Այս տարի եւս տեղի ունեցաւ տարիներէ ի վեր նուիրագործուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի պասքէթի խումբերու Զատկուան հանդիպումը։
Այս անգամ մրցումը տեղի ունեցաւ Ֆիքսի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերու խումբերուն միջեւ, ամսոյս 4¬ին, Սելանիկի «Անաթոլիա»ի դաշտին վրայ, մարզասէրներու ստուար թիւի մը ներկայութեան։ Խումբերը խաղին մասնակցեցան հետեւեալ կազմերով.- Ֆիքս. եղբայրներ՝ Խանիկեան, Ասատուրեան, Խաչատուրեան, Կիւրինլեան, Հուլողլեան, Թերզեան, Կարապետեան, Գասպարեան եւ Մոսխուտիս։ Թեսաղոնիկէ՝ Գրիգորեան Վ., Գրիգորեան Պ., Թերզեան Ա., Թերսեան Մ., Պահատուրեան, Գասափեան, Գասպարեան, Տէրեղիայեան, Տուրղութեան, Փափազեան, Պէրպէրեան, Թրիանտաֆիլիտիս։ Եւ ունեցան օրինակելի եւ թեքնիկ տեսակէտէ գոհացուցիչ խաղարկութիւն մը, որ գնահատուեցաւ բոլոր մարզասէրներէն։ Խաղը վերջացաւ 56-45 ի նպաստ Թեսաղոնիկէի խումբին, որ տիրացաւ եղբ. Յակոբ Թերզեանի տրամադրած գեղեցիկ բաժակին։ Զոյգ խումբերու խաղէն առաջ տեղի ունեցաւ նաեւ երկու շրջաններու «վեթերան» խաղացողներու միջեւ բարեկամական կարճ հանդիպում մը, որ նոյնպէս վերջացաւ Թեսաղոնիկէցիներու յաղթանակով։ Այս մրցումները առիթը կը ստեղծեն երկու քաղաքներու Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերու եւ եղբայրներու երիտասարդութեան՝ ծանօթանալու իրարու եւ հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ քանի մը օրեր ապրելու։ Մրցումներէն վերջ, ի պատիւ Աթէնահայ հիւրերուն տեղի ունեցաւ ընտանեկան երկեկոյթ մը, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան։ Երեկոյթը, Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի կողմէ բացաւ եղբ. Արշ. Ճամճեան, որ վեր առաւ ձեռնարկին նշանակութիւնը եւ յիշեց որ այս ձեռնարկի գլխաւոր ներշնչողը եղած էր ներկայիս Ամերիկա հաստատուած Յակոբ Գունտաքճեանը։ Ապա խօսք առաւ Շրջ. վարչութաեն ներկայացուցիչ եղբ. Լեւոն Գայեանը։ Նաեւ խօսք առաւ Ֆիքսի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Զօհրապ Չոպանեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրենց հանդէպ ցոյց տրուած հիւրասիրութեան համար։ Երեկոյթը շարունակուեցաւ պարերով մինչեւ ուշ գիշեր։