Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի անկախութեան հռչակման 46-րդ տարեդարձին առթիւ, Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց միութեան Ֆիքսի խումբերուն կողմէ, կազմակերպուած էր ընկերահամակրական խնճոյք-երեկոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի գիշեր, Մայիս 31-ին, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ։

Սոյն խրախճանքին ներկայ էր նաեւ անուանի մտաւորական ու բազմավաստակ հանրային գորիչ, ընկեր Սիմոն Վրացեան։ «Քենտրիքոն»ի աննախընթաց հանդիսութենէն հազիւ ժամ մը ետք, մեծ թիւով ազգայիններ եւ ընկերներ փութացին Ֆիքսի «Հայաստան» ակումբը, սոյն խնճոյքին մասնակցելու համար։ Շատեր, սեղաններու եւ տեղի չգոյութեան պատճառով ստիպուեցան ետ դառնալ։ Խօսնակն էք ընկ. Վռամ Թերզեան, որ օրուան պատշաճ քանի մը խօսք ընելէ ետք, գործադրութեան դրաւ անակնկալ կոկիկ յայտագիր մը։ Ֆիքսի Երիտասարդացի ընկերուհիներէն՝ Անթառամ Պօղոսեանը ապրումով արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանին»։ Ընկ. Խաչիկ Աղապապեան, Ֆիքսի Երիտասարդաց խումբերուն կողմէ կարդաց ուղերձ մը։ Ընկեր Պետիկ Պարսամեան զգացումով արտասանեց Անտոն Կազէլի «Հայրենիք» քերթուածը։ Ապա՝ խօսելու հրաւիրուեցաւ Ֆիքսի երիտասարդ ընկերներէն՝ Մարգար Շարապխանեան, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Թարմ են տակաւին մեր մտքերուն մէջ Մայիս 28-ի մասին ըսուած բոլոր խօսքերն ու բանախօսութիւնը, զորս ունկնդրեցինք քանի մը ժամ առաջ «Քենտրիքոն»ի սրահին մէջ։ Բայց եւ այնպէս ամէն հայ միշտ ալ բան մը ունի ըսելիք, այս պանծալի ու հերոսական թուականի մասին։ Մանաւանդ երբ ան երիտասարդ է։ Ես կը հաւատամ, ըսաւ ընկերը, եւ այդ հաւատքով ալ կþապրիմ եւ կ'ուզեմ այդ պողպատեայ հաւատքս փոխանցել նաեւ իմ տարեկից ընկերներուս, թէ պիտի գայ օր մը, երբ մեր տառապած ու բազմաչարչար ժողովուրդին համար կրկին պիտի ծագի ազատութեան ոսկեշող արեւը։ Եւ այն ժամանակ մենք բոլոր միասին ձեռք-ձեռք տուած պիտի երթանք հայրենիք, մեր հերոս եղբայրներուն ու քոյրերուն միանալու, միասին ապրելու եւ միասին ստեղծագործելու Արարատի երջանիկ հովանիին ներքեւ։ Համբերենք։ Հեռու չէ այդ օրը»։(Շար. 1)