Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հոգելոյս Տ. Խորէն քահանայ Միսաքեանի անակնկալ վախճանումով Ֆիքսի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը առանց հոգեւոր հովիւի մնաց։

Վերոգրեալ պարագան եւ մօտալուտ տօնական օրերը նկատի ունենալով՝ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ Սրբազան դիմեց Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Երուանդ Ծ.վրդ. Աբէլեանին եւ խնդրեց որ, Ս. Զատկի տօնական օրերուն առթիւ Աթէնք ղրկէ Կիպրոսի հոգեւոր հովիւներէն արժ. Տ. Վազգէն քահանան Սանտրունին։ Եւ իրօք, Ապրիլ 20-ին Նիկոսիայէն Աթէնք ժամանեց Տ. Վազգէն քահանան, որ իսկոյն ստանձնեց սրբազան հօր կողմէ իրեն տրուած պարտականութիւնը,- հոգեպէս մխիթարել Տուրղութիի եւ շրջակայքի հաւատացեալ մեր հայրենակիցները։ Ծաղկազարդի Կիրակին, Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն, Ս. Զատկի Կիրակին եւ Երկուշաբթի՝ Մեռելոցին, Տ. Վազգէն քահանայ լրիւ կատարեց իր հոգեւոր պարտականութիւնները.- պատարագեց, քարոզեց եւ իր քաղցր ձայնով մասնակցեցաւ Աւագ Շաբթուան հոգեզմայլ շարականներու եւ մեղեդիներու երգեցողութեանց։ Աթէնք իր կարճատեւ բնակութեան ընթացքին, Տէր հայրը այցելեց բաւական մեծ թիւով հաւատացեալներու բնակարանները, ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ եւ Իլիուփոլիի ծերանոցները, Գալիթէայի բանտը եւ բազմաբնակարանները, հոգեպէս մխիթարելով եւ բարոյապէս քաջալերելով բոլոր հաւատացեալները։ Կիրակի, պատարագեց Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկապէս յուզիչ էր իր իսկ խօսքերով 42 տարի յետոյ առիթը ունենալ պատարագելու իր ծննդավայրին մէջ։ Որովհետեւ, արժ. Տ. Վազգէն քահանայ հայրը՝ ծնած է 1922-ին, Գոքինիոյ մէջ, վրանի մը տակ եւ վրանի մը տակ ալ մկրտուած է (1922-ին Փոքր Ասիոյ Աղէտէն յետոյ, բոլոր գաղթականները թափած էին Յունաստանի զանազան վայրերուն մէջ ու բնակարանի չգոյութեան հետեւանքով, առժամաբար հաստատուած էին վրաններու տակ, որտեղ հետագային շինուեցան մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող հողաշէն ու թեթեղածածկ հիւղակները։ Այդ շրջանին, Գոքինիոյ մէջ ալ ոչ եկեղեցի կար, ոչ դպրոց եւ ոչ ալ տուն)։