Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շատ հին ժամանակներէ ի վեր հայեր ապրած են Լիբանանի մէջ: Միջին դարուն, խաչակիրներու օրով, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը սերտ կապեր հաստատած էր Միջերկրականի ափերուն վրայ եւ Սուրբ վայրերու մէջ ստեղծուած իշխանապետութիւններուն հետ:

ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն օսմանեան սուլթաններու կողմէ կաթոլիկութեան յառած հայերու դէմ կատարուած հալածանքներուն պատճառով մաս մը հայեր ապաստանեցան Լիբանան, որ գերազանցօրէն կաթոլիկ հողամաս մըն էր: Անտոնեան միաբանութիւնը՝ հիմնուած 1720-ին, 1749-ին հաստատեց վանք մը Զմմառի մէջ, Պէյրութէն երեսուն քիլոմեթր հեռու, Լիբանանի լեռներու բարձունքը, ծովու մակերեսէն 950 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս վանքը ցարդ կը պահէ իր գոյութիւնը: Ունի ճոխ գրադարան մը եւ հայերէն հին ձեռագիրներ: Ժամանակի ընթացքին քիչ թիւով հայեր գացին հաստատուիլ Լիբանանի մէջ, մանաւանդ Պէյրութ, որ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի առեւտրական նաւահանգիստը՝ վաճառաշահ կեդրոն մըն էր: 1860-ի դէպքերուն պատճառով եւ ֆրանսական բանակին միջամտութեամբ Լիբանանի լեռնային շրջանը (քրիստոնեայ) դարձաւ ինքնավար, օսմանեան գերիշխանութեան տակ: Ինքնավար Լիբանանի առաջին եւ վերջին կառավարիչները եղան հայեր՝ Արթին Տաւուտ փաշա (1861-1869) եւ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան (1912 դեկտեմբեր 15-էն 1915): Բազմաթիւ հայ ուսանողներ բժշկութիւն ուսած են Պէյրութի ֆրանսական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, սուլթան Համիտի օրերէն սկսեալ: Լիբանանի ներկայ հայ գաղութը կազմուեցաւ 1921-էն ետք, երբ 1921 Հոկտեմբեր 20-ի Անգարայի ֆրանսեւթուրք համաձայնագրին պատճառով Ֆրանսա պարպեց Կիլիկիան, զոր գրաւած էր 1918-ի աշնան, թրքական բանակի ջախջախիչ պարտութենէն ետք: Կիլիկիոյ հայերը զանգուածային կերպով ապաստանեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի հիւրընկալ հողերուն վրայ եւ նոր բոյներ սկսան շինել այնտեղ: Պէյրութ, դարձած է հայկական մշակոյթի կեդրոն մը: Այնտեղ փոխադրուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (Անթիլիաս) եւ հայ կաթոլիկներու կաթողիկոս-պատրիարքութիւնը: Բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ դպրոցներ ունին Լիբանանի մէջ հայ երեք յարանուանութիւններն ալ: Չորս օրաթերթեր եւ զանազան շաբաթաթերթեր կը հրատարակուին Պէյրութի մէջ: Հայերը կը կազմեն արժէքաւոր տարր մը Լիբանանի մէջ, իբրեւ հաւատարիմ, պարկեշտ՝ աշխատունակ եւ օգտակար քաղաքացիներ: