Վերջերս Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է Քիմիագիտութեան համալսարանին։ Որակաւոր դասախօսներ ուսանողներուն կը ծանօթացնեն քիմիական արդիւնաբերութեան մարզին մէջ արձանագրուած նոր նուաճումները։ Ուսանողները միեւնոյն ատեն կարելիութիւնը ունին խորացնելու իրենց տեսական եւ գործնական գիտելիքները այս ճիւղին մէջ։
Արուեստի հիմնարկութեան տնօրէնը՝ Ռուբէն Զարեան, որ միեւնոյն ատեն ծանօթ թատերագէտ մը կը նկատուի հայ իրականութեան մէջ, Շէյքսփիրի ծննդեան 400-ամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու համար Լոնտոն մեկնած է Ապրիլ 16-ին։
Նախագահութեամբ գրագէտ Հ. Յովհաննէսեաննի, որ Գրողներու Միութեան վարչութեան քարտուղարն է, կազմուած է յոբելենական յանձնախումբ մը, արժանավայել շուքով տօնելու համար անգլիացի տաղանադաւոր թատերագիր Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ծննդեան 400-ամեակը։ Այս տարեդարձին առթիւ նախ պիտի հրատարակուի Շէյքսփիրի երկրեու երկհատորեանկին առաջին հատորը։ Հուսկ ուրեմն, յաջորդաբար լոյս պիտի տեսնեն հետեւեալ գիրքերը, Ռ. Զարեան՝ «Ադամեանի Շէյքսփիրը» եւ «Էջեր հայ շէյքսփիրագիտութեան պատմութիւնից»։ Նշան Մուրատեան՝ անգլիացի թատերագիրին գործերէն կազմուած ասացուածքներու հաւաքածոյ մը. «Վահրամ Փափազեան՝ իմ Օթելլոն»։ Յոբելեանին առթիւ, Երեւանի մէջ արդէն իսկ բեմադրուած է «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» թատերգութիւնը։
Պուէնոս Այրէսի մեծագոյն օրաթերթերէն «ԼաՆասիոն»ի մէջ, հայկական ճարտարապետութեան ծաղկման ու բարեշրջութեան շուրջ յօդուած մը հրատարակած է թերթին հայազգի աշխատակցուհին՝ օր. Ռոսա Մախեան։ Հայ յօդուածագիրը փաստացի տուեալներու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ տուած է հայկական ճարտարապետութան մասին։ Օր. Մախեան հիմնուած է օտար պատմական աղբիւրներու եւ պատմագէտ այլ դէմքերու փաստարկութեանց վրայ։