնդրուեցան երկու հայաստանեան երգապնակներ՝ Յովհ. Պատալեանի կատարմամբ: Փակման խօսքը ըրաւ գաղութիս հովիւ տէր Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան, ոգեշունչ բառերով ողջունեց մայիսեան պանծալի օրը, օրհնելով այն կազմակերպութիւնը, որ գլխաւոր դարբինը հանդիսացաւ ատոր: «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: