Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ռատիօ Սիթի շարժանկարի սրահին մէջ կը ցուցադրուին հայկական երկու ժապաւէններ՝ գունաւոր եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակով պատրաստուած:

Առաջինը՝ «Գոհար Գասպարեան կ՛երգէ», թեքնիքի եւ գեղարուեստի կատարելութիւն մըն է, ուր հռչակաւոր երգչուհին կը ներկայանայ իր յաջողագոյն կատարումներով, ինչպէս՝ «Կռունկ»-ը, «Անուշ»-էն հատուածներ, «Արշակ Բ.»-էն մասեր, Կունոյի «Աւէ Մարիա»-ն եւ այլն, այս բոլորը՝ հայաստանեան գեղեցիկ տեսարաններով: Երկրորդը՝ «Կրկէսի ճամբան», զուարթ ժապաւէն մըն է, որուն մէջ կրկէսի զանազան խաղերուն ընդելուզուած է սիրային գեղեցիկ պատմութիւն մը, եւ ցոյց կը տրուի երիտասարդի մը յամառ կամքը՝ կրկէսի աստղ դառնալու: Բոլոր տարիքի հանդիսականներ կրնան մեծ հաճոյքով դիտել այս երկու ժապաւէնները, որոնք գեղարուեստական տեսակէտէն յաջողութիւն մըն են անկասկած: Անցած Չորեքշաբթի այս երկու ժապաւէնները ցուցադրուեցան մամուլի ներկայացուցիչներուն, որոնք միահամուռ կերպով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը:


Լիբանանի Զահլէի Հայ Օգնութեան Խաչի վարչութիւնը Մայիս 7, Համբարձման տօնին, կեանք ստեղծեց Զահլէի «Վատի Պարտոնի» սրճարանին մէջ՝ կազմակերպելով վիճակահանութեան շքեղ հանդէս մը: Հրաւիրած էին Լիբանանի Հայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, Ժունիէի եւ Շթորայի վարչութիւնները: Ժամը տասին արդէն Զահլէի անդամուհիները տեղ գրաւած էին սեղաններու շուրջ: Եղած հրաւէրին սիրով պատասխանած էին բոլոր հրաւիրեալները: Լ. Սասունի իր ընկերուհիներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Գնահատեց վարչութեան տարած եռանդուն եւ օրինակելի աշխատանքները: Բնութիւնը իր բացառիկ շնորհներով օժտած է այս գեղատեսիլ վայրը: Իրենց հմայիչ անուշ ձայներով եղան կարգ մը մեներգներ: Իր կոչումին գիտակից կազմակերպութիւն մըն է Հայ Օգնութեան Խաչը եւ արժանի է ամէն գնահատանքի ու քաջալերանքի. զոհաբերութեան եւ նուիրումի աշխատանք մըն է, զոր կը կատարեն տարիներէ ի վեր հայ կիներ եւ օրիորդներ: