«Փարի Մաչ» ֆրանսական մեծատարած շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ (9 Մայիս) ծանօթ լրագրող Ժան Մաքէ ստորագրած է իր երկրորդ յօդուածը կիպրական տագնապի մասին՝ «Ինչի՞ կը ծառայէ ՄԱԿ»-ը խորագրով:
Ֆրանսացի լրագրողը գլխաւորաբար կը ծանրանայ Թուրքիոյ դիրքին վրայ՝ շեշտելով Անգարայի տեսակէտներուն անհիմն բնոյթը: Ամփոփելով՝ կու տանք կարեւոր մասերը. Թուրքերը, Թուրքիոյ թուրքերը, առիթէն օգտուեցան, երբ անգլիացիք զիրենք հրաւիրեցին միջամուխ ըլլալու կիպրական խնդիրներուն, որոնց հանդէպ քար անտարբերութիւն ունէին քառասուն տարիէ ի վեր: Այսպիսի յեղակարծ հետաքրքրութիւն նման բացարձակ անտարբերութենէ մը ետք առնուազն անսովոր էր: Թուրքիա իսկապէ՞ս շատ նախանձախնդիր է փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն հանդէպ: Այդ պարագային, ինչո՞ւ չ՛արտօներ, որ լրագրողները այցելեն Թուրքիոյ քրտական շրջանները: Թէեւ ճիշդ է, որ պաշտօնապէս քիւրտեր չկան Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիան, որ իր խղճին վրայ ունի երկու միլիոն հայերու, այսինքն գրեթէ ամբողջ ազգին ջարդը, Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, իրաւունք չունի Ցեղասպանութեան մասին խօսելու: Այդ իրաւունքէն զրկուած ըլլալով, ճիշդ է, որ ունի աթուներ. Կիպրոսի մօտիկ ըլլալը եւ 90.000 յոյներու ներկայութիւնը Պոլսոյ մէջ, վերապրողները դարուս սկիզբէն ի վեր տեղի ունեցած կէս երկոտասնեակ մը ջարդերու, եւ որոնք ներկայիս պատանդի վիճակին մէջ են: Վերջապէս, Թուրքիան պէտք ունի, ստիպողաբա՛ր, կիպրական խնդրին, դէպի դուրս շեղելու համար ժողովրդային զայրոյթը: Որովհետեւ, անգամ մը եւս, Թուրքիան «Եւրոպայի հիւանդ մարդն» է: Իր արեւմտեան երեւոյթը արտաքին շպար մըն է միայն, որուն տակ ան անատակ դուրս կու գայ արեւմտեան դառնալու: Իրեն դրամ պէտք էր, շա՛տ դրամ, եւ ունեցաւ: Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ ճանչցաւ հովուերգական պահեր: Փոխան խարիսխներու՝ ամերիկացիք Թուրքիոյ դրամարկղները կ՛ողողէին տոլարներով: Տոլարները հալեցան ու թշուառութիւնը մնաց: Ամէն անգամ որ հրաձգութիւն մը կը ծագի Կիպրոսի մէջ, Թուրքիա դուրս կը հանէ իր մարտանաւերը եւ կը սպառնայ զօրահանում կատարել Կիպրոս: Ո՞վ սակայն կրնայ հաւատալ թրքական նաւատորմի զօրահանման: Ո՞վ կրնայ հաւատալ, թէ ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմը կրնայ անցք տալ՝ առանց միջամտելու: Ապահովաբար՝ ո՛չ վարչապետ Իւնէօնիւն, որուն կը բաւէ յոյները 1922-ին պարտութեան մատնած ըլլալու փառքը: Անպայման որ պատերազմ չ՛ուզեր եւ գիտէ, թէ չի կրնար պատերազմիլ: