«Ճումհուրիյէթ» թրքական թերթին թղթակիցը, որ կ՛ընկերանայ Ուիլիըմ Սարոյեան ուխտագնացութեան, կը գրէ Պիթլիսէն.- Ուիլիըմ Սարոյեան այս առտու, երբ կ՛ելլէր Դադվանի պանդոկէն, ըսաւ, թէ «երբ օրը լաւ սկսի, լաւ կը վերջանայ»:
Երկու պիթլիսցիներ եկեր էին լեռնային ծաղիկներով զինք դիմաւորելու: Սարոյեան անոնց վիզին պլլուեցաւ: Քանի կը մօտենայինք Պիթլիսին, այնքան կ՛աւելնար իր յուզումը, եւ երբ մեր ինքնաշարժը Ռահվայի կը մօտենար, լեռները ցոյց տալով՝ ըսաւ. «Այստեղերը գոց գիտեմ, ծնողքս եւ ընտանեկան պարագաներս ինծի բացատրած են Պիթլիսը»: Սարոյեան ողջունեց իր պապենական օճախը՝ Զաբլկոր գիւղը: Տղու մը պէս յուզուած էր: Ձեռքերովը ցոյց կու տար ծառերը եւ կ՛ըսէր. «Գիտեմ այդ բոլոր ծառերը, ինծի պատմած են, շատ լսած եմ: Ա՛լ պիթլիսցի մըն եմ ես, կեանքիս ամէնէն իմաստալից օրը կ՛ապրիմ. այդ տուներուն քարերը շատ ամուր են, կանոնաւոր տաշուած են»: Պահ մը դադրեցաւ ինքնաշարժը վարելէ եւ պոռաց. «Հայրս այս ճամբաներէն քալած է»: Բարեւեց ճամբու եզերքը հաւաք¬ ւած տղաքը եւ յուզումով աղաղակեց. «Պիթլի՜ս, Պիթլի՜ս, Պիթլիս»: Ժամը 14:30-ին այցելեց իր հայրենի օճախը, ծերունի պիթլիսցի մը ցոյց տուաւ իրենց տունին տեղը. «Այստեղ ընդարձակ պարտէզ մը կար,- ըսաւ,- սա ալ ձեր տունն էր…»: Սարոյեան շատ յուզուած էր, կանգուն մնացած պատի մը պատուհանը ձեռքովը սրբեց, գետնէն քարեր առաւ, զանոնք շոյեց, ծաղիկներ փրցուց եւ ելաւ բարձունքը, իր ընտանի տան փլատակներուն վրայ, ուր է՜ր երբեմն իր ծնողքը այնքան բարեկեցիկ կեանք մը ունէին, եւ ըսաւ. - Ապրելու համար շատ աղուոր տեղ մը, ծաղիկները աղուոր, բնութիւնը աղուոր, մարդիկը աղուոր, ամէն ինչ աղուոր: Սարոյեան երկա՜ր երկար դիտեց իրենց տան փլատակները եւ ըսաւ. «Անմոռանալի յիշատակ մը եւ օր մը՝ ինծի համար: 55 տարի այս պահը ապրեցայ, երեւակայեցի, չեմ կրնար հաւատալ, թէ հոս եմ»: Պիթլիսցիները ընկերացան Սարոյեանին, որ երկու ժամ քալեց անոնց հետ, տեղեկութիւններ ստացաւ Պիթլիսի մասին: Լսեց անոնց տոհմիկ երգերը եւ ըսաւ. «Եթէ մեռնիմ, աչքս բաց չեմ երթար»: