Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սովիէթահայ երկրաչափներ սկսած են նոր գետ մը շինել, 48 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ Հայաստանի Արարատ լեռնաշղթային տակ մինչեւ 650 մեթր խորութեամբ փապուղի մը (թիւնել) բանալով՝ Արփա գետին ջուրերը թափելու համար լեռնային Սեւան լճին մէջ,

որուն ջուրերը, վեց ջրելեկտրակայաններու կողմէ կ'օգտագործուին՝ ելեկտրական հոսանքի արտադրման եւ մէկ միլիոն արտավար մշակելի հողի ոռոգման համար։ Այս կերպով՝ Սեւան լճին ջուրերուն մակարդակը կþապահովուի եւ միեւնոյն ատեն, կ'ընդլայնուի ոռոգման դրութիւնն ու կը ստեղծուի նոր գետ մը։ Սեւանայ լիճը տարեկան 270 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր պիտի ստանայ Արփա գետէն։ Նոր գետը պիտի կազմուի փապուղիի 48 քիլոմեթրէն, Սեւանի 70 քիլոմեթրէն եւ ոռոգման դրութեան 70 քիլոմեթրէն։ Շինութիւնը պիտի աւարտի 1970-ին։

Հելլէն մարզական տարեգրութեանց մէջ աննախընթաց միջադէպեր պատահեցան երէկ իրիկուն Փանաթինայիքոսի դաշտին մէջ, ուր Յունաստանի բաժակին համար կը մրցէին Օլիմպիաքոս եւ Փանաթինայիքոս խումբերը։ Խաղը 1-1 հաւասար արդիւնքով վերջացաւ եւ իրաւարարը երկարաձգեց խաղը՝ որպէսզի արդիւնքը փոխուի։ Այս նոր պայմանաժամի ընթացքին ալ արդիւնքը անփոփոխ մնաց եւ իրաւարարը խաղը փակեց։ Երեսուն հազարի հասնող մարզասէրները սկսան բողոքել «աւազակներ» պոռալով։ Անոնցմէ ամէնէն տաքարիւնները դաշտ խուժեցին եւ սկսան քանդել ու կրակի տալ ամէն ինչ, կասկածելով խաղին խարդախուած ըլլալէն։ Ոստիկանութեան բռնած պաղարիւն ընթացքին շնորհիւ, զոհեր չպատահեցան։ Միայն դաշտը մեծ վնասներ կրեց եւ հինգ ոստիկաններ վիրաւորուեցան։ Մարզասէրները ապա դուրս ելան եւ Խորհրդարանին առջեւ ու մայրաքաղաքի կեդրոնական կէտերուն վրայ ցոյցեր կատարեցին։