Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը, վարժարանի զովասուն բակին մէջ, ի ներկայութեան՝ գաղութիս Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեանի, Կաթողիկէ գերյ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Խանցեանի, ժողովրդապետ՝ Յ. Գոյունեան վրդ.ի, Գարակէօզեան հաստատութեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան, մշակութային, մարմնակրթական եւ հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներու, Տուրղութիի Թաղ. Խորհուրդի, ծնողներու եւ կրթասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան մը։

Հանդէսի առաջին մասը տրամադրուած էր Մանկապարտէզի փոքրիկներուն, որոնք հանդէս եկան արտասանութիւններով, ջերմ ծափեր խլելով հանդիսականներէն։ 23 փոքրիկներ աւարտած ըլլալով Մանկարպարտէզի բաժինը, ստացան իրենց վկայականները եւ յատուկ ուղերձով եւ երգերով հրաժեշտ առին իրենց սիրելի Մանկապարտէզէն։ Յայտնի էր ճիգը, զոր ի գործ դրած էին մանկապարտէզի ուսուցչուհիները՝ տիկ. Շուշան Ճիզմէճեան եւ օր. Մարիա Վարոնու։ Նախակրթարանի բաժինը սկսաւ երգչախումբի կարգ մը խմբերգներով, ղեկավարութեամբ պրն. Յ. Փափազեանի։ Ապա արտասանութիւններ ըրին՝ Մ. Գալայճեան, Թ. Կենդանեան, Ա. Չագալեան եւ Գ. Այտընեան։ Յաջորդեցին հայերէն եւ յունարէն զաւեշտներ։ Վկայականներու բաշխումը եղաւ առաջնորդ հօր ձեռամբ։ Նախակրթարանի հունձքն էին՝ Ալիս Կիւզէլեան, Անահիտ Չագալեան, Ազնիւ Մկրտիչեան, Արուս Էօլմիւշեան, Գարզուհի Այտընեան, Թագուհի Կենդանեան, Մերի Գույումճեան, Մարօ Գալայճեան եւ Կիպրիանոս Մելիքեան, Համբիկ Պէրպէրեան, Միհրան Մարգարեան, Միհրան Պատիկեան, Մուրատ Քիւրտօղլանեան, Ստեփան Շեմմաս, Վահէ Մարտիկեան, Տիգրան Չաքրեան։ Վկայականներու բաշխումէն ետք, աւարտական դասարանի կողմէ Ալիս Կիւզէլեան կարդաց հրաժեշտի ուղերձ մը։ Յաջորդաբար, տնօրէն՝ Օննիկ Զաքարեան շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ անցնող տարեշրանին համար ու շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան դպրոցի լաւագոյն գործընթացին մէջ։