Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը, այս տարի եւս, «Մայրերու Օր»ուան առթիւ կազմակերպած էր կոկիկ հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 20-ին, Չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 5-ին, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ։

Ներկայ էին մեծ թիւով անդամուհիներ, որոնք փութացած էին քաջալերելու մայրերուն նուիրուած հաւաքոյթը։ Վարչութեան քարտուղարուհի ընկ. Շաքէ Ղազերեան, հաւաքոյթին բացումը կատարելով նախ հակիրճ կերպով բացատրեց օրուան տօնին բացառիկ իմաստը եւ ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։ Արտասանեցին՝ օրիորդներ Ալիս Կիւզէլեան, Մարօ Գալայճեան, Պօղոսեան եւ փոքրիկն Սերգօ Յարութիւնեան։ Բոլոր արտասանութիւններն ալ նուիրուած էին Մայրերուն եւ արժանացան ջերմ ծափերու։ Արտասանութիւններէն ետք խօսելու հրաւիրուեցաւ տիկին Անահիտ Տիլսիզեան, որ ըրաւ շատ խնամուած դասախօսութիւն մը։


Միտըլ Իսթ օդանաւային ընկերութեան սաւառնակով, Աթէնք ժամանեց Համազգայինի Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն եւ բազմավաստակ հանրային գործիչ ընկեր Սիմոն Վրացեան, որ յատկապէս հրաւիրուած է Մայիս 28-ի առթիւ բանախօսելու Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Օդանաւակայանին մէջ ընկեր Վրացեանը դիմաւորեցին Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան տիկինները, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին մեր վաստակաւոր ընկերոջ եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեցին։ Ընկեր Վրացեանը դիմաւորելու եկած էին նաեւ Թեսաղոնիկէէն ընկ. տոքթ. Ա. Աբրահամեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Աթէնքէն եւ շրջաններէն բազմաթիւ ընկերուհիներ, ընկերներ եւ համակիրներ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ընկեր Վրացեանին։ Երեկոյեան «Ազատ Օր»ի խմբագրատան մէջ, ընկեր Վրացեան զրոյց ունեցաւ ընկերներու եւ համակիներու հետ։