Խ. Միրիմանեան եւ Շ. Աղաբաբեան գիւղատնտեսական գիտութիւններու փրոֆեսէօրներ են, որոնք Օգոստոս 18-ին հանդիպում ունեցած են «Սովետական Հայաստան»ի կարգ մը խմբագիրներուն հետ եւ տուած՝ շահեկան տեղեկութիւններ: Առաջինը խօսելով Հայաստանի
հողային եւ ջրային հարստութիւններու մասին՝ ըսած է. - Սխալ է այն տեսակէտը, թէ Հայաստան հողային քիչ պաշար ունի, ընդհակառակն, մթերքներու առատութիւն ստեղծելու չափ բաւարար հող կայ, որ սակայն, դժբախտաբար, լիովին չէ օգտագործուած, Հայաստանի մէջ այժմ կան աւելի քան քառասուն հազար հեկտար աղակալած (աղ պարունակող հող), 20- 25,000 հեկտար ճահճախուտ կամ կիսով ճահճախուտ եւ մօտ 250,000 հեկտար մաշած հողեր: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել մեծ տարածութեամբ չօգտագործուած բերրի հողերը, որոնք կը գտնուին քիչ մը ամէն տեղ՝ առուներու, ջրանցքներու, ճամբաներու եզերքը, երբեմն նոյնիսկ դաշտերու մէջ: Մեր հողագէտները ներկայիս զբաղած են այդ հողերը իւրացնելու, այսինքն շահագործելու աշխատանքներով եւ կը յուսանք, որ մօտ ապագային օգտագործելի դառնան: Փրոֆ. Աղաբաբեան իր կարգին խօսած է անասնաբուծութեան համար անհրաժեշտ կերին մասին: Հայ գիւղատնտեսագէտը հանգամանօրէն բացատրած է գիւղատնտեսական հիմնարկութեան որոշ աշխատանքները, յատկապէս՝ խոտա- բոյսերը եւ եգիպտացորենը բարելաւելու ու սերմի նոր տեսակներ ստեղծելու կապակցութեամբ: Փրոֆ. Աղաբաբեան նշած է միեւնոյն ատեն, թէ լաւ արդիւնք կու տան խոտի խառնուրդներու ցանքերը, որոնց բերքը, բնական խոտին համեմատութեամբ, 8 – 10 անգամ աւելի բարձր է: Կայ սակայն դժբախտ պարագայ մը, յայտարարած է գիւղատնտեսագէտը, այն է, որ դեռ գոհացուցիչ չեն եւ ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին եգիպտացորենի եւ հացահատիկի բերքերը: