Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

(Շար.)

Խնամատարական աշխատանքին մէջ ուշագրաւ է Թեսաղոնիկէի դարմանատունը, ուր քաղաքիս բոլոր չքաւոր հիւանդները կը ստանան ձրի դեղ եւ բժշկական խնամք, շնորհիւ միութեան պատ. նախագահ ընկ. տոքթ. Աբրահամ Աբրահամեանի։

Ժողովը ուրախութեամբ լսեց որ, այս տարի ստեղծուած են փոքրիկներու համար ամառնային կազդուրման կայան կազմակերպելու նախապայմանները եւ թէ Շրջ. վարչութիւնը արդէն իսկ սկսած է այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական որոշ աշխատանքներու։  Եղան զանազան առաջարկներ եւ թելադրանքներ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան առընչութեամբ։ Ապա խօսք առին պրն. Վարազդատ Քիւփճեան եւ ընկ. Լեւոն Ճըլկունի, որոնք իրենց գնահատանքը յայտնելէ վերջ ընդհանուր գործունէութեան մասին շեշտեցին թէ՝ Հ. Գթ. խաչը մեր գաղութին մէջ դարձած է ազգապահպանման խիստ կարեւոր ազդակ մը, շնորհիւ մեր խաչուհիներու գիտակցութեան, ժրաջան գործունէութեան եւ նուիրումին։ Յաջորդաբար, ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց նոր Շրջ. վարչութիւնը, հետեւեալ անդամներէ.- ընկերուհիներ՝ Արմենուհի Աբելեան, Յասմիկ Տերանեան, Աղաւնի Ճլկունի, Արշալոյս Սէմէրճեան, Եւտոքսիա Շահպազեան, եւ ընկերներ՝ Վարազդատ Քիւփճեան եւ Սերոբ Գալֆայեան։ Ընկ. Սիմոն Վրացեան շնորհաւորելէ վերջ նորընտիր վարչութիւնը մաղթեց արդիւնաւոր գործունէութիւն։ Իր գնահատանքը յայտնեց խաչուհիներու տարած աշխատանքին համար, եւ թելադրեց յարատեւութեան եւ նուիրումի նոյն ոգիով շարունակել ծառայել ազգին, իբրեւ գիտակից եւ պարտաճանաչ հայուհիներ։ Ժողովը փակուեցաւ խանդավառ  մթնոլորտի մէջ եւ բոլոր ներկաները լուսանկարուեցան ընկեր Սիմոն Վրացեանի հետ։ Գիշերը Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը ճաշկերոյթ տուաւ ի պատիւ ընկ. Ս. Վրացեանի եւ պատգամաւորներուն՝ քաղաքի  «Օլիմպոս Նաուսա» շքեղ ճաշարանին մէջ։  

(Վերջ)