Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու քառասնամեակի յոբելենական տօնակատարութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Կիրակի, 31 Մայիս 1964-ին Պուրճ Համուտի «Սինեմա Գերմանիկ»-ի սրահին մէջ:

Պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարիչ մարմինին կողմէ ընկ. Հայկազուն Թրթռեան, յանուն ՀՅԴ Հրուանդանի ընկերներուն՝ ողջոյնի խօսք ուղղելէ ետք բոլոր պատանիներուն, հրաւիրեց ընկ. Կարօ Սասունին նախագահելու տօնակատարութեան: Իր բացման խօսքին մէջ ընկ. Սասունի ի մէջ այլոց ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը դարաւոր բռնութիւններու տոկալով՝ այսօր ալ կ՛ապրի ու պիտի ապրի: Մեր բոլոր կազմարկերպութիւնները կու գան տալ մեզի այն եզրակացութիւնը, որ պիտի միանան մեր հողերը եւ պիտի իրականան մեր երազները»: Հրուանդանի Կեդր. կոմիտէի կողմէ ընկ. Յակոբ Աշճեան, յայտնելէ ետք, թէ կեդրոնական կոմիտէները միշտ եւ ամէն առիթով քաջալերած են պատանեկան որեւէ շարժում ու ձեռնարկ, յանուն Դաշնակցութեան՝ ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր պատանիներուն: Առաջին բանախօսն էր ընկ. տոքթ. Ատուր Գապաքեան: Անդրադառնալէ ետք դաշնակցական պատանիի նկարագրի կերտումին, ըսաւ. «Աստուածային պատկերով ստեղծուած է մարդ արարածը: Պէտք է մշակէք ձեր մէջ ուրիշներուն տալու, ուրիշներուն ծառայելու, զոհուելու, կեանքը նուիրելու ոգին: Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն մէջ դուք պիտի սորվիք ազնուական արարքներ գործել, այդ ճամբով միայն կարելի է հասնիլ Դաշնակցութեան հետապնդած հիմնական գաղափարներուն»: Գեղեցիկ օրինակէ մը ետք, յորդորեց նաեւ պատանիները ըլլալ յառաջապահ դասը հայ ժողովուրդին, մինչեւ իր արդար նպատակներուն իրագործումը: Այնուհետեւ Բ. Փափազեան յիշեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան բոլոր նուիրեալները, որոնք իրենց նահատակութեամբ, լեռնացան, կազմեցին ՀՅԴաշնակցութեան զոհաբերութեան Արարատը: Ընկ. Տիգրան Շմաւոնեանի «Կիլիկիոյ երգ»-ի մեներգէն ետք, վերջ գտաւ քառասնամեակի փառահեղ տօնակատարութիւնը: